ՎԵՐՋԻՆ
ՃԻՉԸ
«Երբ
որ
քաղաքը
քարուքանդ
ըրինք,
բոլոր
կեավուր
տղամարդերը
սուրէ
անցընելով,
-
կը
պատմէր
Իպօն
կուրծքը
յորդ
գոհունակութեամբ
մը
լեցուն
–
տղայ
մը
ելաւ
մեր
դիմացը,
հազիւ
քսանը
թեւակոխած
երիտասարդ
մը,
որ
տան
երդիքը
բարձրացած,
անդադար
հրացան
կը
պարպէր
ամէն
ուղղութեամբ։
«Տղան
մինակ
էր,
բոլորովին
մինակ,
այդ
գիտէինք.
դեռ
մէկ
ժամ
չէր
անցած,
որ
այդ
տունը
թալլեցինք։
Տունին
երկու
տղամարդերէն
մէկը
Հազրօն
մորթեց
եւ
միւսը
ե՛ս
սատկեցուցի
սա՛
պատուական
մահակս
հեղ
մը
իջեցնելով
գանկին։
Իսկ
կինարմատներէն
պառաւը՝
Հասօն
խեղդեց
մէկ
ձեռքով,
եւ
երկու
երիտասարդները
–
մէկը
հարս
-
բաժնեցինք։
Լաւ
պատառը
Հասոյին
ինկաւ…
շունշանորդին…
ի՜նչ
շուտ
ալ
հոտ
կ’առնէ…
Ես
չդիմացայ
խաթուն-հարսի
տեքսին
եւ
խնձոր
այտերը
քամելու
կը
պատրաստուէի,
երբ
Հասօն
մէկ
ոստումով
խոյացաւ,
գրկեց
եւ
ձիուն
վրայ
նետելով
ճամբայ
հանեց,
առանց
ականջ
կախելու
կնոջ
լացուկոծին։
Ապերախտ
Հասօ…
ես
անոր
կը
հասկցնեմ
թէ
ի՛նչ
ըսել
է
Իպօն
խաբել,
Իպոյին
գլխուն
խաղ
խաղալ…
«Այո՛,
տունը
ուրիշ
մէկը
չէր
մնացած.
ոչ
իսկ
կատու
մը.
եւ
մենք
ինչ
որ
չէինք
կրցած
տանիլ՝
ջարդուփշուր,
հազար
կտոր
ըրած
էինք։
Բայց
ե՞րբ
այդ
կեավուրը
երդիք
ցատկեց,
ո՞ւրկէ
եւ
այն
ի՜նչ
յանդգնութեամբ
ու
արհամարհանքով
կրակ
կը
ցանէր
չորս
դին…
Այս
մտածումներուն
մէջ
էինք,
երբ
երդիքէն
արձակուած
գնդակ
մը
եկաւ
շիտակ
Հիւսէյինի
ճակտին,
եւ
մեր
կտրիճ
Հիւսէյինը
տեղն
ու
տեղը
ինկաւ։
«Մենք
կատղած
էինք.
արիւնը
եփ
կուգար
մեր
ներսիդին…
Կեավուր
մը,
եւ
ան
ալ
մինակը,
բոլորովին
մինակը,
դէ՜մ
ելլէր
մեզի,
երբ
մենք
հարիւրներով
մորթած
էինք
ոչխարի
պէս,
հաւ
մը
մորթելու
չափ
դիւրաւ,
երբ,
կ’ըսեմ,
հարիւրաւորներ
մեր
ոտքը
կ’իյնային,
լեղապատառ
արցունք
կը
թափէին
ու
կը
պաղատէին,
որ
խնայենք
եւ
իրենք
մեր
ստրուկը
ըլլան,
բայց
մենք
անպայման
կը
մխէինք
դաշոյնը,
-
այս
տղան
ի՞նչպէս
կը
համարձակէր
մեզի
դէմ
ելլել
եւ
մինակը,
բոլորովին
մինակ
կրակ
տեղալ
մեր
վրայ…
Եւ
նշան
առնել
մը
ունէր
որ…
Հիւսէյինը,
կտրիճ
Հիւսէյինը
ինկաւ
իր
մէկ
գնդակէն,
Խէմպէրնը
գետին
ինկաւ
սրունքէն
վիրաւոր։
Պահ
մը
ես
ալ
վտանգի
մէջ
էի,
բայց
փառք
Ալլահին,
ազատեցայ։
«Տղան
կը
շարունակէր
կրակել,
դեւի
արագութեամբ
լեցնել
ու
պարպել
հրացանը,
բուխերիկին
անկիւնը
դիրք
բռնած։
Քանի
անգամ
պատասխանեցինք,
բայց
անիծեալը
պրծաւ։
Ան
դուլ
ու
դադար
չունէր.
կարծես
անսպառ
զինարան
մը
կար
իր
տրամադրութեան
տակ,
անխնայ
կը
լեցնէր
ու
կը
պարպէր։
Երբ
կը
պատրաստուէինք
չորսս
մէկ
նշան
առնել,
Իսմայիլն
է
սուր
ճիչ
մը
արձակեց,
սուր
ճւոց
մը,
ու
գետին
գլորեցաւ,
դէմքէն
գնդակահար։
Հարուածը
նորէն
երդիքէն
էր…
«Տղուն
յանդգնութեան
վրայ
ապշած,
մեզմէ
ոչ
մէկը
խելք
ըրած
էր
դուռնէն
ներս
մտնել
եւ
տեղն
ու
տեղը
սատկեցնել
այդ
կեավուրը,
որ
Քիւրտի
արիւն
կը
թափէր,
կտրիճի
արիւն։
Երեք
ընկերներ
անմիջապէս
դրան
վրայ
խոյացանք,
մեզմէ
մէկն
ալ
երդիքին
դիմացը
ձգելով,
որպէսզի
շարունակէ
կրակել
եւ
զբաղեցնել
տղան։
Դուռը,
զոր
մենք
բաց
էինք
ձգած
երբոր
հեռացանք,
ամրապէս
փակուած
էր։
Կարծես
ետեւէին
դէզ
դէզ
երկաթներ
շարած
էին
եւ
անոնց
վրայ
լեռնանման
դեւ
մը
նստած,
շարունակ
ետ
կը
հրէր
դուռը։
Մենք
այնչափ
դուռներ
բացած
էինք
եւ
առաջին
անգամ
էր,
որ
այդքան
ճիգ
ու
նեղութիւն
կը
քաշէինք։
Արդեօք
ներսը
ուրիշ
մարդի՞կ
կային…
Մեզմէ
մէկը
հրացանով
ուժգին
զարկաւ
դրան
մէջտեղէն,
եւ
ահա
հրազէնին
բունն
էր,
որ
խորտակուեցաւ։
Հեւ
ի
հեւ,
արիւն
քրտինք
մտած,
բայց
մանաւանդ
մեր
ձախող
բախտէն
մոլեգնած,
մէկ
կողմէ
շարունակեցինք
ամէն
ճիգ
թափել
դուռը
խորտակելու
համար,
միւս
կողմէ
սկսանք
բռնկցնել
տունը։
Երկու
միջոցներէն
մէկը
անպատճառ
պիտի
յաջողէր
եւ
մենք
շուտով
ձեռք
պիտի
ձգէինք
կեավուրը։
«Ա՜խ,
անգամ
մը,
որ
մեր
ձեռքը
անցնե՜ր,
պիտի
հասկնար
թէ
ինչ
ըսել
է
Քիւրտին
դէմ
դնել,
Քիւրտի
արիւն
թափել…
Անգամ
մը,
որ
ձեռք
անցընէի՜նք…
Նախ
ձեռքերը
պիտի
կտրէինք,
այն
պիղծ
ձեռքերը,
որ
Քիւրտի
արիւն
թափեցին…
Պիտի
կտրէնք
կամաց
կամաց,
սղոցելով,
պահ
մը
ընդհատելով,
յետոյ
վերսկսելով,
որպէսզի
տանջանքը
երկար
ատեն
վայելէին։
Յետոյ
դանակի
հարուած
մը
ականջին,
մէ՛կ
ականջին,
յետոյ
քիթին
ծակերէն
երկու
ճեղք,
աւելի
վերջը
ամբողջութեամբ
կտրելու
համար։
Յետոյ
թլփատութիւն
մը։
Վերջապէս,
կարգով,
ոտքին
մատները,
հատիկ
հատիկ,
յետոյ
գանկին
մորթը,
յետոյ
լեզուն,
յետոյ
ազդրերը,
ծունկերը,
ամէնէն
ետքի
ձգելով
վիզը
սղոցել
կամաց
կամաց,
մասնաւոր
արարողութեամբ։
Ու
անկէ
վերջը,
հոգին
փչելէն
վերջն
ալ,
բոլոր
կտորները
մէկիկ
մէկիկ
ժողվելով,
պատուական
խարոյկ
մը
պիտի
վառէինք…
Անգամ
մը,
որ
մեր
ձեռքը
անցնէր…
«Բայց
չէ,
այս
բաները
պիտի
չընէինք։
Այս
տղան…
Թողէք
որ
պատմեմ,
պատմեմ…
«Ճիգ
մըն
ալ,
եւ
ահա
ներս
մտնելու
ելք
մը
գտած
էինք,
երբ
մեր
չորրորդ
ընկերը
ձայն
տուաւ.
Ամա՜ն,
ոտքս…
Կեավուրը
փախաւ,
փախա՜ւ,
հո՛ն,
այգիներու
ճամբով։
Ես
հրացանս
լեցնելու
կը
պատրաստուէի,
երբ
գնդակ
մը
արձակեց
եւ,
չեմ
գիտեր
ո՞ւրկէ
դուրս
ելաւ,
մէյ
մըն
ալ
իր
փախչիլը
տեսայ»։
«Կորսնցնելու
ժամանակ
չունէինք։
Երեքս
մէկ
ճամբայ
ինկանք,
մեր
վիրաւոր
ընկերն
ալ
մոռնալով։
Այնչափ
որ
փրփրած
էինք,
եւ
սկսանք
արշաւել
այգիներուն
մէջէն։
Թէեւ
այգիներէն
անդին
որոշ
ճամբայ
կար,
բայց
գետինը
անհարթ
ըլլալով,
չէինք
կրնար
հեռուէին
տեսնել
փախստականը։
«Բաւական
տեղ
վազած
էինք
առանց
հետք
մը
գտնելու,
երբ
սեւ
մարմին
մը
նշմարեցինք
սարահարթի
մը
կուշտին
վրայ,
մարմին
մը,
որ
անդադար
կը
վազէր։
Տարակոյս
չկար
թէ
մեր
հալածականն
էր։
Իրաւ,
այդ
օրը
փախստականներ
շատ
կային,
սակայն
ա՛յս
ճամբէն
եւ
ա՛յդ
պահուն
հաւանական
չէր,
որ
ուրիշ
մէկն
ըլլար
վազողը։
Ուստի
նոր
խրախոյս
մը
տուինք
իրարու,
եւ
տենդագին
արշաւ
մը
սկսանք,
բազմապատկելով
մեր
ճիգը։
Բաւական
մօտեցած
էինք,
երբ
գնդակ
մը
ֆշալով
անցաւ
ճիշդ
ականջիս
քովէն։
Ա՛ն
էր,
խընզըրը։
Երեքս
մէկ
նշան
առինք
ու
պարպեցինք,
բայց
նոյն
պահուն
Հազրօն
վայնասուն
մը
փրցուց,
«թե՛ւս»
պոռալով։
Աջ
բազուկէն
արիւն
կը
հոսէր
առատօրէն։
«Միայն
թէ
այս
անգամ
գոհ
էինք,
որովհետեւ
ահա
տեսանք,
որ
կեավուրը
գետին
գլորած
է
ու
թեւը
փաթթելու
պէս
բաներ
մը
կ’ընէ։
Վերջապէս
յաջողած
էինք
զարնել։
Օ՜ն,
Հազրօ,
կեավուրը
սատկեցաւ,
ամօթ
է,
որ
թեթեւ
վէրքով
մը
իյնաս,
ե՛լ,
յորդորեցինք
մեր
ընկերոջ,
եւ
թեւերէն
բռնելով
վեր
հանեցինք,
շուտով
երթալ
կեավուրին
դիակը
բզքտելու
համար,
երբ
գետին
ինկած
մարմինը
ոտքի
ելաւ,
քիչ
մը
տատանեցաւ,
հրացանը
մէկդի
նետեց,
ատրճանակ
մը
պարպեց
ու
նորէն
սկսաւ
վազել։
Ալլա՜հ,
մեր
գործը
դեւըի
հետ
էր։
Այս
ի՞նչպէս
կրնար
ըլլալ…
Մենք
Հազրօն
ձգեցինք
իր
բախտին,
եւ
երկուքս
մէկ
շարունակեցինք
մեր
վազքը,
ա՛լ
աւելի
կատղած,
պատրաստ՝
կեավուրը
դանակով
յօշ
յօշ
ընելու։
Զոյգ
մը
հարուած
պարպեցինք
այս
անգամ
գործը
վերջնապէս
լմնցնելու
կատարեալ
վստահութեամբ։
Եւ
իրաւ
ալ,
տղան
գետին
գլորեցաւ
մէկ
կողմին
վրայ,
գալարուեցաւ,
քանի
մը
անգամ
ոտքի
ելլելու
փորձեր
ըրաւ,
նորէն
քիչ
մը
տեղ
վազեց,
դարձեալ
ինկաւ,
ու
սկսաւ
սողալ։
Վերջապէս
բռնած
էինք։
Ճամբուն
վրայ
արիւնի
խոշոր
հետքեր
կը
տեսնէինք։
Ալին
ուզեց
ատրճանակ
մը
պարպել,
բայց
ես
չթողուցի,
համոզելով
թէ
ողջ
բռնել
աւելի
աղէկ
է։
«Ա՜յ
քեզի
խընզըր,
գոչեցի,
երբ
որ
քովը
հասանք։
Կաշիդ
շուներուն
կեր
ըլլայ։
Հիմա
ի՞նչ
ընենք
քեզի,
ի՞նչ
ընենք…»։
-Ինչ
որ
ալ
ընէք,
մեզմէ
վերջը
եկողները
տասնապատիկը
պիտի
հատուցանեն,
պատասխանեց
կեավուրը։
Ապշահար
Ալիին
երեսը
նայեցայ։
Այս
տղան
թեւէն
վիրաւորուած,
գլուխէն
վիրաւորուած,
ամբողջովին
արիւններու
մէջ,
կիսամեռ,
տակաւին
կը
խօսէր…
Եւ
ի՜նչ
խօսքեր,
կը
հայհոյէր
մեզի…
Հատ
մըն
ալ
դուն,
Ալի՛,
պոռացի,
եւ
հրացանին
կոթովը
ուժգին
հարուած
մը
իջեցուցի
կեավուրի
գանկին,
խոշոր
ճեղք
մը
բանալով։
Տասնապատիկ…
կը
հատուցան…
Տակաւին
կը
խօսէ՜ր։
Գլուխը
արդէն
փշրուած
էր
եւ
տղան
դիակի
մը
պէս
փռուած
մեր
ոտքերուն
տակ.
բայց
աչքերը
դեռ
բաց
էին,
շե՛շտ
մեզի
ուղղուած։
Հարուա՛ծ
մըն
ալ,
յետոյ
ուրիշ
մը։
Հիմակ
ալ
խօսէ
տեսնեմ,
մռնչեց
Ալին
մոլեկան
քրքիջով
մը։
Կեավուրին
կիսախուփ
աչքերը
անգամ
մըն
ալ
բացուեցան,
իր
քայքայուած
գլուխը
վեր
առնելու
անզօր
ճիգ
մը
փորձեց,
եւ
վերջին
անգամ
ըլլալով
հազիւ
իմացանք.
Տաս…
նա…
պա…
Հոգին
փչած
էր։
*
-
Ես
այնչափ
կեավուրներու
հետ
կռուած
էի,
եզրակացուց
Իպօն,
բայց
առաջին
անգամն
էր,
որ
ասանկ
տղայ
մը
կը
տեսնէի։
Այս
տղան
Քիւրտ
ըլլալու
էր։
Տասնապատիկ
կը
հատուցանեն,
հէ՞։
Ու
գլուխը
ճօճեց։
(«Ռազմիկ»,
Պոլիս,
Փետր.
28
1907)