Գրական էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՎԵՐՋԱԼՈՅՍ
      
       Վերջին անգամ տեսեր էի1940 Դեկտեմբերին։
       Ձիւնձմեռ։ Վառարանին դիմացը նստած, կը պնդէր, ձեռքէս բռնած կը պահանջէր, որ քիչ մըն ալ կենամ։ Ու խօսի՜մ, խօսիմ։ Բժիշկն ալ բարեխօս կը կանչէր։ Յետոյ խաղող կը հրամցնէր։ Մինչեւ անգամ կը ճգնէր հասկցնել Տիկին Նուարդին, որ ճաշ պատրաստէ։ Ահա ձեռքն երկարած դէպի դիմացի ապակեդարանը։ Դուռը գոց է. շարժուձեւ մը՝ հասկցնելու համար, որ բանայ։ Ուրիշ շարժուձեւ մը՝ որ կը նշանակէր գաւաթներն ու պնակները շարել սեղանին վրայ։
       Խօսք մը նետեցի, իբրեւ սփոփանք.
       -Հայաստանը պիտի ընդարձակուի այս անգամ…
       - Չէ՛… (նայուածք մը թերահաւատ եւ հարցական)։
       Յետոյ այնքան ոգեւորուեցաւ, որ գլանիկ մը ուզեց եւ անմիջապէս ծխել սկսաւ։
       Տիկինը կը վկայէր թէ առաջին անգամ է, որ այս տեսակ բան կը պատահի։
       Աւելի առաջ, տեսեր էի պատերազմի նախօրեակին։ Բայց, ուրի՜շ բան էր հանդիպումս 1938ին։
       Չեմ գիտեր ո՛վ թելադրած էր եկեղեցի տանիլ, յետոյ պտոյտ մը կատարելու համար դէպի ծովափ։
       Նախ զինքը տեղաւորելով կառքին մէջ, շուրջը բոլորուեցանք՝ տիկինը, բժիշկը եւ ես։
       Դէպի Փրատօ, մայրեկեղեցին։
       Բարձր էր տրամադրութիւնը։ Աչք ու ականջ կտրած, անդադար կը հարցնէր։ «Ին…չ…»։
       Երբ կառքէն իջեցուցինք, ուշադրութեամբ կը դիտէր չորս դին։ Թեթեւութիւն մը կը շողար դէմքին վրայ։
       Թեւէն բռնելով յուշիկյուշիկ առաջնորդեցինք դէպի տաճարը։
       Ահա կեցեր է ատեանը ու կը դիտէ։ Կ’ուզէ արտայայտուիլ, բայց բառերը խոյս կուտան։ Քեզի կ’իյնայ իմաստ փնտռել նայուածքին, շարժուձեւերուն, թոթովանքին մէջ։
       Ըսած եղայ թէ Հայկական Տարագրութեան պատկեր մը կը գտնուի պատին վրայ։
       Աղաչաւոր նայուածքով մը, որ «ո՞ւր է» կը նշանակէր, ուզեց տեսնել անմիջապէս։ Ու երբ մատնանշեցի, երկա՜ր նայեցաւ, յետոյ գլուխն օրօրեց ու կեցաւ։
       Առաջնորդեցինք խորանին առջեւ։ Աւելի ճիշդ՝ ինք ուզեց։ Լեզուիս տակէն՝ «…Զունկն քո»։
       Խանդաղատանք մը համակեց հիւանդին դէմքը։ Նորէն ճիգ մը արտայայտուելու։ Բայց ի զուր։ Աւետարանը բռնել փորձեց, եւ երբ Գարեգին արք. վեր առաւ զայն, համբուրեց, երկիւղած։
       Դժուար եղաւ դուրս հանել տաճարէն։ Անուշելով, ինչպէս մանուկ մը, տարինք Առաջնորդական սենեակը, որպէսզի հանգստանայ։
       Սենեակին պատէն կախուած էր Հայաստանի մեծադիր քարտէսը։ Հազիւ տեղաւորուած էինք, երբ Ահարոնեան նստած տեղէն գաւազանը վերցնելով, երկարեց դէպի քարտէսը։
       Կը փորձէր կէտ մը, բան մը մատնանշել քարտէսին վրայ։
       Անշուշտ Հայաստանը կը փնտռէր կամ կ’ուզէր ցուցնել, «որպիսութիւնը» հարցնելու համար։
       - Երեւա՞նը կը փնտռէք։ = Չէ՛…
       - Սեւա՞նը։ = Չէ՛։ - Էջմիածի՞ն, Ղարաբա՞ղ…
       = Չէ՛, չէ՛ (հետզհետէ աւելի նեղսիրտ)։
       Գաւազանը կ’երերար կէտէ մը ուրիշ կէտ մը։ Հիւանդը ուզեց տեղէն ելլել եւ պատկերին վրայ ցուցնել ինչ որ կ’անցնէր միտքէն։ Մենք ալ հարցումներ, կարծիքներ կը փոխանակէինք, երբ «Վասպուրակա՞նը», շշնչացի յանկարծ։
       Կարծես լոյս իջաւ գլխուն։ Ահարոնեան «այո, այո» կրկնեց եւ նորէն գաւազանը երերցուց մէկ որոշ կէտէն միւսը։ Ու նորէն հարցական դիրք մը։
       Այլեւս դժուար չէր կռահել։ Մենք մեզի կը խօսէինք, - երեւի ըսել կ’ուզէ թէ դարձե՞ր է կամ կը դառնա՞յ միացեալ։ Մէկը միւսին կցուած։
       Լսեց ու խայտաց։
       - «Այո՛, այո՛… (թարգմանէ այդ ըսել կ’ուզեմ)։
       Ու գաւազանը անգամ մը եւս երերաց սահմանին մէկ ծայրէն միւսը…
      
       *
      
       Մեծ է տարբերութիւնը, չորս տարի վերջը։
       Չորս հանդիպում՝ երկու ամսուան մէջ։
       Առաջին այց։
       Տիկինը բակին ապակեփեղկը բանալով, կը ստուգէ այցելուները։
       Հիւանդը նստած է սենեակին խորը, բազկաթոռին վրայ։ Քիչ մը տկար կ’երեւար, փորհարութիւն մը անցուցած ըլլալով։
       Ընդհանրապէս շող մը կ’իջնէ աչքերուն մէջ, երբ որոշ դէմքեր կը տեսնէ։
       Բարեւ մը, ձեռքը բռնելով. Ճանչցա՞ք։
       = Այո՛…այո՛… (ինչպէս մանուկ մը, որ կ’արտասանէ)։
       -Ի՞նչպէս էք, առողջ, հանգի՞ստ։
       = Լա՛ւ…լա՛ւ… (ինչպէս արձագանգ մը կցկտուր)։
       Ձեռքս ամուր բռնած, կը համբուրէ ճակատս։ Կը նայի ժպտուն, բայց աղօտ։ Մարմնացեալ տառապանք։
       Երեւութապէս առողջ է։ Մարմին շնչաւոր, այլ թեւաբեկ։ Դէմքով՝ «ես անբարբառ մի մանուկ»։ Բայց ոչ մէկ խաթարում դիմագիծերու։
       Նոյն աղեբեկ մազերը եւ մամուռի պէս ծնօտին փակած մօրուք մը, անշուշտ աւելի ճերմկած։ Աչքերը պղտորած, եթէ ոչ պտղած։ Աջ կողմը ամբողջովին կազմալոյծ, աչքէն, թեւէն մինչեւ ոտքը։
       Երբ անկողինէն կը հանեն, նստած կ’ըլլայ բազկաթոռի մը վրայ։ Կրնայ գաւազանի մը կռթնելով տեղէն ելլել ինքնիրենը եւ ման գալ սենեակին մէջ։ Կամ երկննալ մինչեւ դիմացի բակը, սանդուխին գլուխը, բազմելու համար ուրիշ աթոռի մը վրայ։
       Պիշ պիշ երեսդ կը նայի։ Կ’ըսես հիմա պիտի խօսի։ Եւ կամ կը խօսի, կը խօսի՜, բառերը, խօսքերը մարգարիտի պէս կը շարէ, աչք ու ականջ կը շոյէ, բայց դուն ես, որ չես հասկնար…
       Արտասանութեան ամբողջ պաշարը՝ «այո…այո՛…», «լաւ է… լաւ…»։ (Քանի մը տարի առաջ, տասնեակ մը բառեր, նոյնիսկ խօսքեր կը հոլովէր. իսկ աւելի առաջ՝ շարականի տողեր)։ Մնացեալը զօրութեամբ, սովորութեամբ կը հասկնաս։ Ողջ ձեռքը միշտ օգնական լեզուին։
       Եթէ ճիշդ հասկցար, կը հաստատէ մանկունակ ուրախութեամբ։ Իսկ եթէ սխալ մեկնեցիր, ժխտական դիրք մը բռնելով, ամէն բան կը փորձէ, երկրորդ անգամ, երրորդ անգամ, մինչեւ որ հասկնաս։
       Յայտնապէս կը սրտնեղի, եթէ չկրցաւ հասկցնել։ Եւ գլուխը կը խոնարհէ անզօր դառնութեամբ։
       Եթէ խօսակիցներէն մէկն ու մէկը ընդհանրապէս տիկինը կամ բժիշկը բառով մը, հարցումով մը մօտեցաւ իր մտքին, կը հրճուի, հնչուն «այո» մը մրմնջելով, գլուխ, ձեռք շարժելով, իբրեւ հաւանութեան նշան։ Եւ այն ատեն դիւրաւ կը կազմուի ամբողջ նախադասութիւնը։
       Հրճուանքին անմիջապէս կը յաջորդէ կսկիծ մը խոր եւ լայնածիր, շատերուն համար անթափանցելի։ Այդ պահերուն կը ցուցնէ կազմալոյծ ոտքն ու ձեռքը։
       Եթէ փսփսուք մը լսեց, աչք ու ականջ կը սրէ։ Ամբողջ գլուխը կը դառնայ հարցական նշան, «Ի՞նչ է ասում», անշուշտ առանց բառ մը արտասանելու։
       Կ’ուզէ հասկնալ, իմանալ ամէն բան։ Նոյնիսկ անթելին ականջ կուտայ։ Լուր ունի պատերազմէն եւ կը հետաքրքուի քաղաքական դէպքերով։
       Կարդալգրե՞լ… Բայց այն ատեն ինչո՞ւ այսպէս լռութեան դատապարտուած պիտի ըլլար 1934էն ի վեր։
      
       *
      
       Ծանօթ անուններ կուտամ, բարեւի խօսքերով։ Սարէնձորէն դէպքեր կը յիշեմ, վերապահելով տխուր տեղեկութիւնները։ «Լաւ է, լաւ» (միշտ ձախ ձեռքը լեզուին օգնական)։
       Կենդանի խաչելութիւն, բայց ոչ մէկ ախտանշան ըմբոստացումի։
       Կը թուի թէ փիլիսոփան կախարդական սպեղանի մը կաթեցնելով, խաղաղեցուցած է բանաստեղծի հոգին.
      
       Կեանքիս արեւը թեքւեց դէպ մուտքը.
       Ստուերներն ահա իջնում են հանդարտ.
       ……………………………………………
       Ափսոսանք չունիմ, ոչ տրտունջ ցաւի։ (Կարօտ Հայրենի)
      
       Ուրիշ մըն ալ պիտի ըսէր թէ հարուածը այնքան ցնցեր է ջիղերը որ, տարբեր զգայութիւն չի կրնար ունենալ, բացի անզօր համակերպութենէ։ Անշուշտ ամէն տարի կայծ մը կը ցնդի գլուխէն։ Աչքերէն։ Ջիղերէն։
      
       *
      
       Երկրորդ այց։
       Պատահաբար զգացի, որ յիշողութիւնն ալ վրիպիլ սկսած է։
       Կարգ մը գերիներու արձակման մասին խօսելով, յիշած եղայ նաեւ ողբացեալ Պերճուհիին տղան, Արմէնը։ Չյիշեց Պերճուհին, ոչ մականունով, ո՛չ ալ գրագիտուհին։ Կարգով շարեցի անոր նահատակ ամուսնին կեղծ եւ իրական անունները, Սարգիս Բարսեղեան, Օտապաշեան, Շամիլ, Վանի Սարգիս, Կոլոտ Սարգիս (1915ի Արհաւիրքի առաջին զոհերէն)։
       Չյիշեց, չյիշեց։
       Նիւթը փոխելու համար, Մարտ ռմբակոծութեան առթիւ, պատմեցի թէ Սեվրի յախճապակիի գործարանն ալ վնասուած է, այն շէնքը ուր Հայաստանի անկախութեան դաշնագիրը ստորագրած էր 1920 Օգոստոս10ին։
       Հազարաւոր թանկագին անօթներ ջարդուփշուր եղան…
       Անթարթ կը նայի։ Ոչ մէկ արտայայտիչ շարժուձեւ, որ համոզէր թէ հասկցաւ։
       Ջարդուփշուր եղան ինչպէս մեր ստորագրած դաշնագիրը…
       Նոյն տարտամ նայուածքը։
       Սե՛վր, Սե՛վր, 1920Օգոստոս 10…
       Ինքնահոս գրիչը ձեռքս, թուղթ մըն ալ սեղանին վրայ, յիշեցնելու համար ստորագրութեան պարագան։
       Դժուա՜ր եղաւ միտքը բերել։ Ի վերջոյ յիշել ձեւացուց։ Եւ սակայն, ո՞վ կրնար վկայել։
      
       *
      
       Երրորդ այց։
       Ուրեմն երթանք։ Ջութակն ալ միասին կ’առնես։ Ի՜նչ անակնկալ։
       Անշուշտ, անշուշտ։ Նուագը օրհնութիւն է։
       Եւ հիւանդաց բժշկութիւն։
       Ազգիս Հայոց ազատութիւն։
       Սրտանց ուրախ՝ իր նախաձեռնութեան յաջողութենէն, բժիշկը կարծես շարական կ’երգէր մեքենաբար, երբ ժամադրուեցանք յաջորդ իրիկուան համար։
       Սիրուն ծաղկեփունջ մը՝ Պ. Խ. Թ. ի վարդաստանէն։ «Պզտիկ օրիորդ, այս փունջն ալ դուն առ»։
       Եւ յուշիկ յուշիկ դէպի վիլլա Մարգրիտ, համանուն փողոցին մէջ, Պոմոն։
       Առաջնորդը մեր բժիշկն է, մեր աննման Սիվրիհիսարլեանը։ Տէր տիրական՝ դուռնէն իսկ։ Նախ ինք պիտի մտնէ, պիտի ստուգէ արագ ակնարկով մը, նե՞րսն է, դո՞ւրսն է, նստա՞ծ թէ պառկած (թէեւ նախապէս գիտէ ո՛ր ժամուն ինչ կ’ընէ)։
       Հիւանդը նստած էր բակը, սաղարթախիտ հովոցի մը տակ։
       -Բարեւ, ընկեր Ահարոնեան, ի՞նչպէս էք։
       -Լաւ…լաւ… (ձախ ձեռքը միշտ օգնական լեզուին)։
       -Տեսէք ինչ բերած ենք ձեզի, վարդ, ջութակ, վարպետ ջութակահար։
       Ծաղկեփունջը մեծ տպաւորութիւն մը չի գործեր իր վրայ։ Ջութա՞կը, ապահովաբար անոր գոյութիւնն անգամ մոռցած է։
       Կը ներկայացնենք ջութակահարը, հին յուշեր քրքրելով։
       Ինչո՞ւ այսպէս մռայլ կ’երեւայ այսօր, միտքը այլուր։
       -Մէկ անգամէն սկսէ, Ֆիլիփ…
       Ճպոտի խաղ մը եւ ջութակը կ’ոստոստէ, կը թրթռայ, կը կարկաչէ։ Chaconne…Airs Bohemiens…Hopak…Chanson Louis XII…Իրարու ետեւէ։
       Սարսուռ մը կը ծորի սենեակին մէջ, մինչ անդին չարաճճի հով մը կը սլուըլայ տերեւներուն հետ, ձայն բռնելով կամ նախանձէն շաչելով։
       Հիւանդը կը խոկայ, կը խլրտի։ Մերթ աչքերը կը շողան, մերթ կ’աւաղէ։
       Յափշտակութի՞ւն։ Վերացո՞ւմ խաւարէն դէպի լոյսը։
       Ամէն անգամ, որ կտոր մը կը վերջանար, Ահարոնեան աջ ձեռքը բարձրացնելով, ոլոր մը կը ձեւացնէր օդին մէջ, իր սքանչացումը յայտնելու համար։ Յետոյ տեսակ մը կսկիծ, գլխու շարժումով։
       -Ղայթարման, Ղայթարմա՛ն (ՍպենդիարեանԱղազարեան)։
       Կովկասն է, որ կը պարէ սենեակին մէջ։ Օդին մէջ։ Ոտքեր ու ձեռքեր թրվռուն։ Մարմիններ, որ կը ծփան, կը ծափեն չորս պատի մէջ։ Օդին մէջ։ Մինչ անդին, պատուհանէն դուրս, բակին վերեւ հովը կը շարունակէ խեղպնալ տերեւներուն հետ։
       Օրհնե՞րգ թէ մահերգ, ա՜յ հով։
       Ու հիւանդը վեցերորդ անգամն ըլլալով կը բարձրացնէ ողջ ձեռքը, արտայայտելու համար իր անբարբառ գովասանքը։
      
       *
      
       Քանի մը օր վերջը, հիւանդը նշանացի կը հասկցնէ բժիշկին, որ նորէն բերեն արուեստագէտը։ (Ճպոտը զարնելու ձեւ մը կը փորձէ ողջ ձեռքով)։
       Չորրորդ այց։ Նորէն իրիկուան դէմ, որ ամէնէն յարմար պահն է հիւանդին համար։ (Ընդհանրապէս կը հանգստանայ, քնացած կ’ըլլայ կէսօրէն վերջ, մինչեւ ժամը 5)։
       Այս անգամ շատուոր ենք, երկու օրիորդներ, տիկին մը եւ հինգ տղամարդ։
       Այս անգամ աւելի պայծառ է հիւանդին տրամադրութիւնը։
       Ջութակը, ջութա՛կը։ Մաս մը նոյն եղանակները, մաս մը ուրիշ կտորներ, Elegie armenienne, Rhapsodie hongroise, - կը հոսին իրարու ետեւէ։ Ֆիլիփը, «ղեկավար ճարտար», լոյս կը ցանէ, կ’ալեկոծէ, կը թրթռայ ու կը խայտայ լարերուն հետ։ Մէկ մարմին կը կազմեն ջութակն ու ջութակահարը։ Երկուքն ալ քրտնած։ Իրարմով գինովցած։
       Յանկարծ սուր ճռնչոց մը։
       Ջութակին լարակալը թռած էր, երկուքի բաժնուած։
       Եթէ նուագահանդէսի պահուն, բեմին վրայ պատահած ըլլար այս արկածը…
       Ասանկ բան տասը տարին անգամ մը չի պատահիր։
       Հայ արհեստաւորը երկաթ կը ծեծէր աքսորի ճամբաներուն վրայ։ Արուեստագէ՞տն էր, որ պիտի անճրկէր, շէն քաղաքի մը մէջ։
       Օրիորդ Թէլեան, կարելի չէ՞ բերել ձեր ջութակը։
       Տասը վայրկեան վերջը, Ֆիլիփ միւս ջութակին լարակալը իր նուագարանին յարմարցնելով, վերսկսած էր իր վհուկի խաղերը։ Կարծես աւելի աշխուժացած էր, ի հեճուկս արկածին։
       Ահա նորէն «Ղայթարմա»ն։
       Կովկասը, Կովկա՛սը, ոստոստուն եւ կենսուրախ։
       Այո…Լա՛ւ…
       Եւ նորէն ձեռքը օդին մէջ ծփուն, ի նշան գոհունակութեան։
       Այս անգամ այնքան ոգեւորուած էր որ, երբ տիկինը ըմպելի հրամցուց այցելուներուն, ինքն ալ ուզեց խմել։
       Խաբուսիկ խնծիղ մը դէմքին վրայ՝ կը խլրտէր, երկինքէն կայծակը յափշտակել կ’ուզէր, բառ մը, մէկ հատիկ բառ մը արտասանելու համար։ Ապա տրտունջի շարժուձեւ մը, որով կ’աւաղէր թէ աջ ձեռքը չի գործեր։
       Դուրսը հովը կը սուլէր, տերեւները կը սօսափէին, եւ մենք անձկութեամբ կը դիտէինք Տառապեալը, որ այս անգամ ալ նշանացի կը հասկցնէր թէ աջ աչքը չի տեսներ։
       Ներկաներէն մէկը միւսին երեսը նայելու կը վախնար, արցունքը չմատնելու համար։
       Ու նորէն հովը։ Տերեւները։ Ստուերները, որոնք այս անգամ հայերէն կը խօսէին.
       …Անտառի խորքում առանց քնարի մի լար է հեծծում։
      
       «Հայկաշէն», 1943