Գրական էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ՎԱ՛Յ ԱՆՈՆՑ ՈՐ ԵՐԳ ՉՈՒՆԻՆ
      
       Ա.
      
       Վիճակը ձգուած է այլեւս։
       Մեղքը մերը չէ, եթէ նորէն կը բաժնուին ճամբաները։
       Կուժն առած՝ աղբիւր կ’երթայինք միասին։ Ծուռբերաններ պղտորեցին ե՛ւ ջուրը ե՛ւ արեւը։ Եւ ահա բաժանբաժան՝ մինչեւ իսկ մշակոյթի անդաստանին մէջ։
       Նժոյգը պիտի սուրայ դէպի սարերը, ոտքերը ամուր, բաշերն արձակ։
       Վա՜յ անոնց, որ կը նախընտրեն լպրծուն արօտավայրերն ու մակաղատեղիները։
       Մենք ճամբայ ելած ենք մեր սեփական բեռներով։ Աչքերը բաց եւ ճակատը բարձր։
       Ու չենք նախանձիր, որ կ’ուզեն վարձու տալ իրենց թեւերն ու շալակը մինչեւ անգամ գլուխը։
       Մենք ուժ ունինք ըմբոստանալու, երբ կը փորձեն լծվար նախիրի մը վերածել մեզ, ապահովելով ամէնօրեայ կերը։
       Թող չփորձեն դէպի բանջարանոց առաջնորդել նժոյգը ջրանիւի մը կապելու համար աչքերը գոց։
       Մենք լրացուցիչ մասերն ենք ամբողջութեան մը, եւ ոչ թէ փշրանք մը, որ դատապարտուած է տրորուելու։
       Ինչո՞ւ կը փորձեն իրենց հում թթխմորով շաղել մեր ալիւրը։
       Ճակա՞տ։ Այո։ Ընդդէմ իմաստակութեան եւ տգիտութեան։ Բռնութեան եւ ստրկութեան։ Խոտաճարակ միջակութեան եւ ինքնուրաց երկրպագութեան։
       Ընդդէմ այն «յեղափոխութեան», որ կը յամառի բաժնեչափի վերածել արուեստն ու գրականութիւնը։
       Ճակատ՝ ինքնամատոյց հաճոյակատարութեան դէմ, որ փառք ի բարձունս կ’երգէ տողավարձով, մինչեւ մէջքը խրած ճախճախուտքին մէջ։
       Վա՜յ անոնց, որ երգ չունին։ Երգը ազատ ստեղծագործութեան։ Հայրենիքին մէջ, հայրենիքէն դուրս։
       Եւ մանաւանդ անոնց որ, արդէն անձնատուր, օր առաջ դէպի խաւարը կ’առաջնորդեն իրենց երիտասարդ արեւը, զօրաւորին հայեցողութեան յանձնելով զայն։ Իբրեւ պատանդ կամ աւանդ։ Կոճկուելով, կծկուելով, ծեքծեքուն մարզանքներ փորձելով։
       Թող չհամարձակին դէպի անձնասպանութիւն առաջնորդել Հայկական Արտասահմանը, լողքարի տակ դնելով անոր վաստակն ու թռիչքը։ Կամ խախտելով անոր հաւատքը՝ իր յարաճուն ստեղծագործութեան մասին։
       Թէեւ ցիրուցան, բայց անտէր չեն տարագիր բազմութիւնները, որպէսզի դաս մը մարդիկ ճերմակ դրօշ պարզեն բոլոր ճակատներուն վրայ։
       Հայաստանեայց գրականութի՞ւն։
       Մատա՜ղ անոնց, որ կը մշակեն անդաստանը, այնքան ապերախտ պայմաններու տակ։ «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ն…
       Բայց, երբ Կեդր. Կոմիտէներ գրողներուն մազերը, մատները կը խանձեն մառեշալներու միջոցաւ, ո՞վ կը ստիպէ ձեզ բարեւի կենալ, պարտկելով գործուած մեղքը։
       Եւ երբ արքունի դպիրներ իրենց փունջը կ’երկարեն մինչեւ արտասահման, գլորելով հարթիչ գլանը, ինչո՞ւ յանկարծ կը մարի ձեր ձայնը։
       Ինչո՞ւ այդ ձայնը կը դառնայ խռպոտ կանչ մը ձեր եղբօր դէմ, որ դիրք բռնած է յանուն ազատ եւ հարազատ ստեղծագործութեան։
       Բռնաշապիկը ծիրանի պատմուճա՞ն կը դառնայ, եթէ հայկական ձեռքերով անցընեն ձեր կռնակը, բազմաձայն երգեցողութեամբ։
      
       Բ.
      
       Խառն ի խուռն խորհրդածութիւններ եւ հարցումներ, ձեռնարկի մը առթիւ, որ կոչուեցաւ Հայ Գրողներու Համագումար։
       Ձեռնարկէն շատ առաջ, մենք անվերջ կը հոլովէինք բառ մը, - ինքնապաշտպանութիւն։
       Նշանախօսք մըն է բառը, ամենալայն առումով։ Պաշտպանութիւն օտար ափերու ալեկոծութեանց եւ խորշակներուն, ինչպէս հարազատին դասալքութեան կամ սայթաքումներուն դէմ։
       Այդ ո՞ր իմաստունն է, որ պիտի համարձակէր ծուռ նայիլ մեզի, այս ճամբուն վրայ։ Տարրական պարտականութեան այս փորձին մէջ։
       Բառը կը թելադրէ, - տէր կանգնիլ Հայկական Արտասահմանի հիմնական իրաւունքներուն։ Անոր անփոխարինելի վաստակին։
       Որեւէ քաղաքական դաւանանք չի կրնար իրարմէ բաժնել մեզ, այս ճակատին վրայ։ Եւ առ նուազն կանխակալ կարծիքներ կը մատնեն անոնք, որ կը ճգնին գաղտնիքներ, դաւեր տեսնել «փասիանս» բանալով։
       Ֆիզիքական ինքնապաշտպանութեան հոգն ունէինք երէկ։ Այսօր բարոյական հոգը, բուն բառով մտաւորն է, որ կը ճնշէ մեր վրայ։
       Ոչ մէկ տրամադրութիւն՝ «մենք» և «դուք»ի տմարդի վէճեր յարուցանելու։ Բայց արու կամեցողութիւն, հաստատելու համար թէ կարելի չէ յուշիկ-յուշիկ դէպի մսուր առաջնորդել արտասահմանի «վաստակեալներն ու բեռնաւորները»։ Հին թէ նոր։
       Եւ մանաւանդ անսպառ տենդ եւ կորով՝ տեւելու, միշտ քայլ մը աւելի յառաջ նետուելու։
       Անհրաժեշտ չէ մարգարէ ձեւանալ, ապացուցանելու համար թէ գաղութներ կան ուր օտարութեան խորշակը աւերներ կը գործէ։
       Աւերը չի դարմանուիր, դիրք բռնելով պատն երեսին կամ խունկ ծխելով հեռաւոր սուրբերու առջեւ։ Եթէ վտանգուած շրջաններ կան, կան եւ աւելի բախտաւորները։ Իսկական Հայնոցներ, ուր գրողն ու արուեստագէտը Արեւմտահայ մշակոյթը հասցուցած են պատկառելի բարձրութեան մը։
       «Արիք միանանք»։ Տարբեր ճամբաներով իրար դիմաւորենք, թեւ տալու համար այդ ճիգին ու վաստակին, վերածնութեան այդ խոյանքին։
       Վճռական իր քալուածքով։ Արդէն բեռնաւոր բեղուն բերքով մը։
       Եւ այս բոլորը՝ նոյն հիմնական մտահոգութեամբ, - անընդհատ արծարծել մշակոյթի յաւիտենական հուրը սահմանէն ասդին, ինչպէս անդին։
       Սմսեղուկ հոգիներ միայն կրնան որոմ ցանել ինքնապաշտպանութեան այս պայքարին մէջ, դաւաճանելով երիտասարդութեան կոչումին։
      
       Գ.
      
       Սուրիա-Լիբանանը արդէն կտրեց կէս ճամբան, վերջնապէս կազմելով իր Գրողներու Միութիւնը։
       Մշակուած բանաձեւին մէջ, որ խտացումն է գործնական պահանջներու, աչքի կը զարնէ կէտ մը, «հոգ տանիլ հայ լեզուի անխաթար զարգացումին»։
       Տժգոյն է որոշումը, իբրեւ առաջադրութիւն։
       Անշուշտ հոգ պիտի տանինք եւ կը տանինք առանց միութիւններ կազմելու։ Երիտասարդ գրողները ամէնէն առաջ իրենց բուխերիկը մարած պիտի ըլլային, եթէ թուլնային այս աշխատանքին մէջ։
       Շատ աւելի բարդ է խնդիրը եւ խոր։ Երեւանէն հրահանգուած լեզուական անիշխանութիւնը կը սպառնայ քանդել ոչ միայն տեղական թումբերը, այլեւ ճեղքեր բանալ արտասահմանի մէջ։
       Քիչ մըն ալ, եւ «ռեվոլիւցիոն տենդենցիա»ն «բազա»ներ պիտի գրաւէ մեր մէջ ալ, «օկուպացնելով օպոզիցիոն» դիրքերը, «էվակուացնելով» հարազատ լեզուի մշակներ, «Ֆիլոլոգիական լաուրիատ»ներ շարելով մեր գլխուն։
       Շատերուն համար մայրենիքը դարձեր է ի միջի այլոց գիտելիք մը, որուն կարելի է տիրանալ քանի մը թուղթ մրոտելով, արձակ թէ ոտանաւոր։
       Միւս կողմէ, բոլոր երեւոյթները կը ցուցնեն թէ հայրենիք վերադարձած և իրենց տողավարձքն ապահոված գրողները արդէն իսկ բռներ են անփառունակ նահանջի ճամբան, լուծուելով համայնակուլ յորձանքին մէջ։
       Ուրեմն, կրկնապէս ծանր պարտականութիւն մը կ’իյնայ, արտասահմանի մէջ կազմուած կամ ծրագրուած միութեանց վրայ։
       Ոչ միայն հոգ տանիլ հայերէնի անխաթար զարգացումին, այլեւ անխնայ պայքարիլ բոլոր անոնց դէմ, որ կը փորձեն անճանաչելի դարձնել զայն, բարբարոս օտարաբանութեամբ եւ խարդախ պատուաստներով։
       Գիտութեամբ, անգիտութեամբ կամ բռնաբարոյ կամայականութեամբ։
       Մարտակոչ մը. քաշել բոլոր փտած ակռաները, այստեղ թէ այնտեղ։ Ու մանաւանդ փշրել այն շնատամները, որ կը ձգտին բզկտել Հայկազնեան բառարանը։
      
       *
      
       …Երգեր ունինք մենք, բոլոր օտար ափերուն վրայ, երգեր շինարար աշխատանքի եւ ազատ ստեղծագործութեան։ Ունինք յաւակնութիւն եւ կամք թռչելու մեր սեփական թեւերով, հայրենի ժառանգութեան բարձունքն ի վեր։ Մեր հասուն եւ հոսուն, առոյգ եւ լուսապայծառ լեզուով։
       Վա՜յ անոնց, որ ո՛չ երգ ունին, ո՛չ դրօշ եւ կը բաժնուին ճակատէն։ Կամ ճակատ կը յարդարեն, օր առաջ նսեմացնելու համար տարագիր բազմութեանց փառաւոր վաստակը։
      
       «Նայիրի», Դեկտ. -Յունուար 1947-48