Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Կառավարութեան Պաշտօնաթերթը անցեալ օր ծանուցած էր թէ կայսրութեան զանազան գաւառներէն ցարդ ընտրուած երեսփոխաններուն թիւը կը հասնի 75ի, որոնց 61ը Իսլամ՝ են, իսկ 7ը՝ Պուլկար 5ը՝ Յոյն, մէկը՝ Հրեայ եւ մէկն ալ Հայ։ Վերջերս թէեւ մէկ քանի հայ թերթեր գրած էին որ Վանի ընտրութիւններու միջոցին Դաշնակցականներու թեկնածուն՝ յեղ. ծանօթ գործիչ «Կոմս»ը (ռուսահայ վիպագիր Վրթ. Փափազեանցի եղբայրը) շահած է։ բայց դժբաղդաբար այս հրատարակութիւնն ստոյգ չէ, որով, մենք կը մնանք դարձեալ միակ երեսփոխանով։

Ընտրական գործողութեանց այս արիւնքը տաժանագին պարագայ մըն է, որ անգամ մըն ալ կուգայ ապացուցանել թէ հայրես սովոր ենք աւելի ժամավաճառ ըլլալ ներքին ընդդիմամարտութիւններով ու ճպուռի շազակրատութեամբ, քան թէ գործնական կեանքի պահանջներով. Քանի որ Օսմանեան Սահմանադրութեան ներկայ տրամադրութեանց համաձայն, այլացեղ ազգերն իրենց համեմատական թուոյն վերաբերութեամբ երեսփոխաններ չպիտի կարենան ունենալ Օսմ[անեան] խորհրդարանին մէջ, այլ իւրաքանչիւր գաւառի խառն բնակչութեան մեծամասնութեան ձայնովն է որ կ՚ընտրուին երեսփոխանները, Հայերուս՝ ճարպիկ, խելացի ու զարգացած համարեալ Հայերուս պարտքն ր ընտրական պայքարներն ի նպաստ մեզ յանգեցնել, ու Օսմ[անեան] Խորհրդարան ղրկել այնպիսի երեսփոխաններ, որոնք ոչ միայն ազատական ոգիին անկաշառ պաշտպաններն ըլլային, այլ նաեւ, այլ մանաւա՛նդ, հայ-ազգային իրաւանց ու առանձնաշնորհումներուն ուխտեալ ախոյեանները.

Համաթրքական ձգտումներ սնուցանոց երեսփոխաններէ բաղկացեալ մեծամասնութիւն մը՝ զմեզ պիտի կարենար շա՛տ դիւրաւ ենթարկել այն սեղմումներու եւ կտրատումներուն, որոնց զոհերն են Բոգոնիացնիները՝ Գերմանիոյ մէջ, Իռլանտացիները՝ Անգլիոյ մէջ, ու Հայերը, Վրաղիները, Հրեաները՝ Ռուսիոյ մէջ։ Հին օրերու կամայական անարդարութիւններուն տեղ, «սահմանադրական բռնակալութիւն» մը կրնայ հաստատուիլ, զմեզ տակաւ իրաւազրկելու համար, համիսլամական շողշողուն հեռապատկերին իրականացմանը սիրոյն։ Ի՞նչ պիտի ընէինք այն ատեն։ Որովհետեւ այլեւս՝ յեղափոխական պահանջներէն հրաժարած պիտի ըլլանք, որովհետեւ՝ այն ատեն մեր դաշնագրական իրաւունքներն ալ կորսնցւցած պիտի համարուինք, Հայերուն ուրիշ բան չպիտի մնար ընելիք, եթէ ոչ՝ խլեակի մը նման տարուիլ Օսմանեան խորհրդարանի քաղաքական զօրաւորագոյն հոսանքէն. եւ կամ, շատ շատ, քանի մը բողոքի ճառեր պիտի խօսինք, կամ մեր մէկ երեսփոխանը հարցապնդում մը ընելով տեղը պիտի նստի, կամ պիտի նստեցուի։

Այս տխուր հեռանկարը աչքի առջեւ ունենալով՝ իւրաքանչիւր հայու գերագոյն պարտականութիւնն է, քանի դեռ ժամանակը վերջնականապէս անցած չէ, ոգի ի բռնի մարտնջիլ՝ երեսփոխանական ընտրութեանց տալու համար բաղձացուած արդիւնքը։ Դժբախտաբար, թրքահայոցս ստուար մեծամասնութեան աչքին՝ սահմանադրական ռէժիմն ուրիշ բան չի մշանակեր դեռ, եթէ ոչ կոտորածներու դադարում, երթեւեկութեանց դիւրութիւն, առեւտրական ազատութիւն եւ այս կարգի մարդկային տարրական իրաւունքներ։ Սահմանադրական  րէժիմին վրայ այս անբաւական հայեցակէտով նայելնուս համար է որ՝ գուցէ՝ հոգերնիս  չենք ըներ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ վաղուան Սահմանադրական Թիւրքիան, թէ ի՛նչ նոր պայքարներու ասպարէզ պիտի բացուի մեր առջեւ, որպէսզի կարենայինք սահմանադրական յարձակումէ ու յափշտակութենէ զերծ պահել մեր ազգային վարչական հաստատութիւնները, մեր դարաւոր աւանդութիւնները, լեզուն, պատմութիւնը, հայկական բարքերն ու կենցաղը։

֍

Մայրաքաղաքի ու մասնաւորաբար գաւառներու հայ բնակչութիւնը երկար տարիներու հարստահարութեան եւ սոսկումի րէժիմէն տակ այնքա՛ն շլմօրած, հիւծասպաեւ վիճակի մը մատնուած էր, որ ազատութեան արեւին յանկարծական շողարձակումէն՝ իր մթագնած աչքերը խտղտեցան, ու անիկա, ամիսներով, ուրիշ բան չի տեսաւ եւ ուրիշ բանի վրայ չի կրցաւ մտածել, եթէ ոչ այն յարաբերաբար հանգիստ վիճակը, որ կը բացուէր իր առջեւ։ Քաղաքացիական պարտականութիւնները, երկրին կրած վարչական փոփոխութեանց հարկադրելիք նորանոր պարտաւորութիւնները, ազատական րէժիմին պահանջած նորատեսակ աշխատութիւնները շատ քիչ զբաղեցուցին զմեզ։ Բանտարկեալներ ունէինք որոնք գեղեցիկ առաւօտ մը յանկարծ դուրս ցատկեցին Ցաւին Տունէն եւ եկան ուրխացուցին վեր այրիացած խրճիթները. փախստականներ ու գաղթահաններ ունէինք որոնք օտար աստղերու տակ թափառելէն վաստակած ու հայրենաբաղձ, սրտազեղ հրճուանքով մը վերադարձան հայրենի երդինքին. երթեւեկութեանց արգելքին վերացումովը՝ կարօտակէզ տարակայ սրտեր իրարու փարեցան, ու այս աներեւակայելի, անզուգական խնդատօնը այնքա՛ն խելայեղեց զմեզ, որ երկար ատեն չուզեցինք, չկրցանք խորհիլ գալոցին վրայ, աւելի լուրջ, աւելի օգտապաշտ ծրագիրներու վրայ։

Միեւնոյն ատեն, մինչ մեր դրացի բախտակից ազգերը լրջօրէն կը կազմակերպուէին եւ երկրին ապագայ կացութեան հարկադրելիք պայմաններուն տիրանալ կը պատրաստուէին, հայ մամուլն ու ընթերցող հասարակութեան գրեթէ բոլոր խաւերը զիրար անուանարկելու տենդագին եռանդի մը անձնատուր եղած էին։

Ժողովուրդը սահմանադրական կարգերուն եւ օրէնքներուն տեղեակ ընելու մեծագոյն հոգը ծանրացած էր արտասահմանէն Տաճկաստան հասնող հայ քաղաքական կազմակերպութեանց վրայ. բայց դիւրին չէր՝ խանդավառ զգացումներով վերացած ու մտածելու քիչ ընդունակ ժողովրդային տարրերուն մէկ օրէն միւսը ըմբռնել տալ սահմանադրական վարչութեան մը մեքենական կազմաւորութիւնը  եւ քաղաքական դերը։

Մնաց որ, Ազատութեան հռչակումի թուականէն առաջ, հայ յեղ, կուսակցութիւնները աննշան ոյժ մը միայն ունէին Տաճկաստանի մէջ. հաւասարապէս կառավարութենէն եւ ժողովուրդէն հասած հալածանքները, մատնութիւննը եւ ատելութիւնները թոյլ չէին տար հայ յեղափոխականին՝ որ պահանջուած չափոց արմատաւորուէր երկրին մէջ։ Իր հոգին եւ ընկերական միջավայրին խորթ զաւակն էր ան, որուն՝ կարելի է որ ոմանք հիացումով նայէին, բայց ոչ ոք պիտի ուզէր մտերմանալ։ Այսքա՛ն ստրուկ, այսքա՛ն վատասերած միջավայր մը յանկարծ վերապրեցնելը՝ ազատականացնելը մոգական գաւազանի կը կարօտէր։ Ասոր համար է որ, մեր յեղ. կազմակերպութիւնները, հակառակ իրենց եռանդոտ գործունէութեան, տակաւին չեն յաջողած դղրդել թրքահայ ժողովուրդի բոլո՛ր խաւերը, ու զայն առաջնորդել դէպ իր պարտականութեան, բարօրութեան ճամբան՞

Բայց հայութիւնը իր կուսակցական եւ ոչ-կուսակցական խաւերովը պէ՛տք է այլեւս սթափի իր անտարբերութենէն եւ եթէ ոչ գաղափարային տեսակէտէն, գո՛նէ գործնական ու նիւթական կեանքի հայեցակէտէն պէտք է գիտէ, որ Օսմ[անեան] խորհրդարանի ընտրութեանց ձախորդ արդիւնքները մեր ցեղը կ՚առաջնորդեն այնպիսի անդունդի մը եզրը, ուրկէ գահավէժ անկումը անխուսափելի ու վերջնական է։

«Ձայն հայրենեաց», 1908, 6 Նոյեմբեր, թիւ 3, էջ 17-18