Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԼԵՒՈՆ Զ. ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՏԱՊԱՆԻՆ

Յունիսի պայծառ ու արեգնաւէտ օրով մը, որուն նմանը քիչ անգամ տեսնուեցաւ այս ամառ՝ Եւրոպայի մէջ, Բարիզէն ճամբայ ելանք դէպ ի Սէն Տընի, տեղւոյն արքայական դամբարններուն մէջ փնտռելու համար Ռուբինեանց վերջին թագաւորին տապանաքարը:

Սէն Տընին՝ Բարիզէն դէպ հիւսիս 9 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ հաստատուած վաղնջական ու բերրի քաղաք մըն է, բարիզեան որսորդներուն ժամադրավայրը. իսկ իր Աբբայարանի եկեղեցին, որուն մէջն ու տակը զետեղուած են արքայական դամբարանները. գոթական սլացիկ գեղեցկութեամբ հսկայ կերտուածք մըն է, հնութիւն 14 դարերու:

Երբ, եկեղեցւոյն ճակատանկարները ձեւացնող քանդակներուն վրայ հպանցիկ նայուածք մը նետելէ վերջ մտանք ներս, մեր կրած տպաւորութիւնն այնքան խորունկ էր որ, գաւիթին մէջ ծնկաչոգ աղօթելով զբաղած ջերմեռանդներուն երեւոյթն ունէինք: Սէն Տընիի պատմական Աբբայարանի եկեղեցին անվիճելիօրէն տպաւորիչ էր տիրող գերեզմանային թերաստուերին մէջէն, որը մօզայիքէ պատուհաններուն տկար լոյսէն չէր կրնար փարատիլ, թագաւորներու դամբարանները կ՚երեւային՝ սպիտակ, ու կարգ կարգ պատանքուած մեռելներու նման, որոնք դուրս փախած ըլլային իրենց ստորերկրեայ գերեզմաններէն, շնչելու համար այն խնկաբոյր մթնոլորտը, որ եկեղեցիին կամարներուն վրայ դեռ կը սաւառնէր:

Բայց քանի կ՚անցնինք եկեղեցիին երկար գաւիթէն ու կը մօտենանք դամբարաններու շարքին, մեր սկզբնական տպաւորութիւնները կը փարատին, ու այլ եւս ընտանի ձեւով մը կը շօշափենք Ֆրանսայի հին թագաւորներուն՝ Տակօպէռներու, Քլօվիսներու, Լուդովիկոսներու, Ֆրանսուաներու աւելի կամ նուազ հոյակապ դամբարաններուն մարմարը: Եկեղեցիին ժամկոչը, որ մեզ կ՚առաջնորդէ դամբարանէ դամբարան, իր անդրշիրիմեան արձագանգող ձայնով, իւրաքանչիւր տապանի առջեւ համառօտ կենսագրական մը կ՚ընէ դամբանական մը կարդացողի յուզումներով լեցուած. անիկա կը պատմէ Տակօպէռ թագաւորին տեսիլքը, որուն հետեւանքով շինուեր է Աբբայարանն ու եկեղեցին, կը նկարագրէ թէ ինչպէ՛ս ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան ժամանակ, Քօնվանսիօնի մէկ հրամանագրին համաձայն յեղափոխականները Սէն Տընի վազեցին, իրենց դամբարաններէն դուրս հանեցին արքայական դագաղներն ու մարմինները, զանոնք ջարդ ու փշուր ըրին, բոլոր ոսկիները, գահերը, թագերը եւ թանկագին առարկաները տարին Յեղափոխութեան պէտքերուն գործածելու, իսկ արքայական անարժէք մարմիններուն բեկորները երկու լայն փոսերու մէջ լեցուցին: Բոլորովին աննման՝ ժամանակակից կարգ մը ընկերաբան-պատմաբաններուն, որոնք այսօր խստօրէն կը դատապարտեն յեղափոխական լափլիզող հուրին գործած այդ աւերակները. այս պարզուկ ժամկոչը կարծես թափանցած ըլլալ կը թուէր 79ի ոգիին, բնազդով կը զգար ու կը չքմեղացնէր յեղափոխական շրջանի յորձանաւէտ հրդեհումը, եւ իր պատմուածքին մէջ կը դնէր շեշտ մը՝ որ դար մը առաջուան ֆրանսացի յեղափոխականներուն շեշտն էր անտարակոյս: Պատմական դէպք մը դատելու առթիւ անիկա կը մտնէր ու պահ մը կ՚ապրէր ոգիին մէջ ա՛յն  շրջանին, որուն կը պատկանէր դէպքը, մինչ քանի՜ քանիներ կան, որոնք նախնթաց շրջանի անցք մը կը դատեն նոր կամ իրենց ապրած շրջանին սկզբունքներովը, ու այսպէսով կը հասնին պատմականօրէն անճիշդ եզրակացութեանց…:

Բայց հիմա թողունք այս մտածումները եւ դառնանք Լեւոն Զ. թագաւորի դամբարանին, որուն այցելութեան գացած էինք:

Ամենազգի հետաքրքիր այցելուներուն ցոյց տրուելու սահմանուած արքայական դամբարաններուն կարգէն հեռու, գրեթէ մոռցուած ու անշուք անկիւնի մը մէջ է որ Ֆրանսացիք պահած են Հայ Անկախութեան ամենավերջին ներկայացուցչին տապանը. ժամկոչը չառաջնորդեր դէպ այդ անկիւնը եթէ մասնաւոր կերպով խնդրող մը չըլլայ. ու այցելուներէն անոնք որ արդէն ծանօթ չեն Լեւոն Զ. ի կեանքին, կը կարդան անոր տապանաքարին վրայի երկտողը՝

Léon de Lusignian Roi d’Arménie

ու կ՚անցնին:

Մենք ալ կարդացինք, բայց չանցանք անշուշտ: Այդ մարմարեայ զանգուածին առջեւ, որուն վրայ պառկած կը հանգչէր Լեւոն Զ. ի մարմինը՝ արքայական տարազով, ի՜նչ տխուր մտածումներ կը համակեն հայ այցելուն: Ահա՛ ազգային անկախութեան վերջին ներկայացուցիչը որուն գահը յափշտակեցին եգիպտացիները, որ երկար տարիներ իր թագազուրկ գլուխը բանտի քարերուն վրայ հանգչեցուց, որովհետեւ իր գահը կորսնցնելէն ետք կառչած մնաց իր քրիստոնէական կրօնքին, առանց վայրկեան մը հրապուրուելու այն հիւրիներէն եւ հեշտութիւններէն, որոնք բաժինը կ՚ըլլային Մուհամմէտի կրօնքն ընդգրկողներուն: Քրիստոնէական նախնական շրջաններու յատուկ հաւատքով մը՝ անիկա նախնտրեց 9 տարի բանտարկուած մնալ, քան ուրանալ իր ազգային աւանդութիւններն ու սրբութիւնները, քան այրել երէկուան պաշտածը, ու երբ վերջապէս բանտէն  ազատեցաւ Եւրոպացի վեհապետներու միջնորդութեամբը, անոր հոգիին մէջ դեռ մարած չէր յոյսին խարոյկը, քանի որ անիկա երկար տարիներ թափառեցաւ անգլ[իական] ու ֆրանսական արքունիքները. հայկական անկախութիւնը վերականգնել փորձելով: Իր ճիգերը անօգուտ անցան սակայն, ու անիկա, գրեթէ վեց դարերէ ի վեր, ահա իր հետ գերեզման իջեցուցած է Ազգային Ազատութիւնը:

Այս մտածումներով սրտաբեկած, մինչ կը հեռանայինք Լեւոն Զ. ի տապանաքարին քովէն, ձայն մը կարծես կը բարձրանար անոր գերեզմանին խորերէն, ձայն մը հրամայողական ու տիրական շեշտերով, հրաւիրելու համար աշխարհասփիւռ հայութիւնը, որ այլեւս մէկ կողմ ձգէ ներքին կռիւները, իրերամարտ պայքարները, ու այլեւս թօթափի իր անտարբերութենէն, հաճոյամոլութենէն, եսականութենէն, միահամուռ ոյժերով յարութիւն տալու համար Ազգային Ազատութեան դիակին, որ ահա դարերէ ի վեր գերեզման իջած է, ու կը սպառնայ նեխիլ. տարրալուծուիլ բոլորովին։ յետոյ մասը …….:

«Ազատ բեմ», 1907, Սեպտեմբեր 11, թիւ 42։