ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ
ՆՈՐԱԳՈՅՆ
ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ.
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ
Ազգայնական
ժամանակակից
շարժումներու
շուրջ
մեր
երկու
տեսութիւններով
(Ձայն
Հայրենեաց
թիւ19
եւ
20)
ցոյց
տուինք
թէ
ինչպէ՛ս
Արեւելքի
վաղնջական
ազգերէն
շատեր
իրենց
երկարամեայ
թմրութենէն
սթափած
այսօր
մահու
եւ
կենաց
պայքար
կը
մղեն,
վերստանալու
համար
ազգային
ազատագրութեան
եւ
անկախութեան
մը
յարակից
իրաւունքները,
որոնք
օտար
յափշտակիչներու
ձեռքին
մէջ
փճանալու
էին
սահմանուած։
Ազգայնական
հաւատալիքներու
յաղթանակման
համար
կռիւ
մղող
ժողովուրդներուն
մէջէն
կարելի
չէ
անյիշատակ
թողուլ
Պարսկաստանը,
որ
մօտաւորապէս
երեք
տարիներէ
ի
վեր
յեղափոխական
ազատամարտի
դրօշ
պարզած
է՝
ընդդէմ
խաբեբայ
ու
հարստահարող
միապետութեան
մը.
կարճ
ժամանակամիջոց
մը
սահմանադրական
ազատութեան
բարիքները
վայելելով
անոր
երջանկութենէն
խելայեղած
պարսիկ
ժողովուրդը
երբ
տեսաւ
որ
օտար
թաթը՝
յանձին
ռուս
տիրապետութեան
ներկայացուցիչ
Լիախօֆ
զօրավարի՝
կը
փորձէ
քար
ու
քանդ
ընել
ազգային
ներկայացուցչութեան
նորակառոյց
շէնքը,
անմիջապէս
սեղմեց
իր
շարքերը
եւ
գօտեպնդուելով
կոչում
ըրաւ
ժողովուրդի
ազգայնական
զգացումներուն.
միահամուռ
ոյժով
մը
դիմադրելու
համար
օտար
լուծին
եւ
միանգամայն
զայն
Պարսկաստան
ներմուծող
հայրենակից
թշնամիներուն
դէմ։
Այս
կերպով
պարսկական
յեղափոխութիւնը
դարձաւ
եղաւ
պայքար
մը
ընդդէմ
ռուսական
Սպիտակ
Վտանգին
որը
ռուս
հակազդեցական
շրջանի
շահատակութիւններէն
հզօրացած,
վազեր
եկեր
էր
Պարսկաստան,
ճնշողական
յար
եւ
նման
եղանակներով
լռեցնելու
համար
ժողովուրդի
ազատասիրական
ձգտումները։
Պարսիկ
ազգայնականներու
տարած
յաղթութիւնները՝
ռուս—պարսիկ
բռնակալութեան
դէմ
պէտք
է
ուրախացնեն
բոլոր
այն
ցեղերը,
որոնք
օտար
հարստահարող
լուծերու
տակ
տառապած
են,
ու
ճաշակած
են
այն
դառնութիւնները,
որոնց
միակ
աղբիւրն
է
խտրական,
միակողմանի
եւ
կամայական
րէժիմ
մը։
Մեծ
եւ
անկախ
Պարսկաստանի
մը
իտէալովը
խանդավառած
այն
մարտիկները,
որոնք
այսօր
իրենց
արիւններովը
կ՚ոռոգեն
ազգայնական
գաղափարի
սերմերը,
ուշ
թէ
կանուխ
պիտի
տեսնեն
ծաղկիլը
սաղարթախիտ
ու
հաստաբուն
ծառին,
ազգային
իրաւունքներու
եւ
անկախութեան
հովանի
ծառին։
֍
Եզրակացութիւնը,
զոր
կ՚ուզէինք
հանել
հնդիկ,
արաբ,
պարսիկ
եւ
դեռ
ուրիշ
այնքան
հարստահարեալ
ցեղերու
մղած
ազգայնական
ազատամարտէն,
սա՛
պիտի
ըլլայ,
թէ
հայ
ցեղն
ալ
իր
բոլոր
խաւերովն
ու
հատուածներովը
պէտք
է
պնդօրէն
կառչի
ազգայնական
սկզբունքին,
անկէ,
եւ
միա՛յն
անկէ
ակնկալելով
իր
գոյութեան,
իր
եկեղեցիին,
իր
լեզուին
ու
աւանդութեանց
պահպանումը։
Համամարդկային
եւ
աշխարհաքաղաքացիական
վարդապետութիւնները
զոր
մեր
գործիչներէն
ոմանք
Եւրոպայէն
Պոլիս
բերած
են
հետերնին,
ու
կը
ջանան
անոնց
արբեցուցիչ
ոգին
ներարկել
տաճկահայոց
երակներուն
մէջ,
ո՛չ
միայն
կանխահաս
են
մեր
ժողովուրդին
համար,
այլ
եւ՝
վնասակար,
երբ
նկատի
առնենք
այն
խառնակ
միջավայրը՝
ուր
կոչուած
ենք
ապրելու
եւ
գործելու։
Ինչպէս
վերջին
30
տարիներու
ընթացքին,
այսօր
ալ
տակաւին
հարկադրուած
ենք
գոյութեան
կռիւ
մղել,
ներշնչուելով
ազգային
համերաշխութեան
եւ
բազմաչարչար
հայրենիքի
մը
այն
կաթոգին
սէրէն,
որը
միայն
պիտի
կարենար
զօրացնել
Հայաստանցիին
բազուկը։
Թութակներ,
եւ
բօթաբեր
թութակներ
են
անոնք,
որ
Հէրվէներու
հակահայրենասէր
(antipatiriotique)
ֆռազաբանութիւնները
կը
կրկնեն
մեր
ականջներուն
տակ,
հեգնօրէն
հարցնելով
թէ
ի՞նչ
է
ազգը,
ի՞նչ
է
հայրենիքը։
Ու
մանաւանդ
արգահատելի
իմաստակներ
են
այն
գործիչները,
որոնք
Արեւմտեան
Եւրոպայի
տնտեսական
ու
ընկերական
նորագոյն
ձգտումները
կ՚ուզեն
որդեգրել
տալ
նաեւ
Տաճկահայոց,
առանց
նկատի
առնելու
թէ,
ոչ
միայն
հայ
ժողովուրդի
կազմակերպութեան,
բարքերուն,
եւ
դաստիարակութեան
անհամապատասխան
են
անոնք
այլ
նաեւ
սա՝
թէ
դասակարգային
պայքարներու
ստեղծումը
եւ
համամարդկային
քարոզութեանց
թուլաբարոյ
ոգին
քանդիչ
ներգործութիւն
մը
պիտի
ընէր
իսկ
ուժասպառ
ցեղին
վրայ։
Օսմ[անեան]
Կայսրութիւնը
ձեւացնող
բազմազան
տարրերուն
մէջ
եթէ
կ՚ուզենք
պահել
մեր
ինքնութիւնը,
մեր
ազգային
առանձնայատուկ
բարքերն
ու
իրաւունքները,
պէտք
է
հետեւինք
օրինակին
բոլո՛ր
այն
ժողովուրդներուն,
որոնք
ազգայնական
դրօշը
պարզած
են։
Այդ
ոգիին
շնորհիւ
էր
որ
անցեալ
եւ
ներկայ
դարերու
ընթացքին
սաղմնաւորուեցան
ու
մարմին
առին
օտար
տիրապետութեան
տակ
հեծող
բազմաթիւ
ազգութիւններ,
ինչպէս
Իտալիան,
Գերմանիան,
Յունաստանը,
Պալքանեան
երկիրները,
Հնդկաստանը,
Եգիպտոսը,
Պարսկաստանը,
ազգայնական
ոգիին
գիտակից
ու
բոլորանուէր
կիրառութեամբն
է
որ՝
սահմանադրական
վարչութեան
մը
տակ
հայ
ցեղը
պիտի
կարենայ
իր
ինքնութիւնը
պահել
դրացի
այլազան
ազգութեանց
շփումին
մէջ,
ու
համիսլամական
կամ
թուրք
ազգայնամոլ
մեծամասնութեան
մը
յաւակնութիւններուն
դէմ,
Երեսփ[ոխանական]
Ժողովէն
սկսեալ
մինչեւ
կառավարական
պաշտօնատունները,
եւ
անկից
ալ
մինչեւ
թուրք
ժողովուրդի
զանազան
խաւերուն
մէջ
հետզհետէ
երեւան
եկած
դէպքեր
եւ
մտքի
վիճակներ
ցոյց
կուտան
թէ
Օսմ[անեան]
Սահմանադրութեան
ոգիին
դէմ
յայտնի
բռնաբարումներ
կ՚ըլլան,
նպատակ
ունենալով
սեղմել
ազգութեանց
մասնայատուկ
պահանջները,
ու
դէպ
ի
ձուլում
առաջնորդել
զանոնք։
Միակ
ուղղութիւնը,
միակ
նշանաբանը
որ
թումբ
մը
պիտի
ըլլայ
այս
վտանգին
դէմ,
հայ—ազգայնականութիւնն
է։
«Ձայն
հայրենեաց»,
1909,
Նոր
շրջան,
27
Փետրվար-
12
Մարտ,
թիւ
19,
էջ
189-190։
6-19
Մարտ,
թիւ
20,
էջ
201-202։
20
Մարտ-2
Ապրիլ,
թիւ
22,
էջ
225-226