Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵԼԱՄԱՂՁՈՒԹԻՒՆԸ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Ա


Գերազանցօրէն մելամաղձոտ ժողովուրդ մըն ենք. կը սիրենք լալկան երգերը, որոնց մէջ բուերու վու վուին չափ ահաւոր վայեր կան, ու Դուրեանին սողերը, ամեն օրուան աղօթքի մը պէս, մեր շրթունքներուն վրայ կը թրթռան իրենց հոգեսասուռ թաղծութեամբը.

Մելամաղձոտ լճակ իմ

Քեզ հետ ըլլանք մտերիմ,

Սիրեմ քեզի պէս ես ալ

Գրաւիլ, լռել ու խռկալ

Եթէ իրաւ է որ ազգի մը գրականութիւնը արտայայտութիւննէ ցեղային առանձնայատկութիւններուն, նիստ ու կացին եւ վերջապէս կեանքը կազմող բոլոր պարագաներուն այն ատեն պէտք է ընդունիլ որ հայ ցեղը ամեն դարու մէջ՝ ալ ենթակայ եղած է հոգեկան այն հիւանդ, ու ցաւագինօրէն հիւանդ վիչակին, զոր մելամաղձութիւն կը կոչեն։

Մեր հին մատենագրութիւնը, գրեթէ մեծագոյն մասամբ ողբերով լեցուն գրականութիւն մըն է, որ իր ամբողջութեամբը լացի գիշերուան մը տպաւորութիւնը կընէ վրադ։ Եւ մեր ժողովրդական երգեըը, որոնք կոչուած են ամենէն հաւատարիմ ու հաստատ վկաներն ըլլալ մեր ցեղային նկարագրին որպիսութեան, մեծամասնօրէն հառաչանքներու ախ ու վախովը բաղդարուած լացեր են, պանդուխտի երգեր, որոնց մէջ բացակային կարօտովը տողուած տուներ կան, լացի՛ տուներ, յուսահատեցուցիչ միօրինակութեամբ մը եղերերգուած։

Ի՞նչ է այս ամենատխուր երեւոյթին պատճառը. ինչո՞ւ այս յաւիտենական մելամաղձոտ ton ը, որ մեր հին ու նոր գրականութեան մէջ համահաւասար աստիճանով մը կը լսուի ու կը հաւնուի։ Այս հարցումին պատճառը կարժէր որ մասնաւոր ուսումնասիրութեան մը առարկայ ըլլուէր մեր գրողներուն կողմէ որովհետեւ էական  կարեւորութիւն ունեցող կէտերէն մէկն է այն, հաւասարապս մեր ցեղին ու մեր գրականութեան համար։

Եթէ երբէք Իբբոլիթ Թէն մը ձեռնարկէր այսօրինակ գործի մը, անշուշտ մեր գրականութեան մէջ այս շատ նշանաուոր մէկ երեւոյթին ծագումը պիտի բացատրէր, միջավայրի ազդեցութեան վերագրելով ավեն ինչ. եւ իրաւունք ալ պիտի ունենար կարծեմ, որովհետեւ, երբ պզտիկ մը ուսումնասիրենք մեր մատենագրութեան պատմութիւնը, պիտի տեսնենք որ, սկսելով հայ գրականութեան ոսկեդարէն մինչեւ մեր դարը, բոլոր մատենագիրները քիչ կամ շատ ազդուած են միջավայրէն ու պարագաներէն։

Մեր առաջին մատենագիրները, իրենց ուսումը առնելէ ետք այն ատենի քաղաքակրթութեան կեդրոններուն մէջ, երբ վերադարձան իրենց ծննդավայրը, ի՜նչ գտան հոն. անհուն պարապութիւն մը, զիրենք ըմբռնելու եւ տարիներու յամառ աշխատութեամբ իրենց ամբարած գիտութիւնը գնահատելու անկարող մարդեր ամբողջ։ Ու ահա այդ ժամանակէն ծայր կուտայ մելամաղձոտ երգերու շարքը, որ տակաւ կ՚երկարէ իր լալկան ճըլւըլուքը մինչեւ մեր օրերը։ Լոկ վերջին տասը տարիներու միջոցին հրատարակուած են տասնէ աւելի հատորներ— so called  բանաստեղծական գրքույկներ— որոնց ամենուն մէջ ալ մարդ առատօրէն կը հանդիպի լացող կոյսերու, թշուառ հոգիներու, դագաղի, գերեզմանի եւ վերջապէս մեռելական թափորներու երկար տողանցումի մը։ Ասիկա, սխալ ընբռնուած գրականութեան մը արդիւնքն է։

Եթէ մեր առաջադրած նիւթէն բոլորովին շեղելու վախը չըլլար, կ՚արժէր որ տակաւին խօսէինք ուրիշ պատճառներու մասին, որոնք մեծապէս ազդած են որպէսզի մեր ժողովուրդին հոգիին ներարկուի մելամաղձութեան ոգին, իր ամէնէն ջլատիչ ու ամենէն ալ ապականարար թուլութեամբը։

Մելամաղձութիւնը հոգիին այն վհատ վիճակն է, որ երբեմն շատ յայտնի եւ ստէպ բոլորովին աննշմարելի պատճառներով, կ՚ենթարկէ զմեզ տխուր ու թախծալից զգացումներու յոռետես խորհրդածութեանց։ Մելամաղձոտին համար ամէն ինչ թաւ մռայլութեամբ մը պարարուած է. ապագայի փայլուն յոյսե չունի ան, որոնցմով կարենայ մխիթարել իր հոգին, որ երբէք չի գիտեր հրճուանքով զեցուլ, կենաքին վայելքն ընբռնել. կեանքի վայե՞լքն ըսի, բէհ, ի՞նչ է որ այդ կեանքը, եթէ ոչ ցաւերու վիհ մը, ուր ինկած մարդկութիւն մը գետնաքարշ կը տապլտկի, անասնօրէն կը գալարի, առանց փրկութեան յոյս մը ունենալու։ Ահա մելամաղձոտ հոռետեսի մը փիլիսոփայութիւնը, կեանքի մասին գոյացուցած ըմբռնումը։

Կան մարդիկ, որոնց մելամաղձութիւնը ժամանակաւոր է. իրենց կեանքին  այս ինչ կամ այն ինչ շրջանին մէջ միայն, եւ կամ թէ այս կան այն շարժառիթի ազդեցութեամբ կ՚ենթարկուին մելամաղձութեան։ Բայց կան շատեր ալ, որոնց քով մելամաղձութիւնը տեւական ըլլալով շատ սուր հանգամանքներ կ՚ստանայ, օր օրի մեծամեծ համեմատութիւններ կ՚առնէ, ու ենթական վերջապէս կ՚ենթարկէ մտային ահռելի ախտերու, խելագարութեան, եւն. ։ Ու կարելի չէ երեւակայել տառապանքի սարսուռներովը զոցուն աւելի անտանելի կեանք մը, քան այն մելամաղձոտինը, որուն քով այս հիւանդութիւնը մշտնջենականի երեւոյթ մը առած է։

Մելամաղձոտը կատարելապէս կը խորշի գործօն կեանքի մը պատճառելիք բոլոր քաղցր խոնջէնքներէն, որոնց հանդէպ իր զգացած արհաւիրքը կը ջանայ մեղմացնել, բոլոր օրը փակուելով տանը չորս պատերուն մէջ, աչքերը ապուշօրէն սեւեռած անհունին, ուրկէ ինքն ալ չի գիտեր թէ ինռ կ՚ակնկալէ։ Եւ կամ, վերջալոյսի մելամաղձոտ պահերուն, տարտամ քայելով կ՚երթայ թափառիլ աւազուտ եզրերը առուի մը, որուն խոխոջը կը փորձէ նմանցնել, հեծկլտալու նոր ձեւեր հնարելու համար, եւ որուն ջուրի կաթիլները լացող կոյսի մը արցունքներուն հետ կը բաղդատէ ապահովաբար։

Կասկածն ու նախանձը կը սիրապետեն մելամաղձոտին հոգիին մէջ, գերադրական աստիճանով։ Ամենապզտիկ ակնարկութիւնը, կամ ամենէն անմեղ կատակը զոր կ՚ընես իրեն բարեմտօրէն, ան կ՚ըմբռնէ իբր մեծագոյն թշնամանքը, զոր կարելի էր գործելու համարձակիլ։ Փողոցին մէջ, մտային զբացումով մը գրաւուած ըլլալուդ իբր արդիւնք, երբ չես նշմարած մելամաղձոտ մէկ բարեկամիդ անցքը ու չես բարեւած զինքը, եւ կամ թէ, պատշաճութեան օրէնք մը յարգած ըլլալու համար չես հրաւիրած զինքը այս ինչ երեկոյթիդ, գիտցիր որ վշտացուցած ես զայն, անարգած իսկ, բրտօրէն անարգած ու թշնամանած։ Ալ քու բարեկամդ չէ ան, որովհետեւ սկսար իր արժանապատուութիւնը վիրաւորող արարքներներ գործել, եւ յարգանքի պակասութեան նշաններ ցոյց տալ դէպի իր լրջախոհ անձնաւորութիւնը։

Սիրոյ մէջ, նոյն յեղյեղուկ նկարագիրը, նոյն անկայունութիւնը, որ արդէն իր բոլոր գործերուն միակ յատկանիշը կը կազմէ, փոխոխամտութիւն մը, որ գլխու պտոյտ պատճառելու աստիճան դարձդարձիկ է յաճախ։ Առանց սիրոյ կեանք մը ապրելու կարելիութիւնը չընդունիր արդէն. առտուն կանուխ դիմացը ելլող աղջկան կը սիրահարի, բայց կատակ չէ, կը հասկնա՞ք, յիմարանալու աստիճան սէր կուտայ անոր. իր գունատ եւ մահատիպ դէմքը— ու այդպէս ըլլալուն համար գերերջանիկ է ան արդէն— կ՚ուզէ որ իր պատշելիին աչքերուն մէջ հայլիացնէ. ալ անոր սուրբ անունին եւ թանկագին արեւին վրայ կ՚երդնու. իրեն համար չկայ ապրելու լաւագոյն տեղ մը, քան անոր քղանցքին ստորոտը, ուր անպատճառ վարդի եւ դեռ չեն գիտեր ինչի բուրումներ կը գգուեն իր ռնգունքը։ Ու այս բոլորը, աւա՜ղ, շատ կարճ միջոցի մը համար է միայն. յաւիտենական սիրոյ մը իբր առհաւատչեալ տրուած ամէն նուէրները տակաւ կը կորսնցնեն իրենց նշանակութիւնը. անոնց վրայ ա՛լ կը նայի այն աչքով, ինչ աչքով որ տղայ մը պիտի նայէր իր քանի մը տարի առաջուան խաղալիքին վրայ։ Հաւատարիմ սիրոյ մը բոլոր շինծու բառերը մրթմրթացող իր շրթունքներուն վրայէն աստիճանաբար կը սրբուին դեռ քանի մը օր առաջուան ընդունած համբոյրներուն հետքը, անոնց պարգեւած հեշտանքը տակաւ կ՚անէանայ, ու իր երէկուան պաշտած այսօրուան ատածը կ՚ըլլայ։ Եւ գիտէ՞ք թէ ինչո՞ւ այս յանկարծական փոփոխութիւնը. որովհետեւ իր մարած աչքերը ուրիշ աղջկան մը հոգին կարդացին, եւ նոր սիրոյ մը բոյնրը գնաց զետեղել անոր սրտին մէջ։

Ու տակաւին չըսուեցաւ թէ ծայրայեղօրէն ամօթխած մըն է ան, ծիծաղելու աստիճան ամչկոտ, բան մը որ զինքը հեռու կը պահէ հրապարակային կեանքէ, ուր կատաղի պայքարը կայ հացին, պայքարը՝ գաղափարներու, եւ ուր, կորսնցուած մեծ յաղթութիւններու հետ փառքի պսակներ կան սակայն։ Իր հոգին չունի գործունէութեան խանդը, մաքառումի ոգին, իտէալի մը իրականցման համար պայքարելու անյողդողդ ոյժը։— Ձգեցէ՜ք զիս, սենեակիս առանձնութեանը մէջ, կը պաղատի ան, թողէք որ հեշտ երազներու օրօրովը քնանամ մենաւորիկ եւ անվրդով։

Բայց ոչ, պէտք չէ անսալ իր պաղատանքին, իր լացին եւ մինչեւ իսկ սպառանիքին. պէտք է արգահատիլ իր վիճակին վրայ, գթոտ շեշտերով եւ խանդաղատանքի բառերով պէտք է ազատել զինքը իր մեռելային անգործութենէն, եւ ցոյց տալ իրեն կեանքին անուշութիւնը, երբ թունդ քրքիչներով եւ զուարթ բացագանչութիւններով ապրուի ան։ Վերջապէս, պէտք է զգացնել իրեն խանդավառ գործունէութեան մը պատճառելիք ներքին գոհունակութիւնը, ու պայքարով շահուած դափնիներուն անփոխարինելի արժէքը։

Կ. Պոլիս