Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԱՆԻ ՄԸ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿՈՎԿԱՍԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ԱՐԴԻ ՎԻՃԱԿԻՆ ՎՐԱՅ

Ա.

Թիֆլիզի Հայ Մամուլը այս պահուս կ՚անցնի այնպիսի բազմակնճիռ եւ վտանգաւոր հանգամանքներէ՝ որ Արտասահմանի ընթերցող հայութեան այն դասակարգը որ անկարող է հետեւելու կովկասահայ լրագրութեան օր ըստօրէական փոփոխութեանց, պէտք ունի գոնէ ընդհանուր տեղեկութիւն մը ստանալ անոնց մասին:

Այդ տեղեկութիւնները հայթայթելէ առաջ, հարկ է ըսել թէ մեր քննութեան առարկայ պիտի ըլլան, առ այժմ, Կովկասահայ մամուլի երկու գլխաւոր ընդդիմամարտ օռկանները, Մշակը, եւ «Հակամշակ»ը, որովհետեւ այս բառով միայն կարելի է որակել հալածական ու յարափոփոխ անուններով հրատարակուող այն թերթը, որ Դաշնակցութեան հովանաւորութիւնը կը վայելէ:

Ահաւասիկ մօտաւորապէս մէկ տարի է որ, Մշակ պայքար կը մղէ յեղափոխական այն օռկանին դէմ, որ ամենէն առաջ լոյս տեսաւ Յառաջ անուան տակ. այդ պայքարը կոհականման ելեւէջներ ստացաւ Ալիքի օրով, խլացուցիչ համեմատութիւններ առաւ Զանգին հետ ու այսօր որ Երկիրը եկած է փոխանորդել Զանգը, պայքարը՝ երկինք եւ երկիր միանգամայն իրար անցընելու ձեւ մը ունի: Եգիպտահայ ընթերցողները չեն կրնար գաղափար կազմել մեր ակնարկած լրագրական պայքարի սաստկութեան մասին, աչքի առջեւ բերելով միայն Գահիրէ հայ լրագրական պայքարը որովհետեւ, հո՛ն Թիֆլիզ, կրկնապատիկ ծաւալով ու ամէ՛ն օր հրատարակուող Մշակը եւ «հակամշակ»ը, իրենց խմբագրական եւ այլ բաժիններով, բոլո՛ր աշխատակիցներով եւ համակիր շրջանակներով ուժգնապէս լարուած են, մէկը միւսին դէմ, հանելով գոռում գոչում մը որ Թիֆլիսէն մինչեւ հոս հասնելէն վերջն ալ դեռ չի դադրիր ականջ խուլցնելէ:

Թէ որո՛նք են այս համահայկական ընդհարումին սկզբնապատճառները, եւ զայն վառ պահող շարժառիթները, հոս պէտք է անցողակի թուումն մասանց մը կատարել, աւելի վերջը ըսուելիքներուն իմաստը լաւագոյն եղանակով մը ըմբռնելու համար:

Ա. Կալիցինեան յափշտակութիւնները եւ այդ առթիւ կովկասահայ ժողովուրդեան բռնելիք ընթացքը՝ հանդէպ կառավարութեանը:

Բ. Եկեղեցական գոյքերու եւ կալուածներու վերադարձումի ատեն՝ կովկասահայ հասարակութեան վարուելակերպը:

Գ. Էջմիածնի Կեդր[ոնական] Պատգմ[աւորական] Ժողովի գումարման գաղափարն ու պատգամաւորներու ընտրութեան եղանակն եւ անոնց ժողովի մէջ ըրածնին:

Դ. Յովնանեան դպրոցի տեսչական ընտրութեան խնդիրը:

Ե. Մշակի երբեմնի խմբագիր ու աշխատակիցներէն ոմանց, կարեւորագոյնները հեռացման պարագան եւ հակառակ կողմին յարած ըլլալուն իրողութիւնը:

Զ. Դաշնակցական կուսակցութեան արդի վարիչներուն, կամ ձգտումներուն, կամ կազմակերպական ձեւին դէմ հոս ու հոն երեւան եկած դժգոհութիւնները եւ ատոր հետեւանքով ծագած պառակտումները:

Ահաւասի՜կ, վեր ի վերոյս, այս վեց խնդիրներն են որ, իրար խառնուած, երբեմն իրարմէ անջատուած, բայց մի՛շտ եւ շարունակ, փոխանցութեան պէս խօսիլ ու… հայհոյել կուտան Մշակին եւ հակամշակին: Ու մա՛րդ չի գիտեր թէ ե՛րբ եւ ինչպէս կը վերջանայ այս ընդհարումը:

Պէտք է ըսել, ամէնէն առաջ, թէ Մշակը, այս վերջին ամիսներուն ընթացքին, չկրցաւ մնալ իր գաղափարական մաքրապաշտ բարձրութեանը վրայ, այլ յաճախ ջանքեր ըրաւ շահագործելու այն բոլոր մարդիկը եւ դէպքերը որոնք Դաշնակցութեան կամ անոր մէկ ձեռնարկին դէմ ծաղր ու ատելութիւն ունէին իրենց հոգիին մէջ: Մշակ, սիրայօժար բացաւ իր ամենակուլ սիւնակները՝ արտատպելու համար Արտասահմանի հայ թերթերու ամէնէն փտածներուն եւ քսուներուն դրութիւնները. Մշակը հաճոյքով հրատարակեց Դաշնակցական ըմբոստ խմբապետ կամ զինուորներու աւելի կամ նուազ անկեղծ բողոքներու նամակները, եւ այս կերպով պատճառ դարձաւ յեղափոխական գործօն ոյժերու միջեւ բացուած վիհի ընդլայնման:

Մեր նիւթէն դուրս է այստեղ քննութեան ենթարկելը թէ այդ բողոքող դաշնակցականները որքա՛ն իրաւունք ունին եւ հակառակ կողմը որքան անիրաւ է. բայց ընդհանուր առմամբ, գոնէ սա՛ կրնանք վստահութեամբ ըսել թէ յեղափոխական  կազմակերպութենէ մը ո՛ եւ է պատճառաւ հեռացած անհատներու խօսքին կամ գործին խրախոյս տալը ազնիւ մարդու ընթացք չէ, որովհետեւ կազմակերպութիւնները ունին արդէն իրենց սեպհական ու օրինաւոր միջոցները, որոնցմով կարելի է բողոքը լսելի ըսել եւ գոհացում ստանալ՝ Կանոնագրի հիման վրայ: Հետեւաբար, ամէն անոնք որ սխալ հասկցուած ըմբոստութիւնը կը քաջալերեն, կազմակերպական շարքերու մէջ սպրդած ցաւալի թիւրիմացութիւնները կը հրահրեն, անոնք ուղղակի խրախուսած կ՚ըլլան Ապօրինութիւնը, Պառակտումը, Դաւաճանութիւնը: