Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ԽՐԱՄԱՏ»ԻՆ ՇՈՒՐՋԸ

Խարբերցի հայազգի բրօֆէսէօրներու թերթը՝ Եփրատ իր դեկտեմբեր 15ի թուով հրատարակեր էր Բրօֆ. Կ. Մ. Սողիկեանի մէկ նախյօդուածը, որը՝ ուղղուած ինձ՝ անուղղակի պատասխան մըն էր Ձայն Հայրենեացի  4րդ թուով հրատարակած մէկ յօդուածիս՝ «Խրամատ»ը։

Այսօր կ՚անդրադառնանք Բրօֆ. Սողիկեանի յօդուածին, որովհետեւ ո՛չ միայն պէտք կը տեսնենք անոր կարգ մը ուղղելի կէտերուն վրայ խօսիլ, այլ կ՚ուզենք բուն իսկ «Խրամատ»ին վրայ ընել նորանոր խորհրդածութիւններ, ներշնչուած՝ երկու ամիսէ ի վեր տեղի ունեցած անցուդարձերէն եւ կուսակցական երեւոյթներէն։

Բայց նախ՝ տեսնենք թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Բրօֆ. Սողիկեան.

«Ձայն Հայրենեացի Դ. թիւով մատնանիշ ըրած էիք հայ կուսակցութիւններու եւ չէզոք մասին մէջ բացուած խրամատը, որ օրէ օր կը լայննայ դժբաղդաբար։

Կը թելադրէք որ առանց այդ խրամատը պեղողները փնտռելու զայն գոցել աշխատինք, չի քննենք հիւանդութեան պատճառները եւ դարմանել փութանք։ Չեմ գիտեր դարմանելու այս նոր դրութիւնը երբէ՛ն ի վեր հաստատուած է, բայց վստահ եմ թէ ապարդիւն պիտի մնայ միշտ։

Կը զարմանա՞ք որ ժողովուրդին կողմէ խանդավառութեան ցոյցեր չեղան, երբ Համերաշխութեան Ժողովը իր Զ. նիստին որոշումները հրատարակեց, ու կը հարցնէք թէ ինչո՞ւ չի փակուիր այս «խրամատ»ը։ Դեռ չեմ գիտեր պոլսական մամուլը ի՛նչ գաղափար յայտնեց ձեր այդ շատ կարեւոր հարցումին. եթէ ներէք, շատերու մէջէն մէկ երկու պատճառ ալ ես պիտի յիշեմ։

Կուսակցութիւններու մէջ մերձեցում մը, համերաշխութիւն մը՝ այս տառապեալ ազգի զաւակներուն. նոյն դատին նուիրուած անհատներուն, մեր գլխաւոր ու մեծագոյն փափաքն է. անոնք որ այդ հեռապատկերին հասնին Համիտի տապալումը տեսնողներէն աւելի բաղդաւոր պիտի ըլլան.

Բռնաւորները յաջողած չեն այնչափ տառապանքի ու չարչարանքի մատնել Հայը որչափ որ անմիաբանութիւն ու պառակտում։ մեր անցեալը ճոխ ապացոյցներ ունի ասոր։

Համերաշխութեան Ժողովին Զ. նիստին տուած որոշումները միայն բաւական չեն մեզի այն յոյսը ներշնչելու թէ յանկարծական փոփոխութեան մը ականատես պիտի ըլլանք։ Ան սոսկ զինադուլ մը կը թուի. վաղը գուցէ աւելի ուժօգնօրէն սկսելու համար եղբայրասպան ճակատամարտը. պատեհութիւն մը զէնքերը պատրաստելու, որպէս զի աւելի խորունկ բացուին վէրքերը. համաձայնութիւն մը՝ որպէսզի ասկէ վերջ գոնէ գնդակին տըմտըմ տեսակը չի գործածեն իրարու դէմ։ Այս էր մեր սպասածը, այս է ժամանակին ու պարագաներուն հարկեցուցիչ պահանջը։

Իրաւ է թէ Յուլիս 10էն ի վեր այդ խրամատը սկսաւ աւելի զգալի կերպով լայննալ ու փեռեկտուիլ, բայց պատճառը ձեր ենթադրածէն քիչ մը տարբեր է կարծեմ։ Այդ օրէն առաջ Համիտ ֆէտայի անունով կը ճանչնար բոլոր կուսակցականները ու մենք Յեղափոխական կը կոչէինք. մեզի Հնչակեանն ու Դաշնակցականը հաւասարապէս նուիրական էին, երկիւղած յարգանք ու սիրալիր պատկառանք ունէինք ամենքին հանդէպ։ Բայց այդ օրը՝ Յուլիս 10ը, վարագոյրը բացաւ ու երեւոյթները փոխուեցան բոլորովին։ Ոչ թէ անոր համար որ կուսակցականներու պէտքը չենք զգար այլեւս, ո՛չ, ամէն ատենէ աւելի հիմա է որ հայրենիքը կը կարօտի անոնց ուժին ու խելքին, այլ անոր համար որ «ազատ օրկաններ»ը, արտասահմանի թերթեր մանաւանդ, եկան մեզի ծանօթացնել թէ մինչեւ այդ ատեն որո՛նց ծխած էինք մեր խունկը։

Ինչե՜ր կարդացինք, ինչե՜ր լսեցինք, երանի թէ պատմութիւն գոնէ լուռ մնայ այդ հոգի ճանկրտող դէպքերու մասին. այնչափ եղաւ որ Սերոբի ու  Անդրանիկի անունն անգամ իրենց հմայքը կորսնցուցին մեզի համար։

Հիմա Համերաշխութեան Ժողովը կը յանձնարարէ որ իրարու դէմ եղած «անուանարկիչ ու կրքոտ յարձակումները դադրին»։ Աղէկ որոշում, բայց ժամանակը անցնելէն ետքը։ Շա՛տ ո՜ւշ շատ ո՜ւշ։ Ինչո՞ւ Յուլիս 10ին յաջորդ օրը չի տուին այդ որոշումը, մենք ալ մեր անուշ ինքնախաբէութիւններէն չէինք զրկուիր գոնէ։ Ըսեր է դեռ կա՞ն յայտնուելիք տռամներ, դեռ կան պահեստի ոդիսակններ, որոնց յայտնութիւններէն խոյս տալ կ՚ուզեն կուսակցականները։

Շնորհակա՜լ ենք որ այդ չափով գոնէ մեզ կը խնայեն…»։

֍

Առաջին ուղղելի կէտը որ կայ այս արտագրումին մէջ, սա՛ է թէ մենք երբէք չէինք թելադրած չփնտռել խրամատը պեղողները, չի քննել հիւանդութեան պատճառները։ Ընդհակառակը. ո՛չ մէկ կէտի վրայ այնքան յստակօրէն արտայայտուած էինք որքան այն պահանջին վրայ թէ պէտք է փնտռել խրամատի գոյացման շարժառիթները, որոնցմէ մէկ քանին ալ  յիշատակած էինք։ Ցաւալի է որ Բրօֆ. Սողիկեան մը առաջին տողէն իսկ սխալ կ՚ըմբռնէ մեր գրածը եւ ըստ այնմ կ՚արձակէ անարդար վճիռներ։

Երկրորդ եւ աւելի հիմնական կէտ մը զոր սրբագրել անհրաժեշտ է, Բրօֆ. Սողիկեանի յայտնած այն կարծիքն է թէ միջակուսակցական համերաշխութիւնը ուշ, շա՜տ ուշ հասած ըլլալուն համար խանդավառութիւն ու  հաւատք չի կրնար ներշնչել որ կուսակցութեանց միջեւ համերաշխութիւն մը ամէն տեսակէտով օգտակար է ազգային ընդհանուր շահերուն, ուրեմն ամիջապէս պէտք է ընդունիլ նաեւ թէ այդ համերաշխութիւնը, համագործակցութիւնը, երբ որ ալ գայ եւ որի նախաձեռնութեամբ ալ հաստատուի, դարձեալ բարով եկած է ու պէտք է գուրգուրանքով նայիլ անոր։ Հայ կուսակցութեանց համերաշխութեան ձեռնարկը վայրի թռչուն մըն է որ երկար տարիներ թափառեցաւ հայրենի հորիզոններէ հեռու, ատելութեան ու օտարութեան սերմերովը սնանելով։ Այսօր անիկա սկսած է փափկութեամբ եւ շրջահայեցութեամբ վարուիլ անոր հետ, կրնայ ըլլալ որ խրտչի եւ կրկին հեռանայ. պէտք չէ շարունակ երեսին տալ իր տխուր անցեալը. Ասիկա չի նշանակեր բնաւ վէրքը ծածկել, այլ՝ վէրքը դարմանել։ Բրօֆ. Սողիկեան կը թուի տրամաբանել կարգ մը պոլսահայ «ազգասէր»ներու ձեւով, որոնք ատեն մը «միացէ՛ք, համերաշխեցէ՛ք» կը գոչէին, իսկ այսօր կը պոռան մեզի. ինչո՞ւ համերաշխեցաք, ինչո՞ւ կը գործակցիք սա կամ նա կուսակցութեան հետ։

Իրաւ որ զզուելի է այն միջավայրը ուր գործելու կոչուած է հայ կուսակցականը. բարոյական կորովի եւ զոհողութեան զգացումի անսպառ մթերք մը պէտք է ունենայ ան, որպէս զի կարենայ կուրծք տալ աջէն ձախէն արձակուած ցեխերուն եւ այդ ամէնուն մէջ շարունակել յաջողի իր մտասեւեռեալ գործը։ Խանդավառութեան ու փառքի օրերուն, երբ այնքան դիւրին էր դափնեպսակ մը ու ծափեր կորզել յեղափոխական գործիչի տեղ անցնելով, ամէն ոք ո՛ եւ է կուսակցութեան մը պատկաւիլ ցոյց տուաւ ինքզինքը։ Մինչեւ իսկ նախկին հայրենադաւներ, բրածոյ պահպանողականներ եւ արտասահմանի մէջ տխուր հռչակ հանած խարանեալ մատնիչներ ու հակայեղափոխականներ Տաճկաստան խուժելով իրենց պատիւ ու փառք համարեցին յեղափոխական կուսակցութեանց շարքերուն մէջ գտնուիլը, իսկ այսօ՞ր. նայեցէք շուրջերնիդ. դասալիքնե՜ր, դիմակաթափնե՜ր, կեղծարարնե՜ր, որոնք դեռ կը համարձակին դաւեր ալ նիւթել գոյութիւն ունեցող կուսակցութեանց դէմ եւ խրամատը կը պեղեն անդադար, «ազգը» եւ «կուսակցութիւնները» իրարմէ անջատելու ոճրապարտ այլ յաւէ՜տ անիրականալի միտումներով։

Այնպիսի մարդիկ, որոնք իրենց կեանքին մէ՛կ օրը, իրենց արիւնի մէկ կաթիլն իսկ չեն զոհած ազգին ու հայրենիքին ազատագրութեանը համար, այսօր լրբօրէն լեզու ելեր են, ու «ազգին կամք»ին, «ազգային քաղաքականութեան» վրայ ալ վճիռ կ՚արձակեն։ Դերասաննե՜րը, որքան ալ օձաբարոյ են։

Ճի՛շդ է, որ Բրօֆ. Սողիկեան իրաւունք շահած եղաւ, ամիս մը առաջ իր կատարած այն ենթադրութեամբը թէ համերաշխութեան ժողովի որոշումները զինադադարի մը երեւոյթը միայն ունին։ Ճիշդ է, որովհետեւ գաղտնիք մը չէ թէ՝ համերաշխութեան փառաբանութիւնն ընող եւ մինչեւ իսկ որոշ ատեն մը համերաշխութեան ձեռնարկին գործակցող կազմակերպութիւն մը, յանկարծ, ինչպիսի՛ անորակելի դաւաճանութեամբ մը լքեց իր յանձնառութիւնները եւ անցաւ հակակուսակցական փաղանգին մէջ. հոնկէ շարունակելու համար իր տղմարձակումները։ Եւ տակաւին պէ՞տք է յիշել նոյն իսկ այն միւս կուսակցական թերթերը, որոնք տարիներու անարգ վարժութիւնը չկրցան թօթափել դեռ եւ կը շարունակեն իրենց ապարդիւն լեզուագարութիւնները։

Այս բոլորը տեսանք եւ կարդացինք դժբաղդաբար համերաշխութեան ձեռնարկէն վերջն ալ. բայց նորէ՛ն, Բրօֆ. Սողիկեան մը կամ ո՛ եւ իցէ Հայ ինքզինքին իրաւունք պէտք չէ տայ ատոնցմով վիժած հռչակելու համերաշխութեան ձեռնարկը։ Ատոնք վերջին ջղաձգումներն են Եգիպտոսի կամ Ամերիկայի մէջ որջացած կարգ մը այլասերածներու, որոնք Տաճկահայ ժողովուրդի շահերուն իսպառ անգիտակ եւ անոր սրտին խօսելու յաւէ՜տ անկարող, իրենց հացը կ՚ուզեն վաստակիլ լորձունք ծախելով եւ թոյն սրսկելով։ Ժողովուրդը իր քաղաքացիական գիտակցութեան եւ կորովին մեծագոյն ապացոյցը տուած պիտի ըլլայ ա՛յն ժամանակ, երբ առանց մազաչափ մը ազդուելու անուանարկիչ ջղագարներու հնարած սուտերէն, երբ առանց վայրկեան մը խռովելու սնամէջ խօսքերու թղթեղէն պատերազմէն, իր արհարհանքը եւ թուքը նետէ անոնց երեսին, եւ բարոյական մահացումի դատապարտէ զանոնք։ Եթէ, ասոր հակառակ, զանազան տկարամիտներ եւ դիւրախաբներ հաւատ ընծայելով լեզուագարներու բարբանջանքներուն, անոնցմէ հետեւցնեն թէ կուսակցական համերաշխութիւնը անիրականալի պիտի մնայ, այս կերպով յաջողցուցած պիտի ըլլան դաւաճաններու տնաքանդ ընթացքը։ Եթէ մարդ հետաքրքրուի իմանալ թէ ի՛նչ եղած է այդ վատահամբաւութեան ասպետներուն մօտաւոր անցեալին դիմայեղումները, եթէ ո՛ եւ է մէկը աչքի առջեւ բերէ այն հակասական, վարձկան եւ ուրացող վարմունքը զոր անոնք ցոյց տուած են, այն ժամանակ նուազ պիտի ենթարկուի այդ հրատարակութեանց ազդեցութեանը։ Հիմա՝ այլեւս չէզոք հայ հասարակութեան կ՚իյնայ տեսնել ու վճռել թէ որո՛նք են եղեր ազգային միութեան ազգային թշնամիները։

Խրամատը, որուն գոյութիւնը՝ հայ կուսակցութեանց եւ ազգին կարգ մը շրջանակներուն միջեւ՝ մատնանիշ ըրինք երկու ամիս առաջ, դեռ այսօր ալ կը մնայ բերանաբաց։ Այս վիճակը չի վրդովեր կուսակցականները, որովհետեւ անոնք սորված են գործել առանձին, մինակ՝ ամէն վտանգի եւ արգելքի դէմ. այս վիճակը կը վրդովէ մեզ միայն սա տեսակէտով որ հայ ժողովուրդէն մաս մը՝ այսօր ալ դարձեալ հեռացած իր ճշմարիտ ու անձնուէր բարեկամներէն, զանազան վաշխառուներու, խանութպան լրագրողներու եւ խարանեալ վատերու քղանցքէն բռնած կ՚երթայ, առանց աչքի առջեւ բերելու այն խորխորատը որուն մէջ կորսուէր պիտի ասկէ առաջ, եւ ուր իյնալու վտանգը միշտ կայ ու կը մնայ իրեն համար։

«Ձայն հայրենեաց», 1910, Երկրորդ շրջան, 14-27 Յունվար, թիւ 13 (63), էջ 133-134