ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ
ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ասկէ
առաջ
առիթ
ունեցանք
Ազատ
Բեմի
մէջ
իբր
յաւիտենական
սխալ
ցոյց
տալու
Մուրճի
խմբագիր
Լ.
Սարգսեանի
սա
սկզբունքը
թէ
հայ
յեղափոխութիւնը
այսուհետեւ
պէտք
է
մերկանայ
իր
զուտ
ազգայնական
ուղղութենէն,
պէտք
է
ուրանայ
իր
արիւնով
շահուած
միջազգային
իրաւունքները,
եւ
ասոնց
փոխարէն,
պէտք
է
յարի՝
օսմ[անեան]
կայսրութեան
տակ
հեծող
այլացեղ
ազգաց
միահամուռ
ապստամբութեան
ծրագրին:
Այս
թէօրին
եթէ
առաջ
երեւան
եկած
էր
յօդուածով
մը,
այսօր
կունենայ
իր
պաշտպան
օռկանն
ալ,
Երկրի
Ձայն
անուն,
որուն
հրապարակ
գալուն
միակ
նշանաբանն
է
միութեան
կամուրջ
մը
նետել
«Հայ
եւ
թիւրք
տառապող
եւ
հարստահարուող
մասսաների
միջեւ»
եւ
աշխատիլ
իբր
«Համերաշխ
գործակցութեան
մոլեռանդ
պաշտպաններ,
եղբայրութեան,
սօցիալական
արդարութեան
անընկճելի
առաքեալներ»։
Աչքի
առջեւ
ունինք
այս՝
իբր
թէ
Երկրի
Ձայնին
առաջին
երեք
թիւերը,
եւ
կ՚ուզենք
քանի
մը
խորհրդածութիւններ
ընել
անոնց
բովանդակած
էջերուն
վրայ,
այս
կերպով
անգամ
մը
եւս
մատնանիշ
ընելու
համար
այ
այլասերումը՝
որուն
վտանգին
ենթարկուելու
վրայ
է
Արտասահմանեան
վիճաբանական
յեղափոխութիւնը,
եւ
միւս
կողմէ
ապացուցանելու
համար
թէ
հայ
եւ
թուրք
եղբայրացեալ
յեղափոխութեան
մը
կարելիութեան
հաւատքը
որքան
շուտ
ցնդելու
սահմանուած
անուրջ
մըն
է:
Արդար
ըլլալու
համար
պէտք
է
ամենէն
առաջ
խոստովանիլ
թէ
Երկրի
Ձայնի
խմբագիր
Տիգրան
Զաւէն,
իր
թէօրիական
առաքելութիւններուն
մէջ
մեզի
կը
թուի
չափէ՛ն
աւելի
ազդուած՝
իր
անմիջական
շրջակայքէն
եւ
ապրած
միջավայրէն:
Թուրքերուն
ընկերական
առաքինութեանց,
մտաւորական
կարողութեանց,
ցեղային
առանձնայատկութեանց
եւ
քաղաքական
ձգտումներուն
նկատմամբ
իր
յայտնած
շա՛տ
լաւատես
կարծիքները
ենթադրել
կուտան
մեզ
թէ՝
անիկա
կ՚երեւակայէ
Տաճկահայաստանի
թուրքը
կամ
քիւրտը,
լազը
կամ
չէրքէզը՝
այնքա՛ն
հասուն
եւ
արթնցած,
որքան
են
Կովկասի
մահմետականները:
Թիֆլիզի
հայ
թրքական
հաշտութեան
ժողովը,
Նիժնի
Նովկորոտի
համիսլամական
համագումարը,
նորազարթ
թուրք
քաղաքական
ընկերակցութիւնները,
վերջապէս՝
կովկասեան
թուրք
մամուլը,
բազում
առիթներով
ցոյց
տուին
թէ
Ռուսական
բռնապետութեան
տակ
ապրող
թուրք
թաթարներն
ալ
գիտցած
են
ժամանակին
հետ
ընթանալ,
որդեգրել
նոր
սկզբունքներ,
կազմակերպուիլ
քաղաքական
ձգտումներու
իրագործմանն
համար,
եւլն:
Անոնք
նոյն
իսկ
ունեցան
իրենց
բաժինը
ռուսական
յեղափոխութեան
համազգային
զոհաբերումին
մէջ.
եւ
տուին
Էլզի
նման
հերոսներ:
Մահմետական
ա՛յս
տեսակ
շրջանակի
մը
մէջ
ապրելուն
համար
է
որ,
կը
կարծենք,
Երկրի
Ձայնը
կը
խօսի
հայ
թրքական
միահամուռ
գործակից
ապստամբութեան
մը
մասին՝
ի
Տաճկաստան:
Այս
ուղղութեան
ջատագովականն
ընելու
առթիւ
անիկա
չի
վարանիր
պատռելու
եւ
Եւրոպայի
երեսին
շպրտելու
ամէն
միջազգային
դաշնագիր,
որ
կը
խոստանայ
ապահով
ու
մարդավայել
կեանք՝
Տաճկահայուն:
Ու
ահա
ճիշտ
այս
ուրացումին
մէջ
է
որ
Երկրի
Ձայնը
ձայնակցած
կ՚ըլլայ
բոլոր
այն
օսմանլը
ազատական
թուրքերուն,
որոնք
կը
ճգնին
իրենց
հայրենիքը
հեռու
պահել
եւրոպական
միջամտութենէ,
եւ
անոր
վերածնունդը
ապահովել
մի
միայն
բնիկ
տարրերու
համերաշխ
եւ
միահամուռ
ըմբոստացումովը:
Այս
ուրացումը,
սակայն
եթէ
բացատրելի
է
թուրք
հայրենասէրին
համար,
դատապարտելի
եւ
անիրաւ
պէտք
է
համարել
Հայոցս
համար,
որովհետեւ,
եթէ
ճիշդ
է
որ
միջազգային
դաշնագիրները
ցարդ
արմատական
բարեփոխում
մը
յառաջ
չեն
բերած
Տաճկահայ
կեանքին
մէջ,
միւս
կողմէ
զանոնք
ուրանալու,
անոնցմէ
վազ
անցնելու
ոչ
մէկ
պատճառ
ունին,
հայ
յեղափոխական
կազմակերպութիւնները:
Տէրութեանց
թղթէ
խոստումները
արհամարհելով,
եւ
յարելով
օսմանցիներու
բարեացակամ
այլ
դատարկ
հրաւէրին,
հայերը
ինկած
պիտի
ըլլային
մէկ
ծայրայեղութենէն՝
միւսը.
օսմանցի
ազատական
թուրքերու
ծրագիրներն
ու
խոստումները,
կամ
Տաճկաստանի
հայերը,
թուրքերը
եւ
քիւրտերը
միաժամանակ
ապստամբեցնելու
թէօրին
այնքան
մշուշային
եւ
շատ
հեռաւոր
իտէալներ
են
որքան
չեն
ապահովաբար՝
տէրութեանց
հայանպաստ
դաշնագիրները:
Հետեւապէս,
յեղափոխական
ուղղութեանց
մէջ
մի՛շտ
լաւագոյնը
կը
մնայ
այն,
որուն
իրագործման
կը
հետապնդեն
այժմ
գոյութիւն
ունեցող
հայ
յեղափոխական
կազմակերպութիւնները.
այսինքն՝
ինքնապաշտպանութեան
եւ
դիմադրութեան
կարող
վիճակի
մէջ
գտնել
Երկիրը,
եւ
զէնքի
ոյժով
պահանջել
խստացուած
բարեկարգութեանց
իրագործումը:
Ա՛յս
միակ
ողղութենէն
դուրս
մոլորող
որեւէ
նորահնար
վարդապետութիւն,
որքան
ալ
շողշողուն
երեւայ,
վնաս
մըն
է
հայ
ազգային
յեղափոխական
գործին,
անարգանք
մըն
է
թուրքերուն
ձեռքով
թափուած
հայ
արիւնին,
եւ
ուրեմն
դատապարտելի
է
ամէն
գիտակից
յեղափոխականի
համար:
«Ազատ
բեմ»,
1906,
Նոյեմբեր
21,
թիւ
61։