ԶԻՆՈՒՈՐՈՒԹԵՆԷ
ԽՈՒՍԱՓՈՂ
ՀԱՅԵՐԸ
Անցեալները
խնդիր
մը
նետուեցաւ
հրապարակ,
որուն
վրայ
առանց
պէտք
եղածին
չափ
խօսելու,
շուտով
մոռացութեան
տրուեցաւ:
Զարմանալի
բան
է:
Խնդիրներ
կան,
որոնք
կենսական
կարեւորութիւն
եւ
անհրաժեշտութիւն
ունին
Հայոց
քաղաքական
արդի
կացութեան
համար,
եւ
որոնց
վրայ
անցողակի
մը
կը
խօսուի
—
եթէ
երբէք
խօսուի
—արտասահմանի
հայ
մամուլին
մէջ,
ասոր
հակառակ,
կան
եւ
մի՛շտ
պակաս
պիտի
չըլլան
—
ափսոս
—
խնդիրները,
ճղճիմ,
անձնական
հաշուեյարդարութիւններ,
ողորմելի
եւ
անիմաստ
ոգորումներ,
որոնց
պարապ
տակառի
աղմուկը
լեցուցած
է
հրապարակը,
կենսական
կարեւորութիւն
ունեցող
խնդիրները
մոռացութեան
տալու
աստիճան:
Մեր
ակնարկած
կարեւոր
նիւթերէն
մին
է
Պուլկարիոյ
հայոց
ոմանց՝
զինուորականութենէ
զրուցեալ
խուսափումը:
Բանակի,
զէնքի
պատերազմական
վիճակի
ու
զինուորութեան
մասին
կարգ
մը
նախապաշարեալ
համոզումներ
կան
մեր
մէջ,
որոնք
պատճառ
կը
դառնան
մեր
կրած
տառապանքին
մշտնջենաւորման:
Ոյժի,
ֆիզիքական
գերակշռութեան,
ռումբի
եւ
թնդանօթի
այս
դարուն
մէջ,
ուր
զէնընկէցութեան
ճառերը
անարձագանգ
կը
մնան,
եւ
ուր
խաղաղութեան
միջազգային
համաժողովներն
եւ
դաշնագիրները
թատերական
ներկայացումներու
կարգը
կը
դասուին,
հայերս
դեռ
չենք
ըմբռնած
թէ
բարոյական
ու
մտաւորական
ոյժերը
անբաւական
են՝
զմեզ
տարրալուծող
բիրտ
ոյժին
դէմ
մաքառելու
համար:
Արտասահմանի
հայ
մեծ
ու
պզտիկ
գաղութներուն
մէջ
տարիներէ
ի
վեր
հաստատուած
ըլլալու
էին
զինավարժական
ընկերակցութիւններ,
եւ
մարզանքներ
որոնք
պիտի
կատարէին
մասամբ
այն
դերը՝
զոր
կազմակերպեալ
կառավարութեանց
բանակները
կը
կատարեն:
Ռուս
յեղափոխական
հեղինակ
մը
կ՚ըսէ
թէ
իր
մայր
հայրենիքէն
հեռացած
հայրենասէրը
կը
նմանի
այն
նաւաբեկեալին
որ
փոթորկոտ
ծովու
մը
վրայ
կորսնցուցած
է
իր
նաւը
եւ
օտար
երկնքի
մը
տակ,
օտար
կղզի
մը
վրայ
ցամաք
ինկած
է.
ինչպէս
այդ
նաւաբեկեալին
միակ
մտահոգութիւնը
կ՚ըլլայ
իր
վերադարձի
պիտոյքները
պատրաստել,
եւ
դառնալ
իրեններուն
քով,
այնպէս
ալ
ճշմարիտ
յեղափոխականին
պարտականութիւնն
է,
տարաշխարհ
գտնուած
միջոցին,
մտահոգուիլ
թէ
ի՛նչ
բաներ
պէտք
պիտի
ըլլան
իրեն,
այն
օրը
ուր
վերադառնայ
մայր
երկիրը:
Բայց
զարհուրելի
է
մտածել
թէ,
Արտասահմանի
հայութիւնը,
բացարձակ
մեծամասնութեամբ,
ոչ
միայն
ռազմական
պատրաստութեան
շրջանին
մէջ
չէ
գտնուիր,
այլեւ
փախուստ
կուտայ
այն
հազուագիւտ
առիթներէն,
որոնք
հոս
ու
հոն
կը
պատահին:
Պուլկարահայոց
ոմանց
ընթացքը
այսպէս
մտածել
կուտայ
մեզի:
Ահաւոր
բան
մը
չէ՞
խորհիլը
թէ
տակաւին
հայեր
կը
գտնուին,
որոնք
ոչ
միայն
չեն
ըմբռնած
զինուորականութեան
առաւելութիւնները
եւ
հրամայողական
պարտականութիւնները,
այլ
եւ
փախուստ
կուտան
մտնելէ
այնպիսի
բանակի
մը
մէջ,
որ
եթէ
երբէք
պատերազմի,
ամենայն
հաւանականութեամբ
թուրք
բանակը
պիտի
ունենայ
իր
դէմ։
Վրէժով
ու
թրքատեցութեամբ
սնած
հայ
երիտասարդներու
համար
ի՞նչ
կար
լաւագոյն
պատեհութիւն,
քան
մտնելը՝
պուլկար
բանակին
մէջ,
ուր
զինուորականութեան
եւ
կարգապահութեան
պատուաստը
պիտի
ստանային,
եւ
որ
ցեղային
ատուած
թշնամիին
դէմ
զէնքով
կռուելու
առիթը
պիտի
տար
իրենց:
Ոչ
ոք
կ՚ուրանայ
անպատեհութիւնները,
անհաճոյ
կողմերը
զինուորականութեան,
բայց
բոլոր
այդ
անախորժ
մտածումները
պէտք
է
փարատին
այն
պահուն
իսկ,
երբ
աչքի
առջեւ
կը
բերենք
թէ
բիրտ
ոյժի
մը
տակ
ճզմուած
եղբայրներ
ու
քոյրեր
ունինք,
որոնց
ազատագրութիւնը,
կամ
գո՛նէ
արիւնին
վրէժը
կը
հարկադրէ
զմեզ
այլեւս
դուրս
գալ
փափկասուն
բոյներէն,
եւ
չարքաշօրէն,
առնականօրէն
կռուիլ
հասարակաց
թշնամիին
դէմ:
Ռուսահայոց
օրինակը
ոեւէ
ֆռազէ
աւելի
պերճախօս
է:
Կովկաս
որ
վերջին
երկու
տարիներու
ընթացքին
մեզ
յիշեցուց
Դաւիթ
բէգերու
եւ
Ղարապաղի
մելիքութեանց
շրջանը,
եթէ
յաջողեցաւ
ինքնապաշտպանուիլ
եւ
մերթ
ընդ
մերթ
ալ
յարձակողական
դիրք
բռնել,
գլխաւոր
պատճառն
այն
էր
որ
հոն
հայ
ժողովուրդը
վարժ
էր
դաշոյնին
ու
հրացանին,
ապրած
էր
զինուորական
կեանքը,
որ
իրեն
սորվեցուցած
էր
ըլլալ
չարքաշ,
տոկուն,
զէնքին
ու
կռուին
բարեկամը:
Ասոր
հակառակ,
Տաճկահայաստանի
մէջ,
ուր
հայերը
առիթ
չունին
զինւորագրուելու,
այլ
դրամական
տուրքով
մը
կը
փոխարինեն
այդ
պարտքը,
տեսանք
թէ
որքա՛ն
ոչխարաբար
զոհուեցաւ
ժողովուրդը:
Տարիները
որ
կանցնին
մարդկութեան
վրայէն,
հետզհետէ
սա
համոզման
կը
յանգեցնեն
ազգերը՝
թէ
առանց
ֆիզիքական
ոյժի,
ոեւէ
գերակշռութիւն
չի
կրնար
տեւել.
ու
թէեւ
զէնընկէցութեան
կամ
համաշխարհային
խաղաղութեան
օրօրները
շարունակ
կ՚երգուին,
բայց
անոնք
անկարող
են
քնացնելու
ռազմական
բնազդները
եւ
կամ
թմրեցնելու
սպառազինութեան
յարաճուն
տենդը:
Մեծ
ազգերու
այս
օրինակին
հանդէպ,
հայերն
ալ
պէտք
է
մտածեն
սա
հարցումին
վրայ:
Պէ՞տք
է
թոյլ
տալ
որ
ցեղային
թշնամին
անընդհատ
ջարդէ,
բնաջինջ
ընէ
անզէն
ու
վատոյժ
հայութիւնը,
թէ
չէ՝
պէտք
է
շուտափոյթ
պատրաստութիւններ
տեսնել
հայ
ժողովուրդը
վարժեցնելու
համար
զինուորական
կեանքին,
սուրին,
սուինին,
հրացանին,
վառօդին:
Ահաւասիկ
խնդիրը,
որ
ստիպողական
է,
հարկեցուցիչ
է,
որ
կը
խօսի
ամէն
գիտակից
հայ
յեղափոխականի
սրտին,
եւ
որ
մոռցնել
պէտք
է
տայ
միւս
բոլոր
սին
աղմկաբանութիւնները:
«Ազատ
բեմ»,
1906,
Դեկտեմբեր
19,
թիւ
69։