Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ

Ս ուլթան Համիտի իշխանութեան տապալումէն առաջ, երբ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները յեղափոխական—դաւադրական կազմակերպութիւններ էին, քանիցս ձեռնարկներ եղած են, որպէս զի անոնք միանան, մէկ ծրագիրով գործեն, կամ գոնէ համերաշխին եւ իրարու գործ չ՚աւրեն։ Այդ ձեռնարկներէն ոմանք թէեւ յաջողած, բայց տեւական հանգամանք մը չեն ունեցած. ոմանք ալ բոլորովին վիժած են։ Հոս չպիտի քննենք թէ որոնք եղած են անյաջողութեան պատճառ. ատիկայ մեր յեղափոխական կեանքի պատմութեան վերաբերող նիւթ մըն է, աւելի ուշ նկատի առնելի։

1908 յուլիս 10էն վերջ «Սահմանադրութեան հռչակումէն վերջ» ըսելը հեգնանքի մը տպաւորութիւնը կ՚ընէ կարծես հայ կուսակցութեանց համերաշխութեան խնդիրը նորէն սեղանի վրայ դրուեցաւ Պօլսահայ մէկէ աւելի շրջանակներու մէջ, եւ նկատելով որ կուսակցութեանց վարիչ մարմինները մեծ մասամբ Պօլիս կը գտնուին, աշխատուեցաւ այնքան բաղձացուած եւ անհրաժեշտ դարձած միութիւն իրագործելու։ Այս ուղղութեամբ կատարուած առաջին ձեռնարկը, որքան մենք գիտենք, Հայ Սահմանադրական կոչուած եւ այժմ լուծուած Մարմինին կողմէ էր. բայց Դաշնակցութեան մէկ մարապութը յայտարարեց թէ «մենք չենք ուզում պղտորուել!»։ Ոչ-կուսակցականները գոնէ այս անգամ տեսան, թէ ուրկէ կուգայ եղեր միութեան դէմ հարուածը։

Բայց միութենասիրական վառ եռանդները ասանկ պաղ ջուրերով մարելու երեւոյթը չ՚ունէին. զանազան ազգային պատուաւոր անհատներ առանց յուսահատելու կազմեցին Չէզոքներու Մասնախումբ մը որ կողմնակի միջոցներով երկար ատեն աշխատեցաւ առանց սակայն շօշափելի արդիւնք մը ձեռք բերելու։ Զարմանալի բան էր։ Ամէն բերան միութի՜ւն կը պոռար. բայց միութիւն գոյացնելու հնար չկար։

Աւելի ուշ հրապարակը ողողեց Փոքր Հայքի Հայերուն միութեան  կոչը, որ նոյնպէս ապարդիւն անցաւ, թէեւ՝ պէտք է ըսել՝ որ թէ՛ այս կոչը եւ թէ չէզօքներու միութենասիրական դիմումները որոշ չափով ունեցան իրենց օգտակարութիւնը, միտքերը եւ այլամերժ տրամադրութիւնները դէպի համերաշխութիւն պատրաստելով։

Ու հասաւ Մարտ 31ը եւ Ատանայի Եղեռնը։ Դաշնակցութիւնը բոլո՛ր օսմանցի կուսակցութիւնները համերաշխ գործակցութեան մը հրաւիրեց, բայց մոռցաւ… հայ կուսակցութիւնները հրաւիրելու. «Իթթիհատ»ը, «Ահրար»ը, եւ նոյն իսկ «Ճէմիյէթը Մուհամմէտիէ»ն, Ալպանական եւ Քիւրտական Քլիւպը Մուրատ պէյը եւ Շէյխ Վահտէթին հրաւէր ստացած էին, բայց Հնչակեան եւ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութիւններուն հրաւէր չկար։ Այնպէս որ Դաշնակցութեան այս ձեռնարկը ազգային հանգամանք մը չունի բնաւ, մանաւանդ որ ինքնին ալ նշանակութիւն մը կամ հետեւանք մը չունեցաւ. պատմութիւնը պիտի արձանագրէ այդ միջազգային համերաշխութեան ձեռնարկը, իբր քաղաքական մեծագոյն սխալներէն մին՝ Հ[այ] Յ[եղափոխական] Դաշնակցութեան։ Կը յիշուի թէ, այդ օրերուն, բաւական խնդիր եղաւ որ Դաշնակցութիւնը ի՞նչ յետին միտքերով չէր հրաւիրած հայ կուսակցութիւնները։ Բացատրութիւնը որ հրապարկաւ չի տրուեցաւ, մենք անգամ մը պատահաբար ստացանք Դաշնակցութեան ղեկավարներէն մէկուն բերնէն. այդ պարոնը հաւաստեց մեզ, թէ Մարտ 31ի յուզումնալից օրերուն ժամանակ չէին ունեցած պաշտօնական գրաւոր հրաւիրագիր ղրկելու, եւ թէ մասնաւոր մէկու մը պաշտօն յանձներ են հայ կուսակցութեանց գրասենեակները լուր ձգելու, եւ թէ այդ անձը մոռցեր է յանձնարարութիւնը կատարելու…։ Մենք ընդունեցինք որ ասանկ եղած ըլլայ։

Երբ Կիլիկոյ արհաւրալից լուրերը Պօլիս հասան իրենց ընդվզեցուցիչ լիակատարութեամբ, կուսակցական համերաշխ ձեռնարկ մը ընելու համար Վերակազմեալ Հնչ[ակեան] կուսակցութիւնը կոչ ըրաւ Դաշնակցական եւ Հին Հնչակեան պաշտօնական մարմիններուն, եւ միջակուսակցական անմիջական խորհրդակցութեան մը պէտքը  զգացուց։ Հնչակեանները լուր ղրկեցին՝ որ հրաւէրը կ՚ընդունին եւ խորհրդակցութեան պիտի մասնակցին, բայց ժողովին օրը իրենցմէ ո՛չ ոք եկաւ. եկան միայն Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, եւ կարգ մը նախնական խորհրդակցութիւններէ վերջ որոշուեցաւ երկրորդ նիստին կրկին հրաւիրել Հնչակեանները։ Բայց երկրորդ ժողովին նոյն ինքն Դաշնակցականները բացակայեցան, ու այսպէս՝ անգամ մըն ալ վիժեցաւ համերաշխ գործակցութեան ձեռնարկը, անանկ ատեն մը մանաւանդ՝ երբ ամէն ժամանակէ աւելի հրամայողական պէտք կար անոր։

Չմոռնանք շեշտել, որ բոլոր այս բանակցութեանց միջոցին, մինչ հոս՝ կուսակցութեանց վարիչ մարմինները սիրալիր խօսքեր ունէին իրենց շրթունքներուն վրայ, անդին, թէ՛ Հնչակեան եւ թէ Դաշնակցական Ամերիկահայ շրջանակներու օռկանները՝ ըստ հին դրութեան՝ կը շարունակէին իրենց գարշելի լեզուագարութիւնները եւ վատահամբաւիչ զրպարտութիւնները թէ՛ իրարու մասին եւ թէ՛ Վերակազմեալ Հնչակեան պետերուն նկատմամբ, մինչ Ձայն Հայրենեաց որ եթէ հայհոյելու մէջ ուրիշներէ տկար է, բայց միւս կուսակցութեանց ներքին աղտոտութիւնները հրապարակելու բազմաթիւ առիթներ ունեցաւ իր էջերը գոց պահեց կուսակցական անպէտ հաշուեյարդարութիւններուն երեսին։ Դաշնակցական եւ Հնչակեան ամերիկահայ արբանեակներուն այս ախտաւոր ուղղութիւնը սա յոռի արդիւնքն ունեցաւ որ՝ երեք քոյր (?) կուսակցութեանց Ամերիկայի շրջանակները, որոնք արհամարհելի ոյժ մը չէ՛ որ կը ներկայացնեն, մնացին միշտ խռով եւ թշնամի։ Երկրորդ, այդ օռկան կոչուած քուրջի կտորները, որոնց մէջ Երկրի ժողովուրդեան իրական շահերուն համապատասխանող յօդուած մը գտնել դժուար է, գաւառական հեռաւոր անկիւններուն մէջն իսկ թափանցելով, տեղւոյն կոյս միտքերը խաթարեցին եւ տեղծեցին անանկ հերձուածներ եւ պառակտիչ ոգի մը, որուն հետեւանքները մինչեւ այսօր տեսանք եւ ասկէ վերջ ալ աւելի պիտի տեսնենք։ Գաղափար մը տալու համար մեր ընթերցողներուն թէ Արտասահմանի ապականած եւ ջղագար լրագրողները ինչե՜ր յերիւրելու կարող են, մենք կը յիշենք կուսակցական օռկանի մը հրատարակութիւնը՝ որուն մէջ կ՚ըսուէր թէ Վահէ Արզուեան Պօլսոյ մէջ մէթրէսներու հետ մեծ քանակութեամբ դրամ կը ծախսէ եւ օթօմօպիլով կը պտըտի…։ Այս եպերելի սուտը մենք կարդացինք ա՛յն թերթին մէջ, որուն պատկանած կուսակցութեան սօցիալիսթ պետերը սեփական կառքով կը պտտէին հոս ատեն մը…։ Ամերիկահայ օռկաներու այդ թունաւորիչ հրատարակութեանց դէմ քանցիս դիտողութիւն ըրած ենք Պօլսոյ վարչական մարմիններուն, եւ ամէն անգամ ալ Պապը Ալիական քաղցր յուսադրութիւններ ստացած ենք։

Նորագոյն օրերու մէջ, կը յիշուի թէ Պոլսահայ թերթերը ամէն ժամանակուան պէս ուրախութեամբ հրատարակեցին որ հայ կուսակցութիւնները սկսած են բանակցիլ միութեան համար. բայց այս լուրը հրատարակուելուն պէս, հերքում հերքումի յաջորդեց. արդարեւ, սխալ էր ըսել թէ կուսակցութիւնները վերսկսած են բանակցիլ. ամբողջ եղածը սա էր որ Հնչակեան Ընդհ[անուր] Ժողովին մասնակցող թրքահայ պատգամաւորները գրեթէ ամբողջութեամբ հրահանգ ստացած էին զիրենք ղրկող գաւառներէն՝ անպատճառ յաջողցնել միութեան կամ գէթ համերաշխութեան գործը՝ մասնաւորաբար Վերակազմեալ Հնչակեանց հետ։ Մեր առած տեղեկութեանց համեմատ, Ընդհ[անուր] Ժողովը ընդունած է այս առաջարկը, եւ կ՚ըսուի թէ մօտերս պիտի սկսին բանակցուիւնները՝ այս հիման վրայ։

Կուսակցական համերաշխութեան ամէնէն վերջին հրաւէրը եղաւ երկու շաբաթ առաջ, «Չէզոքաց Մասնախումբ» անունը կրող մէկ քանի ծանօթ ազգայիններու կողմէ. հրաւէրը ընդունեցին Վերակազմեալ Հնչակեան, Դաշնակցական եւ Հին Հնչակեան կուսակցութիւնները որոնց ներկայացուցիչները՝ նախընթաց երկուշաբթի օր ոչ պաշտօնապէս կատարեցին նախնական խորհրդակցութիւններ եւ իբրեւ եզրակացութիւն բանաձեւ մը ստորագրեցին։ Այդ բանաձեւին հիման վրայ նշանակուած երկրորդ ժողովին, մինչ բոլոր կուսակցութեանց լիազօրները այս անգամ պաշտօնական վաւերաթուղթերով եկած էին, կը բացակայէին Դաշնակցական լիազօրները։ Ժողովը, նախապատրաստական խորհրդակցութիւններէ եւ գաղափարի փոխանակութիւններէ վերջ որոշեց որ «Չէզոքաց Մասնախումբը» վերջին անգամ մըն ալ կոչ ընէ Դաշնակցութեան։

Տեսնե՛նք, թէ այս անգամ ի՛նչ հետեւանք կ՚ունենայ խնդիրը. բայց եթէ նոյն իսկ կուսակցական համերաշխութիւնը այս կերպով ալ գոյացնել կարելի չըլլայ, գոնէ ոչ-կուսակցականները պիտի տեսնեն եւ հայ ժողովուրդին ալ պիտի յայտարարեն, թէ որո՛նք են եղեր ազգային միութեան թշնամիները։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Նոր շրջան, 2-15 Հոկտեմբեր, թիւ 49-50, էջ 489-490