ՕՐՈՒԱՆ
ԽՕՍՔԵՐ
Գրական
ռէաքսիօն
Ատենէ
մը
ի
վեր
գրական
ռէաքսիօնի
ուրուր
մը
կը
սաւառնի
մեր
ժողովրդին
մտաւորական
հորիզոններուն
վրայ։
Ակնարկել
չենք
ուզեր
այն
լրագրական
ապսպրուած
արտադրութիւնները,
որոնցմով,
մասնաւորաբար
Բիւզանդիոնի
եւ
Հայրենիքի
խանութները
հակայեղափոխական
եւ
հակակուսակցական
ապրանք
(article)
կը
ծախեն.
այս
մարդոց
ըսելիք
չունինք.
թող
իրենք
ամչնան,
այս
տարուան
գրածնին
կամ
հրատարակածնին
անցեալ
տարի
գրածնուն
կամ
հրատարակածնուն
հետ
բաղդատութեան
դնելով,
ինչպէս
անցեալ
տարի
ամչցան
գոնէ
անանկ
ըսին
—
նախասահմանադրական
շրջանի
միջոցին
գրածներնուն
համար։
Գրական
ռէաքսիօնը
որուն
վրայ
կ՚ուզենք
հրաւիրել
թէ՛
մեր
մտաւորական
դասակարգին
եւ
թէ՛
ընթերցող
հասարակութեան
ուշադրութիւնը,
կը
սպառնայ
իր
անխուսափելի
աւերները
գործել,
շնորհիւ
այն
թոյն—դաշոյնական
երեւակայածին
վէպերուն
որոնք
այս
միջոցիս
ողողած
են
հրապարակը։
Ժօզէֆ
Պալսամօ,
Հազար
եւ
Մէկ
Գիշերներ,
Գամէլիազարդ
Տիկին
եւ
այս
genreէն
վէպեր
օրուան
մամուլին
մէջ
տիրապետող
դիրք
մը
կը
գրաւեն։
100
տարի
ետ
գացինք
նորէն,
հին
ճաշակները
արթնցան
անառակ
ժամանցներու,
երեւակայական
հեշտագրգռումներու
եւ
սպառիչ
ընթերցումներու
գիշերները,
որոնք
վերջնականապէս
լուսցած
պէտք
էին
ըլլալ,
դարձեալ
սկսած
են
մթագնել
ընթերցող
հասարակութեան
միտքերը։
Այս
տխուր
բախտին
բոլորովին
անմասնակից
չէ
նաեւ
թուրք
ժողովուրդը։
Կամուրջին
վրայ,
գրավաճառներուն
ցուցափեղկին
մէջ
եւ
լրագրավաճառներուն
բերանը
այս
պահուս
ամէնէն
աւելի
յեղյեղուած
գիրքերն
են
Պօրճիա,
Մօնթէ
Քրիսթօ
եւ
ոգեհարցութեան
վերաբերեալ
կարգ
մը
պառաւական
գիրքեր.
որոնք,
անկասկած
շահագործիչ—հրատարակիչներու
ձեռամբ
հրատարակուելով.
շրջաբերութեան
հանուած
են
թուրք
ժողովուրդին
մէջ։
Ի՞նչ
պիտի
սորվի
այս
երկրին
նոր
սերունդը՝
այդ
փճացուցիչ
եւ
սպաննիչ
գիրքերէն։
Իր
քաղաքացիական
ազատութեան
նորստաց
իրաւունքներուն
եւ
պարտաւորութեանց,
իր
երկրին
պատմութեանը
ու
քաղաքակրթութեանը,
ինչպէս
նաեւ
Արեւմուտքի
տնտեսական,
ճարտարարուեստական,
գրական
եւ
քաղաքական
նոր
հոսանքներուն
վերաբերեալ
հրատարակութիւնները
մէկ
կողմ
ձգած,
երբ՝
նոր
սերունդը
վերադառնայ
հին
օրերու
մասալներուն,
անոնցմով
ժամավաճառ
ըլլալու
եւ
խուլօրէն
օրօրուելու
համար.
ի՞նչ
տեսակ
խմորում
մը
պիտի
գոյանայ
իր
մտքին
մէջ։
Ոչ
այն
խանդավառութեան
օրերու
ուռուցիկ
հայրենասիրական
բացագանչութիւնները
օգտակար
են
մեզի,
ո՛չ
ալ
այսօրուան
յետադարձ
հրատարակութիւնները։
Այդ
երկու
վտանգաւոր
ծայրերուն
մէջտեղ
կայ
ժամանակակից
լուրջ
արտադրութեանց
վիթխարի
կոյտ
մը,
դաստիարակիչ,
զարգացուցիչ
եւ
բարոյացուցիչ,
որոնցմով
միայն
պէտք
է
պատուաստել
նոր
սերունդին
միտքը,
որպէս
զի
շոշորդներու,
ցնորատեսներու
եւ
ստրուկներու
երամ
մը
չունենանք
նորէն։
Քաղաքական
նոր
կեանքը,
զոր
սկսած
ենք
ապրիլ,
մտաւորական
նոր
հորիզոն
պէտք
է
բանայ
մեր
առջեւ.
ու
մենք,
փոխանակ
աչքի
լոյս
թափելու
հազար
եւ
մէկ
գիշերային
մասալներու
վրայ,
պէտք
է
հետամուտ
ըլլանք
սորվելու
թէ
մեզմէ
առաջ
ազատութիւննին
ձեռք
ձգած
ազգերը
ի՛նչ
կերպով
յաջողեր
են
պահել
այդ
ազատութիւնը,
որո՞նք
եղեր
են
ազգերու
վերածննդեան
ազդակները,
թէ
վերջապէս,
ի՞նչ
ընելով
է
որ
պզտիկ
ազգերը
կրցեր
են
պահել
իրենց
գոյութիւնը,
ինքնութիւնը
եւ
պատիւը,
մեծ
ազգերու
կլափին
տակ։
Ինչո՞ւ
կ՚սպաննեն
Գահիրէի
մէջ
կատարուած
վերջին
քաղաքական
տէռօրը
առիթ
ընծայեց
պոլսահայ
մամուլին՝
զանազան
թիւը
կարծիքներ
յայտնելու
Եգիպտացի
ազգայնականներուն
եւ
տեղւոյն
անգլիական
վարչութեան
նկատմամբ։
Այդ
կարծիքները՝
գոյացած
ըլլալով
գլխաւորաբար
անգլիական
թերթերու
ընթերցումով՝
բնականաբար
աննպաստ
էին
Եգիպտացիներուն։
Ասիկա
անիրաւութիւն
մըն
է
հանդէպ
ժողովուրդի
մը
որ
հակառակ
իր
շա՜տ
թերի
կողմերուն,
ազատագրուիլ
կ՚ուզէ
եւ
այդ
նպատակին
համար
սկսած
է
զոհեր
ալ
տալ
արդէն։
Նայինք
խնդրին
վրայ
աւելի
անկողմնակալ
ոգիով,
օտար
տիրապետութեան
տակ
հեծած
ազգի
մը
հոգեբանութեամբը։
Տարի
մը
առաջ,
Ձայն
Հայրենեացի
1909
Մարտ
6ի
թուին
մէջ,
խօսելով
Եգիպտացիներու
ազգայնական
շարժումին
վրայ,
կըսէինք
թէ
անիկա
այսօր
թօթափած
է
իր
նախկին
յոռի
ձգտումները,
եւ
եղած
է
եգիպտ[ական]
ժողովուրդին
ազատագրման
դատը.
1905էն
վինչեւ
1907,
երբ
ազգայնական
կուսակցութեանը
կը
ներշնչուէր
Մուսթաֆա
Քամէլի
խալիֆայապաշտպան
քարոզութիւններով
եւ
ջանք
կար
Եգիպտոսը
Անգլիոյ
ձեռքէն
հանելով
Սուլթան
Համիտի
թաթին
մէջ
նետել,
բնականաբար
Եգիպտացի
ազգայնականները
շատ
քիչ
համակրութիւն
կը
վայելէին.
բայց
յորմէհետէ
այդ
վտանգաւոր
հովը
փչելէ
դադրեցաւ
այդ
մանաւանդ
որ
Թուրքիոյ
կողմէն
ալ
վախ
չկայ
այլեւս
—
Եգիպտացի
ազգայնականներուն
դատը
մնաց
իր
մաքուր
պարզութեանը
մէջ,
որ
է՝
թօթափումը
օտար
լուծին,
այդ
լուծը
որքան
ալ
անգլիական
այսինքն
քիչ
հարստահարիչ
ըլլայ։
Տասը
միլիոն
Եգիպտացիները
չեն
ուզեր
այլեւս
որ
քառորդ
միլիոն
Եւրոպացիները
տիրապետեն
իրենց
վրայ,
շունի
տեղ
դնեն
զիրենք,
իրենց
հայրենիքին
հասոյթները
իւրացնեն,
հանրային
կարեւոր
պաշտօնները
օտարներու
մենաշնորհը
դարձնեն,
եւն.
եւն.
Եգիպտացի
ազգայնականներու
desiderataն
բանաձեւուած
կը
գտնենք
այն
Mémoireին
մէջ,
զոր
խմբագրեց
իրենց
համաժողովը՝
գումարուած
անցեալ
ամառ
Ժընէվի
մէջ։
Այդ
բանաձեւով
յիշատակուած
ամենէն
կարեւոր
պահանջներն
են
1.
Անգլիական
բանակը
եւ
ազդեցութիւնը
վերցնել
Եգիպտոսէն.
2.
Սահմանադրութիւն
հռչակել
Եգիպտոսի
մէջ։
Արդարեւ,
առանց
այս
հիմնական
դարմանին
Ֆէլլահին
ճակատագիրը
միշտ
Անգլիացիին
ձեռքը
պիտի
մնայ։
Գահիրէի
Միջնաբերդին
վրայէն
անգլիական
թնդանօթները
վագրի
ցռուկներու
պէս
միշտ
կը
սպառնան
քաղաքին
արաբ
բնակչութեան.
իսկ
Աղեքսանդրիան՝
անգլիական
մարտանաւներուն
ծխանին
մուխովը
մռայլամած
է։
Եգիպտացի
ազգայնականները
գիտեն
թէ,
որպէսզի
իրական
սահմանադրական
վարչութիւն
մը
հաստատուի
Եգիպտոսի
մէջ,
եւ
իրենց
քաղաքացիական,
տնտեսական
եւ
քաղաքական
ազատութիւնները
լիովին
վայելեն,
պէտք
է
նախ՝
անգլիական
բանակը
եւ
թնդանօթները
Եգիպտոսէն
դուրս
հանել
տալ։
Բայց
ինչպէ՞ս։
Անգլիա,
հակառակ
ստորագրուած
դաշնագիրներու,
կը
մերժէ
այդ
«յիմարութիւնը»
գործել.
ատոր
փոխարէն
հետզհետէ
կը
տեղաւորուի
Եգիպտոսի
մէջ,
եւ
կը
սեղմէ
Եգիպտացիներու
իրաւունքները,
տեղական
մամուլը
կը
կաշկանդէ,
դատական
հետապնդումներով
ազգայնականները
կը
ջլատէ։
Անգլիական
վարչութիւնը
իր
այս
զսպողական
ձեռնարկներուն
մէջ
կը
գործածէ
իր
կողմը
շահուած
բնիկ
պաշտօնատարներ,
որոնցմէ
մէկն
էր
սպաննուած
նախարարապետը.
եւ
ահա
այս
պատճառաւ
է
որ
Եգիպտացի
ազգայնականները
երկու
տարիէ
ի
վեր
բուռն
պայքար
մը
կը
մղէին
«օտարին
ծախուած»
ազգային
թշնամիներուն
դէմ,
պայքար՝
որ
յանգեցաւ
տէռօրի։
Մոհամէտ
էլ
Վարտանի,
Եգիպտ[ական]
ազգայնական
առաջին
տէռօրը,
որ
գնդակահար
սպաննեց
«իր
հայրենիքին
թշնամին»
—
ինչպէս
ինք
կը
յորջորջէ
զայն
—
ձերբակալուելով՝
յայտարարած
է
թէ
ինքը
կանխամտածութեամբ
գործած
է
ոճիրը,
եւ
պատրաստ
է
կախաղան
բարձանալ,
որովհետեւ
կը
հաւտայ
թէ
իր
մահով
նոր
քայլ
մը
առնուած
պիտի
ըլլայ
դէպի
իր
ժողովուրդին
ազատագրումը։
Այսպիսի
անձնազոհ
մոլեռանդութեամբ
տոգորուած
ազգայնականներու
դատը
չէ՛
կարելի
կորսուած
համարել,
եւ
արհամարհանքով
նայիլ
անոր։
Անգլիա,
իր
վարչական
մեծ
փորձառութեամբը,
ապահովաբար
պիտի
զգայ
վերջ
ի
վերջոյ
թէ
10
միլիոն
գլուխ
հաշուող
եգիպտական
ազգը
երբ
կ՚ուզէ
օտար
լուծը
թօթափել,
բացարձակօրէն
ազատ
ապրիլ,
այդ
ազատութիւնը
անպայման
ձեռք
կը
ձգէ,
նո՛յն
իսկ
իր
արեան
գնով։
Անգլիա
պատմական
այս
անողոք
ճշմարտութեան
առջեւ
գլուխ
ծռելով
է
որ
Հնդկաստանի
ազգայնական
շարժումը
մասամբ
կասեցուց,
կարգ
մը
պահանջներ
գոհացնելով
եւ
ուրիշներու
մասին
ալ
խոստում
տալով։
Տխո՜ւր
բան
է
արիւն
թափելը,
բայց
ա՛լ
աւելի
տխուր
են
անոնք
որ
պատճառ
կ՚ըլլան
արիւն
թափուելուն։
Առաջին
արդիւնք
Սկիւտարի
շոգենաւին
մէջն
ենք.
նորագիր
զինուորներ,
հայ,
յոյն,
հրէայ,
թուրք
եւ
ուրիշ
ազգէ,
Անատօլուի
գաւառներէն
հասած
են
եւ
կը
փոխադրուին
Պոլիս,
իրենց
հետ
բերելով
անծանօթ
փշալից
ասպարէզի
մը
առթած
բոլոր
մտահոգութիւնները։
Տարօրինակ
հեզութիւն
մը
կայ
ոչ
իսլամ
նորագիրներուն
դէմքին
վրայ.
կարծես
թէ
զօրանոց
չէ.
այլ
սպանդանոց
կը
տարուին,
կռուելու
չէ՝
այլ
կոտորուելու
համար.
ճակատագրի
դարաւոր
հարուածներուն
ազդեցութիւնը
դեռ
չեն
թօթափած,
հակառակ
խաքի
համազգեստին
եւ
հրացանին
զոր
կը
կրեն
տեսակ
մը
անգիտակից
եռանդով։
Եթէ
Օսմ[անեան]
բանակին
մէջ
ոչ
իսլամ
մեղկաբարոյ
ցեղերու
մասնակցութեամբը
պիտի
ջլատի
բանակին
միաձոյլ
պողպատեայ
ոյժը.
եւ
յանուն
Մարգարէին
մահուան
դիմագրաւող
թուրք
զինուորներուն
բարոյականը
պիտի
այլասերի
Քրիստոնեայ
զինուորներուն
շփումովը,
այն
ատեն
ո՞վ
պիտի
ըլլայ
շահողը.
եւ
ո՞վ
տուժողը…։
Բայց
թողունք
թէական
հարցումները
եւ
գանք
այն
իրական
արդիւնքին,
որ
երեւան
եկած
է
արդէն
իսլամ
եւ
ոչ—իսլամ
խառն
բանակին
մէջ։
Այդ
արդիւնքը
կը
բացատրուի
հետեւեալ
յատկանշական
խօսակցութեամբ,
որուն
ականջալուր
եղանք։
Նորադիր
զինուորներու
խումբէն
հեռու.
երկու
թուրք
հին
զինուորներ
կեցան
կը
խօսէին.
—
Գիտե՞ս,
հիմա
բանակին
մէջ
յարգանք
վայելողները
միայն
Հայերն
են.
—
Ի՞նչ
կ՚ընես,
իրա՞ւ
պատասխանեց
միւսը
հառաչելով։
—
Հապա՛,
հիմա
կեավուռ
չպիտի
կրնանք
ըսել
անոնց։
—
Եա
ի՞նչ
պիտի
ըսենք.
—
Հէմշէրի,
պիտի
ըսենք,
հէմշէրի…։
Այո՜,
խեղճ
միամիտ
մարդիկ,
պէտք
է
հէմշէրի
—
եղբայր
ըսել
այլեւս
Հայուն,
Յոյնին,
Հրէային։
Ձեր
շրթունքները
որ
անյիշատակ
ժամանակներէ
ի
վեր
սորված
էին
կեավուռ
անարգական
բառով
որակել
ոչ-իսլամը,
այսուհետեւ
պէտք
է
մոռնան
հին
երգերը։
«Ձայն
հայրենեաց»,
1910,
Երկրորդ
շրջան,
5-18
Մարտ,
թիւ
20
(70),
էջ
209-210