Ե.
—
ԳԵՐՄԱՆԻԱ
Գերմանիան
ձեւացնող
39
փոքր
տէրութիւնները՝
երկար
դարերէ
ի
վեր
շարունակական
մրցակցութեան
եւ
կռիւներու
մէջ
էին.
ո՛չ
որոշ
կերպով
գերմանական
քաղաքականութիւն
կար,
եւ
ոչ
ալ
գերման
ազգային
կեանք։
Այս
տնաքանդ
կացութիւնը
տեւեց
մինչեւ1871
յունվար
18,
երբ՝
Բրուսիոյ
թագաւոր
Վիլհէլմ
Ա.
ը
Ֆրանսայի
Վէրսայլ
քաղաքին
մէջ
Գերման
կայսր
հռչակուեցաւ։
Հոս՝
կէտ
մը
կայ
շեշտելի.
ըսինե՝
«Գերման
կայսր»
եւ
ո՛չ
թէ
«Կայսր
Գերմանիոյ».
տարբերութիւնը
պատմական
առանձին
իմաստ
ունի.
հայ
Մամլոյ
էջերուն
մէջ
յաճախ
կը
հանդիպինք
«Գերմանիոյ
կայսր»
բացատրութեան.
ասիկա
սխալ
յորջորջում
մըն
է.
պէտք
է
ըսել
«գերման
կայսր»
որովհետեւ
Վիլհէլմ
Ա
ի
կայսր
հռչակման
միջոցին,
որպէսզի
Գերմանիոյ
39
փոքր
տէրութեանց
վեհապետներուն
արժանապատուութիւնը
չի
վիրաւորուի,
որոշուեցաւ
Բրուսիոյ
թագաւորը
անուանել
«գերման
կայսր»
եւ
զայն
նկատել
պարզապէս
«հաւասար
իրաւունք
ունեցող
գերման
վեհապետներու
մէջ՝
առաջինը»։
Մինչդեռ.
«Գերմանիոյ
կայսր»
տիտղոսը
պիտի
ենթադրել
տար,
թէ
Բրուսիոյ
թագաւորը
միահեծան
տէրն
է
բովանդակ
Գերմանիոյ,
ինչ
որ
ճշմարիտ
չէ՝
գոնէ
տեսականօրէն։
Գերման
ազգային
ինքնագիտակցութեան
զարթնումին
գլխաւոր
շարժառիթն
եղաւ
օտար
լուծը.
զարմանալի
բան
մըն
է
ասիկա.
ցեղեր
կան
որոնք
օտար
լուծի
տակ
կը
կքին
ու
կը
հիւծախտաւորին.
եւ
ցեղեր
ալ
կան
որոնք
օտար
լուծը
կը
գործածեն
իբրեւ
լծակ՝
իրենց
վերականգնումի
ճիգերուն։
Գերմանիան
այսպէս
ըրաւ։
Երբ
Նաբօլէօն
Ա.
իր
երկաթեայ
թաթովը
կ՚իշխէր
Գերմանիոյ
վրայ,
Իւհլանտ,
Ֆիխթ.
Քէօրնըր,
Արնթ
եւ
ուրիշներ
առաջին
անգամ
յեղափոխական
կռիւի
հրաւէր
կարդացին,
ամբոխին
ներշնչելով
ատելութիւն՝
ընդդէմ
օտար
հարստահարիչին։
Էրնէսթ
Լավիսի
վկայութեամբ,
առաջին
անգամ
1813ին
էր
որ
«Բրուսիական
ոյժը
նոյնացաւ
գերմանական
ոգիին
հետ»։
Հակառակ
գերման
փոքր
տէրութեանց
քաօսային
վիճակին,
եւ
հակառակ
նաեւ
ծանրածանր
յուսախաբութեանց,
Գերմանացիներու
մտքին
վրայէն
չէր
ջնջուած
ազատութեան
դատին
համար
թափուած
արիւններուն
յիշատակը.
բանաստեղխ,
իմաստասր,
պատմագիր,
ամենքն
ալ
շինեցին
տեսլապատկերը
միակ
ու
մեծ
Գերմանիոյ
մը,
որ
զինուորականապէս,
քաղաքականապէս
ու
մտաւորականօրէն
պէտք
էր
ըլլար
աշխարհի
առաջին
ազգը.
Արնթի
հայրենասիրական
երդերէն
մին
սա
յաւակնութիւնը
կը
ցուցադրէ.
—
«Մինչեւ
ո՞ւր
կը
տարածուի
գերմանացիին
հայրենիքը.
—
Մինչեւ
հոն՝
ուր
գերման
լեզուն
կը
հնչէ»։
Գերմանիոյ
միութիւնը
պիտի
գոյանար
1848ին,
Ֆրանքֆօրթի
խորհրդաժողովին
մէջ,
եւ
շնորհիւ
այն
ազգայնական
ոգիին
որ
գերվան
հայրենքին
բոլոր
տարրերը
իրարու
միացուց։
Այդ
խորհրդաժողովին
մէջ
Կակէռն
յայտարարած
էր.
—
«Գերմանիոյ
համար
Սահմանադրութիւն
մը
պէտք
է
շինենք.
ազգին
գերիշխանութիւնն
է
որ
մեզի
իրաւասութիւն
կուտայ
այս
գործն
ի
գլուխ
հանելու»։
Ֆրանքֆօրթի
խորհրդաժողովին
մէջ
մշակուած
Սահմանադրութեան
համաձայն,
Գերմանիա
դաշնակցական
կառավարութիւն
մը
պիտի
ըլլար,
սահմանադրական
վեհապետի
իշխանութեան
տակ։
Բայց
այս
որոշումին
գործադրութիւնը
անկարելութեան
բաղխեցաւ,
որովհետեւ
1848ի
խանդավառիչ
երազներուն
շուտով
յաջորդեց
հակազդեցական
շրջանը։
Գերմանիոյ
միութիւնը,
ինչպէս
ըսած
է
Պիզմարք,
պիտի
գոյանար
«հուրով
եւ
սուրով»։
Այդ
սուրը
շողաց
եւ
հուրը
թափեցաւ
երեք
առիթներով.
նախ
1864ին՝
երբ
Բրուսիա
պատերազմ
մղեց
Տանիմարքայի
դէմ.
երկրորդ՝
1866ին՝
Աւստրիոյ
դէմ
մղուած
պատերազմով,
եւ
երրորդ՝
1870ին՝
ֆրանքօբրուսական
արիւնալի
կռիւներով։
Այս
վերջին
պատերազմով,
Գերմանիա
վճռականապէս
հաստատեց
իր
ներքին
միութիւնը։
«Ժառանգական
թշնամիին»
Ֆրանսայի
վրայ
տարուած
յաղթանակները
զօրացուցին
գերման
համերաշխութեան
զգացումը.
ու
ահա
հռչակուեցաւ
1871ի
Սահմանադրութիւնը,
78
յօդուածներով,
որ
եկաւ
նուիրագործել
գերման
դաշնակցութեան
առանդական
սկզբունքը.
այս
Սահմանադրութեան
շնորհիւ,
գերման
կայսրութիւնը
եղաւ
«գերման
39
տէրութեանց
դաշնակցութիւն
մը»
որոնք
միօրինակ
օրէնքներով
կը
կառավարուին.
ունին
մէ՛կ
խորհրդարան,
մէ՛կ
կառավարութիւն,
բայց
իւրաքանչիւրը
կը
պահէ
իր
տէրութեան
տեղական
խորհրդարանը
եւ
յատուկ
օրէնքներ
կազմելու
իրաւասութիւնը։
Գերման
Սահմանադրութեան
4րդ
յօդուածին
մէջ
յիշատակուած
են
բոլոր
այն
իրաւունքները,
զորս
կը
վայելէ
Կայսերական
Խորհուրդը,
այսինքն
կայսրը։
Ըստ
երեւոյթին,
այդ
իւրաւունքները
շատ
սահմանական
են,
բայց
գործնականին
մէջ
կայսեր
վերապահուած
իշխանութիւնը
անսահման
եզրեր
ունի։
Կայսերական
Խորհուրդը
կրնայ՝
առանց
դաշնակից
գերման
տէրութեանց
կարծիքն
առնելու,
պատերազմ
հրատարակել,
հաշտութեան
դաշինք
կնքել,
գերմանական
քաղաքականութիւնը
ղեկավարել,
ցամաքային
ու
ծովային
բանակներուն
հրամայել.
գերման
կայսրը
Գերմանիոյ
բովանդակ
բանակին
վերին
հրամանատարն
է։
Դարձեալ,
Կայսերական
Խորհուրդն
է
որ
տուրքեր
դնելու
իրաւասութիւն
ունի,
նամակատունները
եւ
հեռագրատունները
կը
վարէ,
գերման
փոքր
տէրութեանց
կան
անհատներու
վերաբերեալ
երկաթուղիներու
վրայ
հսկողութիւն
կը
կատարէ,
մամուլի,
ընկերակցութեանց,
օտարականներուն
եւ
ճարտարագործական
առողջապահութեան
վրայ
կը
հսկէ,
պատերազմական
վիճակ
կը
յայտարարէ,
գերման
փոքր
տէրութեանց
միջեւ
ծագած
վէճերը
կը
կարգադրէ,
եւն,
եւն։
Իսկ
բոլոր
այն
խնդիրները
«որոնք
կայսերական
խորհուրդի
հսկողութեան
եւ
իրաւասութեան
չոն
ենթարկուիր»
կը
կարգադրուին
գերման
փոքր
տէրութեանց
միջեւ.
բայց
որովհետեւ
Կայսերական
Խորհուրդի
եւ
դաշնակից
տէրութեանց
իրաւաութեանց
սահմանին
գիծը
որոշակի
գծուած
չէ,
Գերմանացիք
սա
դաւանանքով
կը
լուծեն
ամէն
կնճիռ.
Reichsrecht
bricht
Landsrech
(
կայսեր
իրաւունքը
կրնայ
խորտակել
տեղային
իրաւունքը։)
Այս
դաւանանքի
հիման
վրայ,
գերման
փոքր
տէրութեանց
սեպհական
իրաւասութիւնը
գրեթէ
ոչինչ
կը
վերածուի։
Բրօֆէսէօր
Լապան՝
գերման
կայսրութեան
օրէնքներուն
վերլուծումն
ընելով՝
սա
եզարակացութեան
կը
յանգի.
«գերման
փոքր
տէրութիւնները
իրենց
քաղաքական
իրաւունքները
կը
պահպանեն
սոսկ
Կայսերական
խորհուրդի
թոյլտուութեամբ»։
Պէտք
է
գիտնալ,
թէ
Կայսերական
Խորհուրդին
տրուած
այս
ամենազօր
իշխանութիւնը՝
իրականին
մէջ՝
Բրուսիոյ
ամենազօրութիւնն
է.
արդարեւ,
դաշնակից
գերման
կառավարութիւնները,
առանց
կարելի
դիմադրութեան,
հարկադրուած
են
հետեւելու
Պերլինէն
եկած
հրամաններուն։
Ո՛
եւ
է
սահմանադրական
երկրի
խորհրդարան,
եթէ
կ՚ուզէ
իրական
ազդեցութիւն
մը
ունենալ
հասարակակն
գործոց
ղեկավարութեան
վրայ,
երկու
գլխաւոր
զէնք
ունի
իր
ձեռքը.
ելմտացոյցի
քուէարկութեան
հաւանութիւն
տալ
կամ
չտալ.
երկրորդ՝
նախարարները
հարցապնդել,
ու
վստահութեան
կամ
պարսաւի
քուէով
պահել
կամ
տապալել
Դահլիճը՝
այսինքն
կառավարութիւնը։
Անգլիոյ
սահմանադրական
կազմակերպութեան
վրայ
խօսած
ատեննին
[1]
տեսանք
թէ
Անգլ.
Երեսփ.
Ժողովը
ի՛նչ
անբաղդատելի
ճարտարութեամբ
յաջողած
է
այնպէս
մը
ընել՝
որ
Դահլիճը
միմիայն
Երեսփ.
Ժողովին
հաւանութեամբը
կարենայ
իր
պաշտօնը
շարունակել։
Բայց
Գերմանիոյ
մէջ
այսպէս
բան
չենք
տեսներ
բնաւ.
թէեւ
գերմանացիներուն
ընտրական
իրաւունքները
աւելի
լայն
են,
բայց
գերման
Խորհրդարանը՝
Րայխսթակը՝
շատ
ջնջին
իրաւասութիւններ
ունի.
Ճօն
Լմուանի
համաձայն,
«Րայխսթակը
կը
նմանի
տղոց
նուիրուած
խաղալիքներուն,
անիկա
կը
տրտռայ,
բայց
դարձեալ
կը
դառնայ»։
Անգլիոյ
մէջ՝
վեհապետը
տեսականօրէն
իր
ձեռքն
ունի
բոլոր
իշխանութիւնները,
բայց
գործնականօրէն
ոչ
մէկ
իշխանութիւն
ունի.
գերման
կայսրութեան
օրէնքները
վերլուծելով
կը
տեսնենք
թէ՝
գերման
կայսրը
թէեւ
տեսականօրէն
ոչինչ
ունի,
բայց
գործնականին
մէջ
ամէն
հրաման
իրմէ
կը
բղխի։
Անիկա՝
կայսրութեան
բոլոր
կենսական
գործերու
որոշմանց
մէջ
vetoի
իրաւունք
ունի.
մինչեւ
իսկ
կայսրութեան
վարչապետը,
որ
գերման
կայսեր
կողմէ
կ՚անուանուի,
պատասխանատու
չի
համարուիր
Խորհրդարանին
առջեւ.
Պիզմարք
իր
վարչապետութեան
օրով
կը
դաւանէր
թէ
միայն
կայսեր
հանդէպ
պատասխանատու
է
ինքը։
Կը
տեսնուի
ուրեմն,
թէ
ճարտարօրէն
ոսկեզօծուած
արտաքին
երեւոյթին
տակ,
գերման
կայսրութիւնը
քայլ
առ
քայլ
կուլ
կուտայ
գերման
փոքր
տէրութիւնները,
զանոնք
Բրուսիոյ
շողարձակ
ճառագայթումին
ենթարկելով։
Պիզմարք՝
իրեն
առանձնայատուկ
յամառութեամբ,
յաջողեցաւ
թէ՛
մէկ
կողմէ
գերմանական
միութիւնը
գոյացնել,
եւ
թէ
խորհրդարանական
րէժիմի
մը
տակ
միապետական
կառավարութիւն
մը
հիմնել։
Խնդրի
է,
թէ
գերման
ժողովուրդը
մշտնջենապէս
պիտի
մնա՞յ
նոյն
երախտագէտ,
հպարտ
ու
յարգալիր
դիրքին
մէջ՝
հանդէպ
իր
վեհապետին.
խնդիր
է.
թէ
պիտի
տեւէ՞
ոյժը
այն
պատուէրին
զոր
կայսրն
արձանագրեց
1891ին՝
Միւնիխի
մէջ,
յայտարարելով,
թէ
«գերագոյն
օրէնքը
թո՛ղ
թագաւորին
կամքն
ըլլայ»։
Ասիկա
շա՜տ
կասկածելի
է.
չէ՞
որ
Վիլհէլմ
Բ.
ինքն
իսկ
սա
յայտարարութիւնը
կընէր
քանի
մը
տարի
առաջ.
—
«անհնազանդութեան
ոգին
տակաւ
կը
տարածուի
այս
երկրին
մէջ.
ովկէանոս
մը
մելան
եւ
թուղթ
գործածողներ
կան,
քօղածածկելու
համար
այն
ճամբաները
որոնք
յստակ
են
ու
յստակ
պէտք
է
ըլլան
բոլոր
անոնց
համար
որ
զիս
եւ
սկզբունքներս
կը
ճանչնան»։
Գերման
ժողովրդավար
եւ
գործաւորական
դասակարգերը
արդէն
իսկ
արթնցած
ու
ըմբոստացումի
դրօշը
պարզած
են.
միապետական
սկզբունքներու
դէմ
ժողովուրդին
սնուցած
ատելութիւնը
տակաւ
լայն
համեմատութիւններ
կ՚առնէ.
ու
Ռայխսթակն
իսկ,
հակառակ
իր
շատ
սեղմ
իրաւասութեանց,
քանի
քանի
անգամներ
զարնուեցաւ
վեհապետական
իշխանութեան
եւ
պայքարեցաւ։
Կարելի
չէ
հաւատալ,
թէ
ժողովրդավար
ու
հաւասարական
քուէարկութեամբ
ընտրուած
Երեսփ[ոխանական]
Ժողով
մը
մշտնջենապէս
պիտի
մնայ
ստորադաս
ոյժ
մը՝
երկրին
մէջ.
արդէն
իսկ՝
յեղափոխական
վարդապետութիւնները
մեծ
քաղաքներէն
եւ
ճարտարարուեստական
կեդրոններէն
բղխելով
կը
տարածուին
գերման
գործաւորական
շրջանակներու
մէջ
եւ
կը
խմորեն
այն
պայթուցիկը,
որ
պիտի
փշրէ
միապետական
ոյժին
պարիսպները։
֍
Հոս
կ՚ընդհատենք
մեր
տեսութեանց
շարքը.
յաջորդաբար
խօսեցանք
Անգլիոյ,
Պելժիգայի,
Զուիցերիոյ,
Իտալիոյ
եւ
Գերմանիոյ
սահմանադրական
կազմակերպութեանց
վրայ։
Մօտակայ
առթիւ
մը
պիտի
խօսինք
նաեւ
գերազանցօրէն
սահմանադրական
ուրիշ
երկու
ազգերու,
րանսայի
եւ
Միացեալ
Նահանգաց
մասին։
«Ձայն
հայրենեաց»,
1908,
27
Նոյեմբեր-9
Դեկտեմբեր,
թիւ
6,
էջ
41-42։
5-18
Դեկտեմբեր,
թիւ
7,
էջ
53-54։12-25
Դեկտեմբեր,
թիւ
8,
էջ
65-66։
1909,
19
Դեկտեմբեր-1
Յունվար,
թիւ
9,
էջ
77-78։
26
Դեկտեմբեր-8
Յունվար,
թիւ
10,
էջ
91-92։
5-18
Յունվար,
թիւ
11-12,
էջ
109-110
[1]
Ձայն
Հայրենեաց,
թիւ
6.