Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈԽԱԶ ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ

Պօտրումի ու Էրզինի բանտերէն եւ այլ աքսորավայրերէ սրտաճմլիկ աղաղակներ կը բարձրացնեն հայ բանտարկեալները. անոնք կը գանգատին ոչ միայն իրենց անտանելի կացութենէն, այլ մանաւանդ աղաղակելով կ՚աղաղակեն, թէ իրենք՝ սուտ վկայութեանց հիման վրայ դատապարտուած՝ անմեղներ են, թէ արդարութեան ծաղրը միայն կը տիրապետէ այս երկրին դատարաններուն մէջ։ Հեռագիր՝ Օսմ[անեան] Խորհրդարանին, խնդրագիր՝ Ազգ[ային] Պատրիարքարան, ու նամակ թերթերու խմբագրութեանց։ Այսպէս, Հայ բանտարկեալները ամէն օրինաւոր միջոց կը գործածեն իրենց ձայնը լսելի ընել տալու համար հոս։

Լսելի պիտի ըլլա՞ն անոնք։

Ազգ[ային] Վարչութեան եւ Բ[արձրագոյն] Դրան միջեւ կատարուած վերջին բանակցութիւններու ընթացքին որոշ կերպով երեւան եկաւ կառավարական շրջանակներու տեսակէտը՝ Կիլիկեան Խնդրին առթիւ դատապարտուած առ հասարակ բոլոր հայ եւ թուրք բանտարկեալներու մասին։ Կառավարութիւնը պատրաստ է ընդհանուր ներման հրովարտակ մը ստորագրել տալ Սուլթանին, եւ բանալ բանտի բոլոր դուռները՝ ինչպէս ըրաւ 1908 յուլիս 10ի վաղորդայնին։ Բայց այն ատեն, անմեղին հետ դուրս պիտի ելլէ յանցաւորը. ինքնապաշտպանութիւն միայն գործած Կիլիկեցիին հետ՝ արիւնկզակ ոճրագործը. զրպարտութեան զոհ եղած դատապարտեալներուն հետ՝ զրպարտողն ու սուտ վկայութիւն տուողները։

Պօտրումի եւ Էրզինի հա՜յ բանտարկեալներ, դուք որ արիւնի եւ արցունքի սահանքներուն վրայէն անցնելէ ետք, Անիրաւութեան եւ Ապօրինութեան խութերուն մէջ կառչած կը մնաք այսօր. դուք որ հայրենիքին օգտակար ծառայութիւն մը ընելու համար ճամբայ ելաք, մինչ զձեզ թիարան ղրկեցին, դուք՝ կը հարցնենք ձեզ՝ պիտի թոյլ տա՞ք որ արդարութեան այդ նոր ֆարսն ալ խաղացուի, ու ձեզի՝ անմեղներուդ հետ ազատ արձակուին նաեւ ամենէն ահռելի ճիւղաները մարդկային ազգին։

Կիլիկեցի՛ բանտարկեալներ. դուք քաւութեան նոխազներ էք միայն, եւ ձեր այսօրուայ կացութիւնն ու տառապանքը շարունակութիւնն է այն դժխեմ ճակատագրին, որ հայ ցեղին է վիճակուած. տառապիլ, տքնի՜լ ուրիշին համար, նոյն իսկ թշնամիին համար։

Թուրք միապետական բռնակալութեան օրերուն, բանտի կամարները կ՚արձագանգէին այն կերկերաձայն աղաղակներէն, որոնք կը բարձրանային հայ կոկորդներէ, ազատութեան. հաւասարութեան եւ պատուաւոր կեանքի մը տիրացման պահանջումներովը։ Այսօր, թուրք սահմանադրութեան այս շրջանին, դա՜րձեալ ձեզի է վիճակուած հա՛յ բանտարկեալներ, տանիլ, խրոխտաբար եւ տոկունութեամբ տանիլ Ազատութեան Բեռը, ի սէր այն ժողովուրդին եւ հողին, որուն համար ձեր անձը վտանգուեցաւ։ Գիտե՜նք, շատ հեշտին է, բանտի կապանքներէն զերծ, ուղղել այս կոչը ձեզի. տառապողները եւ զրկուածները միայն իրենք կը զգան ծանրութիւնը իրենց շղթային. բայց մենք այն հաւատքը ունինք թէ մի՜շտ ակնկալութեամբ նայելով դէպ ի այն արշալոյսը ուրկէ պիտի ծագի արդարութեան անշիջելի արեւը. դուք լռութեամբ եւ համբերութեամբ պիտի տանիք ձեր օրերուն սեւութիւնը, որովհետեւ, այդպէս ընելով, դուք, քաւութեան նոխազներ, արգիլած պիտի ըլլաք որ արդարութեան մէկ նոր ծաղրին ալ ականատես ընեն զմեզ, եւ ձեր հողն ու ընտանիքի բեկորները փրկած պիտի ըլլաք բանտերէն դուրս խուժելու պատրաստուող յաւիտենական գազանութենէն։

«Ձայն հայրենեաց», 1910, Երկրորդ շրջան, 19 Փետրվար-4 Մարտ, թիւ 18 (68), էջ 145-145