ԴԱՍԱԼԻՔՆԵՐԸ
Ահաւասիկ
կ՚երթան
անոնք,
դասալիքները,
աշնան
դողահար
տերեւներու
նման,
տժգոյն
ու
վարանոտ,
կամ
փտած
նեխած
պտուղներու
պէս,
որոնք
մայր
ճիւղէն
կը
բաժնուին
կ՚իյնան,
ճակատագրականօրէն,
հիւծախտաւոր
մահով
մը:
Ո՞ւրկէ
եկան
անոնք
եւ
ո՞ւր
կ՚երթան:
Իրենց
ծագումը
շատ
փառաւոր
է,
ամբողջ
արշալոյս
մը
վառ
երազներով
եւ
յոյսերով
լեցուն:
Անոնք,
օր
մը,
անցեալին
մէջ,
երկվայրկեան
մը,
յեղափոխական
հուրէն
բռնկեցան,
յուզուեցան,
բացագանչեցին
եւ
հայկական
աղէտքին
ցաւը
զգետնեց
զիրենք:
Եւ
ուխտեցին
Հայ
յեղափոխութեան
նուիրուիլ,
իրենց
արիւնին
գնովն
իսկ
—
եւ
ասիկա
երդուընցուն
—
ազգային
ազատագրութեան
աշխատիլ
յանձն
առին:
Այս
ուխտը
սրբագործեց
զիրենք,
այն
օրէն
նոր
մարդ
մը
եղան
ու
գործեցին
իբր
անձնուէրներ,
զոհողութիւնը
անուշ
պարտականութիւն
մը
եղաւ,
եւ
վէհանձնօրէն
տուին
իրենց
ժամանակը,
զգացումը,
դրամը
եւ
ամէն
ինչ
որ
ունէին:
Գիշերներ
եղան,
երբ
ստրուկ
մտածումի
մը
դէմ
մարտնչելու
համար
վիճաբանելով
լուսցուցին,
ժողովուրդի
ինքնապաշտպանութեան
միջոցները
հայթայթելու
համար
անոնք
մտքերնին
չարչրկեցին,
եւ
յեղափոխութիւնը
քարկոծողները
ոճրագործ
երեւցան
իրենց
աչքին:
Ու
ցերեկները,
բարձրաձայն
ատենախօսեցին,
գրեցին
եւ
վիճաբանեցան,
բռնակալ
լուծը
նիւթ
առնելով,
մարտի
հրաւէր
կարդացին
անոր
դէմ,
ժողովուրդին
արժանապատուութիւնը
եւ
ինքնագիտակցութիւնը
արթնցնելու
համար
ամենէն
սուր
խայթոցները
տուին
անոր,
եւ
իրենց
պատկանած
Կուսակցութեան
դրօշին
տակ,
ամրօրէն
եւ
յամառօրէն,
ներբողեցին
հայ
ընդվզումին
փառքը:
Ահաւասիկ
իրենց
անցեալը,
անգիտակից
եռանդով
զեղուն
շրջան
մը,
ուր
նուիրումը,
զոհողութիւնը
համակ
կրօնք
մը
եղաւ,
եւ
որու
միջոցին
ամէն
անտարբեր
հայ
անասունի
տպաւորութիւնը
թողուց
իրենց
վրայ:
Օր
մը,
սակայն
աներեւոյթ
եւ
անըմբռնելի
սահմաններէ
չարագուշակ
ամպ
մը
անցաւ,
եւ
մթագնեց
այս
լուսաշող
ասպարէզը:
Ո՞վ,
ի՞նչ
բան,
կամ
ինչպէ՞ս
մարդ
չի
գիտեր.
միայն,
ինչ
որ
յստակօրէն
կը
տեսնենք
եւ
կը
զգանք,
այն
է
թէ՝
այդ
երբեմնի
անձնուէրները
այլեւս
ինքզինքնին
խորթացած
կը
զգան
եւ
տակաւ
կը
հեռանան
իրենց
դրօշէն,
յանձնառութիւններէն
եւ
ուխտէն:
Զոհողութիւնը
լլկումի
պէս
կուգայ
իրենց,
եւ
անոնք
արդէն
սկեպտիկ
դարձած,
կը
սկսին
հեգնել,
քամահրել
ու
քարկոծել
նուիրական
ամէն
դաւանանք,
այլեւս
չեն
լսեր
ձայնը
իրենց
հարազատ
ընկերներուն,
եւ
ընդվզումի
հրաւէրը
չարձագանգեր
իրենց
սրտին
մէջ։
Հայ
Տառապանքն
ալ
այլեւս
կորսնցուցած
է
իրենց
համար՝
այն
սուր
նշանակութիւնը,
որմէ
կը
ստգտնէին
երբեմն,
ու
հիմա,
սոսկ
իրենց
անձին
շահը
եւ
եսական
զգացումները
առաջնորդ
ունենալով,
անոնք
կ՚ապրին,
դասալիքնե՜րը:
Եւ
ահաւասիկ
կը
յառաջանայ
շարքը
դասալիքներուն,
իրենց
արժանապատուութիւնը
ցեխոտող,
ուխտը
ուրացող,
եւ
իրենց
մօտաւոր
անցեալին
նպատակը
անգոսնող
մարդոց
այդ
արգահատելի
տողանցումը:
Անոնք
դեռ
բոլորովին
չեն
հեռացած
մեր
տեսողութենէն.
կանչենք
մեր
մօտը
եւ
հարցնենք
իրենց.
—
Ո՞ւր
կ՚երթաս,
ընկեր.
այդ
ճամբան
որ
կը
տանի
դէպի
անտարբերութիւն
եւ
դէպի
անասնութիւն,
մի՞թէ
գարշահոտ
չերեւար
քեզի:
Դուն
չե՞ս
իմ
երէկուան
ընկերս,
որ
ինծի
կը
խրախուսէիր,
զէնք
մը
կը
դնէիր
ափիս
մէջ
եւ
զիս
ընդվզումի
մղելով
կ՚ըսէիր
թէ
հայ
ազատագրութեան
արեգակը
ատկէ՛
միայն
պիտի
ծագի:
Քուկդ
չէ՞ր
այն
ձայնը,
որ
մահերգի
մը
պէս
կը
թրթռար
ականջիս
տակ:
Հայութեան
ցաւերուն
լալիւնը
աղաղակելու
համար:
Եւ
հիմա,
ըսէ,
ո՜վ
իմ
երէկուան
ընկերս,
միթէ
վերջացա՞ն
մեր
բոլոր
աշխատութիւններն
ու
տառապանքը.
մեր
ծրագիրը.
մեր
մտածումները
եւ
մեր
ջանքերը
պսակուեցա՜ն
արդէն…:
Բայց
դասալիքները
դեռ
կը
շարունակեն
իրենց
գնացքը
խուլ՝
պարտականութեան
ձայնին,
եւ
կոյր՝
յոյսերու
արշալոյսին:
Անոնց
հոգին
հետզհետէ
կը
մռայլանայ,
եւ
մաղձը,
զոր
չես
գիտեր
ուրկէ՝
հաւաքած
են,
կը
պոռթկայ
իրենց
բերնէն:
Արգահատինք
անոնց
վրայ:
Որո՞ւ
դէմ
քէն
կ՚ընեն,
եւ
ի՞նչ
բան
է
որ
ծիծաղելի
կը
գտնեն
այսօր
չէ՞
որ
իրենք
ալ
օր
մը,
տարի
մը
առաջ
նոյն
գործին
բանուորներն
էին,
թերեւս
ամենէն
ժիրերը.
չէ՞
որ
անոնք
այսօր
դրժելով
իրենց
ուխտը,
դատապարտած
կ՚ըլլան
իրենց
անցեալը,
իրենց
մտածումները:
Հայ
յեղափոխական
գործը
վաճառատուն
մը
չէ
որ
դասալիքները՝
յաճախորդ
մը
պակասի
տպաւորութիւնը
թողուն
իրենց
ետեւէն:
Անիկա
հասարակաց
գործ
մըն
է,
անձնուէր,
զոհուելու
պատրաստ
դասակարգին:
Ու
այն
որ
կը
հեռանայ
այդ
գործէն.
մնացողներուն
արգահատանքը
միայն
կը
տանի
իր
հետ:
«Ազատ
բեմ»,
1906,
Փետրվար24,
թիւ
45։