Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՄՕՆՐՈՒԱ. ԳԼԽԱՐԿԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ (ՖԱՆԹԷԶԻ)

Դեռ նոր թողած էին պաքարայի սեղանը ուր Շազէօյլ անօրինակ շահեր ըրած էր այդ օրը։

Ա՛խ, սա Շազէօյլն ալ, գոչեց Լապիւսիէռ հառաչելով, ի՛նչ սատանորդի է, խաղի մէջ յաջող, սիրոյ մէջ ալ յաջող։ Իրաւ որ, ամէն մարդ գլուխը մերկ կը ծնի, բայց կարծես Շազէօյլ գլուխը գոց ծնած է։

Պարոննե՛ր, յարեց Շազէօյլ, համեստօրէն խնդալով, գլուխս գոց ծնած չեմ, բայց այնպէս պատահած է որ միշտ բաց գլուխ չմնամ։ Ըսել կուզեմ թէ, երեք տարիներէ ի վեր, ամեն Կաղանդի առտու, իբր ընծայ կ՚ընդունիմ հոյակապ գլխարկ մը, առաջին կարգի ապրանք, գլխարկ մը որուն վրայ վաճառատան հասցէն չկայ, այլ անոր տեղ կ՚երեւայ իմ սովորաբար գործածած գլխարկներուս թիւը։ Արդ, այս կաղանդչէքը անծանօթ անձ մըն է որ կը գրկէ ինծի. այս պահուս գլուխս դրածս ալ ճիշդ այդ գլխարկն է, ի՞նչպէս, հաւնա՞ծ էք ձեւին։

Օ՜, շատ գեղեցիկ է, յայտնի է որ վարպետի ձեռքէ ելած է։ Բայց ի՛նչպէս կըլլայ որ զայն ձեզի ղրկողը չէք ճանչնար։

Շիտակը խօսելով, տարտամ կերպով գիտեմ թէ ղրկողը ո՛վ է, ենթադրութեամբ գտած եմ այն անձը որ այս օգտակար նուէրը կընէ ինծի, բայց անոր անունը, հասցէն բացարձակօրէն անծանօթ է ինծի։ Կարճ խօսքով, մինչեւ իսկ շնորհակալութիւններս յայտնելու համար իսկ անկարող եմ։ Աւելին կայ, կը կարծեմ թէ շատ մեծ տհաճութիւն պիտի պատճառէի այդ անձին, եթէ փորձէի ճանչնալ զինքը։

Ուրեմն ինչո՞ւ համար այդ գլխարկը կը ղրկէ ձեզի։

Հը՛մ…այդ խնդիրը երկար պատմութիւն մընէ։

Լա՛ւ, պատմէ մեզ ուրեմն, օ՛ն։

Այս իրիկուն արդէն դրամնիդ առի. ձեզի աղաչել տալու հարկ չեմ տեներ. ահաւասաիկ կըսկսիմ պատմել։

Ընկերներու շրջանակը նորէն սեղմուեցաւ, ինչպէս քիչ առաջ՝ խաղի սեղանին շուրջ։ ՍԻկառները վառուեցան, եւ Շազէօյլ, ընդհանուր հետաքրքրութենէն գոհ, սկսաւ խօսիլ՞

Երեք տարի առաջ, Դեկտեմբերի վերջերը, Բարիզէն ճամբայ ելլելով Անժէր քաղաքը կ՚երթայի բարեկամի մը հարսնիքին ներկայ գտնուելու համար։ Այս ճամբորդութիւնը շատ հաճոյք չէր պատճառեր ինծի, բայց ի՛նչ օգուտ, ամուսնացող բարեկամս ատեն մը իմ զօրագունդիս մէջ ծառայած էր, եւ ես, զինուորականութենէ քաշուելէս ի վեր, իմ նախորդ կեանքս յիշեցնող ամէն բանի համար գուրգուրանք մը կը տածեմ։ Այսպէս ուրեմն, աշնան վերջերը, հագուած սգուած Բարիզէն ճամբայ ելած էի. հագած զգեստներս ճամբորդութեան շատ անյամար էին, բայց ի՛նչ օգուտ, հարսնիքի յատուկ լաթեր կրել ստիպուած էի, զանոնք առանձին մախաղով մը հետս տանելու հոգնութիւնը չուզելով յանձն առնել։

Արդէն իսկ վակօնի մը անկիւնը տեղաւորուած եւ ոտքերս տաք ջուրի գունտերուն վրայ հաստատած, ու լրագիրներս աչքէ անընելու դեռ նոր սկսած էի, երբ շատ գեղեցիկ կին մը, թխորակ, դալկադէմ, վակօնէն ներս մտաւ ու դէմս նստաւ։ Դրացուհիս, հակառակ իր պերճ արդուցարդին, համեստութեան հով մը ունէր. մատներուն երկայնութենէն կը հետեւցնէի թէ ազնուական ընտանիքի մը կը պատկանէր։ Սկսայ մտածել թէ ապահովաբար այդ տիկինը բարձր դասու վերաբերող, պարկեշտ մէկն էր, որ սիրային արկածներու համար ճամբայ չէր ելած։ Այդ պատճառաւ, լրագրիս վրայէն մէկ քանի անգամ անոր նայելէս վերջ— ասիկա այլ եւս խույ մը եղած է ինծի սա համոզումը գոյացուցի թէ «հաց չկար», ինչպէս սովոր էք ըսել դուք, պարոններ, եւ կրկին լրագիրներս սկսայ կարդալ։

Հարկ կըզգամ խոստովանելու թէ, դրացուհիս ալ իր կողմէ անանկ երեւոյթ մը առած էր որ կարծես թէ ես իր դէմը բնաւ գոյութիւն չունէի։ Իր ձեռքի պզտիկ մաղախէն հանած էր Լուտանայի վերջին հատորը եւ անտարակոյս մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդար զայն, քանի որ մէկ էջէն միւսը կ՚անցնէր անընդհատաբար, արծաթեայ սուր պզտիկ գանակով մը կարելով թուղթերը։

Թռէնը կը սուրար, եւ այս դրացնութիւնը, նոյն  իսկ իր անխօսուկ վիճակին մէջ, կրկին ունէր իր հրապոյրը, Վակօնօն մէջ մանուշակի եւ մուշտակի բուրում մը կար, որ կը բխէր այդ սիրուն արարածէն եւ կը հասնէր մինչեւ իր անծանօթ դրացին, պաշտօնական գլխարկով ճամբորդը։ Շատ կարելի է որ ճամբորդութեան անյարմար հանդերձանքս ճաշակիս մասին շատ գէշ գաղափար մը կուտար տիկնոջ, որ թերեւս անգիտակից արհամարհանք մը զգացած էր։ Միտքս գրաւուած էր բոլոր այս բաներով. կը մտածէի որ, եթէ թաղիքէ գլխարկ մը եւ պիսակաւոր փողկապ մը դրած ըլլայի, այն ատեն պիտի յանդգնէի խօսիլ անոր հետ…։ Բայց յանկարծ դրացուհիս կաս կարմիր եղաւ, գիրքը վար դրաւ եւ սկսաւ ուժգնօրէն հովահարուիլ։ Անոր գեղեցիկ դէմքին վրայ սրտնեղութեան կնճիռներ գծուեցան, թէեւ պահ մը վերջ հանդարտեցաւ եւ իր ընդհատեալ ընթերցանութիւնը վերսկսաւ։ Սակայն եւ այնպէս տասը վայրկեանէն կնոջ դէմքի ողբագին կծկումները նորէն երեւցան քրտինքի կաթիլներու հետ։ Ալ այս անգամ ինքզինքիս իրաւունք տուի թերթս մէկ կողմ թողուլ եւ խօսիլ անոր հետ, ձայնով մը՝ որուն մէջ ջանացի դնել ամէնէն խանդաղատ սիրոյ մը ներդաշնակութիւնը։

Հիւա՞նդ էք արդեօք, տիկին։

Քիչ մը, պարոն… բայց բան մը չէ, կանցնի հիմայ։

Կրնա՞մ արդեօք ձեզի օգակար ըլլալ ո եւ է կերպով, տիկին, բան մը կուզէ՞ք։

Շնորհակալ եմ, պարոն, ինձ համար շատ հաճելի բան մը ըրած կըլլաք…եթէ ինձմով բնաւ չըզբաղիք։

Վա՛յ անպիտան. յոյսս ի դերեւ ելած էր։ Անմիջապէս սկսայ թաղուիլ իմ ընթերցումներուս մէջ, միայն աչքիս պոչովը շարունակեցի դիտել ուղեկցուհիս, եւ հետզհետէ յայտնապէս տեսայ թէ վիճակը կը գէշնար։ Հիմա աւելի յաճախ կը կծկուէր, դէմքը կը գալարուէր, յօնքերը կը պռստէր եւ ակռաներովը կատաղօրէն կը խածնէր այն տանթէլէ թաշկինակը, որով իր քրտնաթաթախ երեսները կը սրբէր։ Խեղճը յայտնի էր որ սարսափելի կերպով կը նեղուէր, բայց առաջին անգամ ստացած պատասխանէն յետոյ, այլեւս չէի համարձակեր ինքզինքս վտանգի ենթարկելու։ Բայց այս անգամ ինքը սկսաւ խօսիլ հետս։

Պարո՛ն, ըսաւ ճիգ մը ընելով եւ այնպիսի անմեղունակ ձայնով մը որ կարծես հեռուէն կուգար ինձ, մօտերը կայարան մը կա՞յ արդեօք։

Մէկ ժամ պէտք է սպասել, տիկին, նոյն իսկ մէկ ժամէն ալ երբ Շարթրը հասնինք, թռնէնը հազիւ քանի մը վայրկեան կանգ կ՚առնէ։

Օ՜հ, սոսկալի բան է. ի՞նչ պիտի ըլլայ իմ վիճակս, երբէք մինչեւ հոն չպիտի կարենամ երթալ…։

Մտածեցի թէ դրացուհիիս իրարանցումին պատճառը մէկն էր այն թեթեւ այլ սիրական անհանգստութիւններէն, որոնց անշուշտ ակնարկելով ըսած է մեծն Մալէրպ. «Աղքատը, իր խրճիթին մէջ, ինչպէս ամենէն հարուստն ու տոհմիկը պարտաւոր են հպատակիլ անոր օրէնքներուն»

Եւ անմիջապէս ըսի տիկնոջ.

Ձեր անհանգստութեան համար խորապէս կը ցաւիմ տիկին, եւ վստահ եմ թէ իմ ներկայութիւնս է որ արգելք կ՚ըլլայ անոր բուժման։ Հաճեցէք ուրեմն իմ գոյութիւնս ուրանալ, ես պատուհանին առջեւ կը կենամ դաշտանկարը կը դիտեմ, եւ ձեր փափաքին համաձայն, այլ եւս ձեզմով չեմ զբաղիր։

Այս խօսքերը ըսելով մեքենայօրէն գլխարկս հանեցի զոր դէպի դրացուհիս կարկառեցի ճարտասան Պուրտալուի նման, եւ սակայն դիտել Սէն Սիռի բլրակները, անցեալիս բոլոր յիշատակները արթնցան եւ հետզհետէ տեսայ Օսթէրլիցի դղեակը, Վակրամը, մատուռը, վերջապէս բոլոր այն վայրերը ուր իմ երիտասարդութեանս առաջին օրերը ճառագայթած էին։ Անցեալին բովանդակ բանաստեղծականութեան մէջ կը լողայի…։ Վերջապէս, երբ պատուհանէն քաշուելով կրկին տեղս նստայ, ուղեկցուհիս այլեւս հիմա հանգստացած, զուարթերես եւ գոհսիրտ, դարձեալ Լուտանայի Սավէնիէնը կարդալու վերսկսած էր… միայն գլխարկս մէջտեղ չկար։

Պէտք եղաւ որ գլուխս բաց հասնիմ Անժէր, ուր հապճեպով այլանդակ գլխարկ մը միայն կրցայ դնել։ Բայց քանի մը օր վերջ, Յունվարի առաջին օրը, սքանչելի գլխարկ մը ստացայ, գլխարկ մը որ առաջնակարգ կերպով շիք էր եւ որ անբացատրելի գաղտնիք շատ լաւ կը վայլէր ինծի։ Ատկէ ի վեր, ամէն Կաղանդի, անխուսափելի կերպով նոր գլխարկ մը կընդունիմ…։ Ահաւասիկ ասոր համար կւսէի թէ գլուխս գոց ծնած չեմ, բայց միշտ գլուխտ գոցող մը գտնուած է։

Թարգմ. Լ[եւոն] Ք[իրիշճեան]

«Արեւելեան մամուլ», 1905, 11 Մայիս, թիւ 20, էջ 523-526