Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ԻՏԱԼԻԱ


Իտալիոյ սահամանդրական կազմակերպութեան վրայ խօսելէ առաջ անհրաժեշտ է գո՛նէ հարեւանցի ակնարկ մը նետել անոր վերջին 50 տարուան պատմութեան վրայ։

Իտալացի հայրենասէրները երկար ատեն տարակարծիք էին՝ իտալական ազգութիւն մը կերտելու համար հետեւելի քաղաքականութեան մասին. 1848էն առաջ, փիլիսոփայ—դիւանագէտ մը, Ճիօպէրթի կ՚երազէր սերտ դաշնակցութիւն մը հաստատել իտալական Ազատութեան ու Եկեղեցիին միջեւ. անիկա Իտալիոյ վերազարթնումին միակ կարել միջոց կը համարէր իտալական անջատ տէրութեանց միացումը՝ Պապին գերիշխանութեան տակ, Ճիօպէրթիի գաղափարները ատեն մը՝ մեծ ընդունելութիւն գտան. ամէն մարդ կ՚երեւակայէր տեսնել Պապը՝ իբրեւ նոր Աղեքսանդր երրորդ մը։ Բայց երբ հրատարակուեցաւ Պապին հովուական թուղթը՝ 1848 ապրիլ 29ին, յուսախաբութիւնը յանկարծակի ու դառն եղաւ, այնպէս որ փոխանակ Ճիօպէրթիի երազած միութեան, անանցանելի վիհ մը բացուեցաւ Յեղափոխութեան եւ Պապականութեան միջեւ։ Ճիօպէրթիի ընդդիմադիրն էր Մազզինին, այդ յեղափոխիչ միստիքականութեամբ լեցուն մարդը որ իր Աստուած ու ժողովուրդ գրքով յանդգնօրէն կը քարօզէր՝ ամէն կապ խզել անցեալի աւանդութիւններուն հետ։ Մազզինիի դաւանանքին ոգին սա էր. «Կեսարներու Հռոմէն վերջ եկաւ Պապերուն Հռոմը ու Պապերուն Հռոմէն ետք՝ պէտք է գայ Ժողովուրդին Հռոմը»։ Միացեալ Հանրապետութեան մը հաստատումը՝ Հռոմն ունենալով իրեն կոդրոն՝ Մազզինիի համար արմատական ու միակ միջոցն էր որպէսզի Իտալիան ազատի իր ստրկութենէն եւ ապրի իբրեւ անկախ ազգ։

   Բայց դիւրի՞ն բան էր հանրապետութիւն հաստատել Իտալիոյ մէջ՝ անանկ ժամանակամիջոցի մը, երբ դէպ ի պահպանողականութիւն տիեզերական ձգտում մը յաջորդած էր 1848ի յեղափոխական շարժումներուն։ Անկասկած, շատ դժնդակ գործ մըն էր զոր կ՚առաջնորդէին իտալացի հայրենասէրները. բայց այդ գործը յաջողութեամբ պսակուեցաւ, որովհետեւ իտալական մտացի ու ճապուկ ցեղը, որ այնքան ճարտար դիւանագէտներ արտադրած է, հասկցաւ թէ Իտալիոյ անկախութիւնն ու միութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ էր յեղափոխական կուսակցութեան գործակցութիւնը Սավուայի արքունական գերդաստանին՝ Վիքթօր Էմմանուէլին հետ։1856ին, Իտալիոյ երկու ամէնէն անարատ հայրենասէրները՝ Մանէն եւ Բալլավիչինօ՝ իրենց հիմնած Societa Nazionale կուսակցութեան բերնով յայտարարեցին, թէ «Իտալիա միմիայն յեղափոխութեամբ կրնայ վերակազմուիլ. իսկ յեղափոխութիւնը միմիայն Վիքթօր Էմմանուէլի օժանդակութեամբ կրնայ յաղթանակել։ Ով որ Իտալիոյ միութիւնը կ՚ուզէ, պէտք է ընդունի նաեւ միութիւնը իրականացնելու միջոցները. եթէ կը փափաքինք՝ որ միացման գաղափարը հասկցուի ու ընդունուի ամբոխին կողմէ, անհրաժեշտ է որ այդ միութիւնը գործով մը երեւան գայ ու մարմնաւորի միակ մարդու մը մէջ»։ Այս յայտարաութիւնը արձագանգ գտաւ Իտալիոյ ժողովուրդին բոլո՛ր խաւերուն մէջ, ու ամբողջ իտալական թերակղզին անկախութեան կարգախօսովը ելեքտրականացաւ. ազգային Մեսիան՝ զոր Մաքիավէլ կը նախատեսէր իր Princeին վերջաբանին մէջ, եւ որուն առջեւ բոլոր դուրռները պէտք էր բացուէն, Իտալիան տեսաւ զայն յանձին Վիքթօր Էմմանուէլի։ Այդ Մեսիային ներշնչած ոգիին ու անկախութեան ախոյեաններուն շնորհիւ էր որ Իտալիա վերջնականապէս թօթափեղ աւստրիական լուծը, ու եղաւ ինքնավար ազգ։

֍

Իտալական կառավարութեան ձեւը սահմանադրական միապետութիւն է։ Ամէն անգամ որ թագաւոր մը՝ ժառանգական կարգով գահ կը բարձրանայ, Բարլամէնթին միջոցաւ կ՚որոշուի թէ տարեկան ի՞նչ պիտի վճարէ ազգը՝ արքունիքին ծախքերուն համար։ Թագաւորին անձը «նուիրական ու անձեռնմխելի է»։ Միայն ինքն է որ գործադիր իշխանութիւնը կը վարէ՝ պատասխանատու նախարարներուն ձեռամբ։ Թագաւորը խորհրդարանին համահաւասար չափով օրէնսդիր իշխանութիւն ունի, ու veto (մերժումի) բացարձակ իրաւունքն ալ իրն է. ուզած ատենը կարող է լուծել խորհրդարանը, պայմանաւ որ առ առաւելն չորս ամիսէն նոր ընտրութիւններ կատարել տայ։

Իտալիոյ խորհրդարանը երկու Ժողովներէ կը բաղկանայ։ Ծերակոյտ եւ Երեսփ. Ժողով. Ծերակոյտի անդամները քուէարկութեամբ չէ որ պաշտօնի կը կոչուին. արքայազուն իշխանները, ինչպէս նաեւ թագաւորին կողմէ նշանակուած մարդիկը կ՚երթան կը բազմին Ծերակոյտին մէջ։ Միայն թէ, թագաւորը պարտաւոր է Ծերակոյտի անդամները ըտնրել այնպիսի անհատներէ, որոնք նշանաւոր ծառայութիւններ մատուցած ըլլան հայրենիքին, իրենց 40րդ տարին լրացուցած ու տարեկան 3000 լիռ ուղղակի տուրք վճարողներ ըլլան։ Իտալոյ Ծերակոյտի ներկայ անդամներուն թիւն է 390։ Սկզբամբ, Ծերակոյտը Երեսփ. Ժողովին համահաւասար իրաւունքներ ունի, թէ՛ օրէնսգրական գործերու մէջ եւ թէ կառացարութեան ընթացքին վրայ հսկողութիւն ի գործ դնելու համար։ Ծերակոյտին իրաւանց միակ ստորադաս կէտը յիշատակուած է Հիմնական Օրէնքին 10րդ յօդուածին մէջ, որը կըսէ «տուրք դնելու կամ պետութեան ելմտացոյցը վաւերացնելու համար հաստատուելիք ամէն օրէնք նախ Երեսփ. Ժողովին պէտք է ներկայացուի»։

Թէ՛ Ծերակոյտը եւ թէ՛ Երեսփ[ոխանական] Ժողովը պէտք է միեւնոյն ատեն գումարեն իրենց նիստերը։ Ժողովը հրապարակային պէտք է ըլլայ. միայն թէ՝ երբ 10 ժողովականներ գրաւորապէս պահանջեն. խորհրդակցութիւնները դռնփակ տեղի կ՚ունենան։ Երեսփ. Ժողովին որոշումները այն ատեն միայն վաւերական են, երբ անդամներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը ներկայ է։ Ո եւ է երեսփոխան կամ ծերակուտական դատական հետապնդումի չենթարկուիր, Խորհրդարանին մէջ իր յայտնած այս կամ այն կարծիքին համար։

Իտալիոյ մէջ, ո՛չ երեսփոխանները եւ ոչ ալ ծերակուտականները ամսական չեն ստանար ազգէն.. միակ իրաւունքնին ուրիշ բան չէ՝ այլ տէրութեան բոլոր երկաթուղւոյ գծերուն վրայ ձրիաբար երթեւեկել։ Երեսփոխանները եւ ծերակուտակնները իրենց պաշտօնին ձեռնարկելէ առաջ՝ հետեւեալ երդումը պէտք է ընեն. «կ՚երդնում հաւատարիմ մնալ թագաւորին, օրինաւորապէս յարգել պետութեան օրէնքներն ու կանոնները, եւ իմ պաշտօնս կատարել՝ միակ տեսակէտ ունենալով Թագաւորին եւ Հայրենեաց անբաժանելի բարիքը»։ Երեսփ. Ժողովին ու Ծերակոյտին կողմէ քուէարկուած օրէնք մը այն ատեն միայն ոյժ կ՚ունենայ, երբ Թագաւորն ալ համամտութիւն յայտնէ եւ հրատարակէ օրէնքը։ Իտալական ժողովուրդն ալ կը վայելէ բոլո՛ր սահմանադրական ազգերու յատուկ եղող տարրական ազատութիւնները. այսպէս՝ միա՛յն օրէնքով կարելի է մարդ մը ձերբակալել. անձեր եւ բնակարանները անձեռնմխելի են. մամուլը ազատ է. մամլոյ դէմ բացուած դատերը երդուեալ դատաւորներու ատեանին (jury) պէտք է ներկայանան. միա՛յն խորհրդարանէն վաւերացեալ տուրքերը հարկադրիչ են. ժողովի, խօսքի ու դաւանանքի ազատութիւն կայ, եւն։

Ինչ որ Իտալիոյ սահմանադրական վարչութեան ինքնատիպ դրոշմ մը կուտայ, Վատիկանի եւ իտալական կառավարութեան վիջեւ գոյութիւն ունեցող մասնաւոր յարաբերութեանց պարագան է։ Երբ Վիքթօռ Էմմանուէլ իր բանակով Հռոմը գրաւոց, կնճռոտ խնդիր մը  երեւան ելաւ. ի՛նչ պիտի ըլլար թագաւորին ու Պապին յարաբերութեանց եղանակը՝ պազականութեան այդ նախկին մայրաքաղաքին՝ Հռոմի մէջ։ Քավուր, Իտալիոյ այդ մեծ դիւանագէտը 1861ին յայտարարած էր, թէ «Իտալիա եւ այլուե գտնուող Կաթոլիկները պէտք չէ որ խորհին թէ Հռոմը իտալական միութեան կեդրոն ըլլալով։ Եկեղեցին սարկութեան վերածուած է։ Պէտք է Հռոմ երթանք, բայց առանց դպչելու Պապին անկախութեան, առանց որ՝ քաղաքային իշխանութիւնն իր ազդեցութիւնը տարածէ նաեւ կրօնական գործերու վրայ։

Քավուրի այս խոհեմ քաղաքականութիւնն իր ջատագովներն ունեցաւ խորհրդարանին մէջ, եւ ահա 1871ին հաստատուեցան «Թագաւորութեան հիմնական օրէնքները» որոնք կը գծեն Պապին ու իտալական կառավարութեան միջեւ յարաբերութեանց եղանակը։ Այդ օրէնքին հետեւելով։ Պապն ալ վեհապետ կը ճանչցուի. իր աանձն ալ «նուիրական ու անձեռնմխելի» է, ու իրեն դէմ ի՛նչ յանցապարտ արարք որ տեղի ունենայ, կը դատուի այնպէս՝ ինչպէս Թագաւորի անձին դէմ կատարուած յանցանք մը։ Իտալական կառավարութիւնը ընդունած է որ Պապը, Իտալիոյ հողին վրայ, թագաւորական պատիւներու պէտք է արժանանայ. անիկա իր գործունէութեան շրջանակին մէջ անկախ է ու օտար տէրութիւններները ներկայացուցիչներ ունին Վատիկանի մէջ որոնք դեսպաններու համահաւասար իրաւունք եւ պատիւ կը վայելեն։ Վերջապէս, հիմնական օրէնքին 4րդ յօդուածին համաձայն, իտալական կառավարութիւնը Պապին կը վճարէ տարեկան 3, 225, 000 լիռ։