Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Վեց կախաղան. ութ թիարան

Կիլիկեան արհաւիրքներու մանրամասնութիւնները դեռ նոր արձագանգ գտած էին ամէն կողմ ու մեր ցեղին քնամոլ խղճմտանքը խռովելու դեռ նոր սկսած էր, երբ յայտարարուեցաւ թէ Վերանորոգուած Թուրքիոյ ղեկավարները բացարձակ արդարութեան նժարն ի ձեռին, պիտի երթան պատժել ջարդի ու թալանի իսկական հեղինակները. այս յայտարարութիւնը իր սփոփարար ներգործութիւնն ունեցաւ մեր ժողովուրդի այն խաւերուն մէջ, որոնց հաճելի էր ինքնախաբէութիւնն ունենալ կարծելու, թէ «Համիտեան արդարութեան» շրջանը միանգամ ընդ միշտ փակուած է։

Այլ սակայն, այն վեց կախաղանները որոնց բարձրութենէն վեց Հայ պարմաններ իրենց հոգեվարքի հռնդիւնները արձակեցին, եւ այն ութը թիարանները, ուր պիտի երթան չարչարուելով մեռնիլ ութը Հայ երիտասարդներ, այլ եւս վերջնականապէս համոզում գոյացնել տուին, թէ անգա՛մ մըն ալ խաբուած ենք մեր ակնկալութիւններուն մէջ։ Իսլամ խուժանը անպաշտօն Թուրքիան հազարաւորներ ջարդեց, թալլեց, լլկեց. ու ահա՛ պաշտօնական Թուրքիան կուգայ մահացնել յետին բեկորներն այն ցեղին որ կարծեց, գոնէ անգամ մը, իրաւունք ունենալ անձնապաշտպանութեան կռիւը մղելու։ Խուժանը՝ յարդանոցներու խորը, կամ ջրհորներու մէջ եւ կամ թաքստոցներու մթութեան մէջ սպաննեց զմեզ. բայց ահա պաշտօնական Թուրքիան, աւելի խիզախ ու աւելի անսիրտ, որ վե՛ր , վե՜ր, օդին մէջ բարձրացնելով կը մեռցնէ այն քանի մը կտրիճները, որոնք աւարառուներու եւ սպաննիչներու դէմ զէնք բարձրացնելու «ոճիր»ը գործեր էին…։

Ու ահաւասիկ մենք կը լսենք անոնց կախաղաններուն ճռնչիւնը եւ մարմինին ջղաձգումները. մենք կը լսենք թիապարտներուն շղթային մահերգը, որ վիրաւոր հայութեան ցաւերը կ՚օրօրէ։ Այդ կախաղանները ուրուականներու պէս պիտի երերտկան մեր աչքերուն առջեւ, ու թիարաններու խորէն արձակուած հառաչանքները շարունակ սա հարցումը ընել պիտի տան մեզի Ինչո՞ւ կախուեցան, ինչո՞ւ թիարան զրկուեցան 14 Հայերը։ Ինչո՜ւ. բայց որովհետեւ ինքզինքնին, ու իրենց պատիւը պաշտպանեցին. որովհետեւ աւելի քաջ եղան քան այն միւս Հայերը որոնք ոչխարի պէս մորթուեցան. որովհետեւ մարդկային ազգին ու այս երկրին մեծագոյն արատն եղող բարբարոս խուժանի մը գազանութիւնները պատժեցին ու Չարիքը ու Հրէշութիւնը իր խանձարուրքին մէջ խեղդամահ ըրին։ Օսմ[անեան] Հայրենեաց իսկական շահերուն գիտակից ոեւէ անհատ պէտք էր ըմբռնել թէ աւերիչ ու արիւնածարաւ խուժանի մը դէմ ծառայող այս քանի մը կտրիճները հզօրագոյն ազդակներն եղան՝ բարբարոսութիւնը ճնշելու դժուարին գործին մէջ. ինչ որ նախարարներ՝ իրենց հեռագիրներով, վալիներ՝ իրենց հրամաններով, ու նոյն իսկ օտար մարտանաւեր՝ իրենց ծխանին մուխին սպառնալիքովը չկրցան ընել, այս ափ մը Հայերը ըրին, որովհետեւ անոնք վերադարձած բռնակալութեան մոլեռանդ դերակատարներ չքացուցին, մարդասպաններ սպաննեցին, թալանողներու ձեռքը կտրեցին, պատուոյ բռնաբարիչներու վաւաշոտ ջիղերը կոտրտեցին։ Ու քանի որ ա՛յս բանին համար կախուեցան, ինչպէս 20 դար առաջ Յիսուս մը խաչուեցաւ երկու աւազակներու հետ, թո՜ղ ամէն մարդ գիտնայ թէ Արդարութեան անունով մեծագոյն Անիրաւութիւնը գործուեցաւ հոն, Ատանայի պատառատուն կուրծքին վրայ գամուած վեց կախաղաններով։

Թիարան՝ ղրկուած եւ կախուած 14 Հայերուն ամէնքը իրենց բարոյական կեանքին բոլոր բուլերովը չենք ճանչնար տակաւին։ Բայց այն տեղեկութիւնները զորս ցարդ ստացած ենք իրենցմէ  4ին նկատմամբ, իրաւունք կուտան մեզի խորհելու, թէ ինքնապաշտպանութեան հիման վրայ կատարուած գործերը եւ Օսմ[անեան] Սահմանադրութեան ամրապնդմանն համար տեսնուած ռազմական բոլոր պատրաստութիւնները «ոճիր» նկատուած են «ազատաբար» դատաւորներու կողմէ։ Իրենցմէ մէկուն պատմութիւնը մանաւանդ շատ բան կը բացատրէ։ Ատանայի շրջակայ գիւղերէն լեղապատառ քաղաք վերադարձող բազմաթիւ Հայուհիներ յարձակում կը կրեն իսլամ խուժանէն։ Հայ կտրիճ մը որ նոյն պահուն ականատես կ՚ըլլար գազանային արարքներու, կը քաշէ իր խանչէրը եւ լլկուած Հայուհիներուն արեան վրէժը կը լուծէ, թերեւս կրկնապատիկ, թերեւս տասնապատիկ. ո՞վ չպիտի ուզէր համբուրել այս կտրիճին ճակատը. Եւրոպական ոեւէ օրէնքի կամ դատարանի առջեւ անիկա ոչ միայն անպարտ պիտի հռչակուէր, այլ եւ քաջութեան մէտայլ մը պիտի կախէին իր կուրծքէն։ Հոս, մեր երկրին մէջ, զինքը կախեցին սակայն, ինչպէս հասարակ ոճրագործ  մը, որպէս թէ ըլլար մէկն այն գազաններէն որոնք Հայու արիւն խմեցին։ Ասիկա թող գիտնայ ամէն Հայ, ու նաեւ ամէն օսմանցի։

Տասնեակ հազարաւոր հայեր ջարդուեցան, նոյն համեմատութեամբ քրիստոնոեայ տուներ եւ խանութներ թալլուեցան իսլամ խուժանին կողմէ, եւ սակայն ցարդ հազիւ 20 իսլամ յանցաւոր գտան դատաւորները. մինչ քանի մը հարիւր սպանեալ իսլամի փոխարէն 14 հայեր ենթարկուեցան ծանրագոյն պատիժներուն։

Ասիկա ալ թող գիտնայ ամէն հայ, ու ամէն օսմանցի։

֍
Դարձեալ սօցիալիզմը

Ընկերվարական բրօբականտը պատշա՞ճ եւ օգտակա՞ր է մղել տաճկահայ ժողովուրդի ներկայ կացութեան միջոցին։ Այս հարցը դրած էինք «Ձայն Հայրենեաց»ի վերջընթեր թուով եւ եւ կարգ մը իրողութեանց մէջբերումով ժխտական եզրակացութեան մը յանգած էինք։ Մեր եզրակացութիւնը եւ մեր տրամաբանելու եղանակը անհաճոյ թուեր է Ազդակի ընկերվարական երիտասարդ եռապետութեան, որը՝ ընկերվարական վեհանձնական ոգիին բոլորովին անպատշաճ toneով մը կը փորձէ ջրել մեր եզրակացութիւնը։ Մենք շատ գոհ պիտի մնայինք, եթէ Ազդակ լուրջ փաստերով եւ համոզկեր եղանակով մը ապացուցանէր թէ ընկերվարական հաւատալիքներու անմիջական մուտքն ու կիրարկումը՝ տաճկահայ կանքին մէջ՝ հարկեցուցիչ պէտք մըն է եւ չունի իր վնասակար հետեւանքները։ Ազդակ՝ ընկերվարական թերթի իր այս պարտականութիւնը չի կատարելէ զատ, ինքզինքին թոյլ կուտայ սկզբունքային վիճաբանութիւն մը գինետան հակառակութեան աստիճանին իջեցնելու եւ պարսաւագրական  կամ ծաղրածու տողերով իրաւունք կորզելու։ Անկեղծօրէն կ՚արգահատինք իր այս վարմունքին վրայ։ Ազդակի ընկերվարական երրեակին՝ սա մեր ճանչցած Գեղամին, Շաւարշին ու Վահրամին մէջ ո՞վ փչեց արհամարհանքի այդ հովը, որմէ ուռած՝ անոնք օդապարիկի պէս թեթեւօրէն ու յանկարծակի կը հեռանան իրենց հայրենի նուիրական հողերէն, բարքերէն ու աւանդութիւններէն, երթալ իյնալու համար օտար գիրկը այն կարգ մը ընկերվարական բեմբասացներուն, որոնք մեր երկրին արդի պայմաններուն հիմնովին անգիտակ։ Եւրոպայի մէջ ու Եւրոպացիներու համար գրուած ճառերը թարգմանելով միամիտներ հրապուրեցին քանի մը ամիս առաջ։

Ազդակի երիտասարդ երրեակը իր խայթոցներուն աւելի արդարացի հանգամանք մը տալու համար կը զիջանի խեղաթիւրումներ ալ ընել, եւ մեզի կը վերագրէ ըսած ըլլալ անանկ բաներ, զոր ոչ իսկ մտածած ենք։ Մենք երբեք չենք ըսած թէ «ընկերվարական բրօբականտը աղիտաբեր է մեզի համար»։ Ոչ ալ, ոեւէ առթիւ, ուրացած ենք այն բարիքները, զորս ընկերվարականութիւնը կրնայ ծնեցնել հայ կեանքին մէջ։ Բայց ինչո՞ւ չեն հասկնար մեզի, երբ կ՚ըսենք թէ մեր երկրին ու մեր ազգին ներկայ պատառատուն վիճակին մէջ է որ կանխահաս կը գտնենք ընկերվարական բրօբականտը, եւ մեր արդէն իսկ ցրիւ ցրիւ եղած ոյժերը չենք ուզեր տկարացնել դասակարգային կռիւներ ստեղծելով, օրինակ՝ հայ ժողովուրդը հայ կղերին դէմ, հայ մշակը հայ հողատէրին դէմ, հայ գործաւորը հայ դրամատէրին դէմ հանելով։

Իսկ ինչ կը վերաբերի Ազդակի այն insinuationներուն, թէ մենք «թաւշեայ սեղաններու առջեւ սրտի կատարեալ անդորրութեամբ կեանքի հարցեր լուծելու ունակութիւնն» ունինք, թէ «երկրի խորերը, լոյսէ եւ հաղորդակցութենէ զրկուած արիւնաքամ գիւղերը» պէտք է երթալ, չենք գիտեր թէ Պօլսոյ նեղուցներէն դուրս չելած եւ մերիններէն ոչ նուազ թաւշապատ սեղաններու առջեւ աշխատող այս 3 տղաքը ի՜նչ յաւականութեամբ ասանկ պատգամներ կ՚արձակեն։ Եթէ հարկ ըլլայ Գաւառը խօսեցնել տալու, մենք կրնայինք հրատարակել մեր ստացած բոլոր այն գաւառական թղթակցութիւնները, որոնց մէջ պատմուած է թէ ինչպէ՛ս ներքին գաւառներու ժողովուրդը նորանոր պառակտումներու կը մատնուի ընկերվարական վարդապետութեանց քարոզումին երեսէն, մինչ ամբո՛ղջ Գաւառը, ինչպէս ամբո՛ղջ Հայութիւնը իր բոլոր դասակարգերով եւ խաւերով միազօր ու միբերան պէտք էր ծառանար՝ կեանքի, ինչքի  ու պատուի տարրական իրաւունքները ձեռք բերելու նախ, եւ անկէ ետք միայն զանազան ընկերային խնդիրներով զբաղուէր, վիճէր, պառակտէր։ Գաւառական 22 քաղաքներ այցելած երկու գործիչներ, որոնք Ազդակի վերաբերած կուսակցութեան կը պատկանին, վերջերս կը խոստովանէին մեզ, թէ ընկերվարական քարոզութիւնները խորթ կուգան գաւառի ժողովուրդին, որուն լուրջ դասակարգը երբեք չի միտիր որդեգրել զանոնք, մնաց որ դեռ իր գոյութեան խնդիրը չէ լուծուած։ Նոյն գործիչները, իրենց քննութեան արդիւնքը հաղորդեր են դաշնակցական—ընկերվարական շէֆի մը, որ պատասխանած է թէ, իրօք, ինք ալ համոզուած է որ գոնէ 10 տարի պէտք է մէկ կողմ թողուլ ընկերվարական քարոզութիւնները։ Ահաւասիկ եզրակացութիւնը որ մերը եղած է առաջին օրէն, եւ որուն պիտի յարի «Ազդակ»ի քիչ մը շատ երիտասարդ երրեակը, եթէ թօթափէ իր արհամարհոտ հովը եւ անդրադառնայ թէ ընկերվարականութեան առաջին սկզբունքը՝ դիմացինին կարծիքին հետ յարգանքով վերաբերուիլն է։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Նոր շրջան, 12-25 Յունիս, թիւ 34, էջ 337-338