Քերթուածներ ու Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԵՒԵՌՈՒՄ

Տանջանքի մը կըտըրտուքովն հիւծեցայ,

Նուրբ ցաւերու ան Տանջանքը անմըռունջ,

Որ ինձ կաթեց Արհաւիրքէն մահաշունչ,

Անհունին ցաւն, Անհունին սէրը հըսկայ։

 

Գարնան լոյսի թըրթըռումներն ոսկեզօծ,

Խոտի թերթին, թրթռան թեւին վրայ թըրթռուն,

Մըթնոլորտին որոտումներն կայծկըլտուն,

Ուսուցիչներն եղան Միտքիս ալեկոծ։

 

Ու Բնութիւնն եղաւ ինծի իտէալ։

Անոր յոյզերն, անոր կեանքը հոգեթով,

Գերեցին զիս Աստուածի մը հրապոյրով,

Եղբայր ըրին զիս բոյսի՛ն ալ, քարին ալ,

 

Այս շատ անուշ տանջանքով ես հիւծեցայ,

Նուրբ ցաւերու այս տանջանքով անշըշունչ,

Տիեզերքին սուրբ ցաւերով սիրաշունչ,

Լայն Անհունին խոր սիրովը դիւրազգայ։

1903

 

«Բիւրակն» Հանդէս, 1 Նոյեմբեր 1903, թիւ 44