Քերթուածներ ու Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Վենետիկի Մխիթարեան հաստատութիւնը, շատ ցաւալի պարագաներու տխուր զուգորդութեամբ մը, որուն մանրամասնութիւնները պէտք եղացին պէս քննուած եւ ուսումնասիրուած են Պատմութեան տարեգրութիւններուն մէջ, ստիպուեցաւ ըլլալ, եղաւ ու մնաց մինչեւ այսօր ամէն բանէ առաջ կրօնական ընկերակցութիւն մը։ Դեռ աւելին կայ. եթէ այդ «ցաւալի պարագաները» որոնց ակնարկեցի քիչ վերը, Մխիթար Աբբան ստիպեցին ա՛յդպէս ընել, ու եթէ սկիզբները, գոնէ միաբանութեան հիմնումէն մինչեւ 70―80 տարի, յայտնի մնաց այդ «ստիպում»ը եւ անոր կը տրուէր ստիպման տակ կատարուած գործի մը վայել շատ երկրորդական կարեւորութիւնը միայն, անկէ ետքը իրերը բոլորովին փոխուեցան եւ բացի ընդվզող քանի մը Միտքերէ, որոնք կրցան իրենց վանականութիւնը ըմբռնել այն հայեցակէտէն որով առած էր Մեծ Մխիթարեանը, միւսները, ըսենք մեծամասնութիւնը տարուեցան Կրօնքին հոսանքովը միայն՝ ու եղան ամէն բանէ առաջ կրօնաւորներ, օգոստինոսեան վանականներ։

Վա՛նք…։

Ընկերական―հասարակական հիմնարկութիւնները, մանաւանդ անոնք՝ որոնք զուտ Գաղափարի մը թելովը չէ որ իրենց հետեւորդներու միտքերը իրարու կը կապեն, այլ ունենալով որոշ ու մեկին կազմակերպութիւն մը, իրենց անդամներուն միջեւ Պարտքի ու Իրաւունքի եւ Գործունէութեան շաւիղները կը գծեն, այս կարգի հասարակական հիմնարկութիւնները մանաւանդ, իրենք իրենց մէջ պարփակուած տեսակ մը ամփոփ իշխանապետութիւններ են, անջատ ժողովուրդներ, եթէ կʼուզէք, որոնք կը կառավարեն ինքզինքնին՝ իրենց մասնաւոր կանոններուն ու սկզբունքներուն հիման վրայ եւ որոնց մէջ անհատները իրարու հետ ունին իրենց առանձին յարաբերութիւնները։ Անոնք ունին իրենց աստիճանները, իրենց մեծերը, իրենց վարձատրութիւնները, իրենց պատիժները եւ իրենց Հնազանդութիւնը։ Այսպէ՛ս է սօցիալիստական կազմակերպութիւնը, այսպէս է ժէզուիթականութիւնը, այսպէ՛ս է ՖրանՄասօնըրին, այսպէս են նոյնիսկ ոչնչականները եւ ծայրայեղ―ազատական ու անիշխանական ընկերակցութիւնները, բայց ամէնէն աւելի ու ամէնէն առաջ կրօնական միաբանութիւնները, վանքերն, են այդպէս։

Անանկ որ, երբ դուք «վանք» կʼըսէք, պէտք չէ անպատճառ երեւակայէք շէնք մը ուր կարգ մը իրարու համամիտ մարդեր քովէ քով եկած կʼապրին, ինչպէս պիտի ապրէր սոսկական ընտանիք մը իր զաւակներով…։ Վանք մը ինքնին փոքրիկ աշխարհ մըն է այս մեծ աշխարհին մէջ ու ինչպէս այս վերջինս ունի իր անհամար վէրքերը նոյնպէս եւ առաջինը ունի իր անսահման տգեղութիւնները, հոգ չէ թէ յաճախ, գրեթէ միշտ վարագուրուած փայլուն արտաքինով մը։ Տրուած ըլլալով այս գերազանցապէս ճշմարիտ իրականութիւնը՝ երբ կը մտադրէք այնինչ որոշ վանականներուն անհատական―առանձին կամ հաւաքական մէկ գործին ուսումնասիրութիւնովը զբաղիլ, անհրաժեշտ է որ դուք սկսիք սերտելով նախ ժամանակագրական նոյն րոպէի միջոցին ընկերական կեանքը ու տիրապետող հոսանքը խնդրոյ առարկայ վանքին մէջ ու վար առնէք, պատռէք ամէնէն առաջ զայն քօղարկող խորհրդաւորութիւնը. այն ատեն միայն ձեր դատողութիւնները կʼըլլան աւելի կտրուկ, ձեր տեսածները՝ աւելի ահաւոր, ձեր փաստերը՝ աւելի հիմնական եւ ձեր վճիռը կʼըլլայ աւելի խրոխտ ու սաստիկ։

֍ ֍ ֍

Այսօր Վենետիկի Մուրատ―Ռափայէլեան վարժարանի խնդիր մը կայ, խնդիր մը որ բնականօրէն այնքան աւելի կարեւոր է որքան մեծ է այդ վարժարանին պատմութիւնը ըստ ինքեան, բայց որովհետեւ այդ հաստատութիւնը շատ ուղղակի, շատ սերտ կապերու, նիւթական եւ բարոյական, մատակարարութիւններու եւ հոգերու անթիւ առնչութիւններ ունի զինքը վարող միւս հաստատութեան հետ, որը մանաւանդ, պէտք է շեշտել ու ստորագծել, կրօնական―կղերական հաստատութիւն մը, Վանք մըն է, եթէ դուք վարժարանը առնէք ինքնըստինքեան իր մէջ եւ ուզէք անոր Ցաւը իր մէջ միայն սերտել ու բացատրել, դուք շատ քիչ ճիշտ, շատ մակերեւութային եւ մասնակի ախտաքննութիւն մը միայն ըրած կʼըլլալք, եթէ ոչ հիմնովին սխալ, ու այն ատեն, այդ իսկ պատճառով, ձեր մտածած դարմանումներն ալ կʼըլլան դժբաղդաբար «առժամանակեայ» ու «վաղանցուկ» ու ա՛յդքան միայն, թոքախտէ տառապողին տրուած թմրեցուցիչ մօրֆինը թերեւս, սոսկ ինքնախաբէութիւն…։

֍ ֍ ֍

Մուրատ―Ռափայէլեան վարժարանին անկումը նոր չէ եւ մանաւանդ երբեք կապ չունի ուղղակի այս կամ այն տեսուչին անձնաւորութնէն։ Մուրատ―Ռափայէլեան վարժարանը շատոնց խաղալիքը եղած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան զանազան անդամներուն, անոնց ձեռքին մէջ տեսակ մը գնդակ, զոր կը նետեն իրարու, յետոյ զիրար կը հրեն, կը վազեն, կը վազվզեն զայն նորէն ձեռք անցնելու համար, անանկ որ այդ գեղեցիկ համբաւը վայելող եւ համազգային համակրութեան կեդրոնացումը եղող ուսումնարանը եղած է, ու շատոնց արդէն ինչպէս ըսի, վանական էնթրիքներու հասարակ տեղիք մը եւ շատ անգամ վանքին մէջ տիրող զանազան կուսակցական հոսանքնրու յենարան մը, փրկութեան շիւղ մը։

Նոյնն է նաեւ խեղճ Բազմավէպը։ Եթէ այդ ալեւոր պարբերականը լեզու ուննար ու խօէր ձզի իր կենսագրութիւնը, դուք պիտի գտնէիք հոն ամբողջ եսամոլութեան մը գլուխ գործոցներուն հանդիսարանը։

Մուրատ―Ռափայէլեան վարժարանի մատակարարութիւն եւ Բազմավէպի հրատարակութիւն ամէնէն կարեւորները եղած են միշտ վանական խարդախութիւններուն սպասարկող պաշտօններուն մէջ։ Յետոյ կուգան վանական կալուածներուն, Ֆիէսսօի հողերուն, Բատօվայի այգիներուն մատակարարութեան պաշտօնները, յետոյ դարձեալ Պոլիսի, Գատը―գիւղի կամ Բերայի Մխիթարեան տարրական վարժարաններու մատակարարութիւնը, Տրապիզոնի եւ Մուշի վարժարաններու տեսչութիւնները, եւն. եւայլն։

Անանկ որ այս բոլոր շատ կարեւոր գործունէութանց յաջող թէ անյաջող, լաւ թէ գէշ կերպով կատարուիլը՝ կախումն ունի միայն վանքին մէջ տիրապետող Կուսակցութեան, կամ, եթէ կուզէք, աւելի ճիշտ բառով, Հոսանքին տեսակէն, անոր լաւ կամ գէշ ըլլալէն։

Ուրեմն երբ այսօր մենք պարտականութիւնը կը զգանք քննադատելու Մուրատ―Ռափայէլեան վարժարանին յանկարծական խայտառակումը, անհրաժեշտ է որ սերտենք թէ ինչ է այսօր այս վայրկեանին, Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան ներքին կեանքին իրական վիճակը։

Ու առ այդ՝ պէտք է ահաւասիկ վար առնել անմիջապէս խորհրդաւորութեան ու արտաքին հմայքի այն քօղը՝ որ ծածկած է այդ հաստատութիւնը։

Ա՛յսպէս։

֍ ֍ ֍

Նախորդ յօդուածս վերջացնելով կʼըսէի թէ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանին եւ Հայր Գարեգին Զարպհանէլեանին մահէն ետք, այսինքն վերի վերոյ 1902էն ասդին, Վենետիկի Հայ վանքը Մեծ Ունայնի մը վերածուեցաւ եւ ես ինծի կը հարցնէի անմիջապէս թէ ինչո՞ւ…»։

Անշուշտ, «Ինչո՞ւ», քանի որ այդ շրջանին մենք ունեցանք տակաւին նոյն այդ վանքին մէջ Ղազիկեան մը, Երեմեան մը, Էփրիկեան մը, որոնք աշխատեցան մատենագիտական հրապարակագրական ու աշխարհա―պատմագրական շատ յաջող կարողութիւններով ու մեզի տուին մեծապէս օգտակար արտադրութիւններ, Հ. Արսէն Ղազիկեանը՝ Տանդէի թարգմանութիւն, Լէօբարտիի թարգմանութիւն, հսկայ Մատենագիտութիւն մը թէեւ դեռ անաւարտ։ Հ. Սիմոն Երեմը՝ բաւական գեղեցիկ վէպեր ու միշտ արթուն առաջնորդողներ, Հ. Էփրիկեան Բնաշխարհիկ Բառարանի նման գանձարան մը։

Ինչո՞ւ ուրեմն, ինչպէ՞ս ըսել որ Ալիշանէն ու Զարպհանէլեանէն ետք ունայնացաւ Սուրբ Ղազարի բազմարդիւն մենաստանը։

Հոդ է գաղտնիքը։

Ս. Ղազարու վանքին եւ անոր հրամանատարութեան տակ գտնուող բոլոր մեծ ու փոքր հաստատութիւններուն ընդհանուր, միապետական ու միահեծան ղեկը ունի իր ձեռքին մէջ վանքին ընդհանուր Աբբահայրը՝ Գերապայծառ Իգնատիոս Կիւրեղեան։

Կիւրեղեան Գերապայծառ տարօրինակ դի մըն է իր մարդ, իր հայ եւ իբր կղերական։ Երբեք ո՛չ ոք չէ կրցած հասկնալ թէ իրապէս բարի՞ է, չափազանց բարի ու միամի՞տ է ան, թէ ահաւոր կեղծաւոր մըն է, ամէն չարիք ընելու կարող՝ սոսկալի եսասէր մը։ Յետոյ իբր Հայ, ոչ ոք դարձեալ չէ կրցած հասկնալ թէ ան արդեօք իրա՞ւ ազգասէր, հայասէր մըն է թէ այդ դիմակին տակ պահուած սոսկալի անտարբեր մը, եւ նորէն, իբր կղերական՝ ոչ ոք չէ կրցած գիտնալ թէ Կիւրեղեան Աբբահայր իրապէս կը հաւատա՞յ իր կրօնքին ու Պապին թէ ո՛չ։

Ա՛յսքան ծածկուող քարաքթէռ մը ունի այս անձը, դուք կարող էք տարիներ ապրիլ իրեն հետ եւ չէք կրնար գտնել կազմել ձեր մտքին մէջ որոշ «բնաւորութիւն» մը աս մարդուն համար։ Ու ասիկա այնքան իրական է որ իր ձեռքովը ձեռնադրուած վարդապետներ, որոնք տարիներ, անկէ ետքը, դեռ աշխատած ալ են իր շուրջը, կը հաւաստեն նոյնը։

Սակայն բոլոր անոնք՝ որոնք զինքը ճանչցած են անձնապէս, ու բաւական երկար ժամանակ, ամէնքն ալ համամիտ են վճռելու թէ՝ անուրանալիօրէն ճիշտ է որ Գեր. Իգնատիոս Կիւրեղեան վերջին աստիճան ազդուող է օտար ուժերէ։

Այս այսպէս ըլլալով՝ անձին հոգեկան վիճակին տեսակէտէն, ու միւս կողմէ նկատի առնելով նաեւ այն բաւական յառաջացած տարիքը, զոր ունի Կիւրեղեան Աբբահայր ներկայիս, շատ դիւրահասկնալի կը դառնայ եթէ ըսեմ թէ, աղէկ թէ գէշ, ամէն պարագայի մէջ հակառակ իր պաշտօնին, այսօր ինքը չէ որ կը կառավարէ Վէնետիկեան Մխիթարեանց Միաբանութիւնը։