Քերթուածներ ու Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԻՒՆԻՆ ՁԱՅՆԸ

Ձայն մʼալ ա՛ն ունի, արի՜ւնը…

Մուխ ունի ա՛ն ալ կարմիր արիւնը,

Աղուոր կրակը կեանքին։

 

Հիմա, մշուշոտ մուխի ամպ մը հեղձուցիչ,

Սոսկումով, զայրոյթով, վրէժով շաղախուած

Բարձրացաւ նորէն

Բզկտուած երակներէն

Տառապողներուն։

Ու արեան շոգիի այդ ամպը սեւաթոյր

Սլացաւ ճակտին զազիր մարդկութեան

Ու հատ մʼալ աւելցուց

Անոր մեծ մեծ ու արդէն հին աղտերուն։

Եւ սա կինն աղուոր, այնքա՛ն պաշտելի,

Միակ աստուածն աշխարհին,

Արդարութիւնը վեհ,

Կուլայ ասանկ ինկած, պարտուած, ամչկոտ,

Սեղմած ձեռքերէն իր զաւակներուն,

Ազատութեան, Եղբայրութեան ու Հաւասարութեան։

 

Ա՜խ կը սոսկայ ան՝ ան վարդագոյն կայլակներէն

Որ կը սողոսկին իր ձիւնի ճերմակ քղանցքներն ի վեր

Ամբողջ շուշանի թերթերէ հիւսուած։

 

Խուժդուժ տաժանքի ահարկու ժամուն

Վերհնչումն է աս. ա՛ս Զանգն է՝ արթուն

Դաժան Ոճիրին, այնքան աննկուն

Այդ խեռ ճիւաղին։

Մարդկութիւնն է որ կը տառապի

Մարդկութեան ձեռքով։

 

Ու արդարութեան աղու լացին քով

Կուլայ ջախջախուած սիրտն ալ զինուորին

Ազատ, հաւասար ու եղբայրական

Հեռաւոր կեանքին դժբա՛ղդ զինուորին։

1904 Ապրիլ 7

 

«Ազատ Բեմ», 23 Ապրիլ 1904, թիւ 1