Քերթուածներ ու Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ս. ՄԱՐԿՈՍԻ ԶԱՆԳԱԿԱՏԱՆ ՎԷՃԸ

Վենետիկի Սուրբ Մարկոս եկեղեցիին զանգակատունը, որ ինչպէս ժամանակին արձանագրուեցաւ բոլոր թերթերուն նոյնպէս եւ Բիւրակնի մէջ, անցեալ տարուան վերջերը յանկարծ փլաւ, մեծ յուզման մը մատնելով ո՛չ միայն «Ադրիականի Դշխոյ»ին բովանդակ բնակչութիւնը, այլ նաեւ Իտալիան ամբողջ եւ ամբողջ գեղարուեստասէր մարդկութիւնը առհասարակ։ Սուրբ Մարկոսի զանգակատունը, Վենետիկցիներուն սիրական «Քամբանիլէ»ն, նոյնանուն եկեղեցիին հրապարակին վրայ կանգնած, մեծագոյն հրապոյրներէն մէկն էր քաղաքին, վեհութիւն մըն էր աւելցուած՝ անոր պարզուկ եւ համեստ գեղեցկութեան, անոր լռելեայն գեղարուեստականութեանը վրայ խրոխտ կանգնած՝ վէս հսկիչ մըն էր ան, ամբողջ քաղաքին համար։

Ու անոր յանկարծական փլուզումին լուրը հանրային գոյժի մը չափ սգաբեր եղաւ։ Լացողնե՜ր իսկ պակաս չեղան։ Շուարումը, ցաւը, զարմանքը ընդհանուր երակաւորուներ ունեցան։ Վենետիկ կը զրկուէր ո՛չ միայն իր՝ ամէնէն շատ ըմբոշխնուող գեղեցկութիւններուն մէկէն, այլ նաեւ իր այն գեղեցկութենէն՝ որ հայելին ու ցուցոդրողը կʼըլլար միւս անթիւ գեղեցկութիւններուն, սքանչելիքներուն։ Վենետիկը իր ամբողջութեան մէջ, հեռուէն, վայելել ուզողները Սուրբ Մարկոսի զանգակատան վրայ կը բարձրանային, ուրկէ յստակ կը պարզուէր իրենց տեսողութեան շրջանակին մէջ, անոր ամբողջ շրջանակը, ամբողջ ցանցը Վենետիկեան ջրանցներուն ու անոնց մէջ սողոսկող կոնտոլաներուն անձայն այլ եռուզեռ կեանքը, հոն կʼերկարէին, կը բարձրանային աչքին առջեւ ճերմակ ապարանքները, ոսկեզօծ գմբեթները տաճարներուն, մութ կապոյտ հորիզոնը Ադրիականին, վայելելու արժանի այն անհամար պաշտելիութիւնները գիրկընդխառն։

«Քամբանիլէ»ն Վենետիկցիին սիրականն էր անոր համար նաեւ որ իտալական պատմական կեանքի բազմաթիւ անցքերու արթուն յիշատակարան մըն էր ան, ճոխ յիշատակներու հարստութեամբ, Կալիլէոս մը, Կարիպալտի մը՝ իրենց կեանքէն մէյմէկ դէպք ձգած էին Սուրբ Մարկոսին, ու իրենց պէս քանինե՜ր տակաւին։ Ատոնց ամէնուն աննման մէկ հաւաքածոն էր «Քամբանիլէ տի Սան Մարքօ»ն։ Յիշատակի կոթող մըն էր ան աւելի՝ քան զանգակատուն։

Ու այս ամէնո՛ւն համար ահա իր յանկարծական կորուստին գոյժը ու առթած սարսափը շատ տխուր եղան, թնդացնող եւ յուզումնալից։

Սակայն սարսափելի ու յուզումէն վերջ երբ լռութիւնը տիրեց, երբ պաղ արիւնը վերստացաւ իր տաղը, տխուր եղելութեան պատճառաւ տաքցած գլուխներուն մէջ, բնականօրէն ամէն ոք անոր դարմանին խորհիլ սկսաւ։

Իտալական կառավարութիւնը յանցանքին տէրը գտնելու համար հարկ եղած հարցաքննութիւնները ընելէ ետք, երբ հաստատեց թէ որքան որ Շէնքերու Հսկիչ Յանձնախումբը, մասամբ պատասխանատու կրնայ նկատուիլ, միւս կողմէ ալ աշտարակին հնութիւնը եղած է մեծագոյն պատճառը անոր թաւալագլոր քայքայման, ձգեց հարցաքննութիւնները ու սկսաւ ինքն ալ դարմանին վրայ խորհիլ։

Պէտք է վերաշինել «Քամբանիլէ»ն, ըսին բազմաթիւ Իտալացիներ, որոնց մէջ ժողովուրդի զաւակները կը գրաւէին մեծամասնութիւնը։

  Չէ՛, պատասխանեցին ուրիշներ, մարդիկ՝ որոնք կրնային զգացումին հպատակեցնել իրենց մտքին, Սուրբ Մարկոս աւելի գեղեցիկ է առանց այդ անճաշակ զանգուածին։

Ու վէճը ծայր տուաւ, ինչպէս յայտնի է, վէճ մը՝ շա՜տ երկար։ Զանազան թերթեր այն ատեն հարցարաններ իսկ բացին եւ նշանաւոր գրագէտներու, քննադատներու, գեղարուեստագէտներու կարծիքները առին այս մասին։ Սակայն արդիւնքը դարձեալ մեծ չեղաւ։ Նոյն ինքն յայտնուած գաղափարները՝ կը բորբոքէին տարակարծիքութիւնները։ Աշտարակին վերաշինութեան կուսակիցները, հանգանակութիւն մը կազմակերպեցին ըլլուելիք ծախքերուն համար եւ բաւական բարձր գումարի մը հասաւ հաւաքուած դրամը։

Dove era e com’era! կը պոռային, Ո՛ւր որ էր եւ ինչպէս որ էր։

Կʼուզէին բացարձակապէս մոռցնել մեծ աղէտին յիշատակը։ Կʼուզէին որ ամէն բան իր տեղը գտնէ. աշտարակը, սիրական «Քամբանիլէ»ն, Վենետիկի պաշտպանը ու պարծանքը բազմի նորէն իր առջի տեղը ճիշտ հոն, «Ուր որ էր եւ ինչպէս որ էր»։

Կառավարութիւնն ալ այս գաղափարին ձեռնտու ըլլալու համամիտ էր։ Ինքն ալ սկսաւ քաջալերել կատարուած ջանքերը՝ վերաշինութեան համար։

Բայց միւսներուն բողոքը կը շարունակէր տակաւին։

Աւելո՜րդ է, կը պոռային անոնք։ Առանց այդ հրէշ զանգակատան Սուրբ Մարկոս շատ աւելի՜ գեղարուեստական է։

Ու վէճը միայն Իտալացիներուն մէջ չսահմանափակուեցաւ։ Օտար երկիրներու մէջ ալ ընդհանուր հետաքրքրութիւն մը յառաջ բերաւ խնդիրը։ Ոչ―Իտալացի քննադատներ, գեղեցկագէտներ, ճարտարապետներ սկսան թեր ու դէմ կարծիքներ յայտնել Սուրբ Մարկոսի «Քամբանիլէ»ին վերաշինութեան նկատմամբ։

Գերմանական ու անգլիական թերթերը մանաւանդ ամէնէն աւելի զբաղեցան այս խնդրով, որ, հակառակ իր իսկութեանը մէջ միջազգային կարեւորութիւն մը չունենալուն, ամէն պարագայի մէջ Գեղարուեստի խնդիր մըն էր, վէճ մը Գեղեցիկի ու Արուեստի վրայ, որոնք ո՛չ ազգ ունին ո՛չ հայրենիք։

Մարդկութեանն են անոնք։

Տակաւին շատ վերջերս Լոնտոնի «Կրաֆիք» հանդէսը իր փետրուար թիւին մէջ այս խնդիրը նորէն երեւան երաւ ու նոր այժմէութիւն մը, նոր զարկ մը տուաւ անոր շուրջ արդէն բացուած հին վէճին։ «Կրաֆիք» առջի օրէն արդէն սոսկալի հակառակորդ մը եղաւ «Քամբանիլէ»ին վերաշինութեան, գերմանական մէկ քանի թերթերու հետ, որոնց արձագանգը հանդիսացան Վենետիկեան մէկ երկու լրագիրներ ալ։

«Կրաֆիք» կʼըսէ թէ «Քամբանիլէ»ի վերաշինութեան վէճը մարել ուզողները չպիտի յաջողին։ Եւ յանուն ընդհանուր Գեղարուեստի կը բողոքէ ու կը գոչէ. «Վէճը չպիտի մարի. կը սխալին ատոր աշխատողները. որովհետեւ թէեւ դանդաղօրէն բայց բացայայտ կերպով ո՛չ միայն Վենետիկցիներուն մէջ այլ եւ ճշմարիտ Գեղեցիկին բոլոր այն սիրահարներուն՝ որոնց աշքերը չեն մթննար կանխակալ կարծիքներէ, կը տարածուի հետզհետէ սա համոզումը թէ, անհետացումը աղիւսներու այն անշնորհ կոյտին, իր նկարագիրով այնքան անհամաձայն շրջակայ ճարտարապետական գլուխգործոցներուն, որոնց մէջ քանդակագործին ու մոզայիգահիւսին հիանալի ճարտարապետութիւնը կը յայտնուի, այդ անհետացումը՝ բացարձակ ու անժխտելի շահ մըն է Վենետիկին ու Արուեստին համար։ Այսօր այդ աշտարակին պակսելովը յարգը կʼաւելնայ հրապարակին…։ Եթէ մինչեւ իսկ ուզուի անպատճառ նոր աշտարակ մը կանգնել Վենետիկի մէջ, իբր զանգակատուն Սուրբ Մարկոսին, գոնէ՛ առջինին տեղը պէտք չէ բարձրացնել զայն։ Եկեղեցիին հիւսիսային կողմը Քամբիէլլօ տէր Լիոնչինի հրապարակը շատ աւելի յարմար է։ Շահու ակնկալող խանութպաններուն աղաղակ մըն է՝ «Dove era com’era»ն։

Վենետիկի Gazzettino Commerciale լրագիրը «Կրաֆիք»ի այս յօդուածը համառօտելով հրատարակելէ ետք, իր կողմէ հաստատական խօսքերով կը կրկնէ ու կը վաւերացնէ նոյն իմաստը, «հեղինակաւոր քննադատութիւն» ալ կոչելով անգլիական հանդէսին ըսածները։

Բայց իրականութեան մէջ այս չէ՛ ճշմարիտը։ Թէեւ գեղարուեստական կանոններու համաձայն այս ըլլայ ճիշդը, որովհետեւ, ինչպէս «Կրաֆիք» դիտել կուտայ «Քամբանիլէ»ին անհետանալով Սուրբ Մարկոսի տաճարը եւ հրապարակը եւ շրջակայ հրաշալի ապարանքները աւելի ներդաշնակ համեմատութեան մը սահմանները կը մտնեն, սակայն ժողովուրդը, Վենետիկցի պարզ ժողովուրդը մանաւանդ, այն համեստ կոնտոլիէռ ներու ամբոխը, չի՜ կրնար հանդուրժել իր սիրական «Քամբանիլէ»ին կորուստին կամ նոյնիսկ՝ տեղափոխութեան։

«ԼʼԱտրիաթիքօ» եւ «Կածծէթթա տի Վէնէցիա»՝ ատենին նկարագրեցին ցաւի ահռելի արտայայտութիւնները զորս ըրին համակրելի «Վենէցիան»ները՝ որոնք թէեւ Վենետիկցի ըլլալէ առաջ Իտալացի, բայց Իտալիայէն առաջ Վենետիկին կապուած կը զգան ինքզինքնին, Վենետիկի ամէն մէկ քարին, հողի կտորին, ջուրին, կամուրջին, ապարանքին կամ շէնքին։

Ասո՛ր համար «Կրաֆիք»ի նոր ձեռնարկը վէճը վերակենդանացնելու համար, ապարդիւն պիտի մնայ։ Ի զուր գոչած պիտի ըլլայ. «Վէճը պիտի չմարի…»։ Ո՛չ, վէճը պիտի մարի ու զանգակատունը պիտի շինուի։ Զանգակատունը չվերաշինելու որոշման մը պարագային է որ վէճը կրնայ շարունակուիլ։

 

«Բիւրակն» Հանդէս, 15 Մարտ 1903, Թիւ 11, էջ 210―212