Քերթուածներ ու Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿՈՒՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկունքին ալ վիշտերովը մաշեցայ.

Միտքիս ցաւը յաղթեց Մարմնիս ցաւերուն։

Ուղեղիս մէջ արեան պոռթկումն անխընայ

Մոռցուց ինծի կուրծքիս հեւքը մարմըրուն։

 

Իմ աղքատի կըսկիծներուս մէջ թաքուն,

Պըրկըւեցայ Նիւթին կըրծող հոգերով.

Սակայն Միտքի՜ս տանջանքը սոսկ աննըկուն

Կեանքիս աչքերն մարեց իր շէկ ձեռքերով։

 

Բաղձանքներու անծայր շղթայ մʼեղայ ես,

Նուրբ, փալփըլուն օղակներովն Ըղձանքին,

Ամբողջ հոգի, ամբողջ Գութ, Սէր հոգեկէզ,

Ամբողջ տանջանք՝ հանդէպ տիրող Կեղծիքին։

1903

 

«Բիւրակն» Հանդէս, 18 Հոկտեմբեր 1903, Թիւ 42