Քերթուածներ ու Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«Զ Ա Ւ Ա Կ Ն Ե՜ Ր Ս…»
(ՊԱՏԿԵՐ ԻՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ)

Ապրիլի զով եւ հեշտարփի իրիկնադէմը մինչեւ ծո՛ւծը վայելել ըմոշխնելու ըղձանքը՝ զգայուն եւ զգայնոտ մարդերու, կիներու, աղջիկներու խուռներամ բազմութիւ մը խտացուցեր էր ատ կիրակի իրիկունը Պօլսոյ կամուրջէն, ժամը 9ին դէպի Վոսփոր մեկնող Շիրքէթի Խայրիէի շոգենաւին մէջ։

Ան որքա՜ն խինդ, հրճուանք, ան ի՜նչ կեանքոտ իրարանցում այդ անթիւ ինքնամոռաց հոգիներուն մէջ։ Ոսկի արեւ մը՝ ոսկեղջիւրին երկինքը ասղնտող մինարէներուն ետեւ կանգնած, պայծառ օդ մը՝ ականակիտ, անարատ՝ պարապութեան չափ, ամէն կողմ ջուր մը՝ կապոյտ, մանիշակագոյն, միապաղաղ, սարեր՝ նո՛ր նոր կանաչներով զգեստաւորուած, թարմ, քաշող, գրաւող, ամչկոտ նոր հարսերո՛ւ չափ զգլխիչ։

Ամէն բան մաքուր, Բնութեան մէջ, ամէն բան զուարթ ու կրակոտ։

Իսկ ասդին, նաւուն վրայ, անհատնու խօսակցութիւններու շարք մը։ Կը ճըռայ ամբոխը։ Զիլ քրքիջներ նուռի շրթունքներու մէջէ թռչելով կը լեցնեն մթնոլորտը։ Կը սարսռան, կը բորբոքին, կը կատղին բոլոր զգացող միտքերը։ Ընդհանուր է երանութիւնը։ Նաւաստիները, իրե՛նք ալ կը մռլտան կʼերգեն բառեր, իրենց գիտցած սիրոյ երգերէն։ Սեւ ծովէն խուսափոծ հովի մը տկար մէկ շունչը կը գգուէ աղուոր թրքուհիներու կաթնաթոյր ֆէրաճէներուն գոգը պահուըտած այտերը, որոնց վրա նուշի նման աչքեր կը կայծկլտան, լուռ բայց երջանիկ։ Ամբողջութիւն մը հեշտանքոտ խայտանքի։

Ու շոգենաւը կը յառաջանայ, խիզախ, ճեղքրտուող, պատռուող ծովուն վէտվէտումներուն մէջէն, ձգելով ետին փրփուրի սպիտակ երիզ մը, երկար, անծայրածիր՝ Անհունին գաղափարին պէս. կը յառաջանայ ան ուրախութեան ու գոհունակութեան տաճարի մը չափ գեղեցիկ, ամբողջ բաղդաւորներու զանգուածի մը պէս ոգեւոր, իր մէջ առած այդ ահագին բազմութիւնը անգիտակիցներուն, ուր ստրուկ, տէր, աղքատ, հարուստ, կեղեքող ու կեղեքուող, բարեկամ ու թշնամի, մատնող ու մատնուող կʼարմկեն, կը շոյեն, կը հրապուրեն զիրար, հաւասարապէս։

Ու ահա, յանկարծ, երբ շոգենաւը կը հասնի Պէշիկ―Թաշի բացերը, որուն արձունքին վրայ գամուած այնքա՜ն անխախտ ու ամբարտաւան կեցե՛ր է տակաւին Կարմիր Եըլտըզը, ճիշտ ատտաղ, յանկարծ, թրքուհի մը, կուրծքէն վիրաւորուած մատակ առիւծի մը չափ կատաղի, կը ցցուի վեր… կը ճեղքէ բազմութիւնը ու կը մօտենայ նաւուն եզերքին։

Եւ ի՞նչ սոսկալի ճիչ մը հոն.

Ա՜խ, արդեօք ո՞ղջ ես տակաւին, դո՛ւն, խենթերուն ամէնէն ահարկուն, ոճրագործներուն ամէնէն եղկելին, անգութներուն ամէնէն սարսափելին, արիւնախումներուն ամէնէն անյագը, դո՛ւն…

Կը պոռայ կինը խռչափողին խորքէն, թոքերուն է՛ն խորունկ անկիւններէն բրդող սոսկալի ձայնով մը որ ամբողջ նաւուն ու օդին մէջ կʼարձագանգէ։

Ահաւոր իրարանցում։

Արդէն գլխուն ծածկոցը եւ «չարշաֆ»ը մէկ կողմ նետուած, թոյլ կուտան տեսնել անոր տմգոյն, մեռելատիպ եւ այլանդակուած դէմքը՝ որուն վրայ թափած, փեթռտուած մազերը, եղերական շրջանակ մը կազմեր են զայրոյթէն ծռմռկած ու կատաղանքէն զոյգ կրակներու պէս շողշողացող աչքերուն շուրջը։

Եւ տակաւին, բազուկները ջղապիրկօրէն պարզած դէպի հո՛ն, դէմի բլուրներուն, ՊէշիքէԹաշի վրայ թառած ճերմակ ճերմակ պալատներուն, ան կը պոռայ հետզհետէ աւելի, աւելի տաքցած ու ցաւագին.

Ան գա՛հդ ա՜խ գահ՛դ կործանի գահիդ սիւներէ՜ն բոցեր բռնկին ու սեւ երեսիդ հետ գա՛հդ ալ լափեն, Աստուծմէ՛ չʼվախցաղ, ոճրագո՛րծ. աներեւոյթ զօրութիւններ գլո՛ւխդ ուտեն, ա՜խ, ի՞նչպէս կերար զաւակներս, ա՜խ զաւակնե՜րս, ի՞նչպէս կերար. պալատիդ առաստաղէն կրակ, կրա՛կ մաղուի վրադ…

Սոսկալի փղձկում մը, արցունքի հեղեղ մը՝ արիւն լեցուած աչքերուն մէջ, կը խեղդէ ձայնը խեղճ կնոջ, որ հիմա, կիսանուաղ, երկու ձեռքերովը դէմքը ծածկած, կուլայ, կուլա՜յ անվերջ, ցաւագին, դառնակսկիծ եւ աղեկտուր, կուլա՜յ միայն։

Արդէն զարմանքը տիրապետեր է բոլոր ուղեւորներուն, եւ, արդէն, բոլոր քիչ առաջուան ուրախները հաւաքուեր, խռնուեր են հիմա անծանօթ ու լացող ատ թուրք կնկան շուրջը։ Ան ի՜նչ արտասովոր, ապշեցնող, անիմանալի խօսքեր է որ լսեր էին. գերութեան այդ զաւակները իրենց ականջներուն չէի՛ն հաւատար. իրա՞ւ այդ խեղճ ու կրակ կինը «խենթ», «ոճրագործ», «անգութ» եւ տակաւին ուրիշ չըսուելիք բաներ պոռացեր էր թեւերը երկնցուցած դէպի այն տեղը՝ որուն անունը առանց դողդոջուն երկիւղածութեան չէր կարելի արտասանել, դէպի ան՝ որուն մէկ բառը, մէկ շարժուձեւը բաւական էր ամբողջ քաղաքը արիւնի լիճ դարձնելու։ Ո՞վ էր այդ կինը, ի՞նչ ունէր, չէ՞ր վախնար ատ կինը…

Եւ հիմա ամէնքը կը սկսին տրամաբանել, ամէնքը կը խօսին տեղի ունեցած տարօրինակ պատահարին վրայ, ամէն մէկը մեկնութիւն մը, պարզաբանութիւն մը կը գտնող տալիք՝ դէպքին, բայց հուսկ ուրեմն բոլոր այլընդայլոյ այդ խօսակցութիւնները կը դադրին եւ վերջնական բացատրութիւն մը, անպայման ամէնէն «խելքի մօտիկ»ը բոլոր տրուածներուն մէջ եւ անշուշտ ո՛եւէ լրտեսի մը կողմէ վայրկենապէս կը գտնէ բոլորէն.

Խե՛նթ է, խե՛նթ է խեղճը, մե՜ղք, ինքզինքը կորսնցուց, կը փսփսան ամէնքը եւ այդ լուրը ակնթարթի մը մէջ կրկնուելով ամէնուն շրթունքներուն վրայ, կը խաղացնէ ամբոխը։

Բայց ասդին կատաղութիւնը չի դադրիր. կինը ի՛նքն ալ իմացած այդ բացատրութիւնը, այս անգամ աւելի կատաղի թափով վեր կը թռի փայտեայ աթոռակին վրայէն ուր նստեցուցեր էին զինքը ու անգամ մըն ալ կը հարուածէ քունքերը, անգա՛մ մըն ալ կʼերկարէ բազուկները դէպի Ճիւաղին որջը ու անգա՛մ մըն ալ կը պոռայ.

Խենթը ա՛ն է, հասկցա՞ք, խենթը, ոճրագործը, անկրօնը, անաստուածը ա՛ն է, ես խենթ չեմ, հասկցա՞ք, ա՛ն է. ու դուք ապուշներ էք, անասուններ էք՝ եթէ չէ՛ք գիտեր տակաւին թէ ամէն օր, ամէն գիշեր, ամէն վայրկեան անոր, անո՛ր պատճառաւ ի՜նչ սիրտեր կան որ կʼարիւնին… Ես խենթ չե՛մ, տուէք իմ զաւակներուս եւ պիտի տեսնէխ որ խենթ չեմ, ա՜խ Պէհճէթս, Ալիս, աս, ա՞ս ջուրին տակը գացիք, ո՞ւր էք, զաւակնե՜րս…

Վերջապէս խորին, ծանր, ճնշող լռութիւն մը։

Առաջին նաւամատոյցին՝ երկու ոստիկաններ կնոջ թեւերէն բռնած կամաց մը դուրս կը հանեն զայն։

Ասդին ո՛չ ոք չի բողոքեր։ Շոգենաւն ալ կը շարունակէ իր ճամբան՝ բնութեան նո՛յն աղուորութիւններուն մէջէն, նոյն կապոյտ―մանիշակի ջուրը ճեղքելով, նոյն գեղեցիկ նոր հարսներու չափ զգլխիչ սարերու մէջտեղուանքէն, նոյն ջինջ ականակիտ մթնոլորտը պատռտելով. բայց ցնծութիւնը, իր ուղեւորներուն մէջ, բեկանած է արդէն։ Շատեր լալո՛ւ անգամ վախնելով, իրիկուան առանձնութեան կը պահեն ատ սփոփանքն իսկ…

֍ ֍ ֍

Ես, երկու օր ետքը միայն, շատ մտերիմ թուրքէ մը գաղտնաբար կʼիմանամ որ այդ թրքուհին, իր ծաօթը, դրացին, Էմինէ Հանըմ, ո՛չ խենթ է, ո՛չ անպատիւ, այլ ընդհակառակը շատ զգայուն մայր մը միայն եւ Բոնաւորին անհամար զոհերէն մէկը։ Էմինէ Հանըմի երկու զաւակները՝ Ալի 18 տարեկան եւ Պէհճէթ՝ 20 տարեկան, երկուքն ալ աշակերտ Բերայի Զինուորական Բարձրագոյն Վարժարանին, դեռ շաբաթ մը առաջ, իրենց դասարանին մէջ Ֆրանսիական Յեղափոխութեան պատմութեան գիրք մը գտնուելուն պատճառաւ ձերբակալուած եւ իրենց 13 ընկերներուն հետ, Կարմիր «Վեհափառ»ին հրամանով, մութ գիշերին, առանց դատավարութեան, ծովամոյն խեղդուեր են նոյն Վոսփորին, նոյն կապոյտ մանիշակ ջուրերուն մէջ։

 

Ռազմիկ, Չորեքշաբթի, 15 Մարտ, 1908, Թիւ 40