ԹՐՔԱԿԱՆ
ԽԱՂԵՐ
Վերջացող
ամիսը,
Թուրքիոյ
համար
արդիւնառատ
եղաւ,
կատակերգական
կառավարական
զուարճալի
միջադէպերով։
Ու
այդ
ամիսի
դէպքերէն,
որոնց
մէջ
Հայը
ուղղակի
թէ
անուղղակի
ո՛եւէ
ձեռնմխութիւն
չունէր,
մենք
օգտուելով
մեր
հանդիսատեսի
շատ
անդորր
դիրքէն,
քաղեցինք
նոր
նոր
փաստեր՝
արդէն
իսկ
շատ
ծանօթ
երկու
նշանաւոր
իրականութիւններու
մասին,
այն
է՝
1)
Եւրոպական
կառավարութիւններու
ազդեցիկ
ըլլալը
Թուրքիոյ
մէջ՝
երբոր
խնդիրը
Նիւթաւան
Շահի
վրայ
է,
եւ
2)
Սուլթանին՝
աչքի
փոշի
փչելու
եւ
երեւոյթները
փրկելու
ամենաճարտար
քաղաքականութիւնը։
Ի
հարկէ
ասոնք
եղան
նոր
դասեր
մեզի՝
հին
նիւթերու
վրա
եւ
եթէ
միշտ
իբր
հանդիսատեսի
տպաւորութիւն,
մենք
զգացինք
Ընդվզում՝
սոսկ
նիւթապաշտպան
ու
ինքնամոլ
եւրոպացիին
նկատմամբ,
մենք
ունեցանք
նաեւ
արհամարհոտ
ծիծաղի
անզուսպ
քրքիջ
մը՝
անոր
հեղգ
դիւրախաբութեան
համար։
Օ՛,
Ֆէհի՛մ,
տը
թը
ֆապիւլա
նառաթիւր,
քեզմով
կը
սկսի
պատմութիւնը…։
Ֆէհիմ
Բաշան
հանրածանօթ
է
Հայուն
առհասարակ
եւ
Պոլսեցիին՝
մասնաւորապէս։
Ֆէհիմ
Բաշան
կատարելագործուած
կիսաստուածն
է
բոլոր
սինիքութիւններուն։
Անոր
գոյութիւնը
թուրքերուն
մայրաքաղաքին
մէջ՝
Սամաթիայէն
մինչեւ
Բերա
եւ
Սկիւտարէն
մինչեւ
Վոսփոր՝
ամբողջ
եվէնըման
մըն
էր,
Ան
սարսափն
էր
սկսող
ու
վերջացող
բոլոր
կեանքերուն,
ան
անխղճութեան
ուրուականն
էր՝
թեւատարած
սաւառուն՝
ամբողջ
ազգաբնակչութեան
մը
կենսականութեան
վրայ,
հարուստին,
աղքատին,
էֆէնտիին,
երիտասարդին,
աղային
թէ
մտաւորականին,
Հայուն,
թէ
Թուրքին,
թէ
Եւրոպացիին
վրայ
հաւասարապէս…
Ու
երբ
անոր
կեղեքող
փարազիթի
յղփուն
իրանին
ստուերանկարը
շողշողուն
կառքին
մէջ
անցնէր
սրընթաց,
գիշերին,
Բերայի
պողոտայէի,
անցորդ
տկար
մահկանացուիին
կը
մնար
հիւանդագին
համակերպութեան
գլխահակումը
երկիւղալի։
Ու
ինք
իր
մէջ
արփակուած
ամէն
ոք
պիտի
խորհրդածէր
անպատճառ.
–
Ֆէհիմ
Բաշա՛ն
է…
Ա՛ն
է.
եւ
անոր
տեսքը
միայն
արդէն
կը
բաւէր
խեղճ
անցորդին
մտքին
առջեւ
բանալու
կատարուած
չարիքներուն
պատմականին
ամբողջ
հորիզոնները
կարմիր
ջնարակուած
ու
գալիքներուն
շնչահեղձող
երկիւղը։
Ան
կարող
էր
ամէն
բանի.
ան
մանրանկարն
էր
իր
Դահճապետին,
եւ
մինչդեռ
ասի
կը
զբաղէր
ազգերը
փշրելու,
ինքը
Ֆէհիմ,
ընտանիքները
կը
լացնէր…
Որքան
արտասուող
ամուսիններ
ու
տառապող
եղբայրներ
իրենց
կիներն
ու
քոյրերը
յանձներ
են
անոր
լպրշութիւններուն,
որքա՜ն
խաղաղ
առեւտրականներ
իրենց
քսակը
դրեր
են
անոր
իւզպաշիներու
տրամադրութեան
տակ,
ու
որքան
տուներ,
որքա՜ն
տուներ
արցունքի
մէջ
ըղձացեր
են
խեղդել
անոր
անունը։
Ու
Ահարկուն
մնացեր
է
անպատիժ…
Եւ
ահա
հարկ
եղաւ
որ
ան
սխալը
գործէ
Գերմանացին
դպչելու։
Վերջին
անգամ
Ֆէհիմ
Բաշա
գրաւել
տուաւ
գերմանական
առեւտրական
տան
մը
վերաբերող
շոգենաւ
մը
ատաղձ
բեռցած,
որովհետեւ,
կը
պատճառաբանէր
Եըլտըզի
Գաղտնի
Ոստիկանութեան
անողոք
Պետը,
թէ՝
այն
անտառը
ուրկէ
այդ
փայտը
կտրուած
էր՝
իրեն
կը
պատկանի։
Խաղը
անսովոր
չէր,
բայց
անձը՝
որուն
դէմ
ուզած
էր
խաղալ
այս
անգամ
Ֆէհիմ,
անի՛,
այո՛,
անսովոր
էր,
որովհետեւ
գերմանացի։
Միւս
կողմէ,
եւզզուգահեռաբար,
այս
դէպքին՝
Ֆէհիմ
ճիրանը
զարկերակ
էր
նաեւ
Բերացի,
օսմանեան
հպատակ,
բայց
անգլիական
պաշտպանութեան
տակ
գտնուող
վաճառականի
մը
ու
գրաւել
տուած
էր
անոր
մտքին
մէջ
գտնուած
ապրանքները.
Պահանջելով
500
օսմ.
լիրա
եւ
սպառնալով
թէ
հակառակ
պարագային
պիտի
ամբաստանէր
զինքը
թէ,
―
պայթուցիկներ
կը
փոխադրէ՝
ի
հաշիւ
հայ
յեղափոխական
մարմիններու։
Ու
ահա
ծագում
առաւ
փոքրիկ
Թուպինի―Լօրանտօյի
հարց
մը։
Եւ
մինչդեռ
գերմանական
ու
անգլիական
հիւպատոսներ
վայրկենապէս,
աս
ոսկիի
հարցին
հանդէպ,
―
բողոքներ
կը
տեղեկացնէին
Պալատ,
ասդին,
Շնականութիւններու
Հերոսը,
չափազանց
ինքնավստահ
եւ
վստահ
իր
Մեծ
Տիրոջը
վրայ,
կը
շարունակէր
իր
ահասփիւռ
պտոյտները
պողոտային
վրայ
ու
ծաղրանքի
ծիծաղը
շրթունքին,
կը
յանդգնէր
սպասել
Դեսպան
Մարշալ
Ֆոն
Պիպէրշթայնի
ճամբան՝
անոր
տալու
համար
արհամարհանքի
էն
մեծ
արտայայտութիւնը,
արտասովորքմծիծաղով
համեմուած
բարեւ
մը…
Է՛,
աս
հոգեբանութիւնն
է
սանձարձակ
թողուծ
լկտիին։
Կըսեն
թէ
ան
իրիկունը
Պառոն
Մարշալ
Ֆօն
Պիպէրշթայն
ջղայնութեան
սոսկալի
քրիզ
մը
անցուց
եւ
արդէն
հետեւեալ
օրը
յստակօրէն
կը
դնէր
պահանջը
Սուլթանին
առջեւ
թէ՝
պէտք
է
պատժել
Ֆէհիմը
ու
կը
սպառնար
անոր
իր
հրաժարականով։
Գէշ
հոսանքներ
բաղխեր
էին
աս
անգամ
իրարու
ու
սիրական
Ֆէհիմի
մը
եւ
սիրական
Վիլհէլմին
մէջտեղը
սեղմուած՝
ախտաւոր
Մահամերձը
կը
վարանէր…
Եւ
ահա
ան
ստիպուեցաւ
նորէն
թօթափել
անգամ
մը
փոշիները
իր
հին
մեքենայութիւններուն
եւ
նորէ՜ն
յաջողեցաւ
իր
մգլոտած
ուղեղէն
դուրս
բերել
նորէն
քիչ
մը
մտածում։
Երեւոյթները
փրկուեցան
եւ
ամէն
ոք
նոյն
իսկ
Ֆէհիմը
գոհացում
ստացած
էր,
քանի
որ՝
մինչդեռ
Իրատէն
կը
հրամայէր
զայն
շուտով
Պրուսա
աքսորել,
հեռուանց
հեռու,
ան
հաճոյքով
կը
լսէր
իր
ականջն
ի
վար
օգոստափառ
մրմունջներ,
որոնք
կըսէին
իրեն.
―
Հոգ
չէ,
գնա
քիչ
մըն
ալ
Խուտվէնտիկեարը
կողոպտէ…։
Ռազմիկ,
Չորեքշաբթի,
17
Փետրուար,
1907,
Թիւ
34