Քերթուածներ ու Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏՈՒԱՅՏԱՆՔ

Տաղտուկ կը ծորի շուրջիս իրերէն,

Մենութիւնս յոգնած, խօլ պըրկումներով,

Դէպ ի հուր հոգիս կʼիյնայ մեղկօրէն,

Ու կը գալարի հիւանդ կեանքիս քով։

 

Մեծ Լըռութեան մէջ՝ որ կը լըճանայ,

Տարտամ երգերու խազեր կը թրթռան,

Է―ին հիւլէներն, յուզուած, սիրահմայ

Ունայնին ցաւը հըծծելով կուլան։

 

Լայն Պարապ մը կայ այս հեղգ կեանքիս մօտ։

«Ես»―ըս նոյնացած բոլոր իրերուն,

Ինքնին կը նուագէ իր ցաւն անաղօտ,

Այլամերժ Պէտքը կրկնակ սէրերուն։

1903

 

«Բիւրակն» Հանդէս, 24 Հոկտեմբեր 1903, Թիւ 43