Դ
[1].
Եւ
ահա
հիմա
կուգամ
կը
հասնիմ
այն
խօսքիս
թէ
Ալիշանին
ու
Զարպհանէլեանին
մահէն
ետք
վանքը
ունայնացաւ։
Եւ
հիմա
է
որ
դուք
պիտի
տեսնէք
թէ
ինչպէս
այդ
երկու
իրապէս
մեծ
ծերունիներուն
պատկառելի
կեանքը
փառաւոր
ամպհովանի
մըն
էր
ամբողջ
Ս.
Ղազարու
Վանքին
վրայ,
զոր
սակայն
ճակատագիրը
խլեց,
պատռեց,
տարաւ
եւ
Ազգը,
Ազգին
մէջ
Մխիրարեաններ
սիրող
տարրը՝
անոնց
անյայտացումովը
դէմ
յանդիման
եկաւ
մարդերու
հետ՝
որոնք
ձգած
իրենց
«ազգանուէր»
խորհուրդը,
մոռցած
իրենց
համբաւաւոր
«ուխտն»
ալ,
կը
մտատանջուին
միայն
իրարու
դէմ
դաւեր
լարել
եւ
իրարմով
իրենք
իրենց
սնափառութեան
պատուանդաններ
շինելու
աշխատութիւններով,
շա՜տ
եռանդունօրէն…
Վենետիկի
Մխիթարեան
Միաբանութիւնը
զանազան
կարգի
եւ
գոյնի
Սարեաններէ
առաջ
Հայր
Մինաս
Նուրիխան…
մը
ունի
իր
ծոցը,
երբեմն
տեսուչ
Մուրատ―Ռափայէլեան
Վարժարանի,
պատմագիր
եւ
այժմ
աթոռակալ
Ս.
Ղազարու
Վանքին։
Ամէն
անգամ
որ
դուք
Մխտթարեանները
տեսնէք
սխալ
քայլի
մը
մէջ
կամ
մեծ
ձախողուածի
մը
առաջ՝
անխուսափելիօրէն
մտաբերեցէք
Հ.
Մինաս
Նուրիխանը,
ուրկէ
կը
բղխին
գաղտնածածուկ
կերպով
բոլոր
չարութիւնները՝
սքանչելի
մեքենայութիւններու
միջոցով
առաջ
բերուած։
Ամէնքէն
առաջ
ինքը,
Հ.
Մինաս
Նուրիխանը
գիտէ
թէ
զրպարտութիւն
մը
չէ
որ
կʼընեմ
եւ
դարձեալ
ինքը,
առանձինն,
այս
տողերս
եթէ
կարդայ,
ապահով
կրնաք
ըլլալ
որ
թեթեւ
ծիծաղ
մը
պիտի
ստուերագրուի
իր
մեռելահայց
շրթունքներուն
վրայ,
―
ծաղրանքիլ
ծիծաղ
չէ՜,
այլ
ինքնագոհութեա՛ն…
Որովհետեւ,
ինքը
ամէնէն
առաջ
գիտէ
թէ
եթէ
ընկերային
խնդիրներու
մէջ
շատ
անգամ
պէտք
է
«կնոջ
մատը
փնտռել»
ինչպէս
ըսաւ
Պօնաբարդ,
Վենետիկի
Մխիթարեաններու
ամէն
ձախորդութիւններուն
մէջ
ալ
պէտք
է
որոնել
«Նուրիխանին
մատը»
ըլլայ
երեւելի,
ըլլայ
աներեւոյթ…
Այո՛,
ա՛յսպէս
է,
եւ
հո՛ն
են
այդ
վարդապետին
կէս
դարէ
աւելի
տեւող
կեանքին
պատմութիւնը,
եւ
մանաւանդ
իր՝
Մխիթարեանի
գործունէութեան
ամբողջ
դրուագները
ամէն
կերպով
պատրաստ՝
ձեզի
ապացուցանելու
իր
նկարագրին
բովանդակ
ժահրը։
Հայր
Մինաս
Նուրիխան
ծնած
է
Տրապիզոն
1854ին
եւ
շատ
ոքր
հասակէն
վանք
եկած,
ուր
ձեռնադրուած
է
վարդապետ
1873ին։
Այս
թուականէն
մինչեւ
1894
վանքին
մէջ
ձրիակերի
էն
ահնգիստ
դերը
կատարած
է
զբաղելով
միայն
մերթ
ընդ
մերթ
քանի
մը
անկապ
պատմական
թարգմանածոյ―հաւաքածոյ
ու
անլի
ոճով
մը
գրուած
հատորներ
հրատարակելու,
որոնց
վրայ
սակայն
չէ
մոռցած
իր
անունը
տեղաւորելու
իբր
հեղինակ։
Այսպէս
իր
ուսումնասիրական
աշխատութիւնը՝
որուն
մէկ
մասին
անձնապէս
ներկայ
եղած
եմ
տարիներ
ետքը,
եւ
հետեւաբար
չի
կրնար
ուրանալ
ինչ
որ
ըսի,
այնքան
ողորմելի
եղած
է
որ,
իբր
մասնաւոր
հանգամանք
չʼարժեր
քննութեան
ենթարկել։
Բայց
ուր
կը
սկսի
այս
մարդուն
Մխիթարեան
գործերու
մէջ
տխուր
դերակատարութիւնը,
ան՝
1894
թուականն
է,
երբ
Հ.
Նուրիխանը
ընտրուեցաւ
Մուրատ―Ռափայէլեան
վարժարանին
տեսուչ։
Ալ
ատիկա
իրեն
համար
բաց
դուռ
մըն
էր,
ուրկէ
կրնար
ներս
մտնել
առանց
պատասխանատուութեան
եւ
հոն
իրագործել
այն
բոլոր
հին
ծրագիրները՝
զորս
որոճացեր
ու
պատրաստեր
էր
քահանայ
ըլլալու
իր
որոշումը
տուած
պահուն…
Հ.
Մինաս
Նուրիխան
եօթը
տարի
շարունակ
մնաց
Մուրատ―Ռաճայէլեան
վարժարանին
տեսուչ,
այսինքն
1898ին
իր
պաշտօնը
լրանալուն,
վերընտրուեցաւ
եւ
մնաց
հոն
երեք
տարի
եւս,
մինչեւ
Հ.
Ալիշանի
մահը.
որմէ
յետոյ
յաջողեցա՜ւ
ըլլալ
անոր
տեը
աթոռակալ
վանքին։
Իր
աս
եօթնամեայ
տեսչութեան
միջոցին
հասցուց
4―5
դաս
շրջանաւարտներ,
որոնց
վերջինը՝
27րդ
դասարանին
բարոյական
մահացումը
իր
կեանքին
ամէնէն
եղկելի
արարքներէն
մէկը
եղաւ
եւ
իր
խղճին,
եթէ
ունի,
էն
զօրաւոր
տանջանքը։
Որովհետեւ
15
հատ
շատ
կարող
երիտասարդներու
բարոյական
տառապանքին
ու
անոնց
մտաւորական
շատ
գնահատելի
ուժերուն
ցրուումին
պատճառ
դարձաւ։
Հ.
Սիմոն
Երեմեան,
Հ.
Ս.
Էփրիկեան,
Հ.
Ար.
Ղազիկեան,
Հ.
Փիլ.
Եատիկեարեան
եւ
մանաւանդ
աս
վերջինը
եւ
դեռ
շատ
ուրիշներ,
առանձին
անկեղծօրէն
խօսելով,
անսահման
ցաւ
յայտնած
են
ատ
մասին,
տեսնելով
փճացումը
այս
շատ
բան
խոստացող
ուղեղներուն՝
որոնք
իրենց
տեսուչին
չի
տարուելիք
հոգեըան
անբարոյականցումին
հանդէպ
խրտչած,
բողոքած,
պոռացած
ըլլալնուն
համար՝
ոտքի
հարուածով
մը
կը
հեռացուէին
սեմէն
այն
հաստատութեան,
որը
իրենց
պէսներուն
համար
էր
կառուցուած,
հիմնուած.
եւ
կերթային
վկայական
անունը
կրող
մէյ
մէկ
թուղթի
կտոր
իրենց
անութին
տակ՝
երբ
տակաւին
ծարաւի
էին
ուսմունքի
եւ
զարգացուի
եւ
յառաջադիմութեան…
Է՛հ,
անշուշտ,
ի՞նչ
ըսել
էր
որ
10―15
երիտասարդներ,
որոնք
դժբաղդաբար
այս
անգամ
13―14
տարեկան
չէին
Նուրիխանի
մը
հաճոյքներուն
խմորուելու
եւ
անոնց
ծառայելու
համար,
ի՞նչ
կը
նշանակէր
որ
անոնք
բողոք
բառնային
անոր
սուլթանավայել
կեղեքումներուն
եւ
անբարոյականացնող
պատուիրանքներուն։
Հարուածը
պէտք
է
իջնէր
եւ
իջաւ։
Բայց
ատ
հարուածը
ուտողները
գոնղ
այսօր
գոհունակութիւնը
կը
զգան
այդ
մարդուն
երեսն
ի
վեր
պոռացած
ըլլալու,
գո՛նէ
այդքանը.
–
Դուն,
վարդապետ,
դուն
ի՞նչ
իրաւունք
ունիս
գիշեր
ատեն,
մեր
քնացած
պահուն,
լռիկ
մնջիկ,
կերպասէ
բանթուֆլներով
մեր
սենեակը
ոտք
դնելու…
Դո՛ւն
վարդապետ,
ի՞նչ
իրաւունք
ունիս
Կ…ին
արգիլելու
որ
Ս…ին
հետ
խօսի,
երբ
անոնք
իրարու
հանդէպ
եղբայրական
սէր
կը
զգան,
ու
քու
այդ
պատուէրովդ
ի՛նչ
իրաւունք
ունիս
անոնց
մէջ
բռնի
կերպով,
ատանկ
բիրտօրէն
անբարոյականութեան
գաղափարը
արթնցնելու,
երբ
ան
գոյութիւն
չունի…
Ա՛յսպէս
էր
Նուրիխանը
իբր
«մանկավարժ»,
եւ
այսպէսով
է
որ
մահու
ատելութիւն
ծնցուց
իր
հանդէպ
իր
բոլոր
առոյգ
հոգի
կրող
աշակերտներուն
մէջ,
այսպէսով
է
որ
գտնուեցան
անոնցմէ
նոյնիսկ
այնքան
տաքցածներ՝
որ
վայրկեան
մը
գաղափարը
յղացան
իրենց
մէջքի
գօտիովը
երթալ
տեղնուտեղը
խեղդելու
այդ
ժամանակէն
առաջ
Ծերացածը…
Բնական
է
որ
անօթութեան
մէջ
մնացող
տղաք,
որոնք
օրական
7
1
/
2
ժամ
ալ
դաս
մտիկ
ընելու
պարտաւորութիւնը
ունէին
իրենց
վզին
վրայ,
երեք
տարիէն
աւարտելու
համար
վեց
տարուան
ծրագիր
մը,
եւ
որոնք
այն
քստեմնելի
րէժիմին
ալ
կը
հանդուրժէին
լոկ
սորվելու
ըղձանքովը
տոջորուն,
պատանիներ՝
որոնք
սկսեր
էին
հասկնալ
թէ
ի՛նչ
է
մարդասիրութիւնը
գոնէ
իր
խոշոր
գիծերուն
մէջ՝
բնակա՛ն
է
որ
անոնք
չի
կրնային
տանիլ
տակաւին
որ
իրենց
տեսուչը
երթար
Քառլսպատ
հազարաւոր
ֆրանքներ
ուտելու,
ամիսներով
բարեկամ
կամ
բարեկամուհիներու
հետ,
այն
դրամէն՝
որը
իրենց
էր
յատկացուած
եւ
ճիշտ
այն
ատեն՝
երբ
իրենք
յաճախ
սեղանատունէն
կելլէին
անօթի,
իրարմէ
հաց
մուրալով…
Այո՛,
Մուրատ―Ռափայէլեան
աշակերտներ
էին
նաեւ
անոնք՝
որոնք
«խնայողութեան»
համար
40
անգամ
պատռած
եւ
նորոգուած
կօշիկներ
կը
հագնէին
եւ
1890էն
մնացած
շապիկներ,
ա՛յնպէս
հող
ու
քար
կրելու
համար՝
որպէսզի
Հ.
Մինաս
Նուրիխանը
կարենար
20―30.
000
ֆրք.
ծախքով
միայն
կանգնել
Ազօլօի
բլուրին
վրայ
այն
եկեղեցին՝
որը
կոթողը
պիտի
ըլլար
իր
Փառքին
եւ
որուն
պատկերը
գրուելով
յետոյ
«Բազմավէպ»ին
կամ
«Գեղունի»ին
մէջ՝
ինքը
պիտի
տեսնէր
եւ
պիտի
ըսէր.
Ասիկա՛
ես,
ես,
ե՛ս
շինել
տուած
եմ…
Ո՛վ
պիտի
հարցնէր
իրեն
թէ
ինչո՞վ
էր
շինած
զայն…։
֍
֍
֍
Հ.
Մինաս
Նուրիխան
աներեւակայելի
հակառակորդ
մը
եղած
է
համերաշխութեան
եւ
իրեն
համար
միշտ
ամէն
միջոցները
լաւ
նկատուած
են
հասնելու
համար
իր
առանձնայատուկ
նպատակներուն՝
որոնք
զուրկ
են
օգտապաշտութեան
ու
հասարակական
ամէնէն
տարրական
հանգամանքներէն։
Եւ
Հ.
Մինաս
Նուրիխան
իր
տեսուչ
եղած
ատենը,
իր
բաժնողի,
կասկածոջին
եւ
անվստահի
անագորոյնութիւնով
լացուցած,
լացուցա՛ծ
է
ոչ
միայն
աշակերտները
այլ
իրեն
օգնական
վարդապետներն
ալ,
այո՛։
Բայց
դուք
կը
տարուիք
հիմա
մտածելու
թէ
ի՞նչ
է
աս
մարդուն
նպատակը
եւ
իր
Սնափառութեան
հետապնդումին
առարկան
ի՛նչ
է։
Ահաւասիկ։
Հ.
Մինաս
Նուրիխանը
կուզէ
լափել
վանքը
եւ
զայն
իր
խանութը
շինել,
ու
ատիկա
կարենալ
ընելու
համար
պէտք
է
որ
ինք
Աբբահայր
ըլլայ,
Կիւրեղեան
Գերապայծառէն
անմիջապէս
ետքը,
Աբբահայր,
եւ
ոչ
թէ
«կէս»
հիմակուան
պէս…
Այնքան
ատեն
որ
Հ.
Ալիշան
կապրէր
տակաւին,
Հ.
Մինաս
Նուրիխանին
հոգիին
ամբողջ
սարսափելիութիւնը
գոնէ
որոշ
չափով
սանձուած
մնաց
ու
սահմանափակուեցաւ
Մուրատ―Ռափայէլեան
վարժարանին
շրջանակէն
ներս
եւ
երբ
օր
մը
խելացի
Մխիթարեան
մը
կըսէր.
–
Ալիշանը
մեռաւ,
մեր
վանքն
ալ
փլաւ,
իրաւունք,
շա՛տ
իրաւունք
ունէր,
որովհետեւ
Նուրիխան
առիթը
գտաւ
անմիջապէս
քայլ
մը
եւս
վեր
ցատկելու
եւ
նստելու
Մեծ―Ծերունիին
մահովը
թափուր
մնացած
աթոռակալի
գահուն
վրայ,
պաշտօն
մը
որուն
որքան
կարեւոր
ըլլալը
վանքին
մէջ
բացատրեցի
նախորդ
յօդուածներովս
եւ
որը
հետեւաբար
շատ
նպատակայարմար
էր
Նուրիխանին՝
իր
մեծ
ծրագրին
գործադրութեան
մատ
մը
եւս
մօտենալու
համար։
[1]
Հեղինակին
կամքէն
անկախ
պատճառներով
այս
ուսումնասիրութեան
Դ.
և
Ե.
մասերը
ուշ
ուղարկուեցաւ
Խմբագրութեանս։
Նախորդ
Ա.
Բ.
Գ.
յօդուծները
տե՛ս
«Ռազմիկ»ի
25,
26,
27
և
28
թիւերուն
մէջ։
Ծ.
Խ.