Քերթուածներ ու Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՌՆՈՂԻՆ ԱՆՈՒՆԸ

«Ու Մաալոնին կնիկը՝ Մովաբացի Հռութն ալ ինծի կնիկ առի, որ մեռնողին անունը պահեմ իր ժառանգութեանը մէջ։

ԳԻՐՔ ՀՌՈՒԹԱՅ

Ա.

Մահը խլեր տարեր էր արդէն իր կայտառ ամուսինը, ու սուգը սե՜ւ դառնութեամբ մը լեցուցեր էր ամբողջ էութիւնը Նոյեմիին։ Տարեգիր կեանքի մէջ, հեռու ծննդավայրէն, հեռու մօտաւոր ազգականներէն, չքնաղ կինը, այդ դառն կսկիծը կրելու պահուն, կատաղութեան ու ցաւի զգացումներու անբացատրելի ալեկոծութեան մը ենթակայ, օրերով մնացած թմրութեան սոսկալի վիճակի մը մէջ։ Ցաւը, կսկիծը, վիշտը, տխրութիւնը բղձկիլ, պոռթկալ կʼուզեն միշտ, եւ ցաւը, կսկիծը, վիշտն ու տխրութիւնը որոնք չեն բղձկիր ու չեն պոռթկար, կը փճացնեն, կը խորտակեն, կʼանէացնեն ենթական։ Ու Նոյեմի, այն դժբաղդ այրին, իր սիրած կենակիցին տաժանքոտ բաժանումին առգեւ, լցուած թաղծութեամբ, լցուած մինչեւ բերանը՝ յորդելու մօտ գետի մը պէս, այլ չէ՛ր կրնար յորդիլ, որովհետեւ իր հոգիին քովերէն չէին տարածուեր այն լայն ու տափարակ արտերը իրմէ յորդածը ծծել քաշելու համար։ Առանձին էր։ Շուրջը, օտարներ, տաժանելի ու ակամայ գաղթումին առթիւ բռնի կերպով եղած ծանօթութիւններ միայն կային, եւ անոնք, արտ չէ՛, հող չէ՛, քա՜ր, ժա՜յռ էին իրեն համար. իր կսկիծը անոնց մէջ հոսեցնելը ի զուր պիտի ըլլար, որովհետեւ, յետոյ, աւելի ուժով պիտի դառնար նետուէր ան իր հոգիին մէջ։

Ու չպոռթկացած ցաւի իր տառապանքովը կը հատնէր։

Մա՛յր, տղայութիւն է, մայր մի՛… կրկնած էին քանի՛ անգամներ իր երիտասարդ տղաքը։

Բայց տղայութի՞ւն։ Տղայութիւն՝ կնոջ մը համար՝ իր ամուսնէն բաժանումին ցաւը։ Սոսկալի էր աս. աս կոշտ մխիթարութիւնը աւելի կը բորբոքէր խեղճ Նոյեմիին մէջ յիշատակը անոր՝ որուն եհտ ապրած էր իր կեանքին ամէնէն գեղեցիկ ժամերը, անոր՝ որուն տուած էր ամէնէն առաջ ինքզինքը եւ զոր, ատո՛ր համար իսկ, պաշտամունքի մօտ սիրով մը սիրած էր։

Մայրի՛կ, պոռաց օր մը Քելլոն, մէկը երկու զաւակներէն. մենք քու խնամքիդ պէտք ունինք տակաւին. հայրիկը մեռաւ, իրաւունք ունիս, բայց կարելի՞ է մեռածին հետ մեռնիլ։ Աստուա՛ծ մը կայ. Աստուած կը հրամայէ՞ անձնասպան ըլլալ. ըրածդ անձնասպանութիւն է… անձնասպանութիւն եւ…

Զաւա՜կս…

Անձնասպանութիւն, այո՛, եւ յետոյ, նախատինք՝ մեզի, Մաալոնին ու ինծի, այսինքն անոնց՝ զորս դուն սնուցիր քու կուրծքէդ ժայթքող կաթով, զորս դուն մեծածուցիր քու յոգնութիւններովդ, որոնց համար մայրական ցա՜ւ քաշեցիր, եւ որոնց վրայ՝ հետեւաբար՝ իրաւունքներ ունիս. ըրածներդ, այս հեռանալդ մեզմէ, այս շարունակական թախիծդ, մենասիրութիւնդ ու աշխարհատեցութիւնդ, ասոնք, գիտցի՛ր մայր, ուրացումներ են ահա այդ ճիշդ այն մեր վրայ ունեցած իրաւունքներուդ…

Այո՛, կակազեց Նոյեմի, յուսահատ, խռովուած ու պատրաստ. այո՝ որովհետեւ ուրիշ պատասխան չունէր. հիմա ի՛նքն ալ համոզուած էր այն ճշմարտութիւններուն։

Երբ մենք կանք, երբ զիս ու Մաալոնը ւնիս, պէտք է գիտնաս որ կը բաւենք քեզի…

Իր երկու մանչ զաւակները իրա՜ւ կը բաւէին իրեն։ այդ խրոխտ յայտարարութեան առջեւ սարսռաց կինը, ջիղերը թնդացին ու լացաւ…

Բ.

Նոյեմի զգաց թէ Քելլոն իրաւուք ունէր, եւ բռնութիւնը ինք իր զգացումներուն վրայ, եւ ժամանակին ազդեցութիւնը իր ցաւին վրայ, այս մարդկային ու բնական ազդակները հազիւ երկու ամիս անցած նոր գոյութիւն մը շինած էին Նոյեմին։

Եւ այն ատեն ուխտ մը ըրաւ, գոնէ մեռնղին անունը իր ժառանգութեան մէջ անջինջ պահելու ուխտը, զոր յղացաւ իր հոգիին խորէն եւ երդուընցաւ իրագործել։ Խաղացութիւնը պահ մը իր տեղը գտաւ նորէն Նոյեմիի ընտանիքին մէջ, որ, հիմա, երեք հոգիներէ բաղկացած կը մնար միայն։ Նոյեմի վերստացած էր քառասնամեայ կնկան իր կէս անհոգ նախկին զուարթութիւնը, ու մանաւանդ այս ամէնուն վրայ, ու այս ամէնէն վեր, փորձառութիւն մըն ալ աւելցած էր իրեն։ Հիմա, ինքզինքը, իր միտքն ու հոգին ամբողջ նուիրած էր իրագործելու սրտին մէկ հատիկ ուխտը, որուն գործադրութեամբը մշտնջենաւորապէս յարգած պիտի ըլլար իր ամուսնոյն յիշատակը, եւ, յետոյ, մշտնջենաւորապէս անոր մատուցած պիտի ըլլար փոխարէնը այն ցաւին զոր զգացումի սոսկալի օրէնքը պարտք կը դնէր իր վրայ ունենալ՝ հանդէպ իր սիրականին մահու բաժանման։

Սերունդը անջինջ պիտի պահէր։

Ու այդ բանը ընելը դժուար չէր իրեն առայժմ, քանի որ երկու մանչ զաւակներ ունէր, որոնք՝ եթէ ոչ կատարելապէս ի վիճակի ամուսնանալու, կրնային սակայն, օր մը չէ օր մը գոհացում տալ իր ուխտին։ Բարեբաղդաբար, այդ օրն ալ, այդ ուրախառիթ օրը Նոյեմիին համար, չուշացաւ։ Երկու երիտասարդները, գրեթէ միաժամանակ, բայց առանց բան մը իմացնելու ուրիշներուն եւ լոկ իրենց սրտին մէջէն, սիրտ տուեր էին արդէն տեղացի երկու աղջիկներու, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, աղջիկները, երկու անառակներ, իրե՛նք բռնի գրաւեր էին մանչերը, այն տեսակ մը հմայքով ու հմայելու արուեստով, որոնց հանդէպ անվրդով մնալու ոյժը չէ տրուած ամէն առնական զգացումի։ Երկու տղաքը, անգիտակցաբար, սակայն խօսք մէկ ըրածի պէս, իրենց փափաքը յայտնեցին մայրերնուն. կ’ուզէին ամուսնանալ։

Նոյեմի նախ զարմացաւ պահ մը, իրեն եղած այս անսպասելի յայտնութեան վրայ, անանկ խնդրի մը նկատմամբ, զոր արդէն շատ որոճացած էր, ինքնիրենը, մտքին մէջ, սոսկ իր սեւեռեալ գաղափարին իրագործմանը, մեռնողին անունը անջինջ պահելու ձգտումին համար։ Զաւակները, մանաւանդ մանչ ալ զաւակներ, ամուսնանալով կրնային հետզհետէ խորունկ արմատ մը ձգել տալ մեռնողին սերունդին եւ ընտանիքին անուան։ Ինչո՞ւ մերժեր հետեւաբար…։

Սակայն խղճի տագնապ մը առաւ յանկարծ խեղճ կինը։ Անոնք, այդ ամուսնութիւնները ապօրէն պիտի ըլլլային ցեղային հին աւանդութեան մը համաձայն. չէ՞ մի որ տղաքը կ’ուզէին ամուսնանալ Հրեայ կիներու յետ եւ երկրի մը մէջ՝ ուր կը բնակէին տարեգրութեան մը առթիւ միայն։

Թոյլատրել այդ ամուսնութիւնները իրա՜ւ զեղծում մըն էր ցեղային աւանդասիրութեան, սակայն… հո՛ն էր իր սեւեռեալ գաղափարը, հոն իր երդուեալ ուխտը՝ որ գոհացում, որ գործադրութիւն կը պահանջէր խրոխտ բարձրութենէ մը։

Օրինազանցութիւն մը, մտածեց Նոյեմի, հոգ չէ՛, պիտի ընե՛մ, պիտի կատարեմ ուխտս, պիտի հասնեմ նպատակիս, հո՜գս…

Եւ տղաքը կանչեց.

Մաալոն, Քելլոն. զաւակներս, ամուսնանալ ուզեցիք, անանկ չէ՞։ Ինձմէ ձեզի բացարձակ հրաման ահաւասիկ. առէ՛ք ձեր ուզած կիները. այլ բան մը միայն պիտի խնդրեմ։ Նախ մի՛ ուզէք գիտնալ պատճառը որուն համար եւ այնքան դիւրաւ թոյլատրեցի ձեզի՝ ապօրէն նկատուած կենակցութիւններ, երկչոչդ, ջանացէք, զաւակներս, ա՜խ, զաւա՛կ ունենալ, զաւակ այնքան շատ որքան կրնանք, որպէսզի անջինջ պահէք… մեռնողին անո՜ւնը…

Ուխտը կէս մը գործադրուած էր, Տղաքը անմիջապէս տիրացան իրանց սիրականներուն։

Գ.

Բայց տաժանելի պայքար մը կարծես։ Անգութ ճակատագիրը, անծանօթ ու թաքուն տրամադրութիւններով զինուած, բուռն ու տարօրինակ պայքար մը կը մղէր Նոյեմիին դէմ. կը զուարճանար անոր հետ, նման յաղթանդամ, լայնաթաթ ու վագրասեռ այն կատուին՝ որ, փոքրիկ մուկը նեղը ձգելէ ետք, կը խաղայ անոր տապլտկումներովը, քմծիծաղ մը՝ շրթունքին վրայ, հանդէպ անոր անմիտ ու անիմաստ փախուստներուն, երերտկումներուն, սոսկ հաճոյքի համար մերթ դժուարացնելով անոր շարժումները, մերթ արգելքներ, յարուցանելով անոր առջեւ։

Ահռելի եղաւ հարուածը՝ Նոյեմիին համար, երբ նպատակին հասնելու եւ մեռնողին անուան անջինջ մնալու իր երազին մէջ, յանկարծ, երկու զաւակները, Մաալոն ու Քելլոն, իրարու ետեւէ հիւանդ ինական, ինական մահամերձ, գրեթէ մեռած, կռուի մը մէջ վայրկենապէս զգետուող տիտաններու անկումով։ Գոնէ՝ բարոյապէս տիտաններ էին երկու երիտասարդները իրենց մօր համար։ Հիւանդութիւննին երկար ալ չտեւեց։ Դեռ հազիւ ամուսնացած, նորէն սեւ սեւ սուգի մը շղարշներուն մէջ փաթթեցին ամբողջ տունը ու սիրտը Նոյեմիին, որ այսպէսով երկրորդ անգամ այրի կը մնար, հին ցաւերն ալ մէջտեղ կ’ելլէին եւ ալ ահռելի կ’երեւար իրեն միջավայրը։ Իր աղուոր երազին փշրումը, իր ուխտին գործադրման փարատումը, դժոխքի մի երեւոյթը կը զգեցնէին իր աչքին՝ այդ օտարոտի գաւառը։ Ելաւ, որովհետեւ գործել պէտք էր, ժողովեց ունեցած չունեցածը, առաւ երկու հարսերը որոնք միայն մնացած էին իրիններէն, ու հեռացաւ այն տեղէն՝ որ գերեզմանը եղած էր իր զաւակներուն, իր մա՛նչ զաւակներուն եւ պաշտուած էրկանը, եւ գերեզմանը եղած էր նաեւ իր սիրական ուխտին։

Ուխտին գերեզմա՞նը։ Բայց պիտի մեռնէ՞ր այդ ուխտը։

Նոյեմի կը սարսռար ամէն անգամ որ այս մտածումը պտուտքէր գլխուն մէջ. շուտով արտասովոր ցնցում մը կը թոթուէր իր բովանդակ ջղային դրութիւնը։ Ա՜հ ան ուխտը պէտք էր որ գործադրուէ՜ր…։

Միակ յոյսը հարսներն էին ալ հիմա. անոնց ամուսնանալովը միայն իր ուխտը կրնար կատարուիլ։ Զաւակներուն մահէն ետք, շատ ժամանակ չանցած, կանչեց երկու դեռատի կինեչը, ու առաջարիկեց, աղաչեց անոնց, ու ամէն ջանք ըրաւ համոզելու որ, իրենց տուները վերադառնան կրկին ամուսնանալու համար։ Տեսակ մը բնամուղ հրճուանքով գրգռուեցաւ հարսերէն մէկը կեսուրին այս յայտարարութեան առջեւ. ցնծաց հոգիին խորէն, որովհետու կեսրոջը հաճոյք պատճառած ըլլալու համար մանաւանդ պիտի ընէր բան մը՝ որ. արդէն, իր մեծագոյն ըղձանքն էր կրկին ամուսնանալ։

Ելաւ։ Արցունքներ՝ բաժանման ցաւին նշանակ՝ կը փայլէին գեղեցիկ կնոջ այտերն ի վար, վարդի թերթիկին շուրջ թրթռացող ցօղի մարգարիտներուն նման։ Կեսուրը, ի՛նքն ալ տխուր կ’երեւար հակառակ անոր որ ուխտին գործադրութեան գաղափարը, որուն պիտի ծառայէր այս բաժանումը, գոհունակութեան ծով մը կը ծփացնէր իր հոգիին մէջ։ Ջերմ համբոյրներու փոխանակութենէ մը ետք, Հռութ ալ համբոյր մը տուաւ իր ներոջ շրթունքին, ու արթուն այրիչն հեռացաւ իր ամուսնին տունէն ու ընտանիքէն, հեռացաւ անդառնալիօրէն։

Ա՛լ ոչ ոք կրցաւ գիտնալ թէ ինչ եղաւ ան։ Նոյեմի ալ չկրցաւ գիտնալ թէ անոր մեկնումը ծառայե՞ց իր մտադրած նպատակին։

Իսկ, միւս հարսը, բացարձակապէս մերժեց եղած առաջարկը, ու պողպատի չափ անդրդուելի մնաց Նոյեմիի աղաչանքներուն հանդէպ։

Հռո՛ւթ, աղջիկս, կը կրկնէր Նոյեմի մէկ չէ՝ հազա՜ր անգամներ. եկուր շնորհքով փեսայ մը գտնենք քեզի մեր ազգակիցներէն, ամուսնացիր, սերունդիս առաջ երթայ, մեռնողին անունը անջինջ մնայ…

Ա՜խ, կ’ըսէր հարսը ու կը փաթթուէր կեսրոջը վզին, ա՛խ ես քեզմէ չե՜մ կրնար բաժնուիլ. ես չեմ ուզեր փեսայ, ինծի մի՛ ըներ այդ բանը…

Չընէր՝ այո՝ բայց պէ՛տք էր ընէր։

Երկու օր վերջը, հարս ու կեսուրի միջեւ նոյն խօսակցութիւնը կրկնուելէ ետք, Հռութի աւելի ամուր մերժումներուն վրայ, Նոյեմի ա՛լ խօսք ու համբերութիւն չկրցաւ գտնել, պէտք էր կնոջական աւելի խորամանկ մեքենայութեան մը դիմել։

Աղէ՛կ. Հռո՛ւթ, ըսաւ անմիջապէս, ուրիշ   բան մը ըսեմ քեզի…

Ուրիշ ի՞նչ…

Մտի՛կ ըրէ։ Գիտե՞ս ան արտը ուր ամէն օր ցորեն առնելու կ’երթաս։ Այս զիչեր, մութը կոխելուն, կամաց մը գնա նորէն հոն, եւ առանց ինքզինքս մէկուն ցուցնելու, առանց շշուկ մը հանելու, որաներու բդէզին քով, մեր ազգակիցներէն Բոոսի քովը մտիր քնքուշ մը…

Հռութ խռովեցաւ։ Սարսուռ մը սողաց մարմնոյն չորս բեւեռներէն ներս, ահռելի բան մը զգաց ու.

Է՜հ, լա՛ւ, պատասխանեց։

Նոյն գիշերը Բոոս իր քով կին մը գտաւ, գեղեցիկ ու բեղուն կին մը՝ որ ժամանակ մը վերջ մանչ զաւակ մը կը ծնէր…

Ու Նոյեմի խենթ էր ուրախութենէն. որովհետեւ եղած լմնցած էր ամէն բան, որովհետու ուխտը գործադրուած էր, մեռնողին անունը անջինջ պիտի մնար, սերունդը պիտի շարունակուէր. ու այդ անհուն ուրախութեան մէջ անգիտակից այլ Աստուածային ոգի մը կար անշուշտ, որովհետեւ այդ սերունդը անջինջ մնալով, յառաջանալով, ճիւղաւորուելով, Քրիստո՜սը պիտի տար մարդկութեան…

 

«Բիւրակն» Հանդէս, 1903, 11 Յունուար, թիւ 2