Քերթուածներ ու Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՊԻՐԷՈՆ

Բըլրակներու գոգը բազմած գեղանուշ,

Ծովուն առջեւ կը սարսռայ Պիրէոն,

Աղտոտ ձայներ, խըռպոտ երգեր, երգեհոն,

Քարափն ի վեր կը պոռչըտան, խա՜ռ, խուժդուժ։

 

Անդին Աթէնքն է. կը հսկէ բարձունքէն,

Անխախտ, հըպատ իր ճոխութեանց մէջ ծըփուն,

Քարեր, հողեր, նետուած՝ կուրծքին լեռներուն,

Հո՜ն հի՜ն յուշեր զոր սիրտերը կը պաշտեն…

 

«Բիւրակն» Հանդէս, 14 Յունիս 1903, Թիւ 24 [1]



[1]            Բարսեղ Շահպազ բարեկամիս մեկնած ատեն, ըսի իրեն որ, ճամբու տպաւորութիւններ գրէ, «Բիւրակն»ին համար։

              Նամակի մը հետը, անակնկալը կʼընէ ինծի, ղրկելով իր ճամբու տպաւորութիւնները… ոտանաւորներով, նորութիւն մը՝ որ մեր մէջը առաջին անգամ ինք կը փորձէ։

              Վայրկենական, լուսանկարչական ու պատկերալից impression մըն է Պիրէոնը, խլեակ մը՝ իր տպաւորութիւններէն, որոնց նախորդները դժբաղդաբար չեմ ստացած, եւ զորս ղրկած ըլլալը կը գրէ ինք ինծի։ (Ենովք Արմէն)