Ա.
Մխիթարեան
Աբբահօր
քրտնաջան
ու
տառապանքոտ
աշխատութիւններուն
պտուղը
եղող
այն
ահագին
միաբանութիւնը
որ
իր
արժանաւոր
հիմնադրին
անունովը
արդարապէս
կոչուեցաւ
«Մխիթարեան
Միաբանութիւն»,
ամբողջ
երկու
դարերէ
աւելի
տեւող
իր
կեանքին
շատ
բեղուն
գործունէութիւնովը
իրեն
նկատմամբ
անուրանալի
պատկառանքի
մը
ու
անժխտելի
յարգանքի
եւ
երախտագիտութեան
մը
հարկը
ստիպողական
դարձուցած
է
սա
մեր
Հայ
Ազգին։
Հայ
ազգ
ըսի,
ու
անհրաժեշտ
է
որ
աւելցնեմ
անմիջապէս
թէ
հոդ
գոյութեան
իրաւունքէն
բացարձակօրէն
զուրկ
են
«կրօնական
խտրութիւն»
անունին
տակ
ծածկուող
ու
տարաբաղդաբար
տակաւին
մինչեւ
այսօր
իրենց
նեխած
կեանքը
քաշկռտող
ահաւորօրէն
անժամանակ
չարիքները։
Ու
այսպէս,
այս
հնաւուրց
նշանաւոր
հաստատութիւնը
հայ
ազգային
կենսականութեան
օրգանիզմին
մէջ
զգալիօրէն
աչքառու
իր
մասնաւոր
տեղը
ունի՛,
―
Հայ
Պատմութիւնը,
հայ
մատենագրութիւնը,
հայ
մատենագիտութիւնը,
հայ
լեզուն,
հայ
հնագիտութիւնը,
հայ
արուեստը
եւ
հայ
գեղարուեստը,
ամէնքն
ալ
անջատօրէն
թէ
հաւաքաբար
կազմեցին
այսքան
երկա՜ր
տարիներ
շարունակօրէն
այն
խորանները՝
որոնց
առջեւ
Մխիթարեան
վանականները
ծխեցին
իրենց
բովանդակ
կեանքը
ու
իրենց
մտքին
ամբողջ
զօրութիւնը,
առանձնացած
Ս.
Ղազարու
Հայ
Կղզիին
հրաշալի
մենաստանին
մէջ։
Եւ
այսպէս
է
որ
մենք
ունեցանք
Հ.
Չամչեանները,
Բագրատունիները,
Զարպհանէլեանները,
Ալիշանները,
Քաջունիները,
Հիւրմիւզները,
որոնք
առանձին
առանձին
անսասան
այն
սիւները
եղան՝
որոնց
վրայ
Հայ
Միտքը
կրցաւ
թառիլ
ու
աշխարհքին
ցոյց
տալ
իր
վեհ
գոյութիւնը
եւ
այս՝
դեռ
ա՛ն
ատեն՝
ուր
հայ
ընդվզող
հոգիներ
իրենց
ճակատ
առ
ճակատ
բողոքներով
ու
իրենց
իսկ
արեան
գինով
տակաւին
չէին
սրբած
տառապող
ու
ինկած
սա՛
ազգին
ճակտէն
ստրուկի
մուրը։
Անոնք
Խորենացին
նետեցին
Եւրոպայի՝
Հայերու
մասին
դեռ
շատ
խաւար
աչքերուն
առաջ,
անոնք
«Աւարայրը»
երգեցին,
անոնք
հայ
«Իլիական»ը
դիւցազներգեցին,
երբ
խեղճ
հայ
ազգը
18րդ
դարու
ահռելի
տագնապներէն
ետք,
կէս
մեռեալի
օրհասական
մը
միիայն
կʼապրէր
տակաւին
ասդին,
կաշառող
«Մահիկ»ին
ու
տիրապետող
«Արծիւ»ին
չարաշուք
հովանաւորութեան
տակ։
Թերեւս
քիչ
մը
չափազանց
յանդուգն,
բայց
իսկապէս
սխալ
չէ
այն
ասացուածքը
զոր
հայ
հասարակական
գործիչներէ
ոմանք
կը
սիրեն
կրկնել.
–
Հայ
Յեղափոխութիւնը
նոր
ու
բռնազբօսիկ
չէ։
Հայ
Յեղափոխութիւնը
կը
սկսի
այն
օրէն
ուր
Սեբաստացի
Մեծ
Հայ
մը,
1700ին,
անցաւ
Հայաստանէն
Իտալիա…
֍
֍
֍
Մխիթարեանութեան
այսքան
ճշմարիտօրէն
ցայտուն
մեծութեան
շատ
բնական,
շատ
գիտականօրէն
իրաւացի
հետեւանքն
է
որ
Հայութիւնը
մասնաւորաբար
ուշադիր
հետաքրքրութիւնով
մը
հետեւի
անոր
մէկ
պատմական
քայլին։
Անիկա
արհամարհելի
քանակութիւն
մը,
–
ինչպէս
կʼըսեն,
քանթիթէ
նէկլիժապլը
չէ՛
մեզի
համար,
–
ընդհակառակը
անոր
գոյութեան
ամէն
մէկ
փուլը
իր
որոշ
կարեւորութիւն
ունի,
մանաւանդ
ամբողջ
ազգին
հաւասարակշռութեան
տեսակէտէն
իր
անհրաժեշտութեան
պատճառով։
Եւ
այն
ատեն,
այն
միեւնոյն
հայութիւնը
որը
երախտապարտ
է
Մխիթարեանութեան,
այն
միեւնոյն
հայութիւնը
որ
պատրաստ
է
հմայումով
գլուխ
խոնարհեցնել
անոր
հսկայ
օգտակարութեան
ծունգերուն
առաջ,
այն
միեւնոյն
Հայութիւնը
միշտ,
ո՜չ
թէ
իրաւունք՝
այլ
սրտագին,
ներքին,
անխուսափելի
պարտականութիւնը
ունի
նաեւ
ամբողջ
սերունդներէ
կտակուած
ատանկ
աւանդական
արժէքաւոր
Մասունքի
մը
անաղարտ
պահպանումին
հսկելու։
Որովհետեւ,
ամէն
բանէ
առաջ,
Մխիթարեան
Միաբանութիւնը
ինքը
պէտք
է
ընդունի
թէ
իր
ամբողջ
կեանքին
իրականութեանը
հակասած
կʼըլլայ,
եթէ
ելլէ
այսօր
դաւանելու
թէ
Ազգը
իրեն
կը
վերաբերի
եւ
ոչ
թէ
ինքը
Ազգին։
Ու
աւասիկ
գործին
ալֆան
ու
օմէգան
–
Մխիթարեան
միաբանութիւնը,
ըսի,
ինքը,
իր
աս
ազգին
ծառայա
ծ
ու
օգտակարապէս
ծառայած
ըլլալովը,
պէտք
է
ընդունի
թէ
անոր
կը
պատկանի։
Շատոնց
կմախացած
ու
թերեւս
մոխրացած
է
արդէն
Ծերենցի
կարծիքը
թէ
«Արտաքոյ
Հայաստանեայց
Եկեղեցւոյ
չիք
Հայութիւն»։
Եւ
Մխիթարեանները
որոնք
իրենք
նախ
իրենց
գործունէութիւնով
ուղղակի
եւ
յետոյ
իրենց
հասցուցած
աշակերտներուն
միջոցաւ,
անուղղակի
պայքարեցան
ծերենցեան
այդ
անողոք
ու
ապսիւրտ
իմաստակութեան
դէմ,
իրենք
չէ
որ
անշուշտ
պիտի
յարուցանեն
հիմա
այդ
տեսակ
խնդիր,
երբ
Հայերը,
հայ
ազգը
ամբողջ
իր
գործիչներուն,
իր
հրապարակագրութեան
միջոցաւ
դառնայ
անգամ
մը
դէպի
իրենց՝
քիչ
մը
աւելի
մտերմօրէն
հաշիւ
պահանջելու
իրենցմէ։
Որովհետեւ
ընդունեցէք
դուք
ալ,
ա՛յ
Մխիթարեաններ,
թէ
վերջապէս
մարդերը
մարդեր
են
եւ
ժամանակները
ժամանակներ։
Մարդերն
ալ
կը
փոխուին,
ժամանակնե՛րն
ալ,
առաջինները
եթէ
կը
մեռնին,
երկրորդները
կը
սահին
արագ
արագ
ու
Անունի
հմայքը
երբեք
իրաւունք
չունի
ինքզինքը
անսայթաք
ենթադրելու։
Հիմա
տեսէք,
հիմա
պակսած
է
ինքը
Մխիթար
Աբբան,
որուն
տիրապետող
կամքի
ուժը
հիմնաքարը
եղաւ
այս
հաստատութեան,
հիմա
չկայ
Բագրատունիին
ու
Հիւրմիւզին
պատկառելի
ուղեղները՝
որոնք
սարսափ
ազդէին,
հիմա
չկայ
Ալիշանը,
հեզութեան
ու
հանճար
–
խոնարհութեան
այդ
մարմնացումը՝
որուն
դողդոջուն
ստուերանկարը
կը
յածէր
շարունակ
Վանքին
նրբանցքներուն
մէջ,
ամէն
կողմ,
ամէնուն
սրտին
մէջ,
քիչ
մը
աւելի
եռանդ,
քիչ
մը
աւելի
սէր
զարթուցանելով,
հիմա
չկայ
եւ
ոչ
իսկ
Զարպհանէլեանը՝
որուն
հոգեհոս
ու
գերազանցապէս
անկեղծ
հրահանգները
կազդուրէին
բոլոր
հոգիով
տկարացողները,
–
չկան
ասոնք
ամէնքը,
որոնք
Մեծ
Մարդեր
էին
բայց
միշտ
մարդեր
դժբաղդաբար
եւ
Ժամանակը,
անմռայլ
ու
անայլայլ,
լուռօրէն
տարաւ
քամեց
ամէնքն
ալ
նշանաւոր
«Եղեւնիին»
դէմ,
իւրաքանչիւրը
ի՛ր
մարմարեայ
հանգստարանին
խորը։
Ու
ահա
այսօր
մենք
կը
գտնուինք
անոնց
հեռացումովը
մնացած
Մեծ
Ունայնի
մը
առջեւ…
Ինչո՞ւ…։