Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այդ գիշերէն զատ մէյ մըն ալ չտեսայ զինքը։

Այն միայն իմ դասընկերներէս, որ միշտ հետեւեցաւ իրեն՝ ինձմէ տարիքով ու սրտով մեծ երիտասարդ մըն է։

Երկուքն ալ ձախորդութեանց զուգահեռական գիծով մը շարունակեցին ճամբանին. Զարեհ չմտաւ երբեք այն ուղին ուրկէ խղճահարութիւններէ զուրկ ապիկարութիւնները կը յառաջդիմեն. գործի մարդ չեղաւ բնաւ. իր հոգին՝ մաքուր, միամիտ ու երիտասարդ մնաց։ Դպրոցէն ելլելուն՝ վաճառականի գրագիր եղաւ եւ գրագիր մնաց մինչեւ վերջը. դպրոցին մէջ ամենէս յառաջադէմն էր, բանաստեղծ մըն էր. հոս՝ վաճառատան ահագին մաշտոցներուն դէմը՝ ապշած, օրն ի բուն կքելով, խոնարհելով անբանի մը աշխատութեան տակ, դեռ ատեն կը գտնէր իր գրական փորձերը, պատրանքները շարունակելու։

Չօրպաճին Արեւելքի մէջ կարդալով Զարեհի ստորագրութիւնը, կը զարմանար, կը նախանձէր իր եազըճիին գրական կարողութեան եւ համբաւին վրայ. գրպանը ստակ մը չունեցող մէկը զոր ամեն ոք կը ճանչնար, մինչդեռ ինքը՝ էֆէնտին, հարուստ ըլլալով հանդերձ, անծանօթ կը մնար. եւ յաջորդ օրը Զարեհին դէմ կը դառնար իր զայրոյթը, կը դիտէր սեղանին վրայ ծռած գրագիրը, ջանալով աչքին պոչովը գուշակել անոր գրութեան նիւթը, վախնալով որ իր վճարած աշխատութեան մէջէն մաս մը չգողնայ. եւ այս հեռատեսութեամբ առաջուց կը յանդիմանէր զայն.

Արեւելքին զըր զըր յօդուած գրելուդ, սա սօն պիլանչօն լմնցուր։

Այս հաշիւներուն մէջ Սերվինազի պատկերը, դպրոցական օրերուն սէրը, անբաժան կը մնար իր սրտէն, որուն վրայ կարծես հիմա պատատուկ տունկի մը պէս երթալով կը փաթթուէր։

Չէ՛ր վշտացեր Սերվինազի ամուսնութեան լուրը առնելուն. թերեւս երջանիկ ըլլար այդ ամուսնութեամբ. Զարեհի սէրը անձնուրացութեան կը մօտենար հիմա. բայց այս ամուսնութիւնն ալ ահա աղէտաւոր ու դժբաղդ միութիւն մը եղած էր. հիւանդութեան, չքաւորութեան շրջան մը։

Հիմա երիտասարդը ալ աւելի կը յամառէր, անդրդուելի կը մնար իր սիրոյն մէջ։ Տարօրինակ տեսարան մըն էր այս տղուն կեանքը, որ իր տումարներուն մէջ թաղուած, հաւատարիմ իր առջի սիրոյն, դեռ այս կինը կ՚երազէր ու անոր կը ցանկար ամեն վայրկեան. ոչ ամուսնութիւնը, ոչ չքաւորութիւնը, ոչ գեղեցկութեան կորուստը մազի չափ չէին դղրդած եւ տկարացուցած իր սիրոյն հաստատուն ու զօրաւոր շէնքը։

Վեհանձնութեան, ասպետական հաւատարմութեան պարտք մը կը համարէր ձախորդութեան, անկման ժամանակ չլքել իր սիրոյն առարկան. ընդհակառակը՝ վաճառատան մէջ զինքը չորս կողմէն շրջապատող ապշեցուցիչ թուանշաններուն մէջ՝ իր բանաստեղծի երեւակայութիւնը կը գրգռուէր։

Գրչին տակն էին այն մեծամեծ գումարները որոնք վայելքներու աշխարհներ կը նշանակէին. հարիւր հազարաւորներ իրարու վրայ բարդելով կամ իրարմէ զեղչելով ոսկիի դէզեր կը խառնէր իր տումարներուն մէջ, ինչպէս Միջին Դարու ալշիմիսթ մը իր ատրաշէկ հալոցին մէջ։ Օրն ի բուն գրչի մէկ հարուծով կը հարստացնէր կամ կը փճացնէր այն հէք արարածները, զորս ինք ստեղծած ու կնքած էր Մայր-Հաշիւին ամեն մէկ էջին գլուխը, Ընդհ. Ապրանք, Սնտուկ, եւ որոնց վրայ, ամենահզօր նախախնամութեան մը նման, կը խրոխտար։

Ի՞նչ կ՚ըլլար եթէ այս բոլոր հիացուցիչ գումարները որոնք իր գրչին տակէն կ՚անցնէին շարունակ, մարմին առնէին յանկարծ, չքաւորութեան մատնուող սիրուհիի մը ընծայելու արժանի կեանք մը շինելու համար։