Սերվինազ
մէկունը
կամ
միւսինը
չէր.
յայտնի
կ՚երեւար
որ
կը
սիրէր
մեր
Դ.
կարգը
իր
հոգիին
պէս.
հա՞րկ
է
ըսել
որ
ինքն
ալ
մեր
Դ.
կարգին
պաշտեցեալ
հոգին
եղաւ
միշտ։
Իր
ժպիտը՝
ամենուս
վրայ
բաժնուելով
չէր
տկարանար,
պզտիկնար,
անբաւական
դառնալով
առանձինն
ամեն
մէկերնուս.
ո՛չ.
այլ
կերպով
մը
իր
զաւակներն
էինք
որոնց
վրայ
հաւասարապէս
կը
տարածուէին
իր
գորովը
ու
խանդաղատանքը՝
վառ
ամենուս
համար
ալ։
Թերեւս
մեր
անձերը
չէր
սիրեր
այլ
մեր
պատանութիւնը,
մեր
թիւը,
մեր
զարտուղութիւնը։
Երբեք
իրարմէ
չնախանձեցանք
զինքը.
ոչ
ալ
իր
ընտանիքը
ընդմիջեց
մեր
անմեղուկ
տարփանքին
քաղցրութիւնը.
տասերեք
տասնըչորս
տարու
պատանիներ՝
լուրջ
թեկնածուներ
կամ
վախնալու
տարփաւորներ
չէին
անշուշտ.
բայց
կրնամ
վստահութեամբ
ըսել
որ
ամենքնիս
ալ
այդ
պահուն
յօժարափոյթ
պիտի
ամուսնանայինք
իրեն
հետ,
թէեւ
ութը,
տասը
տարու
մեծ
եղած
ըլլար
մեզմէ։
Այս
սէրը՝
Դ.
կարգին
ուսման
ծրագրին
մասը
կը
կազմէր,
քաղցրացնելով
անհատնում
դասախօսութիւններով
լեցուն
օրերնիս.
իր
հրապուրիչ
դէմքը՝
կառավարչին
ժանտ
ու
թթուած
երեսին
դառնութիւնը
կը
մոռցնէր։
Այսպէս
հեշտիւ
բոլորեցաւ
տարեշրջան
մը
որ
չպիտի
վերսկսէր,
Թարգմանչաց
վարժարանի
խանգարմամբը։
Դ.
կարգը՝
այնքան
հոծ,
այնքան
սերտիւ
կապուած,
մէկ
սիրտ,
մէկ
հոգի
չմնաց.
ամենքը
ցրուեցան
հոս
հոն,
ամբողջացնելու
համար
կիսկատար
ուսումնին.
ապագայ
մը
շինելու,
ընկերական
գոյութիւն
մը
պատրաստելու
հետամուտ։
Անհունական
հաշիւներու
ֆօրմիւլներուն
եւ
Քեբլեռի
օրէնքներուն
մեջ
մոռցանք
Սերվինազն
ու
իր
եղրեւանիով
գոցուած
պատուհանը։