Օր
մը,
բնաւ
մտքէս
չանցած
մէկ
վայրկեանիս,
գրասենեակէս
ներս
մտաւ
ան.
տիրաբար,
չսպասելով
գրագրիս
հրամցնելուն,
երկար
ճամբու
մը
յոգնութենէն
պարտասած
մէկու
մը
պէս
աթոռի
մը
մէջ
ինկաւ.
յետոյ՝
դեռ
ինծի
բան
մը
չըսած՝
խահուէ
մը
ապսպրեց
ինքզինքին
եւ
սիկառէթ
մը
վառեց։
—
Քենէ
ուրիշ
մէկը
չունիմ
իմ
սիրտս
բանալիք,
ըսաւ
ինծի
դողդոջուն
ձայնով
մը.
այն
վայրկեանին
ուր
ամեն
ինչ
կ՚երերայ
ու
փլչելու
մօտ
կ՚երեւայ
շուրջս,
անխախտ՝
քու
բարեկամութիւնդ
միայն
կը
տեսնեմ
ու
քեզի
կ՚ապաւինիմ։
Այս
ձայնը
զարմացուց
զիս.
երեսը
նայեցայ
աղէկ
մը.
որքա՜ն
փոփոխութիւն.
քանի
մը
ամսուան
մէջ
նիհարցեր
ու
վատեր
էր.
տենդի
կարմրութիւնը
իր
այտերը
կը
շառագունէր։
—
Ինծի
պատահածները
հարկաւ
գիտես,
շարունակեց
անիկա,
ատեն
չկայ
որ
երկար
բարակ
պատմեմ
քեզի
զանոնք.
Էմման
էրկէն
զատուեցաւ,
այր
ու
կնոջ
մէջ
փոխադարձ
յօժարութեան
գործ
մը
եղաւ
ասիկա,
իրենց
ամուսնութեանը
պէս.
իրենց
շահերը,
իրաւունքները,
ամեն
ինչ
ճշդած,
որոշած
են,
զաւկըները
իրենց
հօրը
քով
կը
մնան
ու
մայրը
իրաւունք
ունի
ուզած
օրը
զանոնք
տեսնելու
առանձին։
Դատարան
մը
ասկէ
աղէկ
չպիտի
վճռէր։
Ուրեմն
իմ
բաղձանքիս
լրումին
մէջն
եմ
հիմա.
ասո՞ր
համար
արդեօք
աշխարհիս
ամենէն
ապերջանիկ
մարդն
եմ։
Ի՜նչ
տարօրինակ
սէր
է
իմինս
որուն
վայելքը
զրկանքին
չափ
կը
տառապեցնէ։
Ահաւասիկ
բոլոր
խնդիրը։
Էմման
իմս
է,
իմս
բոլորովին,
բայց
զայն
կորսնցնելու
վախն
է
որ
ամեն
վայրկեան
կը
պաշարէ
զիս։
Եթէ
օր
մը
ձգէ
զիս
երթա՜յ,
Աստուա՜ծ
իմ։
Այս
ահուդողին
մէջ
ո՛չ
գիշեր,
ո՛չ
ցերեկ
ունիմ
ես.
քաջառողջ
մարդիկ
կան
որոնք
թոքախտ
ըլլալու
սարսափով
իրենց
կեանքը
կը
դառնացնեն.
ես
անոնցմէ՞
եմ
արդեօք,
թէ
ոչ
նախազգացումը,
մերձաւոր
կորուստին
նախազգացումն
է
որ
զիս
կը
խռովէ։
Ճշմարտութեան
ասիկա
աւելի
մօտ
է.
երջանկութիւնս
այնքա՜ն
մեծ
է,
այնքա՜ն
անհաւատալի,
որ
վայրկեաններ
կան
ուր
անոր
ստուգութեան
վրայ
կ՚սկսիմ
տարակուսիլ.
քնաշրջիկի
մը
պէս
կ՚անցնիմ
կեանքին
մէջէն.
երազաշէն
աշխարհի
մը
շրջանը
ընելով,
որչա՜փ
օրուան
մէջ…
եւ
ե՞րբ
պիտի
ըլլայ
զարթնումը։
Տեսնելով
իմ
անհամբերութիւնս
այս
անկապ
ու
անյարիր
խօսքերուն
դէմ,
—
Երջանկութենէ
երես
առած
մէկը
չեմ,
աւելցուց
բարեկամս,
մէկը
անոնցմէ
որոնք
իրենց
եզական
բաղդաւորութիւնը
ուրիշի
մը
վկայութեամբը
հաստատելու
հաճոյքին
համար՝
անոր
կը
պատմեն
զայն՝
յատկապէս
խել
մը
դժգոհանքի
պատճառներու
մէջ
պարուրելով։
Ո՛չ.
ես
իրական
անձկութեան
մը
մատնուած
եմ,
վախի
մէջ
թէ
ուրիշ
մը
Էմման
ձեռքէս
պիտի
յափշտակէ։
Ո՞վ
է
այդ
միւսը,
մէջտեղ
ելա՞ծ
է
արդէն,
թէ
երեւան
պիտի
ելլէ.
մութ
հարցեր
ինծի
համար.
բայց
այդ
միւսը
կայ.
կասկած
չունիմ
ատոր
նկատմամբ։
Գիտե՞ս,
երբեմն
սենեակիդ
մէջ
գիրք
մը
կարդացած
պահուդ,
կամ
պատուհանէն
փողոցը
դիտած
մէկ
վայրկեանիդ,
առանց
ոտնաձայն
մը
լսած
ըլլալու
կ՚զգաս
իսկոյն
որ
մէկը
ներս
մտած
է.
չես
տեսած
դեռ
զինքը,
բայց
ապահով
ես,
ստուգութիւնը
ունիս
որ
գլուխդ
վեր
առնելուդ
գիրքիդ
վրայէն,
կամ
ետիդ
դարձնելուդ,
մարդը
պիտի
տեսնես,
եւ
իրօք
զայն
կը
տեսնես
ալ։
Ես
ալ
ատոր
պէս՝
իմ
երջանկութեանս
մէջ
ոտք
կոխող
ինէ
ուրիշի
մը
գոյութեան
ահաւոր
ստուգութիւնը
ունիմ։
Ի՞նչ
կ՚ըսես
դուն
ասոր։
Այս
հարցումին
վրայ
նոր
սիկառէթ
մը
վառեց
անիկա։