Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այնչափ ատենուան մէջ օր մըն ալ միտքէս չանցաւ բառ մը, ամենաչնչին ակնարկութիւն մը ընել իրեն` սրտիս մէջ արթնցուցած զգացումներուն վրայ: Առվէռին երգը ճիշդ իմ վրաս էր. բայց անիկա, Առվէռի սիրած կնոջմէն աւելի սրատես, քաջութեամբ խօսքը բացաւ ինծի.

Տղաս, ըսաւ ինծի ցերեկ մը, երբ կը ստիպէի զինքը վայրկեան մը աւելի քովս նստիլ, ես քու վիճակդ հասկցած եմ, յիմար ու անկարելի երազով մը կը տառապիս…

Յանցաւոր տղու մը պէս շուարեր էի:

Ես մարապետ մըն եմ հոս ու դուն երիտասարդ մը որ, փառք Աստուծոյ, բոլորովին աղէկցած ես եւ պէտք է որ ա՛լ չկենաս այս տեղը եւ մանաւանդ միտքէդ հանես տղայական փափաքները, որոնցմով զուր տեղը կը տանջուիս…

Յանկարծ մէկդի ըրի ամեն վեհերոտութիւն.

Ոչ թէ մտքէս, այլ սրտէս պէտք է որ քաշեմ հանեմ իմ երազներս, պատասխանեցի անոր:

Եւ իբր թէ այս մէկ խօսքովս ամեն բան յայտնած ըլլայի, պզտիկ մը ծակուելով վէրքի մը բոլոր արիւնը պոռթկալու պէս` բոլոր տառապանքս դուրս թափեցի:

Ինչո՞ւ այդքան կատարելութիւն ունիս վրադ, ըսի իրեն, եթէ քու վրադ հիանալը, զքեզ սիրելը արգիլուած է: Ի՞նչ պիտի վաստկիս ամփոփուած մնալով քու մինակութեանդ մէջ որ լքումի մը կը նմանի: Ի՞մ ուզելովս էր որ սիրեցի զքեզ. երբե՛ք. եւ հիմա որ կը զգամ թէ շատ աւելի ծանր հիւանդ մըն եմ քան թէ հոս եկած օրս, հիմա կը վռնտես զիս, առանց գթութեան բառ մը ըսելու ինծի: Պիտի ըսես եւ պիտի համրես ինծի բոլոր անպատեհութիւնները կամ անպատշաճութիւնները իմ սիրոյս. այս բոլորը հազար անգամ ես ինքզինքիս թուած եմ. կ՚երդնում որ ես բան մը, բան մը չեմ ուզեր քենէ. հիւանդ էի եւ հիւանդ եմ միշտ, ձգէ որ քու քովդ ապրիմ հոս, առանց աղէկնալու յոյսի, բայց գոնէ առանց ալ մեռնելու հաստատ ստուգութեան մը: