Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ամառուան իրիկուն մըն է. Մեծ Փողոցին մէջէն կը քալէր դիտելով վաճառատուններու ապակիներուն պարզած պերճութիւնները, հանդարտ ու ստոյիկ, երբոր Կալաթա Սարայի մօտ Լեւոնը տեսաւ, ձեռքը օղիի շիշ մը բռնած, թուղթի մը փաթթուած աղանդերի տեսակներով։

Կեցաւ. հարցուց որի՛ տանիլը այդ ամենը. հիւր կար տունը. հի՞ւր. ի՞նչ հիւր. օղիի փոքրիկ շիշը կը պատասխանէր իրեն. այս գլուխ գլխի զուարճութեան պատրաստութիւնները՝ փոքրիկ տղուն ձեռքին մէջ՝ պերճախօս ու ահռելի կը թուին յանկարծ. սթափում մը կ՚ունենայ. փոքրիկ մանրամասնութիւններ որ իր աչքէն կը վրիպէին, հիմա կուգան հատիկ հատիկ ամբաստանութեան ահագին զանգուած մը ձեւացնելու. իրա՞ւ է արդեօք. այո՛, առջի անուղղայ աղջիկն է այս կինը, այն զոր Թաշ Վէրտիվէնի պատուհանէն կը տեսնէր, եղրեւանիին կապոյտներուն մէջէն, եւ որ հիմա այդ ծառին պէս ապաժաման ծաղկումներով կ՚արթննար՝ տարիքը առնելուն հետ ուշ մնացողի մը պէս՝ աւելի բուռն տենչանքներու կատարը բարձրանալու մրցումով։

Եւ կը խորհի իր ալ կեանքին, ամուլ, անօգուտ ու աննպատակ, ամբողջ տառապանքի, սպասումի կեանք մը որ ընդքարշ գացած է միշտ այդ կնոջ ետեւէն, բոլոր պատանութիւնը ու բոլոր երիտասարդութիւնը կապուած, քամուած այս կնոջ խոստմնատու նայուածքին, որոնք այս վայրկեանիս անկէ բաժնուելով ո՛ եւ է յենակէտ մը չեն կրնար գտնել։

Իր պատրանքներուն այս քայքայման մէջ կ՚զգայ որ Մեծ Փողոցի շէնքերը կ՚երերան, իր վրայ կը փլչին. կառք մը՝ զոր չի տեսներ՝ զինքը խորտակել կ՚սպառնայ. թեւէն կը քաշեն, անցորդները այս ապշած դէմքը դիտելով կ՚զբօսնուն. Սբօնէքի խանութին առջեւ, օղիին շիշը բռնող փոքրիկ տղուն քով կեցած կը խորհի, կը վճռէ. պիտի ձգէ, պիտի թողու այդ կինը որ այս վայրկեանէն ա՛լ գոյութիւն չունի իրեն համար. կը չափէ իր որոշման առաջ բերելիք սրտայուզութիւնը ու կ՚ուրախանայ. հիմա՛, շուտով, լուր մը, մահացու կապարի մը պէս անոր ճիշդ սրտին. հասկնայ որ ա՛լ տեղեակ է ամեն անցած դարձածին։

Լեւոնին թեւէն կը բռնէ.

Ինծի նայէ, մամայիդ բարե՛ւ ըրէ ինձմէ։

Ու շեշտելով տղուն իր ապսպրած բարեւին ահագին նշանակութիւնը.

Չմոռնաս հա՛, ինձմէ մամայիդ բարեւ ըրէ։