Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հիմա, որ տարիներ անցան անկէ ի վեր, հիմա կ՚օրհնեմ քեզի, ո՛վ ռեհանի պզտիկ փունջ, որ ամեն սրտի մօտ բարեկամէ աւելի երջանիկ ըրիր զիս գիշեր մը ողջոյն:

Աղջկան մը դէմք առիր պատրելու համար զիս. աղէկ ըրիր. այն բոլոր խանդակաթ գորովին համար` զոր թափեցի պզտիկ թերթերուդ վրայ, չեմ զղջար:

Առաւօտը թող գայ ուզածին չափ իր հոսած լոյսին անողոք ստուգութիւնը թօթափելու չորս դիս:

Դուն իմ աչքիս` առատ գեղեցիկ մազերն ես միշտ անոր: