Գիտե՞ս
թէ
ինչ
ծանր
զոհողութիւններու
պարտաւորեց
զիս
այս
սէրը։
Եթէ
ոչ
պատուոյ,
գէթ
խղճմտանքի
դէմ
շատ
մը
մեղանչումներու
առաջնորդեց
զիս.
ոչ
ոք
ինէ
աւելի
խստութեամբ
կը
դատէ
իմ
արարքս.
ծնողքս՝
որոնց
բոլոր
համոզումները,
ակնկալութիւնները,
շոյած
երազները
ոտնակոխ
կ՚ընէի.
այն
սիրուն
աղջիկը՝
որուն
սիրտը
վաստկեր
էի
այնքան
անարժանութեամբ
եւ
որ
քիչ
մնաց
նշանածս
պիտի
ըլլար.
ասոնց
լուռ
կշտամբանքը
կ՚զգայի
սրտիս
մէջ.
ամուսնացած,
զաւկըներու
տէր
կին
մը
հրապուրելու
ձեռնարկը
ոչ
նուազ
անարգ
ու
անարժան
գործ
մը
կ՚երեւար
ինծի.
ու
այս
ամենը
կոխելով
անցնելով,
ա՛լ
աւելի
ոյժով
կապուած
կ՚զգայի
ինքզինքս
Էմմային
հետ,
իմ
բոլոր
յանցանքիս
մեծութեամբը
կապուած։
Էմման
ինքը
զիս
ընդուներ
էր
նախ
անոր
համար
որ
իմ
ցուցուցած
անսահման
սիրոյս
պէս
սէր
մը
տեսած
չունէր.
յետոյ,
գեղեցիկ
կին
մը
միշտ
պէտք
ունի
որ
մէկը
իր
գեղեցկութիւնը
երեսին
ըսէ.
հոմանին
տեսակ
մը
խօսուն
հայելի
է,
կանանց
արդուզարդի
սպասին
մասը
կազմող։
Շատ
վերջը
միայն,
կարծեմ,
ինք
ալ
փոխադարձ
համակրութիւն
մը
զգաց
ինծի
համար։
Այդ
միջոցին
էր
որ
յանկարծ,
ինքնաբերաբար,
շատոնց
որոշուած
վճռուած
բանի
մը
պէս,
յայտնեց
ինծի
թէ
պատրաստ
է
զատուելու
իր
էրկընէն՝
ինծի
հետ
ապրելու
համար։
Էմմային
այս
արիութիւնը
բոլորովին
զիս
կապեց
իրեն.
ահա
թէ
ինչո՛ւ
ես
ալ
իմ
ծեր
հայրս
ու
մայրս
թողուցի։
Անկեղծութիւնը
կը
մեծարեմ
նոյն
իսկ
եթէ
յանցանքի
մը
մէջ
ի
հանդէս
կուգայ։
Չեմ
սիրեր
մանուածապատ
ձեւերը
որոնց
տակ
Մեղքը
կը
պահուըտի
ու
կը
շարունակէ
Առաքինութեան
յատուկ
մրցանակները
քաղել։
Ըսողներ
կան
որ
բարոյականի
կեղծիքն
ալ
բարոյական
մըն
է.
ես
այս
բանաձեւը
գարշելի
կը
համարեմ։
Բոլոր
խնդիրը
իր
ըրածին
պատասխանատուութիւնը
ընդունելու
եւ
չընդունելու
վրան
է։
Մէկը՝
թողլով
ամուսնական
յարկը,
ինքզինքը
չի
պաշտպաներ
այն
հարուածներէն
որոնց
արժանի՞
է
թէ
ոչ,
չեմ
գիտեր,
բայց
որոնց
ապահովապէս
կ՚ենթարկուի։
Միւսը՝
դիմածածուկ
կինը՝
պարկեշտ
ամուսնի
պատրուակը
երեսին
վրայ,
բարեւներու
ու
մեծարանքներու
եւ
մաքուր
կնոջ
տիտղոսի
կողոպտումին
մէջ
կը
զայրացնէ
զիս։
Ու
դառնալով
իր
մտատանջութեանը,
բարեկամս
աւելցուց.
—
Ըսի
որ
հիմա
Էմմային
սիրտը
կորսնցնելէ
զատ
ո
եւ
է
վախ
չսպառնար
ինծի,
մտացածին
սարսափ
որ
հիւանդ
երեւակայութեան
ծնո՞ւնդն
է.
այսպէս
չէ
սակայն,
ես
այն
հազարումէկ
չնչին
նշաններուն
անձկութեամբ
կը
հետեւիմ,
որոնք
մօտալուտ
կը
ցուցնեն
ասիկա։
Նախ
Էմման
մտամոլար
ու
շուարած
բան
մը
ունի.
շատ
հեղ
խօսակցութեան
մէջ
մտքով
բացակայ
է
ու
հազիւ
հազ
մէկ
խօսքը
կրկնելուս
կ՚ուշաբերի.
գէշ
նշան.
յետոյ
իր
արդուզարդին
միշտ
խնամոտ,
հիմա
մանաւանդ
ծայրայեղ
մարմնապաշտութեամբ
մը
իր
բնական
շնորհներուն
ուշադրութիւն
կ՚ընէ.
աւելի
գէշ
նշան.
ինծի
հետ՝
իր
սովորութեան
հակառակ՝
քծնող
ու
ներողութիւն
խնդրելու
պէս
ձեւեր
մը
ունի
միշտ.
ասոնք
լիովին
կ՚ապացուցանեն
ինծի
ներկայութիւնը
այն
միւսին
որ
ինէ
երջանկութիւնս
կը
յափշտակէ։
Կը
խորհիմ
մանաւանդ
որ
Էմման՝
ինծի
համար
իր
էրիկը
ձգելէն
վերջը՝
կարող
է
զիս
ալ,
ուրիշի
մը
սիրոյն,
ձգել։
Թող
ձգէ
զիս.
բայց
պիտի
գտնուի՞
մէկը
որ
ինծի
պէս
ու
ինծի
չափ
գիտնայ
սիրել
զինքը.
դիւրին
ու
դժուարին
բան
միանգամայն.
անիկա
ինծի
համար
միայն
գեղեցիկ
կինը
չէր
որուն
կը
տենչան,
այլ
մարմնացումը
ամեն
մարդկային
երազներու,
կը
հասկնա՞ս։
Ո՞վ
ինէ
զատ
այս
ըմբռնումով
պիտի
ծնրադրէ
իր
առջեւ.
ռամիկ
հեթանոսներ
էին
միայն
որ
ատենով
կուռքերը
կը
պաշտէին
իբրեւ
նիւթ.
միւսները
երկրպագած
են
անոր
միայն՝
իբրեւ
խորհրդանշանը
գերագոյն
զօրութեան
մը։
Այսպէս
ալ
ես
Էմմային
դէմը։