Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Օր մըն ալ Զարուհիին եղբայրը ձանձրացաւ. կատակը կ՚անհամնար. դասատուն Զարուհիին ամուսնութեան ուզելու կ՚ելլէր, իր սիրոյն, իր իրաւունքներուն վրայ խօսիլ կ՚սկսէր. ու բամբասող բերանները, որ անպակաս են, այս անիմաստ կատակը մատերնին կ՚սկսէին փաթթել։ Այն ատեն կոշտ ու ստորին բառերով հասկցուցին իրեն որ այդպիսի աղջիկ մը չէր կրնար իրեն հետ ամուսնանալ. խելքը գլուխը կանչելու էր, ասանկ այլանդակ առաջարկութիւն մը ընելէ առաջ։

Ու երբ յամառեցաւ, պինդ գլուխ մարդու ձեւեր առաւ, ճամբու դրին զինքը. ո՛չ. շատ աներես մէկն է եղեր այս տղան որ առջի դէմը ելլող աղջկան հետ կարգուելու կ՚ելլէր։

Անկէ ետքը անոր երեսը չցուցուցին իրեն. հերքումներ տեղացին դասատուին գլուխը. կատակ մը, կը հասկնա՞ր, պարզ կատակ մը ըրած էր աղջկան եղբայրը, խնդալու համար իր վրայ. այդ նամակներուն գոյութիւնն իսկ չէր գիտեր Զարուհին։

Իր բարեկամները նորէն բոլորուեցան իր շուրջը, համոզելու համար զինքը ու բառնալու համար սրտէն այդ յիմար սէրը որ անբուժելի ախտ մը ըլլալ ու զինքը յաւիտեան դժբաղդ ընել կ՚սպառնար։ Չյաջողեցան. իր ուղիղ ու պարկեշտ սիրտը չընդունեց որ իրեն յայտնուած սէրը ծաղր ու կատակ մը եղած ըլլայ միայն. այս էր որ այլանդակ, անհնար ու եղեռնական կը թուէր իր աչքին ու Զարուհիին բարի սրտին անհամաձայն։

Տարիներ անցան ու դիպուածով Զարուհին չամուսնացաւ. եւ ասիկա պէտք եղածէն աւելի էր անեղծ ու անկորուստ պահելու սէրը իր հէք ու ողորմելի սրտին մէջ։ Մարդիկ կը միաբանէին իր իրական դժբաղդութիւնը զգացնելու իրեն ու չէին յաջողեր. իր պատրանքը այն մշուշէ շենքերէն չէր որ արշալոյսի առաջին նշոյլին առջեւ ծուիկ ծուիկ կը բզքտին, կ՚անհետանան։

Իրեն հետ զբօսնելու համար, իր դիւրահաւան սրտին խաղ խաղալու մտքով յօրինուած կատակը՝ հիմա մշտնջենական ու անվանելի ստուերի մը պէս ամեն տեղ կը հալածէր զինքը։