Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Անկէ վերջ բարեւ մը կը փոխանակէինք անոր հետ, իրարու հանդիպելնուս։ Չհարցուց բնաւ թէ ո՞վ էի ես եւ թէ ի՞նչ իրաւունքով իր սուգին մասնակցեր էի։

Վեց ամիս վերջը։ Լիւքսամպուրի սրճարանը կ՚երթար անիկա պռիչի բառդի մը ընելու համար, իրեն պէս գործէ քաշուած քանի մը մարդոց հետ։ Հոն գտնուեցայ ես ալ ու միասին կը խաղայինք շատ հեղ։ Ինքը վարպետ մըն էր ու ինծի պէս համբակի մը խաղէն մեծ հաճոյք չէր կրնար առնել. բայց չեմ գիտեր ինչո՞ւ ան ալ իմ ընկերութիւնս կը փնտռէր։

Ու միասին, խաղին բառդին լմննալէն ետքը, իրիկուան դէմ քով քովի պզտիկ պտոյտ մը կ՚ընէինք մինչեւ Թաքսիմի Պարտէզը եւ նոյնպէս միասին կ՚ընէինք վերադարձը, հօր ու զաւկի պէս։

Ի՞նչ էր այն անպատմելի բանը որ այս ծերունիին մօտ գտնուելուս՝ զիս ցնծութեամբ կը լեցնէր, ամենէն երջանիկ արարածը կ՚ընէր զիս։ Փոխադարձ համակրութիւնը, զոր այս մարդը ինծի ցոյց կուտար, իր աղջիկէն եկածի պէս տպաւորութիւն կ՚ընէր վրաս։ Ինքը իր աղջկան յիշատակովը կ՚ապրէր. ես ալ։

Անոր մահուանը տարեդարձին՝ երկուքնիս ալ մէյմէկ շքեղ պսակ դրինք գերեզմանին վրայ։ Գարունը ցնծութեամբ կը լեցնէր այս սուգի տեղը. ծառերը, ծաղիկները կը խայտային. ու գերեզմանին վերի դին բացուող եղրեւանի մը իր կապոյտ ծաղիկներու մեհեւանդներովը եւ անոր սիրած գոյնովը այդ փոսը կը զարդարէր դեռ։ Վերադարձին հայրը իր տունը հրաւիրեց զիս. անհուն երանութիւն մը զգացի ոտք կոխելով այն տունը ուր ապրած էր Սերաֆիթան։

Այս էր տարօրինակ ու աղուոր անունը այս կնոջ որուն մեռնելէն վերջը մտերիմը եղեր էի ինքնիրենս։

Անկէ վերջը միշտ գացի հոն. օրին մէկն ալ հայրը անոր խուցը տարաւ զիս։ Անոր աղջիկնութեան հոտերովը լեցուն սենեակ մը, որ զինքը գրկող, պատող, շրջապատող առարկաներով լեցուն էր. վարագոյրները գոց էին միշտ, խորհրդաւոր ստուերի մը մէջ պահելով զայն. աջ կողմի անկիւնը բռնող թիկնաթոռին մէջ փետուրով լեցուած բարձիկը անոր մարմնին թողած գոգը կը պահէր դեռ, թռչունի մը բոյնին պէս՝ ու քովի մահոնէ նրբակերտ սեղանին վրայ` Պուռժէի, Մօբասանի մէկ երկու հատորները. քառորդ ժամուան մը համար միայն կարծես դուրս ելած էր այս սենեակին տիրուհին, եւ քիչ մը վերջը պիտի դառնար հոս իմ քովս, իր կապոյտ արդուզարդովը, վազելով, արտորալով՝ ինչպէս իր սովորութիւնն էր, կարմրած քրտնած ու համբոյրով մը ներողութիւն խնդրելով զիս սպասցնելուն համար։

Սովորաբար նարտ խաղալու կուգայի անոր հօրը հետ եւ ականջէս Սերաֆիթան, ինձմէ ուրիշին աննշմարելի, դեպի ինծի ծռած, գողտր ու դողդոջուն ցօղունի մը ծռելուն պէս, կամաց մը շնորհակալութիւն կը յայտնէր իր հէք հօրը մասին ցուցուցած խնամքներուս համար։