Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զարուհիին մեռնելէն ետքը ամենքը բոլորովին յուսահատ ու դժբաղդ կարծեցին զինքը։ Իրօք, առջի երջանիկ ու երանեալ մարդն էր։ Հիմա ոչ դաս, ոչ դրամ եւ ոչ յարգ ունէր ալ. մտերիմները այս սեւեռեալ մտածումի, այս զակատեալ մարդէն կը հեռանային քիչ քիչ։

Հագուստները կը հիննային ու չէր կնար նորեր գնել տեղը. բնակած փոքրիկ սենեակին վարձքը կը դիզուէր ու տանուտէրը կ՚սպառնար դուրս նետել զինքը ու դաշնակը գրաւել. դաշնա՞կը. երբեք չհաւատաց որ այդ բանը կարելի է, ու վայրկեան մը մտահոգ չեղաւ։

Ու կը շարունակէր փողոցները թափառիլ աննպատակ, պահելով իր առջի երանեալ մարդու դէմքը զմայլած պատկերի մը առջեւ, որ ամենուն աներեւոյթ՝ իր աչքին դէմն էր սակայն։ Իր սիրելիին մահը, սրտմաշուք ցաւէ մը առաջ եկած, հատնումը ու սպառումը այս քաջառողջ աղջկան՝ իրմէ զատուելէն ետքը, իր սէրը ու հաւատքը նուիրագործեր, ու իրեն խաղ մը խաղցուցած ըլլալու կարելիութիւնը հերքեր էր։ Ապաքէն երբեք չէր տարակուսած անոր սիրոյն վրայ։ Այսպէս հեռուէն, լռիկ մնջիկ, տարիներով սպասեր էր առանց անձկութեան, եւ առանց կասկածի թունաւորումը զգալու իր մաքուր սրտին մէջ, ու ծերացեր էր գրեթէ։

Հիմա ալ, մահը կուգար իր ձեռքէն յափշտակելու համար զայն. ու ան ալ չէր յաջողեր. սիրելին հոն է միշտ, իր դէմը, իր աչքին առջեւը, այն առջի օրուան անուշ ու տրտում նայուածքովը որ չի գրուիր, չի զուրցուիր ու չի մոռցուիր։