Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Էմման հայ հռոմէական կին մըն էր, Եւրոպացիի մը հետ ամուսնացած. գեղեցի՞կ, չեմ գիտեր շիտակը. ո՛չ գեղեցիկ չէր ան, գէթ արուեստագէտներուն սահմանած գեղեցկութեամբը։

Թուխ դէմքով սեւաչուի մը, հոյաշէն կառուցում մը որուն լանջքին ու բարձերուն զեղծանող, շռայլուող կարկառները պակասութիւն մը պիտի ձեւացնէին եթէ հասակին բարձրութիւնը չըլլար։

Հոն՝ ուր իր մասնաւոր պչրանքը կը դնէր այս կինը, իր ոտքերն էին, միշտ նոր պօթերու մէջ ամփոփուած ոտքեր, որոնց նրբաւարտ մատներուն ծայրերէն մինչեւ սրունքին դնդղուց միսը բարձրացող ու գրկող նուրբ կաշին երեւան կը հանէր ան, անպատկառ հրճուանքով մը, փողոցի փոշիէն կամ ցեխէն չաղտոտելու համար, պէտք եղածէն աւելի վեր՝ շատ աւելի վեր հանգրիճելով իր շրջազգեստը։

Այս ոտքերը բանաստեղծներուն երգած փոքրիկ ու մանկական խաղալիկները չէին, այլ իր մարմնեղ ու հասուն կնոջ ըսի՞ միթէ որ երեսունը անցուկ էր անիկա համեմատութիւններուն կը պատշաճէին, իրենց գիծերուն զմայլելի ներդաշնակութեանը մէջ միայն յայտնելով իրենց ուրոյնութիւնը։

Էմմային դէմքը վերլուծող մը, այն յատուկ գիտութեան կանոններուն համեմատ որոնցմով կ՚ըսեն թէ մարդկային հոգւոյն մինչեւ խորը կը թափանցեն, վախէն պիտի կենար. այնքա՜ն պակուցիչ ու ահաւոր բան մը պիտի գտնէր այս անմեղ ու մանկունակ երեսին վրայ։

Աղջիկ ատենը Օրթագիւղի մէջ շատ տեսած էի զինքը. հիմա, շատ մը տարիներ անցնելէն վերջը, երբեմն Բերայի Շիտակ Ճամբուն վրայ կը հանդիպէի իրեն. ամառները Թարապիա կամ Բրինքիբօի մէջ ուր կուգար միշտ էրկանը հետ. կը տեսնուէր եւ աներեւոյթ կ՚ըլլար իսկոյն։

Էմմա անոնցմէ չէր որ ամիսներով տեղ մը կը կենան, այնպէս որ զինքը տեսնելու ստուգութիւնը ունենաս։ Այլ այն վաղակորոյս եւ ճիշդ ատոր համար փնտռուած հետաքրքրող ու երբեք չգոհացնող կնոջական տեսիլքներէն մէկն էր որոնց էրիկ մարդիկ անձկաբեկ կ՚սպասեն։ Հորիզոնին վրայ անակնկալ կերպով ծագող ու անհետացող լոյսերէն մէկը՝ որոնց շաւիղը Լը Վէռիէ մը, աշխարհիս բոլոր անհունական հաշիւները մէկտեղ բերելով, չէ կրցած դեռ ճշդել։

Ես որ դիմագուշակ հարցուկի հովեր կ՚առնեմ երբեմն, ամեն հեղ իրեն հանդիպելուս կը ջանայի, ինքնիրենս, իր գոյութեան առեղծուածը, իր աղիտաբեր արարածի կեանքին ալքերը պրպտել։ Տեղ մը իրեն հանդիպելուս, հետը տեսնուելու համար հնարք մը չստեղծած դեռ, կը ձգէր կ՚երթար ան, կարծես շատ իսկ սեպելով, իր վրայ հիացողներուն համար, իր տեսքին քանի մը ժամուան վայելքը։