Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ինծի համար, բոլոր զինքը ճանչցողներուն համար, ամենէն ապշեցուցիչ անակնկալը եղաւ Էմմային համար ունեցած իր տարփանքին գայթակղութիւնը։ Գիտէի քիչ մը այս կնոջ համար ունեցած իր համակրութիւնը, բայց այս վերջաւորութիւնը մտքէս չէի անցըներ բնաւ։

Ուսկի՜ց ուր այս անփորձ ու միամիտ երիտասարդը կրցեր էր Էմմային պէս կնկան մը սիրտը գրաւել. ի՞նչպէս մանաւանդ, ինքը՝ հանրային կարծիքին այնքան ուշադիր մը, պայմանադրական բարոյականէն մազի չափ չշեղող մը՝ ոտքի հարուածով մը մէկդի ըրեր էր իր ծնած օրէն զինքը մեծցնող, չորս դիէն պաշարող կեանքի կարգն ու սարքը, ընտանեկան աւանդութիւնները, ատոնց բոլորին վրայ ելեր նստեր էր, ամուսնացած եւ զաւկի տէր կին մը առեւանգելու ու անոր հետ ապրելու չափ առաջ երթալու համար։

Երբոր այս լուրը առի, վեղարը ու սքեմը նետող վանականի մը նմանցուցի զինքը, այնքա՛ն աւելի յոխորտ իր ըմբոստութեանը մէջ՝ որքան խստակրօն եղած էր իր հաւատքի ժամերուն։

Բնութիւններ կան որոնք ջուրին թոյլ ու մեղկ հնազանդութեան երեւոյթը կ՚ընծայեն. բայց ջուրին կաթիլներուն միօրինակ ու անփոփոխ աշխատութիւնը լռելեայն կը կատարեն անոնք, մեղմիւ, հեշտօրէն մաշեցնելով զիրենք շրջապատող քարերը ու ժայռերը եւ ծակ մը, անցք մը բացուելուն՝ հեղեղի մը պէս դուրս կը թափին։

Այս երիտասարդինը այդ կարգէն էր ահա. ինքնիրենս այս խորհրդածութիւնները ըրի միայն։ Այս առեւանգութիւնը սակայն ընդհանուր խօսակցութեան նիւթը եղաւ. կիները իրենց մաղձոտ չարախօսութիւնները դուրս թափեցին. այս կնոջ՝ էրկանը դէմ ցուցուցած անհաւատարմութիւնը քարկոծեցին. զինքը ձեռքէ ձեռք յափշտակել ուզող էրիկ մարդոց ճաշակին վրայ ալ շատ մը խնդացին. գոնէ գեղեցիկ կի՞ն մը ըլլար անիկա. սեւ ու նուաղուն աչքեր ունէր ան. ո՞վ սեւ աչք չունի Պոլսոյ մէջ. իր միսի աղուորութիւնը, իր արդուզարդին շքեղութիւնը, ասոնք էին բոլոր հրապոյրները, որոնց առջեւ ահա մարդիկ կանգ կ՚առնէին։

Երիտասարդին մասին էրիկ մարդոց դատավճիռը նուազ խիստ չէր։ Հանրային կարծիքը այն ատեն մանաւանդ կ՚որոտայ ու շանթեր կը տեղայ երբոր իր ամենէն խարխուլ ու կեղծիքով միայն ոտքի վրայ կեցող սկզբունքներէն մէկուն դէմ է մեղանչումը։

Իմ բարեկամս, մէկ օրէն միւսը, ամենէն անշնորհ ու անառակ երիտասարդի հռչակը ստացաւ. իր անհատական կեանքը քրքրուեցաւ ծայրէ ծայր ու լեցուն գտնուեցաւ արատներով։

Պանքային մէջ անգամ իր խղճամիտ պաշտօնեայի դիրքը կորսնցուց. յառաջդիմութեան յոյսերը մարեցան եւ մտերմական բարեւները գլխու հարեւանցի շարժումներու փոխուեցան։

Ես առիթ չունեցայ զինքը տեսնելու բոլոր այն ամառը. իմացայ սակայն որ իր ծնողքէն զատուելէն վերջը Էմմայի հետ միջոց մը Եագաճըգի կողմերը գացեր էր. յետոյ, տեղի տալով իր սիրած կնոջ յարափոփոխ պահանջումներուն, վերսկսեր էր անոր հետ աստանդական կեանք մը գիւղագնացութեան, ութ օր հոս՝ հինգ օր հոն եւ այսպէս մինչեւ աշունը պտըտելէ վերջ Բերա եկեր էին ձմեռը անցընելու։