Արտորալով
կ՚անցնէր
փողոցէն,
տենդոտ
ձեռքովը
ուժգին
սեղմելով
կլորցած
թուղթի
պզտիկ
գլաններ
որոնք
իր
տալիք
դաշնակի
դասերուն
տետրակներն
էին։
Մտազբաղ,
ակնարկը
մոլորած,
անհասկնալի
եղանակներ
մրմնջելով
քիթին
տակէն,
կ՚անցնէր
զմայլած
ու
զուարթ
դէմքով
որ
իր
հոգեկան
երանութեան
ճշմարիտ
ցոլացումն
էր։
Միւսիւ
Սէֆէրեան
այն
իրապէս
երջանիկ
մարդն
էր
զոր
յոռետեսները
կը
փնտռեն
ու
չեն
գտներ։
Երջան՞կ.
ինչո՞ւ
չըլլար.
աղքատ
կօշկակարի
զաւակ,
ինքնօգնութեամբ,
ձրի
աշակերտներու
վերապահուած
զրկումներով
մեծցած,
առաջ
եկած
տղայ՝
որուն
հոգիին
անեղծանելի
ու
ազնուական
մետաղը
չէր
աւրուած
ճղճիմ
ու
ողորմելի
կեանքի
տագնապներէն։
Իր
աչքին…
բայց
իր
աչքը
դարձա՞ծ
էր
երբեք
իրական
կեանքի
վրայ,
անջատուելով
այն
հորիզոններէն
ուր
սեւեռած
էր
միշտ.
իր
գոյութիւնը
մշտնջենական
պատրանք
մը
եղած
չէ՞ր.
սիրոյ,
անձնուիրութեան,
առաքինութեան,
ամեն
կերպ
ազնիւ
զգացումներու
գիրկընդխառնում
մը
չէ՞ր
կեանքը,
վսեմ
նուագներու
բօբուրի
մը.
գէթ
այսպէս
ըմբռնած
էր
ինք
կեանքը
եւ
չէր
զղջացեր։
Ո՞ւսկից
ուր,
ազգային
վարժարաններու
մէջ
ստացած
թերի
ուսումէն
անցեր
էր
դաշնակի
սէր
տալու.
ի՜նչ
աներեւոյթ
թելով
իր
անձուկ
միտքը,
իր
անդորր
հոգին
երաժշտութեան
անսահման
ու
վրդովեալ
երազներուն
կապուած
էր։
Բիրտ
ու
կոպիտ
գիծերէն,
որոնցմով
իր
մանկութիւնը,
իր
պատանութիւնը
կը
ձեւանար,
հիմակուան
գեղարուեստի,
բանաստեղծութեան
շնորհալի
շրջագիծը
շինուած
էր
որ
իր
հեզ
ու
համակերպիկ
դէմքը
կը
պարուրէր.
այն
թուփի
ու
մացառի
չորաբեկ
ու
վտիտ
ճիւղերուն
պէս
որոնցմով
յօրինուած
շրջանակ
մը
երփներանգ
ծաղկեպսակէ
մը
աւելի
պճնագեղ
կ՚ըլլայ
երբեմն։