Մանկութենէն
հօրմէ
ու
մօրմէ
որբ,
Թագուհին
հոգեզաւակ
էր
Բերա
ընտանիքի
մը
մէջ,
որ
մանչ
զաւակ
մը
ունէր
միայն
եւ
աղջիկ
զաւկի
կարօտ
կը
քաշէր։
Այս
տղաքը
քոյր
ու
եղբօր
պէս
մեծցան,
քով
քովի,
երկուստէք
մոռնալով
այն
տարբերութիւնը
որ
ճակատագիրը
դրած
էր
իրենց
մէջ.
մանկական
խաղերէն,
կռիւներէն,
ծեծկուուքներէն
ու
համբոյրով
մը
կնքուած
հաշտութիւններէն
վերջը՝
պատանութիւնը
եկաւ
անծանօթ
վրդովումներով,
չհասկցուած
տրտմութիւններով,
ուրախութիւններով
խառնուած.
եւ
վերջէն,
երիտասարդութիւնը՝
ճշդելով
ու
հաստատելով
ընդնշմարուած
սրտի
անքակտելի
կապերը,
ինչպէս
քիմիական
բաղադրութիւն
մը
որ
յստակօրէն
ի
յայտ
կը
բերէ
լուսանկարի
փոքրիկ
տախտակին
վրայ
դրոշմուած
աներեւոյթ
պատկերը։
Այն
ատեն
իրենք
ալ
վախցան,
աղջիկը
մանաւանդ
սարսափեցաւ,
հոգեզաւակ
մը
ինքը,
ընկեցիկ
աղջիկ
մը
որ
տան
տիրոջ
զաւկին
վրայ
աչք
նետած
էր։
Յետոյ
քոյր
ու
եղբայր
կոչուած
էին
միշտ.
այս
պայմանադրական
ազգականութիւնն
ալ
իր
սրբութիւնը
ունէր։
Ի՞նչ
պիտի
ըսէին
մանաւանդ
իրենց
ծնողքը.
իր
տեսած
խնամքներուն
փոխարէն
չէր
կրնար
վիշտ
ու
կսկիծ
ցանել
այս
տանը
մէջ,
ուր
սիրով
հիւրընկալեր,
խնամեր,
մեծցուցեր
էին
զինքը։
Քսան
տարու
էր
ու
խորհրդածութիւնը
կուգար,
հատու
դանակի
մը
պէս,
այդ
անմեղուկ
սէրը
սրտէն
կտրել
նետելու
հարկը
զգացնելով.
պահ
մը
կը
դիմադրէր,
ինքզինքը
կը
պաշտպանէր
անձնազոհութեան
դէմ.
յետոյ
քիչ
քիչ
տեղի
կուտար
նորէն,
վիրաբուժական
գործողութեան
մը
ենթարկուելու
պէս.
այո՛ի
ոչի
անընդհատ
անցուդարձին
առջեւ
կը
կենար
ժամերով
վարանած,
իր
իրաւանց
ու
պարտուց
զուգակշիռը
ընելով,
անդունդի
մը
խորը
չափելու
յիմար
աշխատութեանը
մէջ
յամառելով
շարունակ.
ութ
օր
այսպէս
անցուց,
սենեակը
քաշուած.
առանձնացած
էր
հիմա
սեւ
ու
մութ
սենեակին
անկիւնը։