Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՏԱԽՈՒԶՈՒԹԻՒՆ
       Ահաւասիկ առաջին հետախուզութիւնը զոր կը փորձեմ ընել ո՛չ միայն ԲՈԼՈՐ հայ գրագէտներուն՝ այլ նաեւ հայ մտաւորականներուն եւ իշխանաւորներուն մտքին ու սրտին մէջ։
       Ու կը սկսիմ Հայ Միտքին Ընդհանուր Միութեան կազմակերպութեան անհրաժեշտութեան խնդիրովը, որովհետեւ անիկա հիմն ու կառոյցն իսկ է այս հրատարակութեան, ինչպէս անոր գոյութեան իրաւունքը։ Այս խնդիրը անգամ մը լուծուած՝ կա՛ն ուրիշ բազմաթիւ եւ այլազան խնդիրներ, զորս հետզհետէ լուծելու պիտի աշխատինք, միասնաբար, որովհետեւ հոս յարուցուելիք խնդիրները միասնաբար միայն կրնան լուծուիլ, իրենց բնոյթին իսկ բերումովը։
       Այս հետախուզութեան տրուած պատասխանները նախ պիտի հրատարակուին հոս ու յետոյ միայն, իմ կողմէս, դասաւորումի մը պիտի ենթարկուին, խտացուին ու հասնին իրենց իսկ պարփակած եզրակացութեան։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս եզրակացութիւնը. - Չեմ գիտեր։ Այսուհանդերձ, պիտի փափաքէի որ տրուած պատասխանները կարելի եղածին չափ ըլլային յստակ, պարզ, ճիշդ ու լիակատար։ Անոնք տրուէին լրջօրէն, անկեղծօրէն ու յստակատեսութեամբ կատարուած ինքնաքննութենէ մը վերջ միայն ու ընդգրկէին զանոնք տուողներուն անձնական պատասխանատուութիւնը։ Որովհետեւ այս պատասխանները, որիւշ շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ կամ վերջ, ինծի համար վկայութիւններ են նախ։ Ու ամէն մարդ գիտէ՝ թէ վկայութիւններով միայն կարելի է դատաստան մը ընել եւ վճիռի մը հանգիլ։ Ու իմ որոնածս այս վճիռն իսկ է։
       Պիտի փափաքէի դեռ՝ որ պատասխաններուն սկիզբն ու վախճանը մշակութային բնութիւն մը միայն ունենային, այսինքն՝ անոնց կորիզը հայ-մարդուն հոգեկան կեանքն իսկ ըլլար եւ ոչ թէ հայ-մարդուն գաղափարները, կարծիքներն ու զգացումները։ Ու ամէ՛ն հոգեկան կեանք բնազանցականը, մտաւորականն ու բարոյականը, պատմականն ու ընկերայինը կ’ենթադրէ, գիտեմ։ Բայց գիտեմ նաեւ՝ թէ ներկայիս, իւրաքանչիւր հայ-մարդու համար, ամէ՛ն խնդիր, ամէն բան ըլլալէ առաջ, ազգային խնդիր մը եւ բարոյական խնդիր մը պարտի ըլլալ։ Ու է՛ արդէն, մերթ անոր գիտակցութեան ու յաճախ ալ անգիտակցութեանը մէջ։ Ու այս խուլ եւ անզօր իրականութիւնը իր մէջ իսկ եղած է անքակտելի ու կենդանի հանգոյց մը ու զայն վերածած՝ նոյնպէս անքակտելի հանգոյցի մը։
       Այսուհանդերձ, եթէ ոմանց համար հոս առաջարկուած խնդիրը առանց քաղաքականութեան կարելի չէ լուծել, ատիկա պիտի չվախցնէ զիս ու կը խնդրեմ որ չվախնան նաեւ անոնք՝ որ համազուած են հակառակին ճշդութեանը։ Կարեւորը ուղղամտութիւնն է հոս, ինչպէս ամէն տեղ։
       ԱՀԱՒԱՍԻԿ ԱՌԱՋԻՆ ԽՆԴԻՐԸ
       Ա. - Երեսուն տարուան անկազմակերպ ու խառնաշփոթ գոյութենէ մը վերջ, հասա՞ծ է ժամը ՀԱՅ ՄԻՏՔԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ կազմակերպութեան ու ըրած՝ այս կազմակերպութիւնը, իւրաքանչիւր հայ-մարդու եւ բոլոր հայ-մարդոց համար, ներքին անհրաժեշտութիւն մը։
       Բ. - Այս միութեան կազմակերպութիւնը կարելի՞ է մեր ներկայ լեզուական, հոգեկան, բարոյական եւ մտաւորական անկարգութեան մէջ։
       Գ. - Եթէ այո՝ որո՞նք են միջոցները։ Այսինքն՝ ի՞նչ կ’ակնկալէք կամ կը պահանջէք դուք ձեզմէ եւ բոլոր միւս հայ-մարդերէն։
       Դ. - Եթէ ոչ՝ որո՞նք են հիմնական պատճառները։ Պէ՞տք է վերջնականօրէն յուսահատիլ արտասահմանի հայ-մարդերէն թէ պէտք է միայն սպասել տակաւին։
       Ե. - Գրականութիւնը կրնա՞յ ստանձնել ՀԱՅ ՄԻՏՔԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ կազմակերպելու այս գործին տնօրինութիւնը։