Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ ԵՒ ԹԵՐԹԵՐ
       ՈՒՂՂՈՒՄՆԵՐ
       «Յառաջ»ի Վահէն, Վ. Թէքէեանի խիստ ծանօթ Վահէն, «Օրը Օրին» իր սիւնակին մէջ, երեք յօդուածիկներ հրատարակած է։ Ու ըստ իր սովորամոլութեան, հապճեպ ակնարկով մը եւ հապճեպ դատողութեամբ՝ հապճեպ վճիռներ կ’արձակէ։ Վահէի սովորամոլութիւնները սրբագրելու յաւակնութիւնը չունիմ։ Ինձմէ առաջ ուրիշներ եւ մասնաւորաբար նոյն ինքը, Վ. Թէքէեան, տարիներով եւ հրապարակավ, ի զուր տեղը աշխատած են ի խնդիր այն սրբագրութեան։ Ու անշուշտ միտքի այս սովորամոլութեան հետեւանքով է, որ Վահէ յստակօրէն, ճշգրտօրէն, ուստի ամբողջապէս չէ տեսած որեւէ բան՝ որուն նայիլ զիջած է։ - Արտաքին յստակութեան մը տակ ներքին պղտորութիւնը իր սովորամոլութեան, կամ իր մտածելակերպին հիմնական յատկանիշն է։ Ու պղտորութիւն, հոս կընշանակէ անկապակցութիւն։ Ասկէ, Վահէի գրածները որեւէ լուրջ խորհրդածութեան մը չեն դիմանար։ Ու կը փշրուին, ամիջապէս, ու իրենք իրենց կը փշրուին՝ երբ ձեր միտքը կը կատարէ իր առաջին պարտականութիւնը, այսինքն կը հետամտի ըսուածը կամ գրուածը հասկնալ, ըսուածին կամ գրուածին միութիւնը գտնել։ Մէկ խօսքով։ Վահէի կը պակսի եւ միշտ ալ պակսած է ինչ որ միտքին արարքը կը կոչուի եւ որ ներքնագոյ պատասխանատուութիւն մը եւ լրջախոհութիւն մը կ’ենթադրէ։ Վահէի երեւութական լրջութիւնը ծիծաղելի է միայն։
       Այս ընդհանուր դատաստանէն ետք ահա կ’անցնիմ ըսելիքներուս՝ որոնք կրնան նաեւ իբրեւ ապացոյցներ ծառայել նոյն այս դատումին, թէ եւ անոնք կը դրուին լուսաբանութեան մը ի խնդիր։
       Ու ամէն բանէ առաջ. - Մեր դժբախտութիւնն է ապրիլ ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր Վահէ եւ մեր բոլոր Վահէները իրենք իրենց ամէն իրաւունք եւ ազատութիւն տուած են ամէն բան արհամարհելու, նոյն իսկ անարգելու եւ ի կարգին, մեռած բանաստեղծ մը եւ «Թէքէեան ֆօնտ»ի Յանձնախումբը։ Ու այս անարգանքն է ինչ որ այսօր քննադատութիւն կը կոչուի մեր մէջ ու գրական, քաղաքական, բարոյական քննադատութիւն։ Անշուշտ, Վահէի ազատութիւնը իր ազատութիւնն է եւ մարդը միշտ կ’արժէ ինքզինքին տուած իր ազատութիւնը. աւելին, իր ազատութեան որակն իսկ իր արժանիքն է, իր արժէքն է։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ իր ազատութեան մէջ կը կազմուի ու կ’արտայայտուի մարդուն դատողութիւնը, որ իր դատածը դատելէ առաջ իսկ ինքն իր վրայ տարուած դատողութիւն մըն է։ Վահէ, ուրեմն, ամէն մարդու նման, իր դատողութեամբ ինքզինքն է, որ կը դատէ նախ, ինչպէս այս տողերը գրողը, դարձեալ ամէն մարդու նման, ինքզինքը կը դատէ իր դատողութեամբը, անկախաբար իր կամքէն։ Ահա՛ ուղղումներս։
       Ա. - Վահէ կը գրէ. - «Արդէն իսկ լոյս տեսած են վեց հատորներ։ Տակաւին կը մնայ երեք հատորներ»։ Ո՛չ։ Տակաւին կը մնան ինը հատորներ։ Ու ասիկա յստակօրէն ըսուած է այն յայտարարութեան մէջ, որ ղրկուած է գիրքերուն հետ, ինչպէս բոլոր թերթերուն, նոյնպէս եւ «Յառաջ»ի։ Այս տասնըհինգ հատորներն իսկ անբաւական են Թէքէեանի բոլոր գրութիւնները պարփակելու համար։ Ուրեմն։ Ամբողջական Երկեր խօսքը սահմանափակի իմաստով մը պէտք է առնել։ Առանց այս սահմանափակումին՝ ճիշդ արտայայտութիւն մը չէ անիկա։ Այս տասնըհինգ հատորները ընտրութիւն մը կ’ենթադրեն։
       Բ. - «Վ. Թէքէեան ալ դեզ մը ձեռագիր մրոտեր կամ տպեր է, տարիներու ընթացքին։ Զանազան առիթներով։ Ոտքի վրայ։ Սուրճ մը խմած կամ նարտ խաղացած ատեն» կը շարունակէ Վահէ։ Ո՛չ։ Թէքէեան ոչինչ գրած է, ո՛չ իսկ նամակի մը մէկ տողը, «ոտքի վրայ, սուրճ խմած կամ նարտ խաղացած ատեն», այս արտայայտութիւնները առնելով իբրեւ պատկեր, իբրեւ ըսելու ձեւ մը իսկ։ Թէքէեան, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, այսպիսի արարք մը չէ թոյլատրած ինքզինքին, խօսքին ու գիրին հանդէպ ունենալով մե՛ծ գիտակցութիւն եւ նոյնքան մեծ պատասխանատուութեան զգացում։ Ունենալով նաեւ յարգանք՝ ինքզինքին հանդէպ ինչպէս նաեւ յարգանք եւ ամօթխածութիւն, զինքը լսողին ու կարդացողին առջեւ։
       * ։ Չեմ իսկ բողոքեր, երբ Վահէ զանոնք «զրաբանութիւններ» կը կոչէ։ Վահէի ճաշակն ալ, հասկացողութիւնն ու դատողութիւնն ալ, իր մտածելակերպին նման, տրամագիծօրէն կ’ընդդիմանան եւ միշտ ալ ընդդիմացած են Թէքէեանի ճաշակին եւ հասկացողութեան, դատողութեան եւ մտածելակերպին:
       Ու այս պոռացող իրականութեան պատճառը պա՜րզ է. - Մէկը ունի մակերեսային եւ թանձրակառոյց, միակտուր եւ գիւղացի խառնուածք, մինչ միւսը՝ խոր ու նուրբ, երանգաբարդ եւ քաղքենի խառնուածք։ Մէկը «աւանդապահութիւն» մը ունի եւ միւսը՝ մշակոյթ։
       Գ. - «Ինչո՞ւ տպեր են այս հատորը (8րդ)։
       «Բանաստեղծը մեծարելո՞ւ, թէ խայտառակելու համար։
       «…Ի՞նք կտակեր է, որ այդ զրաբանութիւններն ալ հատորի մը մաս կազմեն»։
       Դարձեալ ո՛չ։ Իր գրութիւններուն հրատարակութեան համար Թէքէեան որեւէ ակնարկութիւն չունի այն շատ փոքր, հազիւ քանի մը տող պարունակող «կտակ»ին մէջ, զոր ձգած է ան։ 8րդ հատորը, ինչպէս միւս բոլոր հատորները հրատարակելու որոշումը առած է «Թէքէեան ֆօնտ»ի Յանձնախումբը, ամբողջապէս եւ առանց փոփոխութեան որդեգրելով այն յատակագիծը, զոր պատրաստած էր այս տողերը գրողը։ Ու անիկա այս որոշումը առած է, այլ խօսքով այս յատակագիծին մէջ 8րդ հատորը դրուած է, նախ որովհետեւ, Թէքէեան, իր Հայերգութիւն հատորին կողքին վրայ (հրատարակուած 1943ին, Գահիրէ), իր տպագրելի գիրքերուն ցանկին մէջ դրած է նաեւ այս հատորը, նոյն այս վերնագիրով. - Հովահար Հոգւոյ (արձակ եւ ոտանաւոր երգիծանք)։ Իր բարեկամներէն շատերը եւ մասնաւորաբար այս տողերը գրողը, շատ լաւ տեղեակ են այն կարեւորութեան, զոր Թէքէեան կ’ընծայէր այս ոտանաւոր եւ արձակ երգիծագրութիւններուն եւ զանոնք մի՛շտ կը կարդար մասնաւոր փափաքով եւ մասնաւոր հաճոյքով մը։ Ու աւելի յետոյ, որովհետեւ «Թէքէեան ֆօնտ»ի Յանձնախումբը կազմող անդամներն ալ, նման շատ մը ուրիշ հայ-մարդոց, նոյնքան մեծ կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն կու տան, ուստի արժէք մը կը տեսնեն այս ոտանաւոր եւ արձակ երգիծանքին մէջ. - գրական արժէք, կը հասկցուի։ Ու վերջապէս, որովհետեւ Թէքէեանի երգիծանքը եւ մասնաւոր կերպով մը իր երգիծանքին իւրանիւթը կազմող դառն ու դաժան եւ մերթ նոյնիսկ չար հեգնանքը, մարդ եւ գրագէտ Թէքէեանի դիմագիծին մէկ որոշ եւ կեդրոնական եւ անբաժան մասն իսկ է, առանց որուն Թէքէեանը կարելի չէ տեսնել եւ ըմբռնել իր ամբողջութեանը մէջ։ Ու ամբողջական երկեր կոչուած է այս հատորներուն շարքը, ո՛չ թէ որովհետեւ անոնք պիտի պարունակեն Թէքէեանի բոլոր գրութիւնները, ինչպէս սովորութիւն է ընել, այլ որովհետեւ պիտի փորձուի, այս հատորներուն մէջ ի յայտ բերել Թէքէեանին ամբողջական դիմագիծը։ Ու կը կրկնեմ. առանց Թէքէեանի հեգնանքին, Թէքէեանը ամբողջ չէ ինքն իր մէջ։ Ու աւելին ըլլալով. Թէքէեանի նոյն այս պիրկ ու կարծր, նուրբ ու կիզիչ հեգնանքը, Թէքէեանի ամբո՛ղջ կեանքին ընթացքին. ինչ որ ըսել է կէս դարու մեր գոյութեան մէջ, միշտ դաժան, անխնայ ու անխտիրօրէն իջած է Վահէի եւ բոլոր Վահէներու կռնակին, շառաջուն մտրակի մը պէս, ու զանոնք հանած է իր դէմ։ Իր գաղափարական ընդդիմութիւններն ու անհատական հակակրութիւնները, իր եւ իր հակառակորդներուն, իր եւ իր համախոհներուն միջեւ, ճիշդ այս հեգնանքին պատճառով թշնամական մթնոլորտի մը վերածուած են միշտ, ինչ որ մեր յիսուն տարուան ազգային կեանքին մէջ Թէքէեանը ու իր գոյութիւնը ըրած է անոգորելիօրէն ցաւագին ու մինակ։
       Ինչ որ նկատառումի արժանի է, հետեւեալն է. - նոյն այս 8րդ հատորը, դասակարգ մը մարդեր վերստին զինած է Թէքէեանի դէմ, որոնք Վահէի նման վերագտած, վերյիշած եւ վերստացած են վերոյիշեալ մտրակին հարուածները, ու, դարձեալ Վահէի նման, նոյն այս հարուածներուն տակ ճիչեր կ’արձակեն։ Ու կան ալ, որ նենգամիտօրէն, կը մեղադրեն Թէքէեանը, գրած ըլլալուն եւ զիս՝ այս հատորին մէջ առած ըլլալուս համար այն երկու ոտանաւորները, որոնք նուիրուա՜ծ են Ա. Չօպանեանի, այսինքն իր բարեկամին կամ իր կուսակցական ընկերոջ։ Բայց ես զանոնք դրած եմ այս հատորին մէջ այն հաստատ եւ ստոյգ համոզումով՝ թէ Չօպանեան տարիքով, միտքով, ճաշակով եւ հասկացողութեամբ բաւականաչափ մեծ է, նախ անոնց մէջ տեսնելու համար երգիծանքին բաժինը ու յետոյ, ինքզինքը վեր զգալու՝ անոնց պարունակած… Բարձրութենէն։ Ու գալով Թէքէեանի, իմ սիրոյս եւ հաւատարմութեանս մէջ կուրցած չըլլալով, կ’ուզեմ, որ ամէն մարդ զայն տեսնէ ու սիրէ, ու հասկնայ, ինծի հետ, իր հիւմէօր ներուն մէջ ալ։ Որովհետեւ, Թէքէեան, հակառակ իր տեւական ճիգին, իր կողմէ իսկ իր դէմ ուղղուած, նման ամէ՛ն մարդու, իր հիւմէօր ին ազդեցութեան տակ էր յաճախ։ Թէքէեանի յօդուած կամ շպարուած պատկերը չէ, որ պէտք է ներկայացնեն այս հատորները այլ նոյն ինքը, Թէքէեանը, իրական ու մարդ։ Ցարդ, ինչ որ գրուեցաւ ու ըսուեցաւ Թէքէեանի մասին, ըստ մեր ախտաւոր սովորամոլութեան, փառաբանութիւն մըն է լոկ, փուճ ու վաղանցուկ։ Մեր առաջին պարտականութիւնն է Թէքէեանը, ինչպէս մեր բոլոր բանաստեղծներն ու գրագէտները, նախ հասկնալ ու առանց սիրոյ հասկացողութիւն չկայ։ Ու Թէքէեանի ամբողջական երկերը կը հրատարակուին ո՛չ թէ «բանաստեղծը մեծարելու կամ խայտառակելու համար» ինչպէս կը կարծէ Վահէ, այլ ամէն բանէ առաջ ի խնդիր այս հասկացողութեան եւ սիրոյ, որոնց ամէն բանէ աւելի պէտք ունին աշխարհի բոլոր հայ-մարդերը։ Ու Թէքէեանի գրական գործը, ինչպէս կեանքը, աւելի քան ուրիշ ոեւէ հայ գրողի մը գործն ու կեանքը, հայ-մարդուն սիրոյն եւ հասկացողութեան կրնան զօրաւոր սնունդ ըլլալ։ Այս գիրքերը չեն հրատարակուիր, ըստ իս, ո՛չ ալ «Թէքէեանի յիշատակը անմահացնելու համար» եւ ոչ իսկ՝ «զանոնք կորուստէ փրկելու համար»։ Այս յաւակնոտութիւնը չունիմ ես։ Թէքէեանի գործը ինքզինքը փրկած է ընդմիշտ եւ ինքզինքը անմահացուցած, իր սեփական զօրութիւններովն ու արժէքովն իսկ։ Հասկնալ ու սիրել այս զօրութիւններն ու արժէքը, ի խնդիր մեր սեփական փրկութեան։ Ու սիրով կը նուիրեմ իմ ամբողջ կեանքս, ի խնդիր այս հասկացողութեան ու սիրոյն։ Ու քանի որ հոս հասայ, ըսեմ նաեւ՝ թէ Թէքէեանի մասին իմ պատրաստած կիսաւարտ եւ շա՛տ ընդարձակ ուսումնասիրութիւններէս մէկուն մէջ, ամբողջ գլուխ մը յատկացուցած եմ իր երգիծանքին, ուստի հեգնանքին, զոր կը նկատեմ ո՛չ քիչ մը զովութիւն բերող հովահար մը, այլ կատարեալ ձերբազատում մը, ազատագրութիւն մը՝ իր հոգիին համար։ Այսուհանդերձ, ես պահեցի Թէքէեանի կողմէ տրուած այս վերնագիրը, ի յարգանս Թէքէեանի, հակառակ զայն փոխելու իմ ունեցած ազատութեանս։ Նոյն այս յարգանքն է, նոյն այս ինքնաբուխ, երկիւղալից եւ անկաշառելի յարգանքն է, զոր ունիմ իր ձեռագիրներուն իւրաքանչիւր ստորակէտին առջեւ, իր ներկայութիւնը, իր նայուածքը տեւականօրէն զգալով իմ ձեռքիս իւրաքանչիւր շարժումին վրայ, իմ սիրտիս ու միտքիս մէջէն անցնող իւրաքանչիւր զգացումին ու մտածումին վրայ։ Թէքէեան, ո՛չ մէկ ատեն ինծի չէր եղած այնքան մօտ ու ներկայ, որքան է այժմ։
       Դ. - Երկու մէջբերումներ ընելէ ետք՝ Վահէ կ’ըսէ դեռ. - «Երկու «քերթուածներէն» ալ քանի մը հատիկներ (?! Ա. Տ. ) միայն օրինակեցի։ (Ընդօրինակեցի՛ ըսել կ’ուզէ անշուշտ։ Որովհետեւ, զանոնք զրաբանութիւններ կոչելէ յետոյ, կը կարծեմ թէ մարդ անմիջապէս զանոնք օրինակելու չելլեր։ Կ’ըսեմ՝ կը կարծեմ, թէեւ որեւէ ապահովութիւն չունիմ այս մասին)։ Մնացեալը կրնաք փնտռել եւ ճաշակել, ոտանաւոր թէ արձակ։ Ոտքի վրայ եւ բերանաբաց։ (?! Ա. Տ. Զարմանալով, զզուելով կամ արգահատելով։… Անցողակի կ’ուզէի յիշել նաեւ լեզուական եւ տպագրական վրիպակները, որոնք կը վխտան բոլոր (?) հատորներուն մէջ։
       «Ինչո՞վ բացատրել այս թափթփած վիճակը եւ անճոռնի ճաշակը, որոնց դէմ բանաստեղծը ինքն ալ պիտի բողոքէր ապահովաբար, եթէ յանկարծ արթննար։»
       Նախ՝ ո՛չ Թէքէեան եւ ոչ ալ մեզմէ ոեւէ մէկը քերթուած չէ կոչած այս երկու մէջբերումները, ինչպէս մնացեալները, այլ պարզապէս եւ միայն՝ ոտանաւոր։ Ուրեմն, վերի երկու չակերտներուն գրկածը, որ աժան հեգնանք մը կ’ուզէ ըլլալ, պարապութիւն մըն է միայն, ինչպէս Վահէի կախման կէտերուն, հարցական նշաններուն եւ խօսքերուն գրկածները։ Յետոյ, անշուշտ «թափթփած վիճակը» վրիպակներուն կ’երթայ, զորս Վահէ միայն «անցողակի յիշել կ’ուզէ նաեւ», մինչ «անճոռնի ճաշակը»՝ ոտանաւորներուն եւ արձակին, ուստի Թէքէեանի եւ այս գիրքը կազմողին եւ հրատարակողին։ «Զրաբանութենէն» մինչեւ «պաղ զաւակ սրամտութիւնն» եւ «կրնաք ճաշակել»ը կը հաստատեն ասիկա։ Արդ, այս բոլորը ըսելէ ետք, Վահէ ինչպէ՞ս կը համարձակի գրել. - «որոնց դէմ բանաստեղծը ինքն ալ պիտի բողոքէր ապահովաբար»։ Ապահովաբար՝ վրիպակներուն դէմ, բայց երբե՛ք՝ ո՛չ այս հատորին հրատարակութեան եւ ո՛չ ալ ընտրուած կտորներուն դէմ։
       Կամ, «Թ. Ֆոնտ»ի Յանձնախումբի անդամներո՞ւնն է այս «անճոռնի ճաշակը»՝ որով անոնք անգիտակցօրէն յանդգնած են հրատարակել այս «զրաբանութիւնները», որոնք գրուած են ու գրուելէ ետք ընդունուած եւ ջերմապէս սիրուած՝ բանաստեղծէն։ Եթէ ասիկա ըսել կ’ուզէ Վահէ, ահա՛ իրողութիւնը. - Յանձնախումբին անդամները թող հանգիստ ձգուին, որովհետեւ Թէքէեանի ձեռագիրները ինչպէս հանդէսներու եւ թերթերու մէջ յիսուն տարիէ ի վեր գրուած բոլոր գրութիւնները հաւաքողը, ընդօրինակողը, կազմողը, հրատարակողը ու սրբագրողը, միայն եւ միայն այս տողերը գրողն է։ Յանձնախումբին անդամները 8րդ հատորը կարդացին՝ անոր լոյս տեսնելէն ետք միայն։ Ուրեմն, այս «անճոռնի ճաշակը» նախ Թէքէեանինն է եւ յետոյ եւ նոյնքան մըն ալ իմս։ Արդ, գրողի մը ճաշակը ամէն բանէ առաջ իր գործածած լեզուին եւ մանաւանդ ոճին մէջ ի յայտ կուգայ։ Եւ ո՛չ Թէքէեան եւ ո՛չ ալ այս տողերը գրողը, երբէ՛ք չեն գրած սա՛ «ճաշակը» ցուցադրող հասարակ, անճոռնի ու անհեթեթ բառեր եւ նախադասութիւններ, որոնք սրամտութիւն մըն ալ պարունակելու յաւակնոտութիւնը ունին, մինչ իրականին մէջ միտքի ահաւոր կոշտութիւն մը կը ցուցադրեն. - «Ամենէն հանճարեղէն ամենէն բանջարեղը - գրչի խաղեր (?!) - կարճ կապելու համար ասէ-կօսէները (?) - ձեռագիր մրոտել (?!) - պաղ զաւակ սրամտութիւն - մնացեալը կրնաք փնտռել ու ճաշակել… ոտքի վրայ եւ բերանաբաց(?!) - զրաբանութիւններ - եւ վերը յիշատակուած նախադասութիւններէն շատերը եւ անոնց ձեւ եւ իմաստ տուող միտքն ու …«ճաշակը»։
       Սակայն, Վահէի բոլոր ըսածներուն մէջ միակ յստակն ու ճիշդը՝ տպագրական վրիպակներուն համար իր դիտողութիւնն է. վրիպակներ՝ որոնք կը «վխտան» արդարեւ եւ մանաւանդ 8րդ հատորին մէջ։ Ու անոնց համար ամէն մարդէ առաջ ե՛ս կ’ամչնամ ու կ’ամչնամ նախ Թէքէեանէն, յետոյ ինքզինքէս եւ բոլոր ընթերցողներէն։ Աւելին. - անոնց առջեւ ես լեցուած եմ եւ միշտ ալ ինքզինքս լեցուած կը գտնեմ ցասումով՝ ինքզինքիս դէմ, այն պայմաններուն դէմ, որոնց մէջ տպուած է մասնաւորաբար 8րդ հատորը եւ նաեւ դէմը այն գրաշարին եւ տպագրիչին, որոնց հետ գործ ունեցայ։ 8-րդ հատորին մէջ էջեր կան, որոնք վեց անգամ սրբագրուած են եւ հակառակ այս աշխատանքին ու բծախնդրութեան, անոնք տպուած են այնպէս ինչպէս տպուած են։ Մենք հոս գրաշարներ եւ տպագրիչներ ունինք, որոնք… աշխարհը կ’արժեն։ Օրինակ մը միայն. - Մեծագոյն խայտառակութիւնըմ, որ 8րդ հատորին պատուանշանն է, կը գտնուի էջ 132ին մէջտեղը, ուր Յ. Ալփիարը եղած է Արփիար։ Ի՞նչպէս։ Ահա՛ թէ ինչպէս. - Մամուլին թանձրութիւնը ճշդելու համար - տպագրիչ եւ գրաշար, որոնք միայն եւ տարտամօրէն Արփիար անունը լսած են իրենց կեանքին մէջ, «կը կարծեն» թէ ր ն իմ աչքէս վրիպած եւ լ է եղած։ Ու ինծի օգնութեան հասնելու բարի՜ մտադրութեամբ մը եւ իրենց կատարած գործին հանդէպ յանկարծ մե՛ծ բծախնդրութեամբ մը բռնուած, ինչպէս մարդ ջերմէ մը կը բռնուի, Ֆօրման կը քակեն եւ բոլոր լները կը վերածեն րերու եւ կը տպեն…։ Ե երու եւ է երու, չ երու եւ ջ երու պարագան ուրիշ ողբերգա-կատակերգութիւն մըն է։
       Բոլոր այս բացատրութիւնները բացատրութիւններ են միայն ու պարզապէս եւ ո՛չ թէ արդարացում մը եւ աւելի նուազ՝ ինքնարդարացում մը, զոր չեմ փնտռեր, որովհետեւ կը մերժեմ փնտռել բան մը, որ գոյութիւն չունի։ Յանցաւորը ե՛ս եմ միայն ու իմ զգացած զայրոյթս, ցաւս ու ամօթս կը մնան ինծի, առանց զիս մխիթարելու, թէեւ գիտեմ թէ բառերուն իմաստը խաթարող կամ կորսնցնող վրիպակներ չկան գրեթէ եւ ընթերցողը դիւրութեամբ կրնայ սրբագրել զանոնք։ Ու կը վստահեցնեմ Վահէն՝ թէ ես «անցողակի» չէ, որ կը նայիմ, կը տեսնեմ ու կը դատեմ այս վրիպակները, ինչպէս որեւէ վրիպակ - լեզուի, մտածումի, խօսքի վրիպակ։ Ու ասիկա՝ ի՛մ ինչպէս ուրիշներու հրատարակած գիրքերուն եւ գրածներուն, ի՛մ ինչպէս ուրիշ մարդոց մէջ։