Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ. ԽՕՍԱԿԻՑՆԵՐԸ
       Ուրեմն, լեզուն կ’ենթադրէ տրամախօսութիւնը ու տրամախօսութիւնը կ’ենթադրէ գոյութիւնը, առ նուազն, երկու մարդոց։ Ու երբ երկու մարդեր կան, անոնցմէ մէկը դուն մըն է, որուն ես կը դիմեմ եւ որուն կ’ուղղեմ իմ խօսքս, որ կը դիմէ ինծի եւ որմէ խօսք մը կ’ուղղուի ինծի։ Ու ես մը՝ որ դունին կ’ուղղուի, դունին կը դիմէ։
       Հոս երեւան կուգայ նոր խնդիր մը, որ ուրիշ մէկ յատկանիշն է տրամախօսութեան։ Երբ ես չինարէն կը խօսիմ ու դուն հայերէն, այսինքն՝ երբ ես կը խօսիմ լեզու մը զոր դուն չես հասկնար ու դուն լեզու մը՝ զոր չեմ հասկնար ես, մեր ըրածը տրամախօսութիւն մը չէ, նոյն իսկ չէ խօսակցութիւն մը։ Որովհետեւ, խօսակցութեան, ուստի աւելի ե՛ւս տրամախօսութեան գոյութեան պայմանն է հասկացողութիւնը։ Պիտի ըսեմ աւելին. - իրարահասկացողութիւնը, որ փոխադարձ իւրացումն է մեր հաղորդակցութեան պարունակած տարրերուն - բառերուն եւ բառերուն պարունակած զգացումին, մտածումին, կամքին։
       - Ես կը հասկնամ ինչ որ դուն կ’ըսես ու կը պատասխանեմ քեզի, դուն կը հասկնաս ինչ որ ես կ’ըսեմ ու կը պատասխանես ինծի։ Տրամախօսութեան այս յարատեւ երթ ու դարձը, մասնայատուկ ու բարդ բնութիւն մը ունի, որովհետեւ մարդը ո՛չ միայն իրականն է այլ մշտանորոգ եւ բազմայորդ կարելին, որ իր մարդկային ազատութեան յայտնաբերումն իսկ է։ Ո՛չ թէ մեքենական յառաջատուութիւն մը այլ միշտ իմանալի ազդումներ եւ հակազդումներ, գործեր եւ հակագործումներ։ Ու ասիկա ըմբռնելի է - որովհետեւ մարդկային էակը ո՛չ միայն իմացականութիւն մը ունի այլ ունի ԻՄԱՆԱԼԻՈՒԹԻՒՆ մը, որ իր մարդկային հիմնական յատկանիշներէն մէկն է ու թերեւս հիմնականը. աւելի հիմնականը՝ քան իմացականութիւնը, որովհետեւ մարդուն իմանալիութիւնն է որ կը սնուցանէ ու կը զարգացնէ մարդուն իմացականութիւնը, ինչպէս արեւին լոյսն է որ զարգացուցած է աչքին տեսողութիւնը։ Խաւարին մէջ ինչպէս հողին ներքեւ ապրող կենդանիները, աչք ունենալով հանդերձ, կոյր են միշտ։
       Մարդկային էակին ընդհանրապէս ու մասնաւորապէս հայ- մարդուն այս իմանալիութիւնը, իմ հաւատքիս եւ յոյսիս ու սիրոյս ակն է։ Առանց անոր գոյութեան, ամէ՛ն ինչ գայթակղութիւն մը պիտի ըլլար մարդուն մէջ եւ եթէ այսօր, հայ- մարդոց եւ աշխարհի բոլոր մարդոց մէջ շատ մը բաներ գայթակղութիւններ են, պատճառը հետեւեալն է. - Մարդիկ եւ մարդոց կարգին հայ մարդն ալ, կորսնցուցած են գիտակցութիւնը իրենց իմանալիութեան, ինչպէս նախորդ մեծ պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած մեր մեծ գաղթականութեան մէջ, շատ մը հայ տղաք ու աղջիկներ կորսնցուցած էին, մոռցած էին իրենց անունը, իրենց ազգութիւնը, իրենց հարազատ հայր մը եւ մայր մը ունեցած ըլլալու զգացումը, բազմաթաւալ ու ամրակուռ ամայութեանց եւ խաւարներուն, անդոհին ու սարսափներուն մէջ անապատին, արիւնին, մոխիրին, կրակին ու աւերակներուն, անմարդկայինին եւ ոճիրներուն։ Ու ինչ որ հայ-մարդոց իմանալիութիւնը կը կոչեմ, հայ մարդոց ներքին ու հասարակաց նմանութիւնն է եւ ուրիշ ոչինչ. եւ որ իւրաքանչիւր հայմարդ, կը կրէ իր էութեան ամենէն հարազատ ու մաքուր եւ մտերիմ մասին մէջ։ Այս ներքին նմանութիւնը, այսինքն այս հանգիտութիւնը, իւրաքանչիւր հայ մարդու սեփական գաղտնիքն է որ հասարակ է բոլոր հայ- մարդոց։ Ու նոյնպէս - աշխարհի բոլոր մարդոց իմանալիութիւնը, աւելի ընդարձակ շրջանակի մը մէջ, մարդոց մարդկային հանգիտութիւնն է ու այս հանգիտութեան գիտակցութիւնը։ Ծառը, քարը, հողը ու անասունը իմանալիութիւն մը չունին, ինչպէս չունին իմացականութիւն։
       Խօսակիցներուն իմանալիութիւնը հաստատելէ ետք, անհրաժեշտ է հաստատել նաեւ հետեւեալ պայմանները. - Տրուած պատասխանը, երբ իրապէս պատասխան մըն է անիկա, կախում չունի զայն տուողին ձայնին շեշտէն եւ ծաւալէն, այսինքն իր ձայնին բնական կազմին յատկանիշներէն, ու երբ գիրով կը տրուի պատասխանը՝ գրութեան ոճէն եւ լեզուէն։ Այս ծաւալն ու շեշտը հակազդեցութիւններ են միայն, որոնց նպատակն է տպաւորութիւն մը գործել, մինչդեռ սպասուածը պատասխան մըն է միշտ։ Ու տրուածը պատասխան մըն է երբ կը համապատասխանէ, (ժխտական կամ դրականօրէն, կարեւորութիւն չունի), ըսուած խօսքին պարունակութեան, ըսել կ’ուզեմ իմաստին։ Այսինքն, երբ խօսակիցներուն բանականութիւնն է, որ կը գործէ եւ ո՛չ թէ մարմինը։ Հայ- մարդերը, ներկայիս, նման բոլոր նախնական մարդոց, ամէն բանէ առաջ կ’որոնեն ազդեցութիւն մը գործել, տպաւորութիւն մը ձգել զիրենք լսողին ու կարդացողին վրայ։ Հայմարդուն մէջ միշտ ճառախօս մը կայ, քարոզիչ մը, փրոփականտիստ մը, կուսակցական օրաթերթ մը կայ, վարժապետ մը կայ միշտ, անհունօրէն անգիտակից ու միամիտ, եւ անհունօրէն ծիծաղելի ու արգահատելի։ Ազդելու, տպաւորելու այս մարմաջը, դաստիարակչական աւերիչ դրութեան մը վերածուած է նոյնիսկ միայն հայրենասիրութիւն քարոզող հայմարդոց մէջ։ Ու հայրենասէր հայ-մարդերն ալ, այսինքն բոլո՜ր հայ- մարդերն ալ, իրենց բնախօսութեան ամբողջ կառուցուածքովը կը տենչան ազդուիլ, տպաւորուիլ, ու կը գոհանա՜ն իրենց կրած տպաւորութեամբը՝ որովհետեւ ծոյլ են միտքով։
       Բայց որպէսզի իմ խօսակիցս կարենայ պատասխանել իմ խօսքիս իմաստին, անհրաժեշտ է, որ նախ հասկնայ այս իմաստը, որ իմ նախադասութիւններուս համադրութեան մէջն է եւ ոչ թէ անչատաբար առնուած որեւէ մէկ նախադասութեան մէջ։ Յետոյ, կշռէ, քննէ, բաղդատէ զայն իրականութեան հետ կամ ինչ որ իրականութիւնն է իրեն համար։ Աւելին - զայն ամբողջակէ իր սեփական իմացումներուն եւ տեսակէտներուն համագումարին հետ ու յետոյ միայն զայն ընդունի կամ մերժէ, կամ անկէ մաս մը ընդունի եւ ուրիշ մաս մը մերժէ։ Ասիկա ներքին գործողութիւն մըն է անշուշտ, որ մարդուն մէջ ամէ՛ն վայրկեան ինքնաբերաբար եւ բուռն արագութեամբ մը կը կատարուի։ Արդ, երբ այս գործողութիւնը ինքնաբերաբար եւ արագօրէն կը կատարուի խօսակիցներուն մէջ, խօսակիցներուն ըրածը խօսակցութիւն մըն է միայն եւ երբ անիկա կը կատարուի իմացականութեան հակակշիռին ներքեւ, խօսակիցներուն ըրածը կ’ըլլայ տրամախօսութիւն։
       Անշո՜ւշտ, այս բաները հոս կամ այլուր ըսելը դիւրին է եւ անշո՜ւշտ, փորձառական իրականութեան մէջ անոնց գործադրութիւնը՝ դժուարին։ Բայց ի՞նչ է մարդուն մտաւորականութիւնը եթէ ոչ այն ներքին զօրութիւնը՝ որուն ձեռքերով մարդը կ’արգիլէ, կը կեցնէ ու կը չէզոքացնէ իր բնազդին խոյանքավազ հակագործումները՝ որոնք միշտ եւ միայն բնախօսական են եւ բնակազմական։ Այս մտաւորականութեամբ միայն մարդը կարող է ըսուածին իմաստը ենթարկել իր միտքին խուզարկութեան, իշխելով իր միտքին այն արարքներուն վրայ, որոնք բառերուն եւ նախադասութիւններուն իմաստը կը բռնէն ու կ’ըմբռնէն։ Այս ներքին կանգառումը, որ մարդուն խղճմտութեան ներկայութիւնն իսկ է, կը վաւերացնէ մարդուն վերոյիշեալ իշխանութիւնը։ Ու այս իշխանութիւնը, ամէն բանէ առաջ, մարդուն ինքնիշխանութիւնն է եւ մարդուն ինքնիշխանութիւնը՝ մարդուն ազատութիւնը, ինչպէս կ’ըսէ Եզնիկ։ Ազատ մարդոց միչեւ միայն տրամախօսութիւնը կրնայ գոյութիւն ունենալ։ Ստրուկ մարդոց միջեւ՝ երբեք։
       Որովհետեւ տրամախօսութիւնը կը յայտնաբերէ հետեւեալ հիմնական իրականութիւնը. Ես որ մտիկ կ’ընեմ ու կը պատասխանեմ, բոլորովին տարբեր եւ անկախ գոյութիւն մը ունիմ իմ խօսակիցիս գոյութենէն, որ իմ դէմս է ու կը խօսի ինծի հետ։ Ու փոխադարձաբար։ Ու իմ խօսակիցիս այս տարբեր ու անկախ գոյութեան շնորհիւ է որ ես կը դադրիմ միայն իմ տեսակէտիս շղթայակապ ստրուկը ըլլալէ, որովհետեւ, իմ խօսակիցս, որուն ճանաչումն ու փորձառութիւնն ալ ամբողջապէս իմիններուս նման չեն եւ իմս չեն. զիս տեւականօրէն կը դնէ նոր եւ յեղակարծ անակնկալներու առջեւ, անսպասելի ու կարծես գաղտնի դռներ կը բանայ իմ առջեւս, որոնք հէքիաթական պալատի մը դռներուն նման, զիս կ’առաջնորդեն նոր գանձերու, հրաշալի եւ անսգիւտ հարստութիւններու դիմաց։ Աւելին. Իմ խօսակիցս ինծի կու տայ ազատութիւնը զանոնք առնելու, սեփականացնելու իսկ։ Ուրեմն իմ խօսակիցս, որ դուն մըն է ինծի համար, գոյութիւն մը ունի որ իմինս չէ եւ ոչ ալ իմինիս մէկ ճառագայթումը, կամ ըստուերը։ Աւելի՛ն. - Այս դունը՝ դուն մը չէ, որովհետեւ ես իր դեմն եմ ու կը մտածեմ, ինչպէս ես իրմէ մտածուած ըլլալու իրողութիւնը չեմ։ Տէքարթի «Կը մտածեմ, ուրեմն եմ», կամ, գոյութիւն ունիմը անբաւական է մարդկային պայմանը ամբողջացնելու համար, քանի որ ճիշդ չէ. Ես կը մտածեմ, ուրեմն դուն ես, դուն կաս, դուն գոյութիւն ունիս ըսելը։ Անշուշտ, իմ մտածելուս եւ ըլլալուս պատճառով է, որ դուն մը կայ ինծի համար, դունը դուն մըն է ինծի համար. բայց այս դունը, ինքզինքին համար ու ինքն իր մէջ ես է նախ ու կրնայ նաեւ ըլլալ ան՝ ուրիշին եւ նոյն իսկ ինծի համար, որովհետեւ, ունի իր տարբեր ու անկախ գոյութիւնը, որ իմ գոյութիւնս չէ եւ ոչ ալ ուրիշ ոեւէ մէկու մը գոյութիւնը։
       Իմ խօսակիցիս այս տարբեր եւ անկախ գոյութիւնը, որով եւ որուն մէջ անիկա ես մըն է միշտ, իմ խօսակիցս ըրած է ու կ’ընէ միշտ, իր բոլոր սեփական կարողութիւններուն եւ յատկութիւններուն տիրապետող մարդկային կեդրոն մը, իրաւամբ, ինչպէս իմ տարբեր ու անկախ գոյութիւնս՝ զիս։ Ան ամէ՛ն ինչ կը տանի այս կեդրոնին, մերթ ամբողջակցելով այս կեդրոնին ու մերթ անկէ դուրս եւ հեռու նետելով զայն։ Իմ խօսակիցս, ինծի նման, առանձնայատուկ իրականութիւն մըն է, որ կը կռթնի ինքն իր վրայ։ Այս մարդկային ու առանձնայատուկ ու անփոխարինելի իրականութիւնը, կարողութիւնը ունի ինծի հակաճառելու, իմ խօսքերս ուղղելու, ինքզինքը ընդդիմահարելու իմ գաղափարներուս։ Իմ խօսակիցիս գոյութիւնը, ինչպէս իմինս, մեր միջեւ, տեղի ունեցող տրամախօսութեան արդիւնքը չէ այլ այս գոյութիւնները այս տրամախօսութեան գոյութեան պայմաններն են։ Իմ խօսակիցիս սեփական իրականութիւնը իմ մտածումովս կայացած չէ, ինչպէս իմինս իր մտածումովը։ Ընդհակառակը, իմ մտածումս, իրական եւ ընդունելի ըլլալու համար՝ պարտի ինքզինքը ուղղել՝ ձեւաւորել այս իրականութեան իսկ վրան ու փոխադարձաբար։ Որովհետեւ, այս իրականութիւնը, այսինքն իմ խօսակիցս, մեր տրամախօսութեան ընթացքին յառաջացող իմ մտածումէս առաջ գոյութիւն ունէր արդէն ու անշուշտ վերջն ալ պիտի ունենայ, եւ ո՛չ թէ՝ իմ մտածումիս նման, տրամախօսութեան ընթացքին է որ կը կազմուի, կը մարմնադրուի անիկա։ Ու այս պատճառով է որ իմ խօսակիցս, իմ սեփական իրականութեանս ընդդիմակալ իրականութիւնն է, ինչպէս գետի մը միւս եզերքը ու տրամախօսութիւնը կը հոսի մեր երկուքին միչեւ, գետին հոսանքին նման։ Ու իմ խօսակիցիս տարբեր ու անկախ, մասնայատուկ եւ անփոխարինելի իրականութիւն մը ըլլալուն պատճառով, իմ խօսակիցս ինքնիմացութիւն մը ունի։
       Արդ, մարդկային էակին իմանալիութիւնը, իմացականութիւնն ու ինքնիմացութիւնը, որոնք իր էաբանական յատկանիշներն ու յատկութիւններն են, զայն մարդկային անձ մը ըրած են ու կ’ընեն միանգամ ընդմիշտ։ Ու այս երեք յատկանիշները համակցորդ են իրարու եւ այս համակցորդութեամբ է, որ նոյն մարդկային անձը, ես մը, դուն մը ու ան մըն է, աւելի ճիշդը, ես մը, դուն մը, ան մը ըլլալու ատակ է միշտ։ Ու մարդկային անձին այս յարանորոգ եւ ներքնաժայթք կարողութիւնը ուրիշ բան չէ այլ իր մարդիմացութիւնն իսկ, որ մարդկայնութիւն մը կը պարփակէ։ Ու որովհետեւ մարդը կ’ապրի աշխարհին մէջ, ան ունի նաեւ, դարերու ընթացքին կազմուած բայց իւրաքանչիւր մարդու հետ վերստին կազմուող աշխարհիմացութիւն մը։ (Իմանալ բայը կը գործածեմ իր գրաբար իմաստովը, որ է հասկնալ, ըմբռնել, այսինքն միտքով լսել։ Քրիստոսը «Իմանալի արեգակ», «Լոյս իմանալի» կը կոչեն մեր շարականները, սքանչելիօրէն հրաշալիօրէն)։
      
       ***
       Ամբո՛ղջ այս վերլուծումով մենք միայն ստացանք խօսակիցներուն, այսինքն մարդկային անձերուն իրականութիւնը։ Բոլոր այն էակները, որոնք իրենց անփոխարինելի եւ անհաղորդելի գոյութեամբը կ’ապրին եւ ունին իսկապէս անկախ գոյութիւն մը մէկը միւսէն, որ կարող են հասկնալու եւ պատասխանելու, ուստի ինծի համար դուն մը ըլլալու եւ որոնց համար ես դուն մը կ’ըլլամ, մարդկային էակներ են։ Անասունին կամ ծառին համար ես երբեք դուն մը չեմ ու չեմ կրնար ըլլալ։ Անոնց գոյութիւնը իրական է ինչպէս իմինս։ Այսուհանդերձ, այս բոլորը զանոնք մարդկային անձեր չեն ըներ դեռ։ Մարդկային անձը ծնունդ կ’առնէ, մարդկային էակին արարքովը միայն։ Ու արարքը մի՛շտ կամաւոր է, մի՛շտ պատասխանատուութիւն մը յանձն կ’առնէ եւ մի՛շտ կը դիմագրաւէ առարկան, որ իր վրայ կը խուժէ։ Մարդկային անձը ինքնականգնում մըն է միշտ, բարձրացում մըն է, խոյանք մըն է միշտ՝ - մարդուն կանգնումը, բարձրացումը, խոյանքը ինքն իր մէջ եւ մէջը իր գոյութեան, իր ներքին եւ արտաքին առօրեային մէջ։ Մարդուն առօրեան միշտ յոգնակի է, յոգնակիութիւն մըն է, մինչ արարքը, ուստի նաեւ անձը՝ եզակի, եզակիութիւն մը։ Չեմ գիտեր թէ մարդը եզակի՞ թէ յոգնակի կը ծնի, եզակի՞ թէ յոգնակի կը մեռնի, բայց գիտեմ թէ եզակի կ’ապրի, երբ իբրեւ մարդկային անձ մը կ’ապրի։
       Մարդկային անձը, մարդկային ու անձնական կեանք մը կ’ենթադրէ։ Այս կեանքին մէջ միայն, անիկա իրապէս ինքնաբաց, մշտաբաց, լայնաբաց գիտակցութիւն մըն է, եկեղեցիի դուռի մը նման, ամէ՛ն անձի առջեւ։ Ու այս կեանքը կը սկսի, կ’ընդլայնի, կը խորանայ ու կը բարգաւաճի ուրիշ անձերու հետ շփումի մը մէջ մտնելով միայն, յարաբերութեան մտնելով, տրամախօսելով։ Ու ամէ՛ն արգաւանդ շփումի, յարաբերութեան, տրամախօսութեան համար, որոշ սէր մը անհրաժեշտ է։ Գոնէ անհրաժեշտ է համակրութիւնը - բառը կը գործածեմ իր հի՛ն իմաստովը, իր զօրաւոր իմաստովը. այսինքն՝ ո՛չ թէ նոյն բանը միասին զգալ կամ մտածել միայն այլ նոյն բանը միասին կրել, միասին տանիլ։ Անհրաժեշտ է նաեւ լեզուն։
       Մարդկային անձը, իր եզակիութեան մէջ, ինքն իր մէջ բանտարկուած չէ, այսինքն, բանտի դրան մը պէս ինքն իր վրայ գոցուած չէ, որովհետեւ գիտակցութիւն մը ունի միշտ։ Ինչ որ գոց է մարդկային էակին մէջ, իր կենսաբանական իրականութիւնն է, ըսել կ’ուզեմ իր զուտ բնախօսական կեանքն է, որ միշտ ամայի է ու լուռ, անապատի մը նման, որովհետեւ անիկա բացարձակօրէն զուրկ է ամենէն տարրական գիտակցութենէն իսկ։ Անձը կ’ապրի աշխարհի մը մէջ՝ ուր իրեն հետ եւ իրեն պէս ուրիշ անձեր կը բնակին, կ’ապրին։ Անձը միշտ դուրսն է ինքզինքէն ու ինքզինքէն հեռու, ուրիշ անձերու հետ է եւ աշխարհին մէջ։ Անձը, անհատը չէ։ Ընդհակառակը։ Անձը անհատին ընդդիմադիր իրականութիւնն է։ Անձը միտք է, ոգի է, ստեղծագործութիւն է մինչ անհատը՝ բնութիւն։
       Արդ, հայ- մարդը անհատ մըն է եւ անհատապաշտ մը։ Ասկէ՝ անիկա ամէն տեղ ես մըն է, մինա՛կ ու խե՛ղճ. ես մը՝ որուն համար դունը գոյութիւն չունի եւ պէտք չէ ունենայ։ Անիկա ապաստանած է իր էութեան ա՛յն տարրերուն մէջ որոնք զինքը կը զատորոշեն, կ’անչատեն, կը հեռացնեն ու կը պաշտպանեն իր շրջապատէն եւ այս շրջապատը լեցնող ու կազմող իրողութիւններէն ու մարդերէն, որոնք իր թշնամիներն են. ինչպէս ժամանակին մեր նախարարները կ’ապաստանէին իրենց քառաժայռ բերդերուն մէջ ու կը պաշտպանէին իրենք զիրենք։ Հայ-մարդը կ’ապաստանի իր բնազդին բերդերուն մէջ։ Հայ- մարդը կրնայ, իբրեւ մարդկային էակ, սովամահ ըլլալ։ Կրնայ նաեւ յանձնուիլ՝ թշնամիին, սովի մը սպառնալիքին տակ. Ինչ որ սկսած է արդէն ըլլալ։
       * ։ Զայն մատնանշեցի միայն, ըսելու համար թէ ներկայիս, հայ-մարդոց միչեւ, ուստի մեր միչեւ տրամախօսութիւնը դժուար գործ մըն է, բայց մենք պարտինք յաղթահարել այս դժուարութեան մե՛նք, գրագէտներս, մտաւորականներս, որ յաւակնութիւնը եւ նոյն իսկ յաճախ յաւակնոտութիւնը ունինք գիտակցութիւն մը ունենալու։
       Արդ, ո՞րն է մեր գիտակցութիւնը։ Եւ ի՞նչ իրականութիւն կը ներկայացնէ անիկա։ Եւ ի՞նչ արժէք ունի, ըսել կ’ուզեմ, ո՞ր չափով անիկա կը գործէ մեր գոյութեան մէջ։ Ու վերջապէս, ո՞րն է միութիւնը մեր իւրաքանչիւրին եւ բոլորին գիտակցութիւններուն։ Այս միութիւնը կենդանիօրէն գոյութիւն ունի՞ մեր մէջ թէ մեր երեւակայութեան պատէն կախուած պատկեր մըն է միայն անիկա զոր իբրեւ կուռք կը պաշտենք մենք, մերթ ընդ մերթ։
       Չեմ պատասխաներ, առ այժմ, այս հարցումներուն ալ, պարզապէս, որովհետեւ այս փորձին մէջ այս պատասխանները տեղ չունին։ Միայն կ’ըսեմ. - Ա՛նշուշտ թէ մենք որոշ գիտակցութիւն մը ունինք, անհատապէս ու հաւաքաբար, բայց մեր գիտակցութիւնը դժբախտ գիտակցութիւն մըն է, այսինքն, ինքն իր մէջ իսկ, ինքն իր դէմ իսկ բաժնուած է անիկա, մեր իւրաքանչիւրին էութեան ամենէն խորո՛ւնկ, անձնակա՛ն ու մտերիմ մասին մէջ ինչպէս մէջը մեր գոյութեան։ Ու այս բաժանումին հետեւանքովն է որ, այսօր, մեր ինքնապաշպանութեան մեծ պայքարը, միութիւն մը չունի։ Պարզ ու խոնարհ հայ- մարդոց հաւաքական անգիտակցութեան մէջ այս միութիւնը կենդանի է դեռ ու այս միութիւնն իսկ է ակը անոնց իւրաքանչիւրին եւ բոլորին ազգային բարոյականին։ Մեր ժողովուրդը, իր այս ազգային բարոյականութեամբ միայն կրցած է դարեր տեւել, գոյութեան ամենէն անմարդկային պայմաններուն մէջ իսկ։ Ու այս բարոյականութիւնը, իւրաքանչիւր պարզ ու խոնարհ հայ- մարդու մէջ, մեր մշակոյթին արտայայտութեան մէկ ձեւն է, մեր մշակոյթին մարդկայնացած դէմքն իսկ է։ Պարզ ու խոնարհ հայ-մարդուն գիտակցութիւնը՝ ինքնագիտակցութիւն մըն է ու այս ինքնագիտակցութիւնը, ճանաչումը իր ես ին։ Աւելի՛ն. - Կամաւոր արարքով մը ընդունումը, ստանձնումը, յանձնառումը իր հայութեան ու մարդկութեան եւ իր բնազդին զօրութիւններովը՝ դիմագրաւումը բոլոր այն վտանգներուն, որոնք կ’ըսպառնան իր հայութեան ու մարդկութեան։ Կանտիին կրաւորական դիմադրութեան մէկ տեսակն է հայ- մարդուն ինքնապաշտպանութիւնը։ - Արտաքնապէս ենթարկուիլ ամէ՛ն զրկանքի, ամէ՛ն չարչարանքի ու ամէն տառապանքի բայց ներքնապէս ոչի՛նչ ուրանալ, ոչի՛նչ լքել, ոչի՛նչ կորսնցնել, ահա՛ ինչ որ եղած է ցարդ պարզ ու խոնարհ հայ-մարդը եւ որ ասկէ վերջ չի՛ կրնար ըլլալ այլեւս։ Որովհետեւ հայ- մարդը այլեւս կը մերժէ ենթարկուիլ զրկանքին։
       Պարզ ու խոնարհ հայ- մարդուն համար ո՛չ միայն միւս-հայ-մարդը գոյութիւն ունի այլ միւս-հայ-մարդուն ներկայութեան մէջ եւ շնորհիւ է որ ան իր եսը կը գտնէ, կը ճանչնայ ու կը սիրէ։ Կը հաւատայ իր եսին, այսինքն իր սեփականացուած, իւրացուած հաւաքական անգիտակցութեան մէջ ապրող հայուն ու մարդուն, հայութեան եւ մարդկութեան կը գիտակցի միւս-հայ-մարդով։ Անշուշտ, պարզ ու խոնարհ հայ-մարդը իր տառապակոծ բարոյականովն իսկ եւ ինքնաբերաբար գտած է այս մե՛ծ իմաստութիւնը, որ այս աշխարհին վրայ մարդուն մարդկային միա՛կ ու արդար մեկման կէտն է։ Ասիկա՛ է նաեւ իմ մեկման կէտս, ուստի ասիկա է հի՛մը ինչ որ ես տրամախօսութիւն կը կոչեմ։ Որովհետեւ, ես ալ պարզ ու խոնարհ հայ-մարդ մըն եմ միայն ու միա՛կ տարբերութիւնը որ կայ իմ եւ միւս պարզ ու խոնարհ հայ- մարդոց միջեւ, հետեւեալն է. - Մինչ անոնց մէջ այս իմաստութիւնը բնազդային նկարագիր մը ունի, իմ մէջս գիտակցականի վերածուած է անիկա եւ ամէ՛ն օր քիչ մը աւելի կը վերածուի, իմ կամքիս, համբերութեանս եւ ուշադրութեանս ներգործութեամբն իսկ։ Ու կը խոստովանիմ. - Բոլոր այն խնդիրները զորս մատնանշեցի եւ ուրիշներ ալ դեռ, ես կը գտնեմ ո՛չ-պարզ եւ ո՛չ-խոնարհ հայ- մարդոց մէջ եւ շուրջ, այսինքն մեր իշխանաւորներուն եւ մտաւորականներուն մէջ, բայց այս խնդիրներուն պատասխանը անոնց մէջ ու շուրջ չեն գտնուիր։ Այս պատասխանները պարզ ու խոնարհ հայ- մարդոց մէջ կը գտնուին միայն։ Ու արդար ըլլալու համար պէտք է ընդունիլ ու ըսել. - Այս պատասխանները կը գտնուին նաեւ մեր մտաւորականներուն եւ իշխանաւորներուն մէջ ալ այն չափով միայն, որով անոնք դեռ պարզ են ու խոնարհ, որով անոնք դեռ պարզ ու խոնարհ կրնան ըլլալ, ուստի կ’ըլլան նման պարզ ու խոնարհ հայ մարդոց - իրապէ՛ս, իսկապէս հայ-մարդեր կ’ըլլան։
       Պարզ ու խոնարհ հայ- մարդուն այս իմաստութիւնը իրական իմաստութիւն մըն է, որովհետեւ անիկա միայն պատասխան մըն չի՛ պարփակեր, այլ լուծումի եղանակ մը։ Երբ այս հայ-մարդը ինքզինքը կը գտնէ, կը ճանչնայ ու կը սիրէ՝ գտնելով, ճանչնալով եւ սիրելով միւս-հայ- մարդերը, իր ինքնագտնումը, ինքնաճանաչումն ու ինքնասիրութիւնը ի յառաջագունէ գոյութիւն չունին իր մէջ, ինչպէս անոնք գոյութիւն ունին իշխանաւոր եւ մտաւորական հայ- մարդոց մէջ ու այս կանխագոյն գոյութիւնը կը տեղափոխէ անոնց մարդկային մեկման կէտը։ Մեր իշխանաւորներուն եւ մտաւորականներուն ու մանաւանդ կուսակցականութեամբ խաթարուած հայ- մարդոց համար ներքին- արտաքինը դրութիւն մը կազմած է՝ որ իրենց մեկման կէտն է եւ որ անոնք մի՛շտ ապօրինի մեկնում մը ունին, մինչդեռ պարզ ու խոնարհ հայ- մարդուն համար անձնական-անանձնականը, կամ, ինչ որ աւելի ճիշդ է անշուշտ, անձնական- միջանձնականը մեկման միակ կէտնէ ուրկէ մեկնողը միշտ մարդկօրէն կը մեկնի ու իր հասած տեղը մարդկային տեղ մըն է միշտ։ Ու այս անձնական-միջանձնականը միւս-հայ- մարդոց ներկայութիւնը չենթադրեր միայն այլ նաեւ ու մանաւանդ մասնակցութիւնը՝ պարզ ու խոնարհ հայ- մարդուն ինքնագտումին, ինքնաճանաչումին, ինքնասիրութեան ու ինքնհաւատքին։ Աւելին. - Մինչ իշխանաւոր եւ իշխանաւորի հովեր ունեցող հայ-մարդուն եսը, ըսել կ’ուզեմ իր հայութիւնն ու մարդկութիւնը քարացած է, սառած է, ջուրի մը նման, իր մէջ, պարզ ու խոնարհ հայ- մարդուն մէջ իր եսը իւրանիւթ մըն է, իրագործող, առարկայացնող զօրութիւն մըն է։ Ներգաղթը հայ- մարդերը պարզացուց ու խոնարհ ըրաւ, հայացուց զանոնք։ Այս պարզութիւնն ու խոնարհութիւնը, ուստի իր բուն եսը հայ-մարդուն մէջ կը բարձրանայ, բոցի մը պէս ու կը լուսաւորէ զայն, իրապէս ազգային հանդիսութիւններու, տօներու մէջ ալ, վաղանցիկօրէն։ Պարզ ու խոնարհ հայ- մարդոց գոյութիւնը, լիակատար ու պայծառ տրամախօսութիւն մըն է։
       Տրամախօսող դիմազոյգ խօսակիցները, հաւասարապէս, ճանաչումի նոյն իրաւունքը ունին, ըսել կ’ուզեմ, ճանաչումի գոյութեան եւ ստուգութեան դիմաց, անոնցմէ ոեւէ մէկը բնաձիր առաւելութիւն մը չունի միւսին վրայ եսը, նկատմամբ դունին, կամ դունը՝ նկատմամբ եսին, բնաձրութիւն մը չունի։ Այսուհանդերձ, ինչպէս խօսակիցներուն նոյնպէս իրենց ճանաչումներուն միջեւ շատ մեծ տարբերութիւն մը կայ։ Խօսակիցներուն իւրաքանչիւրին եսը անմիջական, միւսին համար անտեսանելի եւ լռակառոյց ճանաչումը ունի իր կարգ մը սեփական մասերուն որոնք անմատչելի են դունին եւ ոեւէ ուրիշ մէկու մը։ Այս ուղղութեամբ, խօսակիցներուն եսը միշտ արգիլեալ գօտի մըն է. սեփական կալուած մըն է ուր դունը չի կրնար ոտք դնել։ Բայց այս իրողութիւնը չի նշանակէր՝ թէ եսին այս ճանաչումը, ամբողջապէս, տարամերժ իր ստացուածքն է։ Իր այս ճանաչումը ան կրնայ հաղորդել դունին, ինչպէս ուրիշներու ալ, որոնք միշտ հասկնալ կրնան, առաւել կամ նուազ մեծ չափով մը, առա՛նց ուղղակիօրէն զայն ստուգելու կարող ըլլալու։ Ու հոս է որ եսը յստակատես, անկեղծ եւ ուղղամիտ ըլլալու պատասխանատուութիւնը ունի ինքզինքին հանդէպ ու պարտականութիւնը՝ հանդէպ դունին։ Որովհետեւ, հոս, դունին կը մնայ միայն հաւատալ եսին ըսածին կամ մերժել հաւատալ։ Այսուհանդերձ, դունը ունի անուղղակի ստուգումի մը կարելիութիւնը - եսին արարքներուն բաղդատութիւնը, եսին հաղորդած ճանաչումին հետ։ Աւելին. - Ստըգումի այս կարելիութիւնը միայն դունին չի պատկանիր։ Անիկա ստգումն է նաեւ եսին ու առանց այս ստգումին, այսինքն, առանց իրականին մէջ մտնելու, եսը ճշմարիտ ինքնաճանաչում մը չունի եւ չի կրնար ունենալ։ Առանց այս իրականին մշտատեւ շփումին, խօսակիցին մտածումը իր յենակէտին վրայ չէ, ուստի կ’իյնայ միշտ պարապի մը մէջ։ Դունին ներկայութիւնն իսկ, եսին համար՝ կ’ապահովէ իրականին գոյութիւնը։ Եսին եւ իրականին ճանաչումը անբաժան են եւ անբաժանելի իրարմէ։ Ու այս շփումով, խօսակիցը կը փոխուի, իր էութեան մտերմութեան մէջ իսկ, որովհետեւ հոս ծնունդ կ’առնէ ու խորապէս կը գործէ փոխադարձութեան օրէնքը եւ տրամախօսութիւնը կ’ապացուցանէ այս օրէնքը։ Որքա՛ն որ ես կը թափանցեմ ու կը խորանամ իրականին մէջ եւ մանաւանդ քո՛ւ անձնական իրականութեանդ մէջ, ա՛յնքան ես ատակ կ’ըլլամ իմ անձնական իրականութեանս մէջ խորանալու եւ զայն ճանչնալու։ Եւ ո՛րքան որ ինքզինքս լաւ ճանչնամ, այնքան լաւ կը հասկնամ խօսակիցս ու բոլոր խօսակիցներս, իրենց էութեան ամենէն խորունկ մասերուն մէջ։ Ու իմ այս ճանաչումս ի յայտ կուգայ իմ խօսակիցիս հետ ունեցած իմ յարաբերութիւններուս ընթացքին, միշտ մաս առ մաս եւ երբեք ամբողջապէս ու մէկ անգամէն։ Եւ ոչ ալ կազմակերպուած նկարագիրով մը, եղանակով մը։
       Ըսի թէ տրամախօսութիւնը ժամանակ մը կ’ենթադրէ։ Արդ, այս ժամանակը տրամախօսութեան երկրորդ տարրը եղող լեզուին նախադասութիւններուն կազմութեան մէջ իսկ է եւ ամէ՛ն կազմութիւն, ամէ՛ն կառուցում, ամէ՛ն զարգացում ժամանակ մը կը պարփակէ իր մէջ։ Բայց ի՞նչ է այս ժամանակը, որ բառերուն հետ կ’ուգայ եւ նախադասութեան վերջին բառին հետ կանգ կ’առնէ. վերջին բառին՝ որ ծնունդ կու տայ ամբողջ խօսքին իմաստին եւ զոր ես կ’ըմբռնեմ։ Այս ժամանակը, նման եւ հետ խօսքը կազմող բառերուն, աներեւութացա՞ծ է թէ դեռ կը շարունակուի իմ ըմբռնած իմաստիս մէջ։ - Կը շարունակուի՛, քանի որ նախադասութեան վերջին բառը վերջին արդիւնքը չէ ներգործող պատճառներու շղթայի մը՝ կազմուած բառերուն շարքովը, ինչպէս օրինակի համար, տարրաբանական լուծումի մը մէջ, վերջին արդիւնքը, յաջորդական բոլոր ազդեցութիւններուն եւ հակազդեցութիւններուն գումարը՝ միակ իրականութիւն մը կը կազմէ։ Խօսքին իմաստը խօսքին միութիւնն է, որուն գոյութիւնը բառերուն գոյութեան սահմանը կ’անցնի, կը գերադասէ, կը տեւէ, կարելի կ’ըլլայ, որովհետեւ այս իմաստը խօսակիցներուն համիմաստ յարակայունութեան մէջ իսկ թափանցած է ու կ’ապրի։ Դուն կը խօսիս ու ես նոյնը կը մնամ. ես կը խօսիմ ու դուն նոյնը կը մնաս։ Ու ես գիտեմ ասիկա ու ասիկա դուն գիտես. Դուն նոյն անձն ես միշտ տրամախօսութեան սկիզբն ու վերջը։ Մենք կը յիշենք, ինչ որ ըսուեցաւ մեր միչեւ եւ այս յիշողութիւնն է, որ կը թոյլատրէ շարունակել մեր տրամախօսութիւնը։ Մեր իւրաքանչիւրին նոյնը մնալովն է, որ խօսքին իմաստը կը գոյանայ, այսինքն միութիւնը կը կազմուի։ Եթէ մեր իւրաքանչիւրը, բառերուն նման ու հետ վայրկեան առ վայրկեան աւարտէր, այս միութիւնը, այս իմաստը, ժամանակը անկարելիութիւն մը միայն կ’ըլլար։
       Ամէն ճանաչում, ամէն գիտակցութիւն կը պարունակէ ինքնայարակայութիւնը։ Բոլոր միւս յարակայունութիւնները անով միայն կարելի է ճանչնալ եւ անկէ միայն կախում ունին։ Ու այս նախնական յարակայունութիւնը, այսինքն խօսակիցներուն իրենք իրենց հետ ունենայած յամանմանութիւնը, խօսակիցներուն անձերն իսկ են։ Անիկա անփոփոխութիւն մը եւ անփոփոխելիութիւն մը չէ, անյեղլութիւն մը չէ այլ ինքնութիւն մը, բոլոր փոփոխութիւններուն մէջ եւ մէջէն՝ որոնք երբեք պիտի չճանցչուէին իբրեւ փոփոխութիւններ, առանց այս ինքնութեան։ Այս ինքնութիւնն է, որ կը համադրէ բոլոր այս փոփոխութիւնները եւ համադրելով՝ կ’որոշադրէ պատասխանատուութիւնները։
       Մարդկային անձը, իր ինքնութեամբն իսկ կը վերանցնացնէ ժամանակը. - Ան կը համադրէ, ներկային մէջ, ե՛ւ ժամանակը իր յիշողութեամբը ե՛ւ ապագան՝ իր կանխատեսումովը։ Անշուշտ, յիշողութիւնը մոռացումներ ունի եւ կանխատեսումը՝ ձախողանքներ։ Այս մոռացումէն եւ ձախողանքներէն զիս փրկելու համար դուն ը կայ, դո՛ւն կաս։ Դուն ինծի կը բերես փորձառութիւններ ու ճանաչումներ զորս ես չունիմ ու ես քեզի՝ փորձառութիւններ ու ճանաչումներ՝ զորս դուն չունիս։ Տրամախօսութեան վերջաւորութեան դուն ոչնչութեան մէջ չէ, որ կը մտնես եւ ոչ ալ ես, ինչպէս տրամախօսութեան սկզբնաւորութեան դուն ոչնչութենէն չէ, որ կու գայիր եւ ո՛չ ալ ես։ Եւ հիմա որ տրամախօսութիւնը վերջացած է, դուն իմ յիշողութեանս մէջ իբրեւ պաշար հաւաքուած յիշատակ մը չես եւ ոչ ալ ես՝ քու յիշողութեանդ մէջ՝ յիշատակ մը։ Տրամախօսութեան մէջ, դունին եւ եսին դերերը նոյնն են։
       Պէտք է ընել վերջին հաստատում մը եւս. - Իմ յիշողութիւնս, տրուած վայրկեանի մը մէջ, իր ամբո՛ղջ պարունակութիւնը չի՛ կրնար մէկ անգամէն թափել քու առջեւդ, այլ՝ յաջորդաբար։ Ու յիշողութիւնը, մէկ անգամէն եւ ամբողջապէս չկարենալով այժմէանալ, ինչ որ կը ճանչցուի այժմէաբար, ըլլա՛յ քեզմէ ու ըլլայ ինձմէ, ո՛չ ես ին եւ ոչ ալ դուն ին ամբողջ իրականութիւնը չէ ու զայն չ’սպառեր։ Դուն միշտ աւելին ես քան ինչ որ ես կը ճանչնամ քեզմէ ու ես միշտ աւելին՝ քան ինչ որ դուն կը ճանչնաս ինձմէ։ Ու ես կը զգամ ասիկա քու մէջդ ու դուն՝ իմ մէջս։ Ու այս աւելին, ըլլայ դունին մէջ ու ըլլայ եսին, անծանօթին գոյութեան ներկայութիւնն է։ Ըլլալ, ճանչցուած ըլլալ չէ, ճանչցուածին սահմանը էակին սահմանը չէ, ինչպէս գիտակցութեան սահմանը՝ սահմանը՝ մարդուն։ Էակը, ո՛չ ճանչցուածն է միայն եւ ոչ ալ գիտակցականը։ Ան միշտ աւելին է, ուստի ան միշտ աւելին է քան անձը։ Ու պէտք է ամբողջապէս եւ բուռն կերպով մերժել իտէալիստներուն սոփեստութիւնը երբ կ’ըսեն. - «Ըլլալ, ճանչցուած ըլլալ է, մտածուած ըլլալ է»։ Մարդկային անձին իրականութիւնը իր ճանաչումին եւ գիտակցութեան սահմաններէն շա՛տ աւելի ընդարձակ է ու խոր։ Ո՛չ իր գիտակցութիւնը եւ ոչ ալ իր ճանաչումը չեն սպառեր այս իրականութիւնը՝ որուն ակն է խորհուրդը։ Ու հայմարդը, աւելի քան ուրիշ ոեւէ մարդ մը, իր մորթին վրայ իսկ, ինչպէս կ’ըսեն, կը կրէ, կ’ապրի իրականութիւնը այս վերջին հաստատումներուն։ Փղշտացիները, որոնք միշտ գոյութիւն ունեցած են եւ ներկայիս աւելի քան երբեք մեծ է անոնց թիւն ու մեծ՝ իրենց փղշտացիութիւնը, միշտ սարսափած են ու կը սարսափին, միշտ ատած են ու կ’ատեն մարդկային իրականութեան պարփակած անծանօթը, խորհուրդը, անճառելին։ Արհամարհե՛լ, ինչ որ չես կրնար հասկնալ եւ ոչինչ կ’ըսես հասկնալու համար, կը նշնանակէ հրաժարիլ քու մարդկայնութենէդ իսկ, ինքզինքէդ իսկ, քու անձէդ իսկ։ Ա՛րդ, անձին ու անձնականին վախճանը աշխարհի վախճանն իսկ է, այսինքն, տրամախօսութեան վախճանն իսկ է։