ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
-Հաւաքուի՛լ,
զտուիլ
ու
կազմակերպուիլ,
մեր
իւրաքանչիւրին
մէջ
ապրող
հայ-մարդուն
ոգեկան
բոլոր
արժէքներովն
ու
զօրութիւններովը,
որոնք
ցրուած
են
աշխարհի
ամէն
կողմը
ու
կը
գտնուին
անմիջական
ու
որոշ
սպառնալիքներու
ներքեւ։
-Համախմբել
հայ-մարդոց
գիտակցութիւններուն
ամենէն
հարազատ
արտայայտութիւնները,
որպէսզի
այս
համախմբումով
անոնք
աւելի
մեծ
ուժգնութիւն
մը,
յստակութիւն
մը
ստանան
ու
ստանան
մանաւանդ
իրենց
բուն
նշանակութիւնը՝
որ
հաւաքական
ու
հիմնական
միակ
գիտակցութեան
մը
որոնումն
է
ու
գոյութեան
պատճառը։
-Բոլո՛ր
հայ-մարդոց
գիտակցութեանց
միչեւ
հիմնական
եւ
վերանձնական
հանգիտութիւն
մը,
ուստի
կապակցութիւն
մը
կայ,
որ
իւրաքանչիւր
հայ-մարդու
գիտակցութեան
ծնունդ
կուտայ
եւ
կը
սնուցանէ
ու
կը
կազմաւորէ
զայն։
Աւելին
ալ։
Հայ-մարդը
հայ-մարդուն
համար
տեսարան
մը
չէ
եւ
ոչ
ալ
անցողակի
երեւոյթ
մը,
փորձական
եւ
պատմական
տուեալ
մը
չէ
միայն
այլ
մշտագոյ
եւ
մշտաներկայ
պայմանը
իր
սեփական
միութեան,
այսինքն
իր
սեփական
ճշմարտութեան
որ
իր
մարդկային
գիտակցութեան
մայր-աղբիւրն
է։
Ու
հայ-մարդոց
գիտակցութիւնները
որքա՛ն
որ
յստակ
ու
իրական
ըլլան,
այնքան
յստակ
ու
իրական
են
անոնց
հանգիտութիւնն
ու
կապակցոթիւնը,
ուստի
անոնց
իրարաթափանցումը
այնքան
խորունկ
է
ու
ամբողջ։
Ու
եթէ
հայ
գրագէտները,
իշխանաւորներն
ու
դաստիարակները
չգիտակցին
ու
չհաւատան
այս
վերանձնական
հանգիտութեան
ու
միութեան,
ո՞վ
պիտի
գիտակցի
ու
հաւատայ
անոնց։
Ո՞վ
պիտի
գիտակցի
ու
հաւատայ
մեր
մշակոյթին
իրականութեան
եւ
արժէքին։
-Հայ-մարդը,
ներկայիս,
եւ
երեսուն
տարիէ
ի
վեր,
կորսնցուցած
է
իր
սեփական
պատմականութեան
զգացումը,
այս
աշխարհին
վրայ։
Այսինքն՝
ան
ինքզինքը
կը
զգայ
ու
կը
գտնէ
իր
պատմութեան
շարայարութենէն
դուրս
ինկած,
իր
հաւաքական
ու
գործօն
գիտակցութիւնը
իր
մէջ
քայքայուած
ըլլալով։
Ներմուծել
զայն
իր
պատմութեան
շարայարութեան
մէջ,
տալ
իրեն
իր
սեփական
պատմականութեան
զգացումը,
նոյն
այս
հաւաքական
ու
ազգային
գիտակցութեան
կազմակերպութեամբը։
Ու
պէտք
է
ընդունիլ
–
հոս,
գրականութիւնը
առանձինն՝
անբաւական
է։
-Վերագտնել
աշխարհը,
վերագտնելով
հայ-մարդն
ու
իր
գոյութիւնը,
վերագտնելով
հայ-մարդուն
կոչումն
ու
պատմականութեան
զգացումը,
իրականութիւնը,
նշանակութիւնն
եւ
ուղղութիւնն
ու
արժէքը։
-Հայ-մարդուն
բանականութեան
եւ
բնութեան
միչեւ
սեղմուած
հայ-մարդուն
գիտակցութեան
զօրութեամբը,
հայ-մարդուն
բնութիւնը
ենթարկել
հայ-մարդուն
բանականութեան,
զայն՝
ոգեկանացնելու
եւ
այլակերպելու
համար։
Անշուշտ
ասիկա
գործն
իսկ
է
սուրբին,
իմաստունին,
հերոսին
ու
արուեստագէտին,
որոնք
նախ
եւ
առաջ
դաստիարակներ
են։
Ներկայիս
մենք
չունինք
սուրբեր,
իմաստուններ
եւ
հերոսներ։
Կան
միայն
արուեստագէտները։
Ուրեմն
ասիկա
իրենց
եւ
միա՛յն
իրենց
գործն
է։
-Ինչ
որ
հայ-մարդուն
զգայնութենէն,
իմացականութենէն,
գիտակցութենէն
եւ
անգիտակցութենէն
ու
գոյութենէն
կը
բխի
եւ
ինչ
որ
կ’իյնայ
հայ-մարդուն
զգայնութեան,
իմացականութեան,
գիտակցութեան,
անգիտակցութեան
եւ
գոյութեան
վրայ,
առարկան
է
հայ-մարդուն
եւ
առաւել
եւս
հայ-գրողին,
իշխանաւորին
ու
դաստիարակին
հիմնական
շահագրգռութեան։
-Իւրաքանչիւր
հայ-մարդ
եւ
հայ-մտաւորական-մարդը
աւելի
ուժգնօրէն,
դաժանօրէն,
հարազատօրէն
քան
բոլոր
միւս
հայ-մարդերը,
ինքզինքը
կապուած
կը
զգայ,
կը
գտնէ
եւ
ներքնապէս,
բոլոր
այն
մարդկային
էակներուն՝
որոնք
իրենց
ծնունդովն
ու
մահովը,
գոյութեամբն
ու
գործերովը
մասնակցած
են
ու
կը
մասնակցին
այն
առեղծուածային
ու
դառնախոցոտ
արկածախնդրութեան,
որ
հայ
ժողովուրդն
է,
որ
իր
պատմութիւնն
է,
որ
իր
ճակատագիրն
է
այս
աշխարհին
վրայ։
Կապուա՛ծ,
նետուա՛ծ,
մասնակցա՛ծ
այս
արկածախնդրութեան՝
իրենց
էութեան
լաւագոյն
մասերովն
ու
իրենց
գոյութեան
ամենէն
իրական
տարրերովը,
իրենց
գիտակցութեան
եւ
անգիտակցութեան
ամենէն
մաքուր
ուժերովը։
Ու
այս
մասնակցութիւնը
հաղորդութիւն
մը,
փորձառութիւն
մըն
է,
որուն
բնութիւնը
միշտ
կրօնական
եւ
ընկերային
նկարագիր
մը
եւ
արժէք
մը
ունի,
որովհետեւ
մասնակցութեան
այս
արարքներն
են
որ
ծնունդ
տուած
են
ու
կուտան
մեր
ժողովուրդին
մշտանորոգ
ոգեկան
ներկային
ու
կը
սնուցանեն
զայն։
Ու
այս
մշտանորոգ
ոգեկան
ներկան
մեր
ժողովուրդին
մշակոյթին
էութիւնն
իսկ
է։
-Այսօր՝
հայ-մարդը՝
իր
գոյութեան,
հայ-մարդերը՝
իրարու,
ուրիշ
մարդոց
եւ
աշխարհին
կապող
բոլոր
յարաբերութիւնները
մե՛ծ
բարդութիւն
մը
զգեցած
են։
Ու
այս
բարդութեան
ճախճախուտին
մէջ
հայ-մարդը
կը
խեղդուի,
կորսնցուցած
ըլլալով
իր
սեփական
էութեան
միութիւնը։
Առաջին
անհրաժեշտութիւնը
այս
բարդութեան
յաղթահարելուն
մէջ
կը
կայանայ։
Ու
այս
յաղթանակը՝
խորո՛ւնկ,
իրական
ու
մարդկային
պարզութեան
մը,
ներքին
լռութեան
մը
ծնունդ
ը
միայն
կրնայ
ըլլալ։
Արդ,
առողջ
սէրը
պարզ
է
միշտ
ու
պարզացնող
զօրութիւն
մը՝
ամէն
բանէ
առաջ։
Այս
բարդութիւնը
ստեղծուած
է,
հայ-մարդոց
մէջ
եւ
հայ-մարդոց
միջեւ՝
անշուշտ
ընկերային
ու
քաղաքական
ներկայ
պայմաններուն
միջոցաւ։
Բայց
մանաւանդ,
անիկա
ստեղծուած
է
ու
կը
սնանի,
հաւատալիքներու
վերածուած
քաղաքական
գաղափարներու
հակադրութենէն
ծագում
առած
ատելութենէ
մը։
Արդ,
աշխարհի
սկիզբէն
ի
վեր,
մարդիկ
ունեցած
են
անհամար
հաւատալիքներ
ու
բոլոր
մարդոց
նման,
հայ-մարդերն
ալ։
Ու
բոլոր
այս
հաւատալիքները
կորսուած
են։
Ինչ
որ
մնացած
է
ցարդ
հայ-մարդէն
ու
կը
մնայ ,
ինչպէս
աշխարհի
բոլոր
մարդերէն,
ո՛չ
թէ
հաւատքն
ու
հաւատալիքներն
են,
այլ
մարդկային
ոգի՛ն
է,
որ
ազատութիւն
է
եւ
իմացականութիւն։
-Ինչպէս
1908ի
Սահմանադրութենէն
ետք
քաղաքականութիւնը
կլանած
էր,
մինչեւ
1915ի
մեծ
աղէտը,
ամբո՛ղջ
թրքահայութիւնը,
ներկայիս
ալ,
նոյն
քաղաքականութիւնը
կլանած
է
Արտասահմանի
բոլոր
հայ-մարդերը,
իրենց
գոյութիւնը
կազմող
իրենց
արարքներուն,
մտայնութեան
եւ
հոգեբանութեան
մէջ։
Ի՜նչ
փոյթ
դրդապատճառներուն
տարբերութիւնը։
Ու
որեւէ
քաղաքականութիւն
երբեք
չէ
ունեցած
մշակոյթ
մը
եւ
չի
կրնար
ունենալ,
այլ
եղած
է
մի՛շտ
թշնամին
մշակոյթին։
Մարդը
որ
ինքզինքը
ամբողջութեամբ
եւ
միայն
տրամադրած
է
քաղաքականութեան,
արդէն
իսկ
կորսնցուցած
է
իր
սեփական
մշակոյթը
եւ
զգացումն
ու
գիտակցութիւնը
մշակոյթին
իրականութեան
եւ
արժէքին։
-Մինչ
անցեալին
մէջ
մեր
գրականութիւնը
կ’օգտագործէր
մեր
քաղաքական
նպատակներն
ու
երազները
իր
սեփական
զարգացումին
համար,
ներկայիս,
մեր
քաղաքականութիւնն
է
որ
կ’օգտագործէ
մեր
գրականութիւնը
ու
անոր
իրականութիւնն
ու
արժէքը
կ’ընդունի
յարաբերաբար
իր
շահերուն։
Մերժել
այս
երկու
ըմբռնումներն
ու
կեցուածքները,
հաւասարապէս։
Ու
մերժել
նաեւ
«արուեստը
արուեստին
համար»
անիմաստ
ու
անգոյ
վարդապետութիւնը,
որով
մեզ
կը
զրպարտեն
սահմանէն
անդին
գտնուող
մեր
եղբայրակիցները
եւ
որ
սահմանէն
ասդին
գտնուող
մեր
եղբայրակիցներէն
շատերուն
պատրանակառոյց
յաւակնոտութիւնն
է
եղած
միայն
ու
է
տակաւին։
Անիկա
երբեք
չէ՛
համապատասխանած
մեր
ամբողջ
գրականութեան
ո՛չ
մէկ
իրականութեանը.
ու
ասիկա
հասկնալի
է։
Գրականութիւնը,
ինչպէս
ամէն
բան,
մարդկային
էակին
համար
է
ու
էակով
է։
-Այսուհանդերձ,
գրագէտը
ազատ
է
քաղաքականութիւն
ընելու,
ինչպէս
ոեւէ
մարդ,
պարզապէս,
որովհետեւ
ինքն
ալ,
ամէ՛ն
բանէ
առաջ,
մարդ
մըն
է։
Ու
դարէ
մը
ի
վեր
վիճուած
հետեւեալ
սոփեստութիւնները,
-
«նախ
քաղաքացի
ու
յետոյ
բանաստեղծ»։
Ու
իր
հակադերը՝
«նախ
բանաստեղծ
ու
յետոյ
քաղաքացի»
այնքան
անիմաստ
են
ու
գոյութեան
իրաւունքէ
զուրկ,
որքան
«հոգին
մարմինէն
առաջ
կու
գայ»
կամ
«ոգին
նիւթէն
առաջ
է»
ճամարտակութիւնները,
ինչպէս
իրենց
հակառակ
երեսները։
Ու
նոյնպէս.
-«
նախ
հայ
ու
յետոյ
մարդ»
ու
իր
փոխադարձը՝
«նախ
մարդ
ու
յետոյ
հայ»
սլոկանները
ոմանց
մէջ
ինքնախաբէութիւններ
են
եւ
ուրիշներու
մէջ
ալ՝
ուրիշները
խաբելու
միջոցներ
միայն։
Առաջ
կամ
յետոյ
ըլլալու,
առաջ
կամ
յետոյ
գալու
եւ
երթալու
խնդիր
մը
չկայ։
Հոս
նոյնիսկ
խնդիր
մը
չկայ։
Ու
ասիկա՝
որովհետեհւ
անոնք
միասին
են
կամ
երբեք
չեն,
երբեք
գոյութիւն
չունին։
Փշրել
բոլոր
կուռքերը՝
փշրելու
համար
կռապաշտութիւնն
ու
կռապաշտները։
-Միակ
ու
իրական
խնդիրը
որ
գոյութիւն
ունի,
հետեւեալն
է.
-
Ունի՞նք
քաջութիւնը,
յստակադատողութիւնը,
կամքն
ու
մարդասիրութիւնը
հայ-մարդուն
էութեան
ճշմարտութիւնը
գերադասելու
իր
բոլո՛ր
գաղափարներէն,
իր
բոլո՛ր
գործերէն,
ներկայ
գոյութենէն
ու
բոլոր
հատուածական
խմբաւորումներէն,
անոր
մէջ
գտնելով,
ճանչնալով
ու
սիրելով
մեր
սեփական
ու
անձնական
ճշմարտութիւնը։
Գերադասելու
այս
մարդկային
արարքը
ամէ՛ն
օր
պարզ
ու
խոնարհ
հայ-մարդը
ի
գործ
կը
դնէ,
իր
հաւաքական
անգիտակցութեան
մէջ
իսկ,
որ
իր
ազգային
բարոյականն
է,
ըլլալով
հանդերձ
իր
մարդկայնութիւնը։
Ու
ի
տես
այս
արարքին,
ես
մի՛շտ
կ’ամչնամ
ինքզինքէս
ու
ինքզինքիս
համար,
ու
կ’ամչնամ
մանաւանդ
մեր
իշխանաւորներուն,
մեր
դաստիարակներուն
ու
մեր
մտաւորականներուն
համար։
Ու
կը
հաստատեմ
որ
պարզ
ու
խոնարհ
հայ-մարդը
աւելի
հարազատ
ու
իրական
հայ-մարդ
մըն
է
քան
միւսները,
պարզապէս,
որովհետեւ
ինքնաբերաբար
ան
կը
գերադասէ
հայ-մարդոց
էութեան
ճշմարտութիւնը
հայ-մարդուն
բոլոր
ժամանակաւոր
տուեալներէն։
Ու
պէտք
է
ընդունիլ
ու
խոստովանիլ
տակաւին,
-
պարզ
ու
խոնարհ
հայ-մարդոց
այս
արարքը,
իր
մէջ
դեռ
կենդանութիւն
ու
արժէք
ունեցող
իր
մշակոյթին
յայտնաբերութիւնն
իսկ
է։
Այն
մշակոյթին՝
որուն
կ’ըսեն
թէ
կը
ծառայեն
հայ
գրողները,
մեր
հաստատութիւնները,
խմբակցութիւններն
ու
մտաւորականները։
-Միշտ
քիչ
մը
աւելի
մարդկօրէն
իրական,
միշտ
քիչ
մը
աւելի
մարդկօրէն
մօտ,
քիչ
մը
աւելի
մարդկօրէն
թանձրացեալ
եւ
քիչ
մը
աւելի
մարդկօրէն
պայծառ
ու
նշանակալից
ընել
հայ-մարդը
ինքզինքին
ու
իր
գոյութեան
եւ
փոխադարձաբար,
հայ-մարդերը
իրարու
եւ
իրենց
գոյութեան.
ուստի
հայ
ժողովուրդը,
իր
անցեալը,
ներկան
ու
ապագան
եւ
աշխարհն
ու
մարդկութիւնը։
Ու
ասիկա՝
ընդմէջէն
հայ-մարդուն
էութեան
ճշմարտութեան։
Ահա՛
գրականութեան
մը
հիմնական
գործը։
Ահա՛
արուեստագէտին,
սուրբի՛ն,
իմաստունին
ու
հերոսին
առաքելութիւնը։
Այսինքն՝
առաքելութիւնը
ազատ
մարդուն։
-Հատուածական
պայքարներով
բզքտուած
մեր
ներկայ
գոյութեան
մէջ,
միայն
մարդկօրէն
մտածող
ու
դատող
հայ-մարդերն
ու
գրագէտներն
են
որ
կրնան
արժանաւոր
կերպով
պաշտպանել
հայ-մարդը,
իր
սեփական
ճշմարտութիւնը
ու
իր
սեփական
մշակոյթը,
տեւականօրէն
զայն
դնելով
իր
հայ-մարդու
սեփական
սահմաններուն
ու
մեծութեան
մէջ,
ազգային
ու
ընկերային
պարտականութիւններուն
եւ
պատասխանատուութեանց
առջեւ,
իր
անձնական
գաղտնիքին
ու
ճակատագրին,
եւ
ինքնաներկայութեան
դէմ
ու
դէմը
ազատութեան
իր
ներքին
պահանջին,
որոնցմով
անիկա
մարդկային
էակ
մըն
է,
բոլոր
մարդկային
էակներուն
մէջ
ու
այս
աշխարհին
վրայ։
-Ազգայինն
ու
մարդկայինը
զգալու,
մտածելու
եւ
ըմբռնելու
նոր
եղանակ
մը
ու
նոր
եղանակ
մը
զգացուածը,
մտածուածն
ու
ըմբռնուածը
իրականացնելու,
նոր
եղանակով
մը
զգալով,
մտածելով
եւ
ըմբռնելով
հայ-մարդն
ու
իր
գոյութիւնը։
Այս
եղանակը
ոճ
մըն
է
եւ
սուրբը,
հերոսը,
իմաստունն
ու
արուեստագէտը
միայն
կրնան
ոճ
մը
ստեղծել։
-Գիտակցիլ
գրականութեան
եւ
գրագէտին
իսկական
կոչումին,
վերագտնելու
համար
հաւատքը
գրականութեան
եւ
գրագէտին,
որ
կորսուած
է
նոյն
այս
գրականութեան
եւ
գրագէտներէն
շատերուն
մէջ
եւ
շատերուն
ձեռքովը։
Ու
ասիկա՝
հայ-մարդուն
տալու
համար
վստահութիւնը
ինքզինքին,
իր
մեծութեան
ու
արժէքին,
նոյն
իսկ
իր
ներկայ
ահաւոր
թշուառութեան
մէջ։
Ներկայ,
իրական
ու
կենդանի
ընելու
համար
մեր
մշակոյթը՝
իւրաքանչիւր
հայ-մարդու
գոյութեան
մէջ։
-Մարդկային
էակը
իր
սեփական
մշակոյթովը
միայն
ինքզինքը
հարուստ
կը
զգայ,
կը
գտնէ,
կը
ճանչնայ
ու
գիտէ,
այս
աշխարհին
վրայ։
Ու
հարստութիւն՝
հոս
կը
նշանակէ
զօրութիւն,
արժանաւորութիւն,
պատիւ
ու
հրճուանք,
խաղաղութիւն
ու
կարգ,
անկախութիւն
եւ
ազատութիւն։
Ու
հայ-մարդը,
ամէ՛ն
բանէ
առաջ,
այս
բաներուն
ներկայութեան
եւ
գործունէութեան
պէտք
ունի
ներկայիս,
ե՛ւ
իր
մէջը
եւ
իր
շուրջը,
այսինքն
իր
էութեան
եւ
իր
գոյութեան
մէջ։
Որովհետեւ,
հայ-մարդը,
ամէ՛ն
օր
քիչ
մը
աւելի
ցաւագինօրէն
կը
զգայ
իր
մէջ
նուազումը
իր
սեփական
մշակոյթին։
Ու
որքան
որ
իր
մշակոյթը
նուազի,
սպառի,
ցամքի
իր
մէջ,
այնքան
կ’աւելնայ
իր
դժբախտութեան
զգացումն
ու
ամօթը,
իր
հայ-մարդու
մահուան
մղձաւանջը
կ’ըլլայ
այնքան
դաժան
եւ
անոգորելի։
Ու
մարդուն
դժբախտութեան
զգացումին
մէջ
կը
հալի
ու
կը
լուծուի
մարդուն
անձնականութիւնը,
այսինքն
հոգեկան
միութիւնը,
այսինքն
իր
գիտակցութեան
կեդրոնական
վառարանը։
-Ինչ
որ
գիտակցութիւն
կը
կոչեմ
ուրիշ
բան
չէ
այլ
ներկայութիւն
մը,
-
մարդուն
ներկայութիւնը
ինքզինքին
ու
նոր
բառ
մը
եւս
շինելով՝
ինքնաներկայութիւն
մը։
Ուրեմն
հայ-մարդուն
գիտակցութիւնը,
հայ-մարդուն
ներկայութիւնն
է
ինքզինքին,
այսինքն՝
ինքն
իր
մէջ,
ինքն
իրեն
համար,
տրուած
ժամանակի
մը
եւ
միջոցի
մը
մէջ.
քովը,
դէմը,
առջեւն
ու
ետեւը
ուրիշ
հայ-մարդոց
եւ
ուրիշ
մարդոց։
Ու
մարդուն
համար
գերագոյն
իրականութիւնը
իր
սեփական
ներկայութիւնն
իսկ
է
–
իր
սեփական
ինքնաներկայութիւնն
իսկ
է։
Ու
արուեստը,
ուստի
եւ
գրականութիւնը,
մարդուն
ինքնաներկայութիւնը
արթնցնող,
սնուցանող,
զարգացնող
պաշտօն
մը
ունի,
իր
ուրիշ
պաշտօններէն
առաջ։
-
Իրականին
պայմանները
ճանչնալ,
ուստի
միշտ
զանոնք
իր
ձեռքին
տակ
ունենալ՝
իրականալիին
կարելիութիւնները
վիժումէ
զերծ
պահելու
համար։
-Ուրիշ
մարդու
մը
հետ
անկեղծ
ըլլալով,
մարդը
անհրաժեշտօրէն,
անկեղծ
կ’ըլլայ
ինքզինքին
հետ։
Ու
առանց
անկեղծութեան՝
ստեղծագործութիւն
չկայ,
որովհետեհւ
անկեղծութիւնը
ազատութիւնը
կ’ենթադրէ։
Ու
անկեղծութիւնը
իրականութեան
ու
իր
պատկերին
համանմանութիւնը
չէ
այլ
համանմանութիւնը
իրականացածին
եւ
իր
թագնագոյ
կարելիին։
Ու
անկեղծութեան
նման՝
գրականութիւնն
իրականը
չէ
եւ
ո՛չ
ալ
իրականալին,
այսինք
կարելին,
այլ
համանմանութիւնը
մարդկային
իրականին
եւ
ի՛ր
սեփական
կարելիին։
Ու
այս
պատճառով
է
որ
մարդը
կը
տեւէ
միայն
իր
սեփական
ստեղծագործութեամբ
եւ
ստեղծագործութեան
մէջ։
Ու
տեւել,
կը
նշանակէ
փրկուիլ։
Ի՞նչ
է
հայ-մարդուն
տենչացածը,
մասնաւորապէս
մէկ
դարէ
ի
վեր։
-Այսօր,
դեռ
շատ
մը
հայ-մարդեր,
այս
փրկութիւնը
կը
կարծեն
գտնել
քաղաքականութեան
մը
մէջ,
որ
գետնառիւծի
մը
նման
գոյն
կը
փոխէ,
առանց
իր
ձեւը
փոխելու։
Ու
այս
պատճառով
է
որ
հայ-մարդը
կը
լծեն
իրենց
քաղաքականութեան,
զայն
նկատելով
իրենց
շղթային
մէկ
օղակը։
Արդ,
ճիշդ
հակառակն
է
հոս
փնտռուածը։
Այսինքն՝
քաղաքականութիւնը
դնել
հայ-մարդուն,
ծառայութեան
ի
սպաս
եւ
ո՛չ
թէ
հայ
մարդը,
կազմակերպուած
քաղաքականութիւն
ընող
հայ-մարդոց
խմբաւորումէն
յառաջ
եկած
զօրութեան
ծառայութեան
ի
սպաս,
ինչպէս
կ’ըլլայ
ներկայիս։
Որովհետեւ,
այս
զօրութիւնը,
որքան
ալ
մեծ
ըլլայ
անիկա
ու
ըլլայ
որքան
ալ
փոքր,
միշտ
աւելի
զօրաւոր
է
իւրաքանչիւր
հայ-մարդու
համար
եւ
դէմ
ու
տկար՝
լուծելու
համար
այն
խնդիրները
որոնք
հայ
մարդունն
են
ներկայիս։
Ապացոյց.
երեսուն
տարուան
մեր
գոյութիւնը,
իր
ամբո՛ղջ
անկարգութեամբն
ու
անկազմակերպութեամբը,
իր
ամբողջ
բարդութեամբն
ու
անմարդկայնութեամբը։
Ամէն
լուծում՝
պարզացում
մըն
է։
-Այսօր,
անտեսելով
մեր
մշակոյթը
կամ
մեր
մշակոյթին
գերադասելով
մեր
«քաղաքականութիւնը»,
որ
վերջ
ի
վերջոյ
ստրուկի
քաղաքականութիւն
մըն
է,
մենք
կը
թունաւորենք
հայ-մարդուն
կենսունակութեան
ակնաղբիւրները։
Այսուհանդերձ,
նոյնիսկ
մեր
ամբողջ
թշուառութեան
մէջ,
մեր
մտաւորական
եւ
ստեղծագործ
կենսունակութիւնը
կենդանի
է
տակաւին,
բայց
մեզի
կը
պակսին
իրականացնելու
կարողութիւնն
ու
պայմանները։
Ուրեմն,
մեր
մշակոյթին
եւ
հայ-մարդուն
ներկային
ու
ապագային
սպառնացող
վտանգները
ներքին
են
ու
արտաքին
–
մեր
դառնութիւնը,
յուսահատութիւնը,
բնական
եւ
գէշ
դաստիարակութենէ
մը
յառաջ
եկած
նկարագիրի
թերութիւնները,
չարութիւնն
ու
անգիտակցութիւնը
եւ
նաեւ
նիւթական
միջոցներու
ու
կազմակերպութեան
պակասը։
-
Հայ-մարդուն
մէջ,
հայ
հաստատութիւններուն
մէջ,
մեր
կազմակերպութիւններուն
եւ
ընկերութիւններուն
մէջ
ինչ
որ
խախտած
է,
իրենց
հիմն
իսկ
է,
այսինքն՝
իրենց
բարոյականը։
Վերստին
հաստատութիւն
մը
տալ
այս
հիմին,
գործն
է
իւրաքանչիւր
հայ-մարդու,
իւրաքանչիւր
հաստատութեան…։
Հայ-գրողը
կրնայ
այս
անհրաժեշտութեան
գիտակցութիւնը
արթնցնել
միայն
իւրաքանչիւր
հայ-մարդու
մէջ,
զայն
դնելով
իր
ոգեկան
ներկայութեան
մէջ,
ուստի
իր
մարդկային
արժանաւորութեան
եւ
պատասխանատութեան
առջեւ։
Որովհետեւ
հայ-մարդը,
իր
ոգեկանութեան
ներկայութեան
ու
գիտակցութեան
մէջ
միայն
կրնայ
զատորոշել
ժամանակաւորը՝
ոչ-ժամանակաւորէն,
միտքը՝
բնութենէն,
բանաւորը՝
անբանաւորէն,
մարդը՝
անբոխէն
ու
զԱստուած՝
Կեսարէն։
Ու
զատորոշումի
այս
արարքը,
իր
սեփական
մշակոյթին
զարգացման
անհրաժեշտ
եղող
արեւի
լոյսն
է։
Ու
մշակոյթը՝
քաղաքակրթութիւն
չէ։
Հայ-մարդը
մշակոյթ
մը
ունի,
առանց
քաղաքակրթութիւն
մը
ունենալու։
Առանց
քաղաքական
անկախութեան
քաղաքակրթութիւն
չկայ
անշուշտ,
բայց
կայ
մշակոյթ,
որովհետեւ
մշակոյթը
ոչ
թէ
քաղաքական
անկախութեան՝
այլ
մարդկային
ազատութեան
եւ
ժողովուրդի
մը
հաւաքական
գիտակցութեան
կը
կարօտի՝
ծնելու
եւ
զարգանալու
համար։
-
Իմ
ազատութեանս
առաջին
արարքը,
հա՛յ-մարդ,
քու
ազատութեանդ
ուղղուած
կոչ
մըն
է,
բոլո՛ր
հայ-մարդոց
ազատութիւններուն
ուղղուած
կոչ
մըն
է։
Այսինքն,
իմ
ազատութեանս
առաջին
արարքը
կոչ
մըն
է,
ուղղուած
իւրաքանչիւր
հայ-մարդու
այն
ներքին
ու
անսահման
Ազատութեան,
որ
ծնունդ
կուտայ,
ինքնութիւն
եւ
միութիւն
կուտայ
իր
բոլոր
սահմանաւոր
եւ
առարկայացած
ազատութիւններուն։
Ու
յետոյ՝
անիկա
հաւատք
մըն
է,
իւրաքանչիւր
հայ-մարդու
այս
ներքին
Ազատութեան
մշտագոյ
եւ
մշտածագ
գոյութեան։
Ու
ասիկա՝
որովհետեւ
իւրաքանչիւր
հայ-մարդ,
ո՛ւր
որ
ալ
ըլլայ
անիկա,
ինչ
որ
ալ
ըլլայ
անիկա,
ինչ
որ
ալ
ընէ
անիկա,
ամէն
բան
ընելէ
եւ
ամէն
բան
ըլլալէ
առաջ,
ո՛չ
միայն
ինծ
համար
այլ
ինքն
իր
մէջ
եւ
ինքն
իրեն
համար
ալ,
մարդկային
էակ
մըն
է։
Ու
ես
հայ-մարդ
մըն
եմ,
ազատօրէն,
ուրիշ
հայ-մարդու
մը
առջեւ
միայն։
-Եթէ
մեր
սէրը,
խելքն
ու
կամքը,
գիտակցութիւնն
ու
փորձառութիւնը
պիտի
չծառայեն
նախ
մեր
ու
յետոյ
մեր
սեփական
սխալներով
իսկ
իրարու
սխալները
տեսնելու,
հասկնալու
եւ
սրբագրելու,
եթէ
մեր
իւրաքանչիւրին
սէրը,
կամքն
ու
քաջութիւնը,
մարդկային
արժանաւորութիւնն
եւ
ուղղամտութիւնը
պիտի
չծառայեն
մեր
սրբագրուած
սխալները
ընդունելու,
զիրար
իբրեւ
մարդկային
էակներ
տեսնելո՛ւ,
բռնելու,
ըմբռնելու
եւ
սիրելու՝
մեր
գաղափարներուն
եւ
զգացումներուն
պարիսպներէն
ալ
անդին,
ու
վերջապէս,
եթէ
անոնք
պիտի
չծառայեն
մեր
հայ-մարդու
էութիւնը
իրագործելու,
պայծառ,
հաստատ
եւ
ուղիղ
կեանք
մը
ապահովելով
մեզի,
մեր
սեփական
ճակատագրին
մէջ
իսկ,
ալ
ի՞նչ
բանի
պիտի
ծառայեն
անոնք։
Ալ
ի՞նչ
են
ու
ի՞նչ
պիտի
ըլլան
անոնք։
Ու
ի՞նչ
ենք
ու
ի՞նչ
պիտի
ըլլանք
մենք՝
առանց
անոնց
գործունէութեան։
Այս
հարցումները
կ’ուղղեմ
քեզի
այժմ,
ընթերցո՛ղ,
որ
ինծի
նման
խե՛ղճ
հայ-մարդ
մըն
ես,
«ազգութեամբ
անորոշ»,
այն
զգացումով
իսկ,
որով
տարիներ
ամբողջ
ես
ուղղած
եմ
զանոնք
ինքզինքիս,
իմ
առանձնութեանս
ու
լռութեանս
կամարներուն
ներքեւ,
եւ
այս
զգացումով
ու
հարցումներով
ինքզինքս
ոտքի
բռնած
ու
պահած՝
իմ
հայ-մարդու
խղճմտութեանս
մէջ։
-Հաւաքուի՛լ
այս
հրատարակութեան
մէջ
ինչպէս
հայրենական
դաշտի
մը
մէջ,
զիրար
սիրել
եւ
իրարու
հաւատալ
ու
իրարմով՝
մենք
մեզ
եւ
մենք
մեզի։
Ու
գիտնալով,
ամէ՛ն
օր
քիչ
մը
աւելի
լաւ
գիտնալով՝
որ
մեր
գործը
միայն
մերինը
չէ,
այլ
գործն
է
իւրաքանչիւր
հայ-մարդու,
ուստի
բոլոր
հայ-մարդոց,
աշխատիլ,
այս
դաշտին
մէջ,
Աստուծոյ
նայուածքին
տակ։