Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՆԱՅԻՐԻ
       Ա. Ծառուկեան, «Առագաստներ»ու եւ «Հէյ Ջան Երեւան»ի բանաստեղծ հեղինակը, «Արեւելք»էն բաժնուելով եւ հեռանալով Հալէպէն, Պէյրութ հաստատուած է եւ վերսկսած հրատարակել՝ Նայիրի ամսագիրը։ Ծառուկեան, նման իր կուսակցական գրագէտ ընկերներուն, ո՛չ իր գիրքերը եւ ոչ ալ իր հրատարակած հանդէսը կը զիջէ ղրկել ինծի։ Անշուշտ, մարդուն չըսածը կը լուսաւորէ իր ըսածը եւ մանաւանդ չըրածը՝ իր ըրածը։ Ու անշուշտ այս մերժումը արգելք մը չէ ինծի համար, որ ես չփնտռեմ, չգտնեմ ու չկարդամ Ծառուկեանի գիրքերն ու Նայիրի ն, ինչպէս գիրքերը իր ընկերներուն։ Արգելք մը չէ նաեւ՝ որ ես իրեն, ինչպէս միւսներուն չղրկեմ Նոյեան Աղաւնին, հոս ալ մերժելով նմանիլ իրենց։ Ամէն մարդ իր ըսածին ու չըսածին, ըրածին ու չըրածին համար ինք թող ամչնայ ու կ’ամչնայ ու պիտի ամչնայ օր մը։ Կասկած չունիմ այս մասին, ինչպէս կ’ըսէ պատմուածքին բարի թութակը։ Ու յետոյ, կա՛յ նաեւ ապագան, փառք Աստուծոյ։
       Նայիրի ի արդէն լոյս տեսած չորս թիւերուն մէջ, կան վերարտատպումներ, նոր գրութիւններ եւ անտիպներ։ Ու նման հրատարակուած գրութիւններուն, իր աշխատակիցներն ալ, արժէքի տարհամաչափութիւն մը ունին, որ մեծապէս կը վնասէ հանդէսին ամբողջութեան։ Ամբո՛ղջ սիրտովս յաջողութիւն կը մաղթեմ Նայիրիի ու Ծառուկեանէ աւելի՛ բծախնդրութիւն ու ճաշակի վստահութիւն կը սպասեմ։
       Նայիրիի ինչպէս միւս հանդէսներուն պարունակութեան մասին դիտողութիւններս տեղի չգոյութեան պատճառով կը յետաձգեմ Ն. Ա. ի յաջորդ թիւին։ Միակ դիտողութիւնս առ այժմ հետեւեալն է. -
       Օ. Թօփուզեան կ’առաջարկէ մեր գրականութեան իբրեւ չափանիշ ընդունիլ վկայութիւնը։ Ամբողջութեամբ համաձայն եմ իրեն։ Օշականի «Հայ Գրականութիւնը» նոյն այս չափանիշին վրայ հիմնուած է։ Նոյն այս չափանիշը, իբրեւ գրականութեան իսկութեան թէզ, ես ալ պարզած եմ։ 1938ին, Բանաստեղծին Ձայնը ին մէջ։ Գրականութեան այս ըմբռնումը, այլազան ձեւերով ի յայտ կու գայ այժմ մեր մէջ։ Ու այս պատճառով իսկ, Թօփուզեանի, ինչպէս այլոց ուշադրութեան կը յանձնեմ հետեւեալ պայմանները։ -
       Ա. - Պէտք է յստակօրէն գիտնալ վկայութիւն բառին պարունակութիւնը, այսինքն նշանակութիւնը։
       Բ. - Վկայելու արարքին պարփակած պատասխանատուութեան զգացումն ու այս զգացումին գիտակցութիւնը ունենալ։
       Գ. - Անհրաժեշտ է, որ վկայութիւնը չվերածուի դերասանութեան ու վկան՝ դերասանի մը։ Ամէն վկայութիւն ճշմարտութեան սէրը, բարոյական քաջութիւն մը եւ ուղղամտութիւն մը կ’ենթադրէ։
       Դ. - Մենք կ’ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ ուր ամէն վկայութիւն ամբաստանութիւն մըն է, մեզի դէմ, իրարու դէմ, մեր հանրային հաստատութիւններուն, գործերուն եւ մարդոց դէմ։ Ով որ ունի խոնարհամիտ այս յանդգնութիւնը, թող հրապարակը գայ։